Լիբանանահայ հասարակական կեանքին մասնակիցները կ՛ապրին առատ ու խայտաբղէտ ձեռնարկներու յորձանուտի մը մէջ, ուր իրերամերժ կացութիւններու դէմ յանդիման կը դրուին ակամայ:
Առատ` քանակի եւ երբեմն ալ որակի առումով:
Խայտաբղէտ` լայն տեսականիի եւ կազմակերպչական տարբերութիւններու տեսակէտէ:
Իրերամերժ` շատին ուրախութեան եւ խաչաձեւումի հեգնանքին միջեւ:
Այս բոլորը ինքնին հարստութեան նշան են անտարակոյս: Սփիւռքեան զանազան հատուածներ զուրկ են այս բոլորէն եւ դժբախտաբար կը տառապին հանրային հաւաքական կեանքի հետզհետէ ամայացող կացութիւններէ:
Իսկ լիբանանահայը կը տառապի մէկ կողմէ «ձեռնարկախեղդ» ըլլալու, իսկ միւս կողմէ ալ` անկազմակերպ անհեթեթ կացութեան մը իբրեւ արդիւնք` անհարկի խաչաձեւումներու պատճառով նոյնքան սիրելի այլ ձեռնարկներէ ակամայ բացակայելու ցաւով:
Նախ` շատի վնասին մասին:
Ձեռնարկներն ու յատկապէս մշակութային ելոյթները մարդու հոգեմտաւոր ներաշխարհին մէջ միայն կատարման պահուն չէ, որ ամբողջութեամբ կը ներգործեն: Անոնց ամբողջական վայելքին եւ իւրացումին համար մարդիկ ժամանակի պէտք ունին: Մեր կազմակերպած ձեռնարկներուն հեւքոտ ընթացքին մէջ յաճախ մենք անհրաժեշտ ու արժանի ժամանակը չենք վերապահեր ներքին վերապրումի ճամբով անոնց ամբողջացումին, «մարսում»ին, հետք ձգելուն, նստուածք տալուն ու մանաւանդ` հաւասարակշիռ տպաւորութեան ու գնահատումին: Ձեռնարկի մը համապարփակ ընկալումը տակաւին չկայացած, շուտափոյթ այլ ձեռնարկ մը կու գայ խանգարելու անոր ներգործութիւնը, մինչ իր կարգին երկրորդը եւս շուտով կը դատապարտուի նոյն կացութեան եւ այսպէս շարունակ: Այս պատճառով ալ նախապատրաստական ստեղծագործական երկարատեւ ու եռանդուն աշխատանքէ, մարդուժի եւ նիւթաբարոյական սուղ միջոցներու ներդրումէ ետք, անոնք մասնակիօրէն միայն կը ծառայեն իրենց նպատակին: Ըստ առածին` «Ովկիանոսը կտրել-անցնելէ ետք` աւազանին մէջ կը խեղդուին»:
Այլ հարց է նաեւ այն, թէ այսքան շատ ձեռնարկներու ետեւէն վազելու մեր հեւքին մէջ որքանո՞վ կրնանք հետեւիլ ու նախանձախնդիր ըլլալ անոնց որակին: Դժբախտաբար չենք կրնար խօսիլ համաշխարհային բարձրագոյն չափանիշներու մասին, սակայն արդեօք մեր հանրային հանդիսութիւններէն մինչեւ մշակութային արտադրութիւնները մեր հնարաւորութիւններուն բարձրակէտին հասցուա՞ծ են երբեւէ: Կ՛արժէ՞ արդեօք քանակին ետեւէն վազելով անտեսել որակը: Թեւաւոր խօսք է «Քանակը որակ կը բերէ» արտայայտութիւնը: Անձնապէս այս մտածելակերպին համակիրներէն չեմ: Խոտան քանակը մոլախոտի պէս կրնայ խեղդել կամ խեղաթիւրել տակաւին բողբոջող որակը:
Ինչ կը վերաբերի խաչաձեւումներուն ստեղծած տաղտուկին, հակառակ անոր որ նոյն «Ազդակ»ի էջերէն իսկ քանի անգամ դիտումներ եղած են զանազան առիթներով, սակայն հարցին տրամաբանական ու շահեկան լուծում մը չէ գտնուած տակաւին: Դժուա՞ր է տեղ մը ունենալ «Գրաւուած օր»երու մնայուն ցանկ մը, որ որեւէ նոր նախաձեռնութեան պարագային կազմակերպողներ նախապէս առիթ ունենան տեղեակ ըլլալու տուեալ թուականին յարմարաւէտութեան եւ կարելիութեան մասին:
Եթէ հարստութիւն է մեր գաղութին մէջ գրեթէ ամէն օր մէկ կամ մէկէ աւելի ձեռնարկներ ունենալը, ապա անոնց խաչաձեւումն ու բազմակողմանի համակարգումի բացակայութիւնը ինքնին նոյն հարստութեան վատնումն է:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ