Apr 20, 2010

ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ - ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ


«Արարատ» օրաթերթի 20 փետրուար 2010-ի 37-րդ թիւով հրապարակուած հպանցիկ թղթակցութեան մը առիթով տեղեկացանք Հալէպի ՀԲԸՄ-ի տեղական մասնաժողովին կազմակերպած խորհրդաժողով քննարկումին մասին, որուն աննախընթաց օրակարգը շնորհաւորելի է, անկասկած:

«Արարատ»ի մէջ լոյս տեսած թղթակցութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ յիսնեակ մը ներկաներ ուշադիր լսեցին առաջին ելոյթի զեկուցումը, ուր ներկայացուեցաւ մեր մօտ 2009 թուականին լոյս տեսած հրատարակութիւնները: Թիւով անբաւարար գտաւ զեկուցաբերը յառաջացած հունձքը, բայց գնահատելի իր խօսքը չզլացաւ տրուածին համար:

Իսկ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի փետրուար Դ.-2010 համարին մէջ նոյն ձեռնարկին մասին «Քննարկում հալէպահայ մշակութային կեանքի» խորագրով Զ. Թամերեան կը գրէ, թէ զեկուցաբերը նախ ներկայացուց ցանկը 2009-ին Հալէպի մէջ տպուած գիրքերուն, ափսոսալով, որ 40-50 հազար հայութեամբ ապրող համայնքի մը համար գոհացուցիչ պատկեր չի կազմեր տպուած գիրքերուն քանակը:

Դժբախտաբար, սակայն, ներկաներու վկայութեամբ ականջալուր եղանք մեր հրատարակչական միամեայ վաստակին հանդէպ այն անտեսումին, որ կատարուած է զեկոյցին մէջ, հպանցիկ կերպով յիշելով, թէ «Կիլիկիա» հրատարակչատունը կը վերահրատարակէ Թէոդիկի հատորները:

Նման առիթներով ներկայացուած զեկոյցներու մակերեսային բնոյթը աններելի է, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց արդարացումի պատճառները:

Ամէն բանէ առաջ, զեկուցաբերին «անբաւարար» բնորոշումը վիրաւորական է գաղութիս համար, որովհետեւ բանախօսը անաչառօրէն չէ ներկայացուցած 2009 տարեշրջանին Հալէպի մէջ հրատարակուած բոլոր հատորները:

Որպէս «Կիլիկիա» հրատարակչատան տէր եւ տնօրէն` պարտք եւ պատիւ կը զգամ, երբ յայտարարեմ, թէ 2009 տարեշրջանին հրատարակած եմ աւելի քան 20 անուն հայերէն զանազան ծաւալի գիրքեր` անկախ մեր գրացուցակի սպառած շուրջ 10 հատորներէն, որոնք նոյն տարեշրջանին վերահրատարակուեցան հրատարակչատանս մէջ:

Շնորհակալ գործակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին, 2009-ին շարունակեցինք լոյս ընծայել Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը»ներու շարքէն երեք հատորներ, 1914, 1915 եւ 1916-1920 տարիներուն, որոնց մատենագիտական յոյժ գնահատելի աշխատանքը կատարեց Լեւոն Շառոյեանը` անձնանուններու, տեղանուններու, յիշատակեալ մամուլի անուններու, լուսանկարներու եւ բովանդակութեան ցանկերու յաւելուածով, իւրաքանչիւր թիւի` շուրջ 60 էջերու սահմաններով:

Անմահն Հ. Աճառեանի կոթողական քառահատոր «Հայերէն արմատական բառարան»ը քաղաքիս մէջ արժանացաւ երրորդ հրատարակութեան, որուն լուսապատճէնահանման եւ համակարգչային տպագրական արդի արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներուն շահարկումով` ձեռնարկեցինք շուրջ 700 վրիպակներու սրբագրութեան, 1982-ին Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատան լոյս ընծայած ուղղիչ պրակի օգտագործումով: Այս գործին յառաջաբանը գրեց Պարոյր Աղպաշեան:

Համաստեղի երկհատոր «Սպիտակ ձիաւորը» վէպը, որ երկար տարիներէ ի վեր անմատչելի էր միջինարեւելեան երկիրներու մէջ, նկատի առնելով, որ ան հրատարակուած էր Լոս Անճելըսի «Հորիզոն» տպարանին մէջ, 1952-ին, լոյս տեսաւ մեր հրատարակչատան կողմէ, միացեալ 1264 էջերէ բաղկացած, կաշեկազմ հատոր մը, 2009-ի վերջին օրերուն, Պետրոս Հաճեանի յառաջաբանով:

Հրատարակչատանս առաքելութեան հիմնական առանցքը հանդիսացող մանկական հրատարակութիւններու ցանկը 2009 տարեշրջանին հարստացաւ 11 անուն նոր գիրքերով: Անոնք են` նախադպրոցական տարիքի խաւաքարտէ 6 գիրքեր ֆրանսերէն եւ հայերէն, 3 գունազարդման եւ գիտելիքներու տետրեր` հայերէն-անգլերէն եւ կպչուն նկարներով, ինչպէս նաեւ «Բառանկար» անուանումով երկու տարբերակ հատորներ (հայերէն, անգլերէն - Words & Pictures եւ հայերէն-ֆրանսերէն Mots et Images) պատկերաւոր հիմնական 400 բառեր սորվեցնող եւ վերջաբանին` նոյն բառերու այբբենական ցանկերով:

1992-էն ի վեր լոյս տեսնող «Կիլիկիա մատենաշար»ի 21-րդ հատորը հանդիսացաւ հալէպահայ ողբացեալ գրագէտ Արմէն Անոյշի «Արեան ճանապարհով» յուշագրական գիրքին երրորդ հրատարակութիւնը, համակարգչային արդի տողաշարումով:

20-րդ դարու հայոց պատմութեան դէպքերը եւ դէմքերը ներկայացնող Պետրոս Հաճեանի «100 տարի 100 պատմութիւն» հատորը, որ լոյս տեսած էր Պուէնոս Այրէս, 2000 թուականին, 2009-ին հրատարակուեցաւ Հալէպի մէջ անգլերէնով, ամերիկահայ յայտնի թարգմանիչ Արիս Սեւակի վերածումով:

Զուարթ Քէշիշեանի «Քեսապ - խոհագիրներ իմ մանկութենէս» ազգագրական ճաշատեսակներու անգլերէնով ճաշագիրքը լոյս տեսաւ նաեւ հայերէնով, Մարալ Տիքպիքեանի թարգմանութեամբ:

Այս բոլորը կը հաշուէ աւելի քան քսան հատոր:

ՀԵԸ-ի կազմակերպած «Հայ գիրք»ի տարեկան ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 6 դեկտեմբեր 2009- ին, ներկայացուած էին վերոյիշեալ հատորները, մեր շուրջ 200 հատոր հաշուող ընդհանուր հրատարակութիւններու շարքին:

Փափաքելի էր, որ հրատարակչական օրակարգով նման խորհրդաժողովի մը որպէս ունկնդիր ներկայ գտնուելու առիթը ունենայինք:

Այսպիսով, զեկուցաբերը իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ նկատի չէ ունեցած հալէպահայ գաղութին բոլոր ժամանակներու միակ հայկական արտօնագրեալ հրատարակչատան` «Կիլիկիա»ի գործունէութիւնը: Եթէ այս անտեսումը հետեւանք է անփոյթ եւ հապճեպ պատրաստութեան, ինքնին ամօթալի է, իսկ եթէ դիտաւորեալ է, այդ մէկն ալ զեկուցաբերի մը համար աններելի յանցանք է:

Ի պատասխան մեր այս ճշդումներուն, որպէս «արդարացուցիչ դէպ յանցանաց», մեր կողմէ մատնանշուած յանցանքը կրնայ բացատրուիլ որպէս թէ զեկուցաբերը ներկայացուցած է Հալէպի մէջ ստեղծագործուած հրատարակութիւնները միայն: Պահ մը եթէ ընդունինք այս տեսակէտը, միթէ Թէոդիկի տարեցոյցերուն վրայ կատարուած բանասիրական աշխատանքները կամ թարգմանական հրատարակութիւնները ստեղծագործութիւններ չե՞ն: Նմանապէս, մեր բոլոր մանկական գիրքերը հաստատութեանս անձնակազմին հաւաքական ճիգին արդիւնքն է, ուր համեստօրէն չենք յիշեր աշխատասիրողներուն անունները:

Հալէպահայ պարբերական մամուլին մասին զեկուցաբերը յայտնած է նաեւ հետեւեալը (մէջբերումը` Զ. Թամերեանի թղթակցութենէն). «Ապա թուեց հրատարակուած թերթերն ու պարբերաթերթերը` անդրադառնալով, որ սուրիահայ գրողներու հրատարակած «Երթ» տարեգիրքէն բացի, բոլորն ալ ունին տեղեկատուական բնոյթ»:

Նոյնինքն թղթակից Զ. Թամերեան իւրացուցած ըլլալ կը թուի զեկուցաբերին տեսակէտը` պահ մը մոռնալով, թէ ինք մաս կը կազմէ ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայեացք»ի խմբագրութեան, ուր որոշ համեմատութեամբ ստեղծագործական էջեր կան:

Տակաւին ընդվզեցուցիչ անտեսում մը կայ Հալէպի հայկական ճեմարաններու խոստմնալից աշակերտներուն նկատմամբ, նկատի առնելով Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Ճեմարանի «Բարձունք» եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի «Ծիլեր»ը, որոնք զուտ ստեղծագործական բնոյթի մամուլ են եւ մեր մատղաշ սերունդի գրական փորձերու առաջին օրրանները, ինչպէս նաեւ` Ազգ. Ք. Ե. Ճեմարանի Շրջ. միութեան «Շաւիղ» պարբերականը:

Մեր մաղթանքն է, որ յառաջիկայ տարի կրկնուի այս օգտակար խորհրդաժողովը եւ կազմակերպող միութեան ուշադրութեան արժանանան վերոնշեալ թերացումները:

«ԿԻԼԻԿԻԱ» հրատարակչատան 
տէր եւ տնօրէն ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ 

Հալէպ, 1.3.2010

11 comments:

  1. ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ՝
    «ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐՈՒ» ԱՌԻԹՈՎ

    «Ազդակ» օրաթերթի 22 մարտ 2010-ի թիւով կարդացինք Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անհրաժեշտ ճշդումներ հալէպահայ հրատարակչական կեանքի մասին» խորագրեալ յօդուածը` գրուած Հալէպի Հ.Բ.Ը.Միութեան կազմակերպած քննարկում-խորհրդաժողովին առիթով, որուն գլխաւոր թեման էր՝ Հալէպահայ 2009 թուականի մշակութային կեանքը։
    Էպլիղաթեանի յօդուածին միտք բանին այն էր, որ ինք «ներկաներու վկայութեամբ ականջալուր» եղած էր, թէ` օրուան զեկուցաբերներէն մէկը անտեսած է իր հրատարակչատան «միամեայ վաստակ»ը՝ հպանցիկ կերպով միայն յիշելով, թէ յիշեալ «հրատարակչատունը կը վերահրատարակէ Թէոդիկի հատորները», ապա յօդուածագիրը թուարկած է նախորդ տարուայ ընթացքին իր հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայած հատորները՝ Աճառեանի «Հայերէն արմատական բառարան»ի վերահրատարակութիւնը, Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը»ի 3 հատորներու վերահրատարակութիւնը, Համաստեղի «Սպիտակ ձիաւորը» երկհատոր վէպին «կաշեկազմ» վերահրատարակութիւնը, Արմէն Անոյշի «Արեան ճանապարհով» գիրքին «համակարգչային արդի տողաշարումով» իրագործուած վերահրատարակութիւնը, Պետրոս Հաճեանի «100 տարի 100 պատմութիւն» գիրքին անգլերէն տարբերակը՝ ամերիկահայ Արիս Սեւակի թարգմանութեամբ, Զուարթ Քէշիշեանի «Քեսապ - խոհագիրներ իմ մանկութենէս» անգլերէն ճաշագիրքին հայերէն տարբերակը՝ Մարալ Տիքպիքեանի թարգմանութեամբ եւ մանկական գիրքերու շարք մը, որուն պիտի անդրադառնանք ստորեւ, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա մատենաշար»ի սպառած գիրքերու վերահրատարակութիւնները։
    Պարտք կը զգանք ամփոփ ձեւով անդրադառնալու Էպլիղաթեանի յօդուածին մէջ արծարծուած հարցերուն։
    Խորհրդաժողովը - ինչպէս ի յայտ կու գայ կազմակերպիչ մարմինի՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յոբելենական Յանձնախումբի եւ Հալէպի Տեղական Մասնաժողովին կողմէ մեզի եւ հալէպահայ մշակութային միութիւններու յղուած 2 Փետրուար 2010 թուակիր հրաւէր-նամակէն - որպէս թեմա ունէր 2009 թուականի հալէպահայ մշակութային կեանքը՝ իր գրական, երաժշտական եւ թատերական դրսեւորումներով։ Այս երեքէն մեզի վստահուած էր հակիրճ կերպով ներկայացնել նախորդ տարուայ հալէպահայ գրական-ստեղծագործական կեանքի պատկերը։
    Մենք՝ մեր զեկուցումով, մէկ առ մէկ նշեցինք 2009 թուականի գեղարուեստական գրականութեան ծիրէն ներս ինկող հալէպահայ գրողներու՝ Հալէպի մէջ թէ այլուր լոյս ընծայած գիրքերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձանք հալէպահայ մամուլին։ Եւ ուղղուած հարցումի մը որպէս պատասխան, խօսեցանք Հալէպի հայկական գրադարաններու մասին, առանց երբեք անդրադառնալու քաղաքիս մէջ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ գիրքերուն եւ գրական-գեղարուեստական գրականութեան հետ չառնչուող նորատիպ հատորներուն։
    Հետեւաբար, պարզ է. Թէոդիկի տարեցոյցերու վերահրա-տարակութեան կցուած անձնանուններու, տեղանուններու եւ այլ տեսակի ցանկերու պատրաստութիւնը, կարելի չէ ներկայացնել որպէս «բանասիրական» կամ «ստեղծագործական» աշխատանք։ Յօդուածին մէջ բառացիօրէն ըսուած է. «Միթէ Թէոդիկի տարեցոյցերուն վրայ կատարուած բանասիրական աշխատանքները կամ թարգմանական հրատարա-կութիւնները ստեղծագործութիւններ չե՞ն»։ «Հալէպահայ գաղութի բոլոր ժամանակներու միակ հայկական արտօնագրեալ հրատարակչատան՝ «Կիլիկիա»»ի տէրն ու տնօրէնը, տարեգիրքի մը «անձնանուններու, տեղանուններու, յիշատակեալ մամուլի անուններու, լուսանկարներու եւ բովանդակութեան ցանկերու» յաւելումը կը բնութագրէ որպէս այդպիսի՞ն։
    Ի դէպ, առանց մեր նիւթէն շեղելու, ըսենք նաեւ, որ նոյն յօդուածին մէջ այլ առիթով մը Թէոդիկի հատորներուն կցուած յիշեալ ցանկերուն տրուած «մատենագիտական» սահմանումը եւս չի համապատասխաներ իրականութեան։ «Մատենագիտութիւն» բառը, հայերէնի մէջ ունի ա՛յլ իմաստ, որ շատ տարբեր է յօդուածին մէջ ստացած իր իմաստէն։
    Աճառեանի, Համաստեղի կամ աւելի քան կէս դար առաջ մահացած հալէպահայ Արմէն Անոյշի գործերուն վերահրատարակութիւնը, ուրեմն, ըստ յօդուածագրին, մաս կը կազմէ 2009 թուականի հալէպահայ գրական-ստեղծագործական վաստակի՞ն, եւ արդեօ՞ք 2009 թուի հալէպահայ գրական կեանքին մաս կը կազմէ տասնամեակներ առաջ Հալէպէն հեռացած Պետրոս Հաճեանի հեղինակած եւ ամերիկահայ Արիս Սեւակի թարգմանած հատորին Հալէպի մէջ լոյս ընծայումը։
    Գրական-ստեղծագործական աշխատանքնե՞ր են 2009-ին «Կիլիկիա» հրատարակչատան տպագրած «նախադպրոցական տարիքի խաւաքարտէ 6 գիրքեր»ը, «գունազարդման եւ գիտելիքներու» «կպչուն նկարներով» 3 տետրերը եւ «Բառանկար»ի զոյգ հատորները։
    Միհրան Մինասեան

    ReplyDelete
  2. Որքան գիտենք, եւ որքան կը հասկնանք, գրական-գեղարուեստականի ծիրին մէջ չիյնար նաեւ Քեսապի ճաշագիրքի հայերէն թարգմանութիւնը։
    Լաւ կ՛ըլլար որ յօդուածագիրը յիշէր թէ՝ «Կիլիկիա» հրատարակչատունը 2009 թուականին հալէպահայ ո՞ր գրողին գրական-գեղարուեստական գործը (կամ՝ գործերը) հրատարակած է, եւ կամ՝ իր թուարկած գիրքերէն ո՞ր մէկը կ՛իյնայ հալէպահայութեան 2009 թուականի գրական-գեղարուեստական գործերու ծիրէն ներս, որպէսզի խորհրդաժողովի ընթացքին խօսուէր այդ գիրքին (կամ գիրքերուն) մասին։
    Միհրան Մինասեան

    ReplyDelete
  3. Մենք մեր զեկուցումին մէջ չյիշատակեցինք ո՛չ միայն «Կիլիկիա» հրատարակչատան վերոնշեալ վերահրատարակութիւնները եւ միւս գիրքերը, այլ նաեւ նոյն թուականին Հալէպի մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ այլ գիրքեր եւս, որոնք դուրս կը մնային այդ զեկոյցի ընդհանուր շրջագիծէն, ինչպէս օրինակ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Ուխտ» հոգեւոր մատենաշարով լոյս տեսած «Ս. Գիրքի պատմութիւններ մանուկներու համար» հատորը եւ «Յիշատակի գիրք Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նաւակատիքին եւ օծման» խորագրով 140 էջանի գիրքը, «Այգ» մատենաշարով լոյս տեսած Յակոբ Պապիկեանի «Ատանայի Եղեռնը» վաւերագրական գիրքին վերահրատարակութիւնը, «Նժդեհ կեանքն ու գործունէութիւնը նշխարներ վկայութիւններ գիրքէն» 80 էջանի հատորը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի հրատարակած մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու 5 դասագիրքերն ու յարակից տետրակները (Ժ. Կիւլիամիրեանի, Զ. Րէիսեանի եւ Մ. Մանճիկեանի), նոյն խորհուրդի հրատարակած եւ Յ. Չոլաքեանի կողմէ պատրաստուած «Անդաստան» հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասագիրքերու Ա. եւ Բ. հատորները եւ այլն։ Վերջինները, կը կարծենք որ նուազ գնահատելի ու օգտակար հրատարակութիւններ չեն, քան՝ «Կիլիկիա» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած նախադպրոցական տարիքի խաւաքարտէ գիրքերն ու գունազարդման ու գիտելիքներու տետրակները։ Բայց եւ այնպէս, ասոնք եւս խորհրդաժողովի ընթացքին չյիշատակուեցան մեր կողմէ։
    Սպասելի էր որ յօդուածագիրը, որ իր յօդուածին համար ընտրած էր «Անհրաժեշտ ճշդումներ հալէպահայ հրատարակչական կեանքի մասին» խորագիրը, որպէս չյիշատակուած հրատարակութիւններ՝ խօսէր նաեւ մեր մատնանշած այս 11 գիրքերուն մասին եւս - որոնք բոլորն ալ մէկ մասնիկն են 2009 թուականի «հալէպահայ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ կեանքի»ն - փոխանակ բաւարարուելու ի՛ր հրատարակութիւններուն յիշատակումով։
    Վերոնշեալ գիրքերուն հրատարակիչները, յօդուածագիրի այս անտեսումին համար արդեօք իր հասցէին պիտի ուզէի՞ն ուղղել այն խօսքերը՝ որոնք իր կողմէ ուղղուեցան մեզի՝ մեր «անտեսումին» առիթով։ Հաստատաբար՝ ոչ։
    Հ.Բ.Ը.Միութեան յիշեալ խորհրդաժողովին ելոյթ ունեցող երկրորդ զեկուցաբերը, որ ներկայացուց 2009 թուականի հալէպահայ երաժշտական կեանքի համայնապատկերը, իր խօսքին մէջ երբեք չանդրադարձաւ հայրենի «Գոհար» համոյթի 2009 թուականին Հալէպի պատմական բերդին մէջ ունեցած բացառիկ ելոյթին, ու այս մէկը անոր համար, որ այդ խումբը չէր կազմուած հալէպահայերէ, եւ բնականաբար յիշեալ ելոյթը, որքան ալ եզակի ու աննախընթաց, մաս չէր կազմեր հալէպահայ երաժշտական վաստակին։
    Յօդուածագիրը, փոխանակ «ընդվզեցուցիչ անտեսում» որակելու հայկական ճեմարաններու աշակերտական «Ծիլեր» եւ «Բարձունք» պարբերաթերթերը մեր կողմէ չյիշատակուելու փաստը, թող բարի ըլլար դիմելու խորհրդաժողովին մասնակից ա՛յլ անձերու եւս, որոնք պիտի հաստատէին թէ մենք յիշատակեցինք Ք. Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի «Ծիլեր» աշակերտական պարբերաթերթը, եւ միաժամանակ ցաւ յատնեցինք, որ Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Ճեմարանի «Բարձունք»էն ո՛չ մէկ թիւ լոյս տեսած է 2009 թուականին։ Նոյնպէս իրեն պէտք է ըսուած ըլլար, թէ մենք մեր խօսքին մէջ յիշեցինք նաեւ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան «Շաւիղ» հանդէսը։
    Արդարութիւն փնտռող յօդուածագիրը փոխանակ ըսելու՝ «Նմանապէս, մեր բոլոր մանկական գիրքերը հաստատութեանս անձնակազմին հաւաքական ճիգին արդիւնքն է, ուր համեստօրէն չենք յիշեր աշխատասիրողներուն անունները», աւելի ճիշդ չէ՞ր ըլլար, եթէ այդ հրատարակութիւններուն վրայ օրին յիշատակած ըլլար այդ «աշխատասիրողներուն» անունները, եւ այդ՝ թէ՛ պատասխանատուութեան ճշդումի եւ թէ՛ անոնց աշխատանքը ըստ արժանւոյն գնահատելու համար։
    Իսկ ինչ կը վերաբերի յօդուածագրին այն մտահոգութեան, թէ՝ նախորդ տարուան հալէպահայ գրական կեանքին որպէս գնահատանք, մեր տուած «անբաւարար» բնորոշումը «վիրաւորական է գաղութիս համար», ապա հարց կու տանք ու կը կրկնենք մեր զեկուցումի ընթացքին մեր արտայայտած միտքը, թէ՝ ա՞յս պէտք է ըլլար արդեօք 40-50 հազար հաշուող հաւաքականութեան մը միամեայ գրական-գեղարուեստական աշխատանքին արգասիքը. ընդամէնը քանի մը հատոր գի՞րք։ Կը կարծենք որ խորհրդածելու արժանի նիւթ է այս մէկը եւ իրապաշտ պիտի ըլլալ ու մատը դնել վէրքի՛ն վրայ՝ կարենալ գտնելու համար անոր հաւանական դարմանումներն ու լուծումները։
    Վերջացնելու համար ըսենք, որ փափաքելի էր որ յարգելի յօդուածագիրը իր գրութեան մէջ հեռու մնար անուանարկիչ բառերէ ու նախադասութիւններէ, որոնք, կը կարծենք, այլեւս մաս չեն կազմեր հայ մամուլի բառամթերքին։
    Միհրան Մինասեան

    ReplyDelete
  4. ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ

    12 Փետրուար 2010-ին, Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեղական Մասնաժողովը կազմակերպեց խորհրդաժողով-քննարկում մը, նուիրուած հալէպահայ մշակութային կեանքին, յետադարձ հայեացքով գնահատելու անցնող տարուայ (2009թ.) ընթացքին հալէպահայ մշակութային միութեանց իրագործած ձեռնարկները, գլխաւորաբար գրականութեան, երաժշտութեան եւ թատրոնի մարզերէն ներս։
    Գրականութեան արգասիքին մասին զեկուցելու համար հրաւիրուած էր հալէպահայ ծանօթ մտաւորական, թարգմանիչ Պրն. Միհրան Մինասեանը, որ ամփոփ ակնարկով մը վեր առաւ իրագործուած ձեռնարկները գրականութեան ոլորտէն ներս, անդրադարձաւ Հալէպի մէջ հրատարակուած գիրքերուն, պարբերաթերթերուն, կազմակերպուած գինեձօներուն, գործող գրադարաններուն եւ կարեւոր առաջադրանքներ ներկայացուց գրական ստեղծագործական կեանքը առաւել քաջալերելու եւ ծաղկեցնելու համար։
    «Կիլիկիա» հրատարակչական տէր եւ Տնօրէն Պրն. Մաթիկ Էպլիղաթեանը առանց ներկայ գտնուելու քննարկումին (հրաւէրները ուղղուած էին հալէպահայ մշկթ. միութեանց), յենուելով ներկաներու վկայութիւններուն եւ «Արարարտ» օրաթերթի ու «Գանձասար» շաբաթաթերթի մէջ ձեռնարկին առնչութեամբ հրատարակուած թղթակցութիւններուն, անտեղի քննադատած է եղածը «Անհրաժեշտ Ճշդումներ Հալէպահայ Հրատարակչական Կեանքի Մասին» խորագրեալ գրութեամբ, տպուած՝ «Ազդակ» օրաթերթի 22 Մարտ 2010-թիւին մէջ։
    Քննադատութիւնը անտեղի համարած ենք մի քանի պատճառներով.
    ա- Թղթակցութեան մէջ մեր նշած «Գրական եւ հրատարակչական» աշխատանք բառով նկատի ունեցած ենք հալէպահայ գրական արգասիքի՝ այսինքն հալէպահայ գրողներու ստեղծագործութիւններու հրատարակութիւնները, 2009 թուականին։
    Անկասկած, շնորհակալ աշխատանք մըն է «Կիլիկիա» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած մանկական գիրքերը եւ Թէոդիկի « Ամենուն Տարեցոյց»-ներու, ինչպէս նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի « Հայերէն Արմատական Բառարան»ի վերահրատարակութիւնները, սակայն այս հրատակութիւնները 2009 թուականի հալէպահայ գրողներու ստեղծագործական աշխատանքի պատկերը չեն կազմեր։
    Ընդ որում, քննարկումի ընթացքին, երբ Պրն. Մ. Մինասեանը մէկ առ մէկ թուեց 2009թ. տպուած հալէպահայ գրողներու ստեղծագործութիւնները, անդրադարձաւ նաեւ «Կիլիկիա» հրատարակչատան աշխատանքին, օրինակ բերելով «Թէոդիկ»-ներու վերահրատարակումը։ Իսկ հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած մնացած 20 անուն հատորներու յիշատակումը զեկուցաբերին պարտականութենէն հեռու կը նկատենք, որովհետեւ օրուան քննարկումի նպատակը, ինչպէս վերը նշեցինք, հալէպահայ գրական արգասիքի անդրադարձումն է, այնինչ Պրն. Մ. Էպլիղաթեանի թուած գիրքերուն հեղինակները հալէպահայեր չեն։
    Զեփիւռ Թամերեան

    ReplyDelete
  5. Բ- Զեկուցաբերը յիշեց գաղութիս մէջ հրատարակուած բոլոր դպրոցական եւ միութենական պարբերաթերթերը, ինչպէս՝ « Ծիլերը», «Շաւիղը», «Հայեացք»,ը «Բարձունք»ը ,եւն…։
    Ուստի, գնահատելով Պրն. Մ. Էպլիղաթեանի նախանձախնդրութիւնը խոստմնալից հայ աշակերտներու նկատմամբ, կ՛ապահովեցնենք, որ «ընդվզելու» պէտք չունի, որովհետեւ մենք այդ խոստմնալից հայ աշակերտները քաջալերողներէն մէկն ենք իրական եւ գործնական գետնի վրայ։
    Առ ի յիշեցում ( թէեւ յիշեցնելու պէտք չունինք, որովհետեւ «Բարձունք»ի հրատարակչական աշխատանքը« Կիլիկիա» հրատարակչատունը կատարած է), նշենք նաեւ, որ 12-2-2010-ին դեռ չէր հրատարակուած 2009թուականի « Բարձունքը»։ Այդուամենայնիւ, դարձեալ կը կրկնենք, « Ծիլերու» կողքին յիշուեցաւ եւ « Բարձունքը», յայտարարուելով, որ՝ տպարանն է։
    Իսկ ինչ կը վերաբերի «Հայեացք»ին, որուն խմբագրական մարմինէն մաս կազմելու պատիւը ունիմ, հալէպահայ ընթերցողը շատ լաւ գիտէ, որ գրական-պատմաբանասիրական էջեր ընդգրկելով հանդերձ «Հայեացք»ը տեղեկատու պարբերաթերթ է։
    Օրինակ, 2009թ. լոյս տեսած « Հայեարցք»ը կը պարունակէ 98 էջ։ 19-ն միայն գրական ստեղծագործական էջեր են։ Գրական բաժինին մէջ իրենց գրութիւններով հանդէս եկած են՝ Ժիրայր Դանիէլեան, Արամ Սեփեթճեան, Յակոբ Միքայէլեան, Սաղաթէլ Պասիլ, Էլլա Յակոբեան Չաղլասեան, Յակոբ Ադամեան, Նուարդ Տարագճեան եւ Զարեհ Մելքոնեան։
    Ինչպէս կը տեսնենք, բոլոր գրողները սուրիահայեր չեն։ Իսկ ինչ կը վերաբերի բովանդակութեան՝ բոլորը գրական ստեղծագործական չեն։ Ուստի իրաւացի կը գտնենք այն միտքը, որ առայժմ միայն «Երթ» տարեգիրքը ունի զուտ գրական բնոյթ ու լոյս կը տեսնէ սուրիահայ գրողներու մասնակցութեամբ։
    Կազմակերպուած քննարկումի որակումը իբրեւ՝ մակերեսային անհիմն կը նկատենք ու կը մաղթենք, որ յառաջիկային երբ որեւէ ձեռնրակ կամ միջոցառում հրապարակային քննադատութեան արժանանայ, իրական-փաստացի տուեալներով առաջնորդուի յօդուածագիրը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ մամուլը կը ծառայէ շինիչ եւ արդար գաղափարներու արծարծման։
    Զեփիւռ Թամերեան

    ReplyDelete
  6. Սիրելի բարեկամներ,

    Դուք քիչ մը շատ լուրջի առած էք Մաթիկ Էպլիղաթեանը եւ իր կարողութիւնները։ Մարդը պարզ հրատարակիչ մըն է, որ, միւս բոլոր հայ հրատարակիչներուն նման, Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս, գիրքին եւ տետրակին տարբերութիւնն անգամ չի գիտեր, ու՞ր մնաց գեղարուեստականին եւ մատենագիտականին կամ բանասիրականին տարբերութիւնը։ Ասոնք հասարակ վաճառական մարդիկ են, որոնք իրենց գրպանէն կը մեկնին եւ միայն իրենց գրպանին կը վերադառնան։ Բայց այսպիսիներուն երբ ԱԶԴԱԿի նման օրաթերթի մը մէջ տեղ եւ սիւնակ տրուի` բերաննին եկածը դուրս կու տան եւ կը կարծեն, մեր հարուստներուն նման, որ դրամ ունենալ կը նշանակէ միաժամանակ խելք ունենալ։ Ասիկա կը նմանի թուաբանական հասարակ սխալի մը, շատ ակնյայտ։
    Կը թեալդրեմ ԱԶԴԱԿին, որ քիչ մը աւելի լուրջ նիւթերու համար քննարկում ծաւալէ այստեղ։
    Յաջողութիւն,
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  7. Bravo Յովակիմ!

    ReplyDelete
  8. Հարցուցէք Մաթիկին` արդեօ՞ք կարդացած է իր հրատարակած գիրքերը։ Ես իրմէ լաւ գիտեմ պատասխանը։ Իրարու վրայ չխնդանք։ ԱԶԴԱԿ պէտք է ինքզինք լրջութեան հրաւիրէ։ Եթէ բան չմնաց տպելիք` էջը պարապ տպեցէք, աւելի կը գնահատեմ քան թէ Մաթիկներու "իմաստութեամբ" լեցունը։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  9. Hovagim noren esgesar ach-tsakh geragel.Mege heradaragchadoun ge himne.kirk ge debe,ge veraheradarage,ge daradse.sekhal gene? yete ays polore iprev kords gene.Hedo gesek hayeren kirk debogh tchiga,daradsogh tchiga,gartatsogh chiga.
    martig ga gashkhadin,gardatren,martig al ga miyayn ge kennataden.yes garachargem vor Aztag ayo lourcthi charne Hovagimin eradsin bes asang barab kennatadoutyunnnere yev degh cheda anonts.
    Hovagimin tsang me dank Aztagi metch keroghneroun togh ese anontme ov? khelk ouni,ov? teram ouni,voronts? bedk e degh dal? voronts? bedk tche degh dal.Hovagime our? giyna ayt polorin metch.
    Nigol

    ReplyDelete
  10. Պարոն Նիկողայոս կամ Նիկոլ,
    Յովակիմը չէ որ որոշում պիտի առնէ, թէ ի՞նչ պիտի տպուի կամ ի՞նչ պիտի չտպուի. սակայն Յովակիմը իրաւունք ունի այստեղ թելադրութիւն եւ քննադատութիւն ընելու, ինչպէս դուն եւ ուրիշներ։ Մեր ըրածը մատնանշում է, ասկէ առաջ ըսած կամ ըսել ուզած եմ քանիցս, ուշադրութիւն եւ նրբազգացութիւն ստեղծելու միտումով, թէ ԱԶԴԱԿԻ խմբագրութեան, թէ յօդուածագիրներուն, թէ ալ այստեղի ընթերցողներուն Ի ՆՊԱՍՏ։ Այլապէս կրնանք ընդհանրապէս չգրել։ Շատ լաւ գիտեմ, որ քննադատութեան վարժ մթնոլորտ գոյութիւն չէ ունեցած հայ ընկերութեան մէջ. սակայն կամաց-կամաց պէտք է շարժիլ այլեւս, հանդուրժել եւ սխալները ընդունիլ, ուրիշներուն ալ սխալները մատնանշել, թելադրել։ Հասկցանք որ հրատարակիչ մը կարեւոր գործ կընէ, սակայն սա չի նշանակեր որ հրատարակիչ մը անպայման յօդուածագիր է կամ խելքը գլուխը մարդ մը։ Ասոնք տարբեր բաներ են։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  11. Hovagim.harts chounim kennatadvelou.payts anag me ge desnem vor toun andeghi ge porpokis amen ankam vor kennatadvis.yerp ge kennatades bidi kennatadvis nayev.
    Nigol(voch Nigoghayos)aba te voch yes al yergrort anounov ge gochem kez.Bedk e badrasd ellas nayev ayt desag kennatadoutian

    ReplyDelete