Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ»ի,
Թերթիդ ( 2-11- 2010) թիւին եւ Խ. Աբովեանին նուիրուած հատուածին մէջ (էջ 6) սպրդած են երկու կարեւոր սխալներ. թէ`
ա) «Վէրք Հայաստանին» գրուած է 1848-ին:
Աբովեան իր այս երկը գրեց 1841-ի սկիզբը, ընդամէնը քանի մը շաբթուան ընթացքին, ոմանք չեն վարանիր ըսելու` քանի մը օրէն: Ապա շուտով վերանայեցաւ այս առաջին տարբերակը ու շարադրեց երկրորդ մը` հաւանաբար աւելի մանրամասն, որ աւարտին հասաւ այդ նոյն տարուան հոկտեմբերին: Ու այնուհետեւ մինչեւ իր անհետացումը` 1848, ան այլեւս ձեռք չառաւ այդ վէպը, որուն մէջ կը գտնուին բազմաթիւ բացթողումներ` թուականի, ամսանուններու, յատուկ անուններու` տեղի թէ անձերու, պատմական անցքերու եւ այլն: 1858-ի առաջին հրատարակութիւնն ու հետագայ բոլոր հրատարակութիւնները կատարուած են այս երկրորդ` մասամբ թերի, տարբերակի հիմամբ, որուն բնօրինակը կը մնայ Աբովեանի արխիւին մէջ:
բ) Աբովեան «արեւելահայ աշխարհաբարի հիմնադիր»ն էր:
Աբովեան որեւէ լեզու չհիմնադրեց, յատկապէս «արեւելեան աշխարհաբար»ը, որ իրմէ առաջ արդէն գոյութիւն ունէր եւ նորոգ հիմնադրուելու պէտք չունէր: Այս ալ պէտք է գիտնալ, որ լեզուները չեն հիմնադրուիր... անհատներու կողմէ: Լեզուի հիմնադիրը հաւաքականութիւնն է, ժողովուրդն է, իսկ «հիմնադրել» եզրն ալ բնաւ յարմար չէ. լեզուն կը յառաջանայ դանդաղ գործընթացով մը, հաւաքական անաշխատ ճիգերով, առանց անհատական կնիքի: Յամենայն դէպս, Աբովեան լեզուաշինարարական ոչ մէկ գործունէութիւն ունեցած է. 1845-ին գրուած նամակի մը մէջ ան կ՛ըսէ, թէ ինք «Վէրք Հայաստանի»ն գրեց այնպէս մը, որ կարծես քանաքեռցի գիւղացի մը պատմէր այս ամբողջ պատմութիւնը, այսինքն` Աբովեան պարզապէս ու հաւատարմօրէն վերարտադրեց իր բարբառը` առանց նուազագոյն հպումի իր կողմէ:
Վերջին հանգամանքն մըն ալ` հետագային Աբովեանէն բացի ոչ ոք Քանաքեռի բարբառը որդեգրեց իբրեւ գրական-գեղարուեստական լեզու: Այս տուեալներն ալ ցոյց կու տան, որ արդի արեւելահայ աշխարհաբարը լեզուաշինարարական տեսակէտով ոչինչ կը պարտի Աբովեանին:
Աբովեանի մեծ երախտիքը, աշխարհաբարի տեսակէտէ, այն է, որ ոչ ոք իրմէ առաջ այնքան խոր շեշտած է աշխարհաբարը (որ արդէն գոյութիւն ունէր) իբրեւ ազգային-գրական լեզու որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը. չմոռնանք, որ Գրապայքարի տարիներուն մէջ կը գտնուինք եւ Կովկաս թէ Պոլիս (նաեւ ու մանաւանդ Վենետիկ ու Վիեննա) կառչած են գրաբարին ու արհամարհանքով կը նային «խեղանդամ ու վիժած» աշխարհաբարին, որ պիտանի չէ գրական բարձր երկեր արտադրելու: Աբովեան, հակառակ շատ հմուտ գրաբարագէտ մը ըլլալուն, «Վէրք Հայաստանի»ին պէս յաջող վէպով մը ցոյց տուաւ, որ աշխարհաբարով ալ կարելի է գեղարուեստական ընտիր գրականութիւն մշակել:
Եթէ տակաւին շփոթ կէտեր կան, կը մնամ ձեր տրամադրութեան տակ:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ