Jun 29, 2011

ՃԱՆԱՉՈՒՄ-ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԶՈՒԳԱՀԵՌԸ

Միացեալ նահանգներու քոնկրեսին զոյգ բանաձեւերու նախագիծերու ներկայացումը իր ձեւին եւ էութեան մէջ մտածել կու տայ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ ռազմավարական մօտեցումի նոր քայլի դրսեւորման մասին:

Այսպէս. Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի նախագիծին առընթեր առաջադրուած Թուրքիոյ մէջ դաւանանքի ազատութիւն պահանջող բանաձեւը կը խօսի թրքական պետութեան կողմէ տեղւոյն քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու լիակատար ճանաչումին մասին եւ շեշտը կը դնէ իրենց կրօնը ազատօրէն դաւանելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այստեղ չ՛աւարտիր բանաձեւի բնագիրը: Անիկա կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան վերադարձնելու հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, պոնտացի յոյներուն եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներուն բռնագրաւեալ եկեղեցիները:

Ի տարբերութիւն առաջին բանաձեւի նախագիծին, ուր պահանջը կրնայ բացառապէս հայկական կեդրոնէ բխիլ, այստեղ արդէն այլ փոքրամասնական ժողովուրդներուն առընթեր կայ հասարակաց շահագրգռուածութեան հիմնական այլ բաժին: Փաստաթուղթը համահունչ է վերջին քանի մը տասնամեակին Միացեալ նահանգներու ծերակոյտին մէջ որդեգրուած բանաձեւերուն, որոնք պաշտպանած են դաւանանքի ազատութիւնը, սրբավայրերն ու աղօթատեղիները: Անիկա նաեւ համահունչ է 1998-ին որդեգրուած Կրօնի միջազգային ուխտին, ինչպէս նաեւ` մարդկային իրաւանց համընդհանուր հռչակագիրին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ առնչակից կողմերու ներգրաւման փորձով եւ քոնկրեսի որդեգրած նախորդ բանաձեւերուն կամ միջազգային համաձայնութիւններուն վրայ յենելով Հայ դատի գրասենեակը մարտավարական նկատառելի քայլերու կը դիմէ առաւելներ ձեռք ձգելու համար: Ինչ որ արդիւնաւէտ աշխատանքի նախադրեալներ կը պարունակէ անշուշտ:

Ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող հարցը այս պարագային ասոնցմէ անդին է: Երկրորդ բանաձեւի մէկ բաժինը եկեղեցիներու վերադարձի պահանջն է իր իրաւատէրերուն: Հատուցման ազգային պահանջատիրութեան թղթածրարին մէկ բաժինը: Հայ դատի ռազմավարութեան մէջ ճանաչում-հատուցում զուգահեռով առաջնորդուելու երթին առնուած կարեւորագոյն քայլ է, որ կ՛առնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Նախագահ Օպամայի 24 ապրիլին վերայայտարարած «Մեծ եղեռն»ը առիթ տուաւ մէկէ աւելի հրապարակային պահանջներու` ռազմավարական հիմնական փոփոխութիւններ մտցնելու Հայ դատի մեր աշխատանքներուն մէջ: Ճանաչումի բանաձեւը փաստօրէն, հակառակ զօրավիգներու ապրած աճին եւ քոնկրեսի օրուան նախագահին կողմնորոշման` չէր դրուեր օրակարգի: Պարզ էր, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը իրականանալու եզրին պիտի մօտենար, երբ թուրք-ամերիկեան շահերու բախումնային իրավիճակ ստեղծուէր: Այլապէս, օրակարգը պիտի ձգձգուէր եւ դէպքերը պիտի շարունակուէին բնութագրուիլ իբրեւ «Մեծ եղեռն»:

Այժմ ճանաչումին առընթեր կ՛առաջադրուի հատուցումի թղթածրարին մէկ կարեւոր բաժինը: Զուգահեռաբար, համակարգուած, համատեղ: Այս արդէն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աշխատանքի արդիւնաւէտութեան համար նոր տուեալներ կը հաղորդէ: