Oct 22, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԳՐԵԼ-ԿԵՐՏԵԼԷՆ ԱՌԱՋ

Մինչ թրքական եւ ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւնները հեղեղուած են ազրպէյճանական անհանգստութեամբ եւ անոնց դիմաց Ազրպէյճանին հոգատարութիւն կատարելու թրքական շեշտակի քաղաքականութեամբ, հայկական լրատուադաշտը կարծէք հանգիստի ընդհանուր իրավիճակ մը կը պարզէ։ Նիւթերը վերստին վերադարձ կատարած են ընթացիկ սովորական լրատուութիւններու։

Այս վիճակը հայկական կողմին համար առաւել մը չէ։ Հարցը պէտք է եռայ մինչեւ վաւերացման թուական եւ անկէ ետք տակաւին՝ ինչ ալ ըլլայ վաւերացման նիստին արդիւնքը։ Քննարկումներու իւրայատուկ փուլ պէտք է սկսի բազմակողմանիօրէն թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ։ Անգամ մը եւս վերահաստատելու համար, որ հայութեան ստուար զանգուածները դէմ են ներկայ տեսքին մէջ այս արձանագրութիւնները վաւերացնելու գաղափարին։

Պայքարը, ներկայ փուլին, պէտք է տեղափոխել նաեւ այլ հարթութիւններ։ Աւելի ճիշդը՝ պահելով ներհայկական հարթութիւնը, բողոքի գործողութիւնները ուղղել նախ թրքական պետութեան դէմ, ապա այն բոլոր առնչակից կողմերուն, որոնք հայկական կողմին կը պարտադրեն ընդառաջել թրքական նախապայմաններուն։ Ի վերջոյ աշխարհաքաղաքական հանգուցալուծումները պէտք չէ արձանագրուին հայկական կողմին հաշուոյն, որ հերթական անգամ գին վճարելու դիրքին վրայ կը գտնուի։

Ռուս-թրքական մերձեցումները կամ ռուս-ամերիկեան միջպետական շահերու համընկնումը այսօր կþոտնակոխեն հայկական իրաւունքները։ Եւ այստեղ չկայ տարանջատում հայաստանեան եւ սփիւռքեան հատուածներուն։ Որքան սփիւռքահայուն տեսիլքները մթագնող արձանագրութիւններ են ստորագրուածները, նոյնքան Հայաստանի անվտանգութեան սպառնացող հիմնադրոյթներ։ Եւրոպայէն պէտք է պահանջել առանց թրքական նախապայմաններուն տեղի տալու պարտադրել Թուրքիոյ, որ բանայ ցամաքամասի վերջին փակ սահմանը։ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները եթէ բաց սահման կ՛þուզեն շրջանին մէջ ուժանիւթի թէ առեւտուրի այլընտրանքային ուղիներ ձեւաւորելու համար, դիմացը հայկական իրաւունքները սակարկութեան սեղանին վրայ դնելու քայլերու պէտք չէ դիմեն։ Եւ անշուշտ հայկական կողմը պիտի գիտակցի այլեւս, որ կրաւորական վիճակի մէջ բոլորին շահերը գոհացնելու հարկադրանքին տակ ինքզինք պէտք չէ դնէ, այլ պահանջէ նախապայմաններու ջնջումը, սպառնայ մերժել վաւերացումը եւ ներկայ տեսքին մէջ չընդունի շարունակել հայ-թուրք յարաբերութիւններու գործընթացը։

Բողոքի գործողութիւնները պէտք է ստանան համընդհանուր տարողութիւն եւ բազմամակարդակ դրսեւորումներ։ Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու պատրադրած նորագոյն այս խաղը պէտք չէ ընթանայ միայն հայութեան հաշւոյն։ Այստեղ կայ հիմնականին մէջ նոյն այդ աշխարհաքաղաքական ուժերուն ձեւաւորած միջազգային հանրութեան ճշդած նորմերը կոպիտ ձեւով խախտող կողմ, շրջափակող, ժխտող, նախապայմանի լեզուով խօսող պետութիւն, որ կը յաւակնի ժառանգորդը ըլլալ Օսմանեան պետութեան եւ իր տեսակին մէջ վերականգնել կայսրութիւնը նորովի մեթոտներով։ Կը խօսինք ուրեմն ցեղասպանութիւն իրականացուցած պետութեան մը այսօրուան ժառանգորդին մասին, որ միեւնոյն կայսրութեան նորովի վերականգնումը կþըմբռնէ իբրեւ ցեղասպանութիւնը ժխտող, շրջափակող, գործընթացները նախապայմանաւորող կողմ։

«Մենք պատմութիւն չենք գրեր, այլ պատմութիւն կը կերտենք», կը յոխորտար Թուրքիոյ թիւ մէկ ղեկավարը։ Պատմութիւն գրել-կերտելէն առաջ Թուրքիոյ նախագահը պէտք է գիտնայ պատմութիւնը ճիշդ կարդալ, այնտեղ տեսնելու համար, որ ո՛վ որո՛ւ դէմ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է։ Պատմութիւն ժխտելով պատմութիւն կերտելը առնուազն պատմութեան հասկացողութեան նկատմամբ կատարեալ անգրագիտութիւն է եւ բացարձակ անհեթեթութիւն։
Սակայն գրել-կարդալու եւ կերտելու պատմութեան այս դասերուն առընթեր թրքական պետութիւնը առաւելներ ձեռք ձգելու վրայ է պատմութիւն ուսումնասիրելու առումով, այն ալ համատեղ՝ հայկական կողմին հետ։ Տակաւին՝ երրորդ կողմի մասնագէտներ ալ հրաւիրելով։ Այս բոլորը տեղի կþունենան գերպետութիւններու ներկայացուցիչներու մղումով, թրքական նախապայմանով եւ պաշտօնական Երեւանին ընդառաջումով։ Բոլորի՛ն անխտիր ըսելիք ունինք իբրեւ հայկական կողմ։ Իբրեւ պետութիւն, իբրեւ հասարակութիւն. մանաւանդ իբրեւ թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ սփիիւռք։

Oct 12, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԵՐԵՒԱՆԻ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ ՏԱՊԱԼԵՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ


Երէկ Երեւանի փողոցներուն թէ Ծիծեռնակաբերդի շրջակայքը հաւաքուած եւ այնտեղէն դէպի նախագահական նստավայր երթին մասնակցած զանգուածային երեւոյթը համոզեց, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման նորագոյն զարգացումներուն առնչութեամբ անջրպետ գոյութիւն չունի Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։

Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան առաջնորդութեամբ հայրենական 12 կուսակցութիւններու միաւորումն ու համախմբումը՝ պահանջատիրական այս շարժումին, նկատառելիօրէն նոր զսպանակում կու տան թրքական նախապայմանային քաղաքականութիւնը մերժող համաժողովրդային պայքարին։ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ ընդդիմադրական գաղափարական շարժումին մասնակիցներուն զարկերակները կը տրոփեն միեւնոյն կշռոյթով։ Կարգախօսներուն խորքայնութիւնը, երթին մասնակիցներուն կարգապահութիւնը, արտասանուած խօսքերուն նպատակաուղղուածութիւնը աւելի քան համոզեցին իրադրութիւններուն հետեւողը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները գործ ունին հայրենիքի քաղաքական դաշտին մէջ նուաճուած ընդդիմադրական նոր որակի մը հետ, գաղափարականօրէն ամուր համահայկական շարժումի մը հետ։

Օրինականութեան սահմաններուն մէջ տողանցած վաթսուն հազարնոց զանգուածային երեւոյթը չէզոքացուց այսօրուան ստորագրուելիք փաստաթուղթին ունենալիք հետեւանքներուն ազդեցիկութիւնը։ Հայրենի այս համրանքը բազմապատկուելու եւ ահագնանալու բոլոր նախադրեալներն ու համոզիչ տուեալները կը պարփակէ իր նուաճած երեւոյթին մէջ ու կ'ամրագրէ, որ զիջումնային որեւէ քայլ հայկական կողմէն, թրքական նախապայմաններուն ենթարկուելու նուազագոյն տրամադրութիւն դատապարտուած է ի սպառ չէզոքացուելու որքան ալ միջազգային հովանաւորութիւն վայելէ անիկա՝ եւ որքան ալ միջազգային իրաւունքի սահմաններուն մէջ վաւերականացման ուժ ստացած ըլլայ։

Այս փաստաթուղթերու իրականացումը ճիշդ է որ միջպետական մակարդակներով կ'իրականացուի, այսուհանդերձ, ի վերջոյ կը վերաբերի ժողովուրդներուն։ Եթէ պետութիւնը գործեց իր սեփական ժողովուրդի կամքին հակառակ, համաձայնութիւնները, զիջումները կը մնան փաստաթուղթի էջերուն վրայ եթէ նոյնիսկ ստորագրուին, եթէ նոյնիսկ վաւերացուին։

Երեւանի եւ Ծիծեռնակաբերդի երեւոյթները երէկ տապալեցին նախապայմաններուն ենթարկուելու ընթացքը։ Գլխիվայր շրջեցին թրքական կանոնները, Սփիւռքը Հայաստանին եւ Հայաստանը Սփիւռքին հակադրելու քաղաքական ծրագրին բոլոր դրոյթները։ Դաշնակցութիւնն ու միաւորուած կուսակցութիւնները քանդեցին խաբէութեան այն պատը, որուն երկու կողմերը կը փորձուէր ցոյց տալ հայութեան իւրաքանչիւր հատուածը։

Միակամ է հայութիւնը այս հարցով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Ճիշդ չէ ապակողմնորոշել ներկայացուածութեան եւ այս հարցին մէջ տեսակէտներու գերակշռուածութեան հանգամանքներուն իրականութիւնը։ Նման պարագաներու մարդահամարով կամ հանրաքուէով չի ճշդուիր ժողովուրդին կամքը։ Ժողովուրդը ինչպէս Սփիւռքի այնպէս ալ Հայաստանի մէջ համախումբ երթով, բողոքի գործողութիւններով եւ տակաւ ծաւալող գաղափարական շարժումով ինքզինք կը դրսեւորէ եւ իր կամքը կþարտայայտէ։ Այդպէս ալ եղաւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, եւ թէ՛ հայրենիքի։

Թուրքիոյ նախագահը կոչ կ'ընէր հայրենի իշխանութիւններուն՝ ձերբազատելու Սփիւռքէն։ Ի տես հայրենական զանգուածային ինքնապարտադրանքին Թուրքիոյ ղեկավարը այժմ պէտք է կոչ ընէ մեր իշխանութիւններուն՝ ձերբազատելու նաեւ հայրենի սեփական ժողովուրդէն...։

Շրջուած են թրքական խաղին կանոնները։ Տապալած է Հայաստանն ու Սփիւռքը իրար հակադրելու թրքական քաղաքականութեան ծրագիրը։ Հայաստանն ու Սփիւռքը միաւորուած են այս պահանջատիրական շարժումով։ Ընդարձակենք պայքարը, թափ տանք ու զօրակցինք անոր։ Ի տես այս նոր իրականութեան, գործընթացին սատարողները պէտք է ետ դառնան իրենց կեցուածքէն, պահանջատիրական ընդհանուր խօսքեր արտասանողները քաղաքական բնոյթ տան իրենց խօսքերուն եւ յայտարարեն տուեալ պահու պահանջը՝ դէմ ըլլալ արձանագրութիւններուն եւ նախագահին կոչ ընել՝ կասեցնելու գործընթացը իր ներկայ տեսքին մէջ։

Շարժումը երէկ Երեւանի փողոցներուն վրայ հաստատագրեց իր համահայկականութիւնը։ Փարատած են մտահոգութիւնները։ Հայաստանն ու Սփիւռքը միասին պայքարի երկար ճանապարհին վճռակամօրէն տրամադրուած են չենթարկուելու թրքական նախապայմաններուն։ Երեւանի զանգուածային մերժումը տապալեց թրքական ծրագիրը։

Oct 6, 2009

ՄԻ՛ ՍՏՈՐԱԳՐԷՔ, ՊԱՐՈ՛Ն ՆԱԽԱԳԱՀ


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այսօր կը ժամանէ Լիբանան՝ համահայկական ուղեւորութեան նախավերջին հանգրուանը։ Օրեր կը բաժնեն մեզ արձանագրութիւններու Հայաստան-Զուիցերիա-Թուրքիա համատեղ ստորագրութիւններէն։ Միջինարեւելեան երկիրներու ազգային հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրուած են լսելու նախագահին զեկուցումը, հարցումներ ուղղելու, տեսակէտներ տալու, մտահոգութիւններ, վերապահութիւններ փոխանցելու, ընդդիմութիւն յայտնելու։



Այցելութիւնը ներհայկական քննարկումի ծիրէն անդին՝ կ'ընկալուի իբրեւ պատասխան-քայլ ուղղուած Թուրքիոյ, որ յատուկ նախարարութեան յառաջացումով կոչ կ'ուղղէ պաշտօնական Երեւանին ձերբազատելու սփիւռքի ազդեցութիւններէն։ Թուրքիոյ հակասփիւռք քաղաքականութեան վերջին դրսեւորումն է այս մէկը՝ արտայայտուած Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ, որ պարզ կը դարձնէ Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմէ անջատելու, իրար դէմ լարելու թրքական մտադրութիւնը։


Այս գաղութը լաւ կը յիշէ նախագահին այդ օրերուն իբրեւ պաշտպանութեան նախարար այցելութիւնը Լիբանան։ Պաշտպանութեան նախարարին այս գաղութը ունեցաւ համապատասխան վերաբերում՝ իբրեւ Ղարաբաղի ազատամարտին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած գործիչի։



Այս գաղութի իւրայատկութիւններուն ծանօթ է նախագահը։ Հայաստանամերձ այս շրջաններն ու յատկապէս լիբանանահայ գաղութը տուած է իր առաւելագոյնը։ Թող ներուի մեզի ըսել, առանց գերակայութեան բարդոյթի եւ առանց նսեմացնելու սփիւռքեան որեւէ այլ գաղութ, որ լիբանանահայութիւնը Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ յայտարարուած պայքարին մէջ գտնուած է ինքնապաշտպանութեան առաջին դիրքերուն վրայ՝ պայքարի զանազան ոլորտներուն մէջ՝ ցուցակա՛ն, քարոզչակա՛ն, զինեա՛լ։ Այս գաղութին պատկանող երիտասարդներու լաւագոյն փաղանգները իրենց արեան գնով արգելք հանդիսացած են, որ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը որեւէ ձեւով խնդրոյ առարկայ չդարձնեն ցեղասպան պետութեան ժառանգորդները։ Իրենց նահատակութեամբ ճարճատած են լռութեան պատը, իրենց ողջակիզումով թշնամիին պարտադրած են հաշուի նստիլ հայութեան իրաւունքներուն հետ։


Այս գաղութի մէջ ծաղկած, զարգացած, բարգաւաճած գիրը, գրականութիւնը, կրթութիւնը, մշակոյթը, մամուլը եւ անոնց ետին կանգնած քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւնները, միութիւններն ու յարանուանութիւնները ահաւասիկ ինը տասնամեակէ ի վեր անհպելի կը պահեն հայութեան պատմութեան իրաւունքներէ մազաչափ չզիջելու դաստիարակութիւնը, կազմաւորումը, աշխատանքի գաղափարախօսութիւնը։ Պահելու տեսիլքը, սերունդներու պահանջատիրութիւնը, Արեւմտահայաստանի երազը, բոլորիս մեծ երազը։ Տեսլականը, որ տարածքային ամբողջականութիւն ճանչցող որեւէ երկկողմ պայմանագիրով պէտք չէ մթագնի գալիք սերունդներու հաշուոյն։



Այսօր նոյն այդ հաստատութիւնները , կազմակերպութիւնները, ազգային, կուսակցական, յարանուանական բոլոր պատասխանատուներն ու գաղութի հայորդիները կը գիտակցին, որ բոլորիս աշխատանքներուն, գուրգուրանքին եւ տարբեր բնագաւառներու ներդրումային աշխատանքներուն կիզակէտը մեր այսօրուան վերանկախ Հայաստանն է իր նախագահութեամբ, կառավարութեամբ, խորհրդարանով, բանակով եւ ժողովուրդով։ Որ՝ մեր հայրենիքը պէտք է ապրի, գոյատեւէ, զարգանայ ու բարգաւաճի, որպէսզի ապահովուի հայութեան եւ հայրենիքին շարունակականութիւնը, զարգացումը։ Կը գիտակցի, որ ազատագրուած Արցախը հայութեան ազատագրութեան պայքարին առաջին հանգրուանն է, որուն պէտք է հետեւին հայութեան բռնագրաւուած հողերու ազատագրումները։ Այս գաղութն է, որուն երիտասարդ ներկայացուցիչները յաւելեալ փայլք տուին սփիւռքեան կարեւոր այս միջավայրին՝ հանգչելով Եռաբլուրի հողին մէջ հայրենիքի իրենց հազարաւոր զինակիցներու կողքին։


Այս գաղութը, պարո՛ն նախագահ, բաւարար ներուժ ամբարած է՝ մասնակցելով հայութեան դէմ պարտադրուած բազմաճակատ պայքարին։ Եւ պատահական չէ, որ այս գաղութին հայկական մարտունակ ներուժը մղձաւանջն է թրքական պետութեան, որ եթէ երէկ կը սպաննէր, կþառեւանգէր մեր ազգային-քաղաքական գործիչները, այսօր թրքական սփիւռքի նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքներով քարոզչաքաղաքական եւ տեղակատուական պատերազմ կը տանի այս միջավայրին մէջ։


Լիբանանահայութիւնը միասնական շարքերով ցուցական քայլերու կը դիմէ վերայայտարարելու համար, որ Թուրքիոյ կողմէ մեր հայրենիքին անվտանգութեան եւ ամբողջ հայութեան լինելութեան սպառնացող այսօրուան ճնշումներուն տեղի չի տար եւ պայքարը կը շարունակէ միեւնոյն անտեղիտալիութեամբ, միեւնոյն համոզումով, միեւնոյն հաւատքով։
Այս գաղութը ամբարած է համապատասխան ներուժ եւ ունի անհրաժեշտ պատրաստուածութիւնը։ Վստահեցէ՛ք, պարո՛ն նախագահ, մեր գաղութի ներուժին։ Ընկալեցէ՛ք այս ներուժը իբրեւ յենարան մեր հայրենի պետութեան դիրքերը զօրացնելու։ Մերժեցէ՛ք թրքական ճնշումները եւ մի՛ ստորագրէք արձանագրութիւնները։

Oct 2, 2009

ԿԸ ՄԵՐԺԵ’ՆՔ ԱԿԱՆՈՒԱԾ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ


ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ


Լիբանանահայութիւնը իր կեցուածքը արտայայտեց Հայաստան-Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն նկատմամբ: Այն ինչ որ արձանագրուեցաւ երէկ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ մտածելու տեղի կու տայ տարբեր ուղղութիւններու վրայ:


Նախ, Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ ընկալելու համար ժողովրդային այն բուռն մերժումին տարողութիւնը արձանագրութիւններուն մէջ տեղաւորուած թրքական թաքուն նախապայմաններուն: Ցեղասպանութեան իրողութեան քննարկելիութեան բացարձակ անընդունելիութիւնը. ամէն գնով չճանչնալու եւ չնուիրականացնելու Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը: Անսակարկելի պահելու՝ արցախեան աշխարհի հայապատկանելիութիւնը:


Լիբանանահայութիւնը հերթական անգամ իր հաւաքական կեցուածքը օրինակելի կարգապահութեամբ, կուռ շարքերով, յստակ պատգամներով կը փոխանցէ առնչուած կողմերուն: Եթէ պատգամը հայրենի իշխանութիւններուն ուղղուած է չներքաշուելու թրքական խաղին մէջ, ապա ուղղուած է նաեւ Թուրքիոյ՝ փոխանցելու համար, որ հայ ժողովուրդը եւ այս պարագային լիբանանահայ գաղութը կը մերժէ իր ճշդած խաղի կանոնները, արձանագրութիւններուն մէջ քողարկուած ձեւով իր տեղադրած նախապայմանները:


Բայց նաեւ՝ միջնորդ Զուիցերիոյ եւ անոր ճամբով միջազգային ընտանիքին, որ նման հովանաւորուած նախապայմանաւորուածութեան բնագիրներ չեն կրնար շրջանցել ժողովուրդներու պատմական իրաւունքները, չեն կրնար քննարկելի նիւթի վերածել պատմական փաստացի իրողութիւնները:


Միջազգային ընտանիքը, նախքան որեւէ նախաստորագրութիւն կամ համապատասխան փաստաթուղթ ձեւակերպելու աշխատանքի ձեռնարկելը, թրքական կողմէն իրականացուելիք քայլերու պահանջ պիտի արծարծէր: Վերջ տալու ժխտողականութեան, վերջ տալու ապաշրջափակման, վերջ տալու Ղարաբաղի հարցին մէջ միակողմանի միջամտութիւններուն:Լիբանանահայութիւնը երէկ ահազանգեց, որ այս արձանագրութիւններուն ստորագրութիւնն ու վաւերացումը ոչ միայն կը հարուածեն սփիւռքահայութեան քաղաքական աշխատանքները, այլեւ կը սպառնան մեր երկրի ու պետութեան անվտանգութեան: Այնտեղ տիրական են թրքական նախապայմանները, որոնք ուղղուած են ամբողջ հայութեան դէմ: Այս արձանագրութիւններուն պարտադրանքով Թուրքիան կը հետապնդէ նաեւ հիմնական այլ նպատակ՝ պառակտել հայկական դաշտը:


Լիբանանահայութիւնը իբրեւ գիտակից ու կազմակերպ հաւաքականութիւն յաջողեցաւ սահմանազատել քաղաքական ընդդիմութիւնը ամբոխային հակազդեցութիւններէն: Մերժե’ց թրքական նախապայմանները եւ կոչ ուղղեց հայրենի իշխանութիւններուն չստորագրելու ականուած փաստաթուղթերը:Այս գաղութը պահանջատիրական պայքարին մէջ տուած է իր առաւելագոյնը՝ մարդուժ, տնտեսուժ, նահատակներ:


Բարոյական իրաւունքը ունի պահանջելու մերժո’ւմը ականուած փաստաթուղթերուն: Գիտակցելով, որ մեծ ականը այս բոլորին շարքին թրքական կողմէն զետեղուած է հայկական դաշտին մէջ՝ պառակտելու համար հայութիւնը: Փաստաթուղթերուն պարփակած նախապայմաններուն դէմ յայտարարուած պայքարին վճռակամութեան համապատասխան տարողութեամբ գերզգօնութիւն ցոյց կու տայ այս գաղութը բացառելու համար հայկական կողմին մէջ թրքական պետութեան հետապնդած որեւէ ճեղքի յառաջացումը: Քննարկումները, բողոքի գործողութիւնները, ականուած արձանագրութիւններուն դէմ շղթայազերծուած ընդդիմութիւնը միայն ու միայն կը նպատակադրեն հայրենիքի, պետութեան եւ համայն հայութեան շահերը: Այս բոլոր միջոցառումները կը միտին շրջել թրքական կողմին պարտադրած խաղի կանոնները եւ բացառել միեւնոյն Թուրքիոյ հայկական կողմին համար առաջադրած պառակտումի որեւէ հաւանականութիւն:


Լիբանանահայութիւնը երէկ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ ամրագրեց պահանջատիրական այս սկզբունքները: