Oct 20, 2010

ՀԱՅԵՐԷՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՂԷՏԻ ՄԱՏՆՈՒԱԾ

Տասնամեակներու ընթացքին տարբեր երկիրներ ապաստան գտած հայերը, որոնք սփիւռքը կազմեցին, ծանր աշխատանքով եւ զոհողութիւններով, կառոյցներ յառաջացուցին՝ հայութիւնը անոնց շուրջ հաւաքելու եւ ազգ պահելու համար. դպրոցներ, մշակոյթի տուներ եւ ակումբներ: Հարց կու տամ, թէ ի՞նչ եղաւ արդիւնքը այդ ճիգերուն, ո՞ւր ենք այսօր: Սփիւռքի նոր սերունդները որքանո՞վ տէր են հայ մշակոյթին, իրենց ինքնութեան, մանաւանդ որ այս վերջինին պատուանդանը ՀԱՅԵՐԷՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆ է, այսինքն յաջողեցա՞նք հայախօս պահել նորերը: Երիտասարդութիւնը հայախօ՞ս է, հայերէն կը կարդա՞յ, կը գրէ՞: Պատասխանը դրական չէ, ափսոս, ճնշող մեծամասնութեան համար:

Սփիւռքահայութիւնը եւ մասնաւորաբար անոր ղեկավարութիւնը իրապէս մտահո՞գ են այս կացութեամբ եւ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւեն զայն: Փաստ է, որ այս հարցերուն նկատմամբ անտարբերութեամբ ապրող զանգուած գոյութիւն ունի, որ օտար լեզուներու գործածութիւնը կը համարէ յառաջդիմութիւն՝ հայերէնէն հրաժարելով: Կայ մտահոգ փոքրամասնութիւն մը, որ տագնապելով կ'ապրի այս նահանջը, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հայերէնին՝ ներկայիս եւ ապագային:

Կ'ապրինք այն մտավախութեամբ, թէ պիտի գոյատեւե՞նք, թէ՞ ոչ, կամ՝ ի՞նչ նկարագիրով:

Ցարդ սփիւռքը տոկաց, որքան որ կրցաւ, հայրենահանուած ժողովուրդի մը յատուկ դժուար պայմաններուն մէջ, այն հեռաւոր երազով, որ օր մը հայրենիքը պիտի վերականգնի եւ ժողովուրդի հատուածները պիտի վերամիանան: Սակայն պարզուող իրականութիւնը տարբեր է:

Սփիւռքը կ'ապրի մոլորակային տարտղնում, որ կը մղէ երիտասարդութիւնը դէպի անհետացում, ձուլում: Ազգային լեզուի կորուստը անհետացման կը տանի ազգերը եւ ժողովուրդները:

Վերանկախացած Հայաստանը, որ պիտի ըլլար վահանը հայ լեզուի եւ մշակոյթի, հակառակ դիրքի վրայ է:

Նոր գիւտ՝ որոշումը: Այժմ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ կարելի է ուսուցանել եւ ուսանիլ միայն օտար լեզուով, ջնջելով եւ ոտնակոխելով հայ լեզուն: Այս՝ Մայր հայրենիքի մէջ: Կարծէք չէր բաւեր 1922-ին պարտադրուած ստալինեան «չ»ուղղագրութիւնը պահել եւ պահպանել, այն շփոթեցնող բացատրութեամբ, որ եթէ վերադառնանք մեսրոպեան ուղղագրութեան, ամբողջ Հայաստանը անգրագէտ կը դառնայ...:

Հայաստանի իշխանութիւնները սփիւռքին կը զիջին կաթնտու կովու դերը, կ'ընդունին միայն նիւթական մասնակցութիւնը, բայց չեն ուզեր լսել անոր կարծիքը եւ ցանկութիւնները:

Անհեթեթ իրականութեան մը առջեւ կը գտնենք մենք մեզ, երբ կը լսենք Հայաստանի մէջ խօսուած լեզուն, փողոցային, անճոռնի, տձեւ հայերէն մը, նաեւ՝ հեռատեսիլէն եւ այլ առիթներով:

Հայերէնը վտանգի ենթակայ է նաեւ, երբ համացանցով կը գրուի լատինատառ՝ փոխանակ հայերէն տառերու:

Աւելի՛ն. ընտանիքներ կան, որոնք կը մերժեն հայերէնախօսութիւնը այն պատճառաբանութեամբ, որ իրենց զաւակները օտար ափերու վրայ լաւագոյն ձեւով չեն կրնար տեղական լեզուն իւրացնել: Ի՜նչ անհեթեթութիւն: Ընդհակառակը, մանուկ տարիքի երեխան, աւելի լաւ եւ արագ կ'ըմբռնէ բազմալեզուականութիւնը, քան՝ հասուն տարիքի մարդը:

Սակայն հայկական կազմակերպութիւնները հայերէնախօսութեամբ չեն մտահոգուած, քանի որ կեդրոնացած են գլխաւորաբար Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վրայ:

Ի՞նչ պիտի շահինք, եթէ օտար երկիրները, աշխարհը եւ կամ Թուրքիա ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, եթէ հայութիւնը կորսնցուցած ըլլայ լեզուն, մշակոյթը, իր ինքնուրոյնութիւնը, եթէ հայ մարդը խօսի եւ արտայայտուի միայն ռուսերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով կամ այլ լեզուներով:

Հայոց լեզուի նահանջը կ'ապրինք:

Հայութիւնը ջարդէն աւելի մեծ աղէտ մը կ'ապրի այսօր: Կարծէք՝ ան հետաքրքրուած է միայն իր կենսամակարդակի բարելաւումով:

Միայն երազ է հայերէն լսել ակումբներուն, մշակոյթի տուներուն, հանդիսութիւններուն մէջ: Տեղի տուած ենք: Օտարախօսութիւնը դարձած է ընթացիկ, սովորական:

Սփիւռքի մէջ քիչ չեն սրտցաւ եւ անկեղծ հայորդիներ, որոնք զոհողութիւններու պատրաստ են եւ կը գործեն այնպէս, որ հայ լեզուն զարգանայ, գոյատեւէ, որպէսզի եկող սերունդները մեզ չմեղադրեն թէ ի՛նչ հայրենիք կերտեցիք, եւ ի՛նչ աղէտալի ժառանգ մեզի ձգեցիք:

Հաւատաւորներուն կը մնայ հրաշքի յոյսը...:

ԹՈՐՈՍ ՕՍՄԱՆՃԵԱՆ
Փարիզ, 2010

2 comments:

  1. Այո,սակայն այդ աղէտը այլևս կորսնցուցած է իր սրութիւնը, և ոչ ոքի տագնապ կը պատճառէ: Կը թուի,թէ Սփիւռքը համոզուած է այլևս, որ մեր կեանքը առանց հայերէնին ալ կրնայ ընթանալ իր «բնական հունով»: Մեր աշխարհիկ ու հոգևոր իշխանութեանց ընթացքը ա՛յդ կը հաստատէ:
    Ա.Ե.

    ReplyDelete
  2. Ահա շաբաթներէ ի վեր կը սպասեմ ու կ'ակնկալեմ, որ այս հաստատաումս հերքող պատուախնդիր ազգայիններ ըլլային, այնպիսիներ, որոնք որոնք ազգին հաշուոյն յղփացան, հարստութիւն, դիրք ու վարկ ապահովեցին, սակայն ոչ մէկ ձայն բարձրացաւ՝ ո՛չ աշխարհիկ, ո՛չ ալ հոգևոր իշխանութեանց մէկ ոևէ ներկայացուցիչին կողմէ. պէ՞տք է ենթադրել, որ մենք «արժանի» ենք այս իրավիճակին, այս կացութեան, որուն կ'ակնարկէ յարգարժան Օսմանճեանը: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն համատարած լռութիւնն ու անտարբերութիւնը,աններելի մեղսակցութիւնը, որուն ականատես կ'ըլլանք: Սակայն այսպէս վարուած ենք ամէն անգամ, որ մեր նիւթական անձնկան շահերը, մեր աթոռները, մեր փառքն ու վարկը խնդրոյ առարկայ չեն դարձած ու չեն վտանգուած. մնացեալին համար՝ ինձմէ ետք ջրհեղեղ, ու...վերջ: Այդ հեղեղը, սակայն, օր մը մեզ հաւասարապէս պիտի խեղդէ՝ առանց հրեայի ու հեթանոսի զանազանութեան:
    Ա.Ե.

    ReplyDelete