Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այսօր կը ժամանէ Լիբանան՝ համահայկական ուղեւորութեան նախավերջին հանգրուանը։ Օրեր կը բաժնեն մեզ արձանագրութիւններու Հայաստան-Զուիցերիա-Թուրքիա համատեղ ստորագրութիւններէն։ Միջինարեւելեան երկիրներու ազգային հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրուած են լսելու նախագահին զեկուցումը, հարցումներ ուղղելու, տեսակէտներ տալու, մտահոգութիւններ, վերապահութիւններ փոխանցելու, ընդդիմութիւն յայտնելու։
Այցելութիւնը ներհայկական քննարկումի ծիրէն անդին՝ կ'ընկալուի իբրեւ պատասխան-քայլ ուղղուած Թուրքիոյ, որ յատուկ նախարարութեան յառաջացումով կոչ կ'ուղղէ պաշտօնական Երեւանին ձերբազատելու սփիւռքի ազդեցութիւններէն։ Թուրքիոյ հակասփիւռք քաղաքականութեան վերջին դրսեւորումն է այս մէկը՝ արտայայտուած Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ, որ պարզ կը դարձնէ Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմէ անջատելու, իրար դէմ լարելու թրքական մտադրութիւնը։
Այս գաղութը լաւ կը յիշէ նախագահին այդ օրերուն իբրեւ պաշտպանութեան նախարար այցելութիւնը Լիբանան։ Պաշտպանութեան նախարարին այս գաղութը ունեցաւ համապատասխան վերաբերում՝ իբրեւ Ղարաբաղի ազատամարտին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած գործիչի։
Այս գաղութի իւրայատկութիւններուն ծանօթ է նախագահը։ Հայաստանամերձ այս շրջաններն ու յատկապէս լիբանանահայ գաղութը տուած է իր առաւելագոյնը։ Թող ներուի մեզի ըսել, առանց գերակայութեան բարդոյթի եւ առանց նսեմացնելու սփիւռքեան որեւէ այլ գաղութ, որ լիբանանահայութիւնը Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ յայտարարուած պայքարին մէջ գտնուած է ինքնապաշտպանութեան առաջին դիրքերուն վրայ՝ պայքարի զանազան ոլորտներուն մէջ՝ ցուցակա՛ն, քարոզչակա՛ն, զինեա՛լ։ Այս գաղութին պատկանող երիտասարդներու լաւագոյն փաղանգները իրենց արեան գնով արգելք հանդիսացած են, որ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը որեւէ ձեւով խնդրոյ առարկայ չդարձնեն ցեղասպան պետութեան ժառանգորդները։ Իրենց նահատակութեամբ ճարճատած են լռութեան պատը, իրենց ողջակիզումով թշնամիին պարտադրած են հաշուի նստիլ հայութեան իրաւունքներուն հետ։
Այս գաղութի մէջ ծաղկած, զարգացած, բարգաւաճած գիրը, գրականութիւնը, կրթութիւնը, մշակոյթը, մամուլը եւ անոնց ետին կանգնած քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւնները, միութիւններն ու յարանուանութիւնները ահաւասիկ ինը տասնամեակէ ի վեր անհպելի կը պահեն հայութեան պատմութեան իրաւունքներէ մազաչափ չզիջելու դաստիարակութիւնը, կազմաւորումը, աշխատանքի գաղափարախօսութիւնը։ Պահելու տեսիլքը, սերունդներու պահանջատիրութիւնը, Արեւմտահայաստանի երազը, բոլորիս մեծ երազը։ Տեսլականը, որ տարածքային ամբողջականութիւն ճանչցող որեւէ երկկողմ պայմանագիրով պէտք չէ մթագնի գալիք սերունդներու հաշուոյն։
Այսօր նոյն այդ հաստատութիւնները , կազմակերպութիւնները, ազգային, կուսակցական, յարանուանական բոլոր պատասխանատուներն ու գաղութի հայորդիները կը գիտակցին, որ բոլորիս աշխատանքներուն, գուրգուրանքին եւ տարբեր բնագաւառներու ներդրումային աշխատանքներուն կիզակէտը մեր այսօրուան վերանկախ Հայաստանն է իր նախագահութեամբ, կառավարութեամբ, խորհրդարանով, բանակով եւ ժողովուրդով։ Որ՝ մեր հայրենիքը պէտք է ապրի, գոյատեւէ, զարգանայ ու բարգաւաճի, որպէսզի ապահովուի հայութեան եւ հայրենիքին շարունակականութիւնը, զարգացումը։ Կը գիտակցի, որ ազատագրուած Արցախը հայութեան ազատագրութեան պայքարին առաջին հանգրուանն է, որուն պէտք է հետեւին հայութեան բռնագրաւուած հողերու ազատագրումները։ Այս գաղութն է, որուն երիտասարդ ներկայացուցիչները յաւելեալ փայլք տուին սփիւռքեան կարեւոր այս միջավայրին՝ հանգչելով Եռաբլուրի հողին մէջ հայրենիքի իրենց հազարաւոր զինակիցներու կողքին։
Այս գաղութը, պարո՛ն նախագահ, բաւարար ներուժ ամբարած է՝ մասնակցելով հայութեան դէմ պարտադրուած բազմաճակատ պայքարին։ Եւ պատահական չէ, որ այս գաղութին հայկական մարտունակ ներուժը մղձաւանջն է թրքական պետութեան, որ եթէ երէկ կը սպաննէր, կþառեւանգէր մեր ազգային-քաղաքական գործիչները, այսօր թրքական սփիւռքի նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքներով քարոզչաքաղաքական եւ տեղակատուական պատերազմ կը տանի այս միջավայրին մէջ։
Լիբանանահայութիւնը միասնական շարքերով ցուցական քայլերու կը դիմէ վերայայտարարելու համար, որ Թուրքիոյ կողմէ մեր հայրենիքին անվտանգութեան եւ ամբողջ հայութեան լինելութեան սպառնացող այսօրուան ճնշումներուն տեղի չի տար եւ պայքարը կը շարունակէ միեւնոյն անտեղիտալիութեամբ, միեւնոյն համոզումով, միեւնոյն հաւատքով։
Այս գաղութը ամբարած է համապատասխան ներուժ եւ ունի անհրաժեշտ պատրաստուածութիւնը։ Վստահեցէ՛ք, պարո՛ն նախագահ, մեր գաղութի ներուժին։ Ընկալեցէ՛ք այս ներուժը իբրեւ յենարան մեր հայրենի պետութեան դիրքերը զօրացնելու։ Մերժեցէ՛ք թրքական ճնշումները եւ մի՛ ստորագրէք արձանագրութիւնները։
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ Է ԻՄԱՆԱԼ ԹԷ, ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՑՈՅՑԵՐՆ ՈՒ ԿԱԹՒՂԻԿՈՍԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԸ ԻՆՉ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՍԵՐԺԻՆ ՈՒ ԻՐ ԿՐԿԷՍԻՆ ՎՐԱՅ. ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ, ԿԱՐԾԻՔ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵ՞Ր...
ReplyDeleteԼաւագոյն վերնագիր կարելի չէր զատել.- News & analysis from Armenia and the Armenian Diaspora... Նայինք ուր պիտի հասնի սա հարցը, երբ մի քանի սրիկաներ ՀՀ խորհրդարանէն ներս նոյնիսկ, արդէն սկսեր են «սփիւռքը խօսք չունի»ի....
ReplyDelete«սփիւռքի մէջ նարինջ ուտող»ներ քաղաքականութիւն թելադրելու ելած էք
ReplyDeleteԼեւոն Տէր Պետրոսեանն է՞ խօսողը:
ReplyDeleteքոնէ ատի միայն ղարաբաղը ետ պիտի տար, ոչ թէ արեւմտահայաստանն ու ցեղասպանութիւնը միասին
ReplyDeleteդուն քաղաքականութիւն խօսելէդ առաջ,նախ ինծի ըսէ. նարինջ կերա՞ծ ես կամ ոչ...
ReplyDelete