Feb 11, 2010

ԱՌԱՆՑ ՎԱՐԴԱՆ-ՎԱՍԱԿԻ ԴԱՍԱԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Վարդանանց պատերազմի հերթական նշումը այժմէականացում կատարող կամուրջներով մերօրեայ իրադարձութիւններուն կապելը կը թուի, թէ դասականացած մօտեցումի վերածուած է հայ մամուլի որեւէ ներկայացուցիչի համար։

Սակայն այլ ճամբայ չկայ խորհուրդի վերծանման փորձ կատարելու։ Վիճարկումի չի տոկար զուտ պատմական արժեւորում կատարելու սահմանափակումի անգործնականութիւնը, նոյնիսկ՝ անիմաստութիւնը։

Այսօր եւս ճնշումի հզօր ալիքներ կը բարձրանան հայկական կողմին վրայ, շրջանային մակարդակներու վրայ գերպետական ծրագիրներ յաջողցնելու համար, արագօրէն ընդառաջ երթալու ներկայացուած տնտեսական-քաղաքական գործարքներուն։ Արգելակիչ հանգոյցներ կան, զորս պէտք է հանգուցալուծել, որպէսզի անոնք իրենց կարգին դուռ բանան այլ գործընթացներու հեզասահ երթին, նոր համաձայնութիւններու, այլընտրանքային ուղիներու ձեւաւորման, ազդեցութիւններու գօտիներու սահմանագծման, ընդարձակման կամ այլոց պարագային՝ չէզոքացման։

Արգելակիչ հանգոյցներու լուծման պահանջը՝ Երեւանէն, ակներեւ է։ Դիւանագիտական եռուզեռներով, համապատասխան յայտարարութիւններով, քաղաքական բանակցութիւններով, տնտեսական գրաւիչ առաջարկներով։ Իսկ հիմա ալ՝ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքներով։

Օրին, պաշտօնական Տիզպոնի պահանջը հայկական գերիշխանութենէն կրօնափոխութեամբ կարեւոր հանգուցալուծում պարտադրելն էր պարսկական ազդեցութեան գօտին գերակայելու, տարածելու եւ մրցակից գերտէրութիւններու մշակութային ծաւալապաշտութիւնը կանխելու։ Պահանջի չբաւարարման պարագային, կար պատերազմի սպառնալիքը։

Այսօր քաղաքական պարանաձգութիւններու, առեւտուրի, ծրագիրներու իրականացման ձեւերը աւելի քաղաքակիրթ հասկացողութեամբ ըստ էութեան կը մնան միեւնոյնը։ Այս հաստատումը պէտք չէ ենթադրել տայ, որ տուեալ աշխարհաքաղաքական ուժին չընդառաջելը անպայման կþառաջնորդէ պատերազմի վերսկսման։ Այսուհանդերձ ի գործ դրուած մեքենականութիւնները միեւնոյն շարժառիթները ունին, միեւնոյն նպատակները կը հետապնդեն՝ շահերու կուտակման եւ ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման պարունակներուն մէջ։

Հայկական պետութեան կարելիութիւնները, մեր երկրի աշխարհագրական դիրքը, մրցակից գերպետութիւններու շրջանին մէջ կիրարկած քաղաքականութիւնները նկատի ունենալով, հայկական կողմը մնայունօրէն դիմագրաւած է արեւելումի ճշդորոշման հիմնահարցը։ Պարթեւական, յունական, հռոմէական, պարսկական ըլլայ անիկա թէ եւրոպական, ռուսական, ամերիկեան, հայոց աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրները ի վերջոյ կանգնած են այս հիմնահարցին վրայ։

Դիւանագիտական արուեստի տիրապետում կþենթադրէ այս ամբողջ թոհուբոհին մէջ ազգային արեւելումի գերադասումի հիման վրայ փոխլրացուցիչ քաղաքականութիւն վարելը։ Այս առաջադրանքը տեսութենէ գործնականացումի վերածելը բարդ խնդիր է, մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ։

Ներկայ պահը, ինչպէս շրջադարձային այլ հանգրուաններ, խորհուրդի զուգահեռներ կը գծեն Վարդանանց օրերուն հետ։ Արտաքին ճնշումներ, պատերազմի սպառնալիքներ, որոնց դիմաց ընդառաջելու-չընդառաջելու տեսակէտներ, ընտրանքներու եւ ուղիներու որդեգրումի քննարկումներ եւ այս բոլորին մէջ ներազգային պառակտուածութիւն նպատակադրող հակառակորդ կողմէն առնուած քայլեր։

Այդ օրերուն նման, հայկական ինքնիշխանութեան, ազատ ու անկախ ապրելու սկզբունքներու գերադասումով հայկական դաշտը՝ բացառելով պառակտումի որեւէ նախադրեալի կայացում, իր բոլոր մարզերով եւ հատուածներով պէտք է յաջողի ճիշդ դատումներու հիման վրայ ի վերջոյ ընտրել հայկական պետականութեան եւ հայրենիքին հզօրացումը գերադասող ուղին, առանց Վարդան-Վասակի ընդհանրացուած դասակարգումներու, առանց անտեղի հերոսացումներու եւ առանց աժանագին դաւաճանի պիտակներ փակցնելու։ Ներհայկական նման ժայռացումները հետագայ աւարայրներուն կþապահովեն բարոյականին առընթեր նաեւ առարկայական յաղթանակներ։