Jun 25, 2009

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած թրքական խաղաղապահ զօրամիաւորումներուն կեցութիւնը երկարաձգելու համաձայնութիւն տուած է Թուրքիոյ խորհրդարանը։ Շտապողականութիւն կայ այս նախաձեռնութեան մէջ։ ՄԱԿ-ի գործունէութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լրատուութիւնները կը հաղորդեն, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը օգոստոսին պիտի քուէարկէ բանաձեւ՝ միջազգային խաղաղապահ ուժերու Լիբանան կեցութիւնը երկարաձգելու։ ՄԱԿ-ի որոշումը չտրուած, Թուրքիան կը շտապէ իր զօրամիաւորումներուն կեցութիւնը այս շրջագիծին մէջ տարիով մը երկարաձգել։ Թէեւ իրականանալի չէ, այսուհանդերձ իբրեւ տեսութիւն առաջ քշենք հետեւեալ հաւանականութիւնը։ Եթէ պատահի, որ որեւէ պատճառով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը օգոստոսին չորոշէ իր ուժերու կեցութեան երկարաձգման բանաձեւին համամտութիւն տալ, թրքական խորհրդարանին որոշումը ի՞նչ հետեւանք կ'ունենայ։
Զարմանալի պէտք չէ թուի այն հաւանականութիւնը, որ Թուրքիա, հակառակ միջազգային կամքին, կրնայ իր զօրամիաւորումը Լիբանան պահելու առաջարկ կատարել Լիբանանի կառավարութեան։ Չմոռնանք, որ թրքական պետութիւնը առաջին ինքնաառաջադրուողն էր իր զօրքերը բերելու Լիբանան։Նման մտածողութեան զարգացման առիթ կու տայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն, որ բառացիօրէն այս առիթով յայտարարած է, որ Լիբանանի խաղաղութեան գործընթացին մասնակցիլը Թուրքիոյ պատմական պարտաւորութիւններուն մաս կը կազմէ, հետեւաբար պարտաւորիչ հանգամանք ունի նաեւ ազդեցութեան գօտիներու հանգամանքներու նկատառումով։Պատմական պարտաւորութիւնները ուղղակիօրէն կ'առնչուին Օսմանեան կայսրութեան, թրքական կայսերապաշտական նկրտումներուն եւ այդ ծիրին մէջ ալ ազդեցութեան գօտիներու յառաջացման ընդհանուր քաղաքականութեան։ Հարցը այն է, որ Թուրքիա բացայայտ կը խօսի իր այս ծրագիրներուն մասին։ Բան մը, որ չէր բացայայտած իր զօրամիաւորումները Լիբանան առաքելու ժամանակ։ Այս ինքնավստահութիւնն ու շտապողականութիւնը անպայման կապուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Թուրքիոյ ոչ մնայուն անդամակցութեամբ եւ տակաւին այդ կառոյցի ժամանակաւոր նախագահութեամբ։
Թուրքիան (եւ ոչ միայն Թուրքիան այս պարագային) խորապէս իրազեկ է, որ օգոստոսին առաջադրուած բանաձեւը պիտի քուէարկուի։ Յիշենք նաեւ, որ թրքական զօրքերու խաղաղապահ ծրագիրներու ներգրաւուիլը Տաւութօղլուի նախորդը ՄԱԿ-ի ամպիոններէն լիարժէք ծառայեցուցած էր իբրեւ ընտրարշաւի նիւթ՝ ապահովելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի իր երկրին անդամակցութիւնը։ Այնտեղ յայտարարուածը աշխարհակարգի խաղաղութեան հաստատման միջազգային քաղաքականութեան նպաստ բերելու առաջադրանքն էր։ Այժմ կ'աւելնան պատմական պարտաւորութիւններն ու ազդեցութեան գօտիներու պահպանման առաջնահերթութիւնները։ Այս մէկը արդէն միջազգային ընտանիքին հետ ուղղակիօրէն կապուած չէ, այլ՝ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնային խնդիրներուն։Շտապողականութիւն կայ, այո՛, Թուրքիոյ առած քայլին մէջ։ Ոչ միայն ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցը, այլ նաեւ խաղաղապահ զօրքերուն ներառուած միւս երկիրներուն խորհրդարանները տակաւին չեն քննարկած իրենց միաւորումներուն կեցութեան երկարաձգման հարցը։ Թուրքիան արագ կը շարժի դէպի Լիբանան։ Եւ քանի որ պատմական պարտաւորութիւններու եւ ազդեցութեան գօտիներու մասին է խօսքը, պէտք է թրքական արագութեամբ լիբանանցի հասարակութեան վերյիշեցուին, թէ պատմական ակնարկուած պարտաւորութիւնները որքա՛ն սուղ արժած են այս երկրին եւ այս ժողովուրդին։ Թէ երբեմնի ազդեցութեան գօտիի վերասահմանագծումը ի՛նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ մայրիներու երկրին յատկապէս եւ ընդհանրապէս շրջանին վրայ։
Նման ահազանգումի անհրաժեշտութիւնը գաղութը ի՛րը պէտք է սեպէ եւ ինչպէս այլ կարեւոր առաջնային խնդիրներու շուրջ բոլորուելու եւ համատեղ աշխատանք ծաւալելու հրամայականը շեշտէ ու գործի անցնի։ Թրքական կողմը տպաւորիչ արագութեամբ կը շարժի։ Դիմացը բացակայ է նախաձեռնողականութիւնը։ Բացակայ է նոյնիսկ հակազդեցութիւնը։ Չենք խօսիր անշուշտ թրքական խորհրդարանին կամ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները արգելակելու մասին։ Ի վերջոյ սակայն, ըստ առաջադրուած ընթացակարգին, անհրաժեշտ է լիբանանեան կողմին համաձայնութիւնը՝ տեղակայուող զօրամիաւորումներուն տրուելիք-երկարաձգուելիք առաքելութեան։

No comments:

Post a Comment