Dec 22, 2010

ԱՊԱՀՈՎԵՑԷ՛Ք ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐԸ

Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի եւ քարիւղի դաշտերու յայտնաբերումը յոյս ներշնչեց ելեկտրական ընդհատումներէն, վառելանիւթերու սակագինի յարատեւ մագլցումէն տառապող լիբանանցիներուն, սակայն…։

Բնական հարստութեան գոյութեան լոյսին տակ, Կիպրոս ձեռնարկեց արեւելեան Միջերկրականի երկիրներուն հետ ծովային սահմաններու ճշդման համաձայնութիւններու կնքման։ 2003-ին ան արդէն այդպիսի համաձայնութիւն մը կնքած էր Եգիպտոսի հետ, իսկ 2007-ին այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւն մը կնքեց նաեւ Լիբանանի հետ։ Այդ համաձայնութիւնը յառաջացուց Թուրքիոյ դժգոհութիւնը։ Վերջինս կþուզէ, որ այդպիսի համաձայնութիւնները կնքուին Հիւսիսային Կիպրոսի հետ։

Մինչ Իսրայէլ միջազգային ընկերութիւններու հետ ծովային այդ շրջանին մէջ կազի եւ քարիւղի պեղման համաձայնագիրներու շուրջ բանակցութեանց ձեռնարկած է, թրքական դժգոհութիւնը պատճառ դարձած է, որ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ այդ կենսական համաձայնութեան վաւերացումը առկախուի, ինչ որ խիստ մտահոգիչ է, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ Իսրայէլ իր կարգին վերջերս Կիպրոսի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւն մը կնքեց եւ ան ոչ ոքի պիտի սպասէ։ Լիբանանի հողերուն, ջուրերուն եւ օդային սահմաններուն դէմ իսրայէլեան յարատեւ ոտնձգութիւններուն լոյսին տակ Կիպրոսի հետ համաձայնագիրի վաւերացման առկախումը առաւել եւս մտահոգիչ կը դառնայ եւ կը վտանգէ Լիբանանի ազգային շահերը, իրաւունքները եւ բնական հարստութիւնը։

Հարցն այն է, որ Լիբանան Հիւսիսային Կիպրոսի հետ ջրային սահմաններ չունի: Աւելի՛ն. Լիբանան չի ճանչնար այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը, ուստի Լիբանան չի կրնար բաւարարել թրքական պահանջը, մանաւանդ որ շրջանի մնացեալ երկիրները յունական Կիպրոսի հետ է, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւններ կը կնքեն։

Երբ հարցը կը վերաբերի ազգային շահերուն, պետութիւններ այս կամ այն կողմին «խաթիր»ը նկատի չեն ունենար։ Ուստի, Լիբանանի իշխանութիւնները պէտք է անտեսեն Անգարայի դժգոհութիւնը եւ ապահովեն իրենց երկրին ու ժողովուրդին շահերը։ Ի վերջոյ այդ է երկրի մը ղեկավարութեան պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1 comment:

  1. «Լիբանանի ազգային շահերը կը պահանջեն չհակառակիլ Թուրքիոյ ազգային շահերուն». այս է վերջին նորոյթ-քաղաքականութիւնը Լիբանանի մէջ ամէնէն ազդեցիկ երկու քաղաքական հոսանքներուն: Նոր մարտահրաւէր է Լիբանանահայութեան: Վերջին ցոյցը լաւ ապտակ էր նոյն այդ կողմերուն: «Լիբանանցիէն աւելի Լիբանանցի» քաղաքականութեան երբեք համամիտ եղած չեմ, բայց հաւանաբար այդ է յարմար ուղին առայժմ, պէտք է շարունակել, միայն իբրեւ Լիբանանահայ «արտաքին քաղաքականութիւն» անշուշտ, պայմանաւ որ ներքին-համայնքային ճակատի վրայ զարկ տրուի ազգային քաղաքականութեան:

    Լեւոն

    ReplyDelete