Mar 30, 2011

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Շրջանային մակարդակի վրայ իրադարձութիւններու զարգացումը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է: Ընդհանուր ուղղուածութիւնը շրջանի երկիրներու ժողովրդավարացման կը հակի: Երեւութական այս ուղղուածութիւնը սակայն խորքին մէջ գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման նպատակով իրականացուող քաղաքականութեան ընդհանուր պարունակին մէջ կը տեղադրուի: Տեղ-տեղ միջամտելու յստակ որոշումներ, այլ տեղեր լրատուական քաղաքականութեան կիրարկումով թէժ մթնոլորտ ստեղծելու յստակ ճիգեր, ուրիշ երկիրներու պարագային գործող իշխանութիւնները հեռացնելու յորդորներ, իսկ այլոց պարագային ալ բարեկարգումներու ակնկալիքներ: Իւրաքանչիւր երկրի նկատմամբ կը թուի, թէ յատուկ յայտարարողական քաղաքականութիւն կիրարկուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ, առաջնորդութեամբ անշուշտ Միացեալ Նահանգներուն: Այստեղ դեր ունին կատարելիք ՄԱԿ-ը, միւս գերտէրութիւնները, ՕԹԱՆ-ը եւ համապատասխան կառոյցներ:

Փորձենք մօտենալ հայկական գործօնին հետ առնչուող խնդիրներուն: Սուրիոյ տարածքին ծայր առած շարժումները կտրուկ շրջադարձ ունեցան, երբ յատկապէս երէկ, նախագահին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան զանգուածային ալիքը իր տարողութեան տակ նսեմացուց բողոքի ելոյթները: Այստեղ էր փաստօրէն, որ պաշտօնական Անգարան, նախքան զօրակցական ալիքի մակընթացութիւնը, հեգնական շեշտով եւ իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով յոխորտաց, որ վաղուց խորհուրդ տուած է բարեկարգումներու ձեռնարկելու: Ապա, ի տես բողոքի ելոյթներու ալիքի տեղատուութեան եւ անոնց դիմաց ժողովրդային տրամադրութեան աննախընթաց դրսեւորման` այս անգամ իր վարչապետին ճամբով յայտարարելու, թէ Թուրքիան անտարբեր չի կրնար մնալ իր ռազմավարական նոր գործընկերոջ ապրած իրադարձութիւններուն դիմաց: Այս յայտարարութիւնը գրեթէ զուգահեռ էր Սէուտական Արաբիոյ յայտնած զօրակցութեան եւ մանաւանդ պաշտօնական Ուաշինկթընի կողմէ սուրիական օրինակի առանձնացման` ընդգծելով ուժային միջամտութեան ընտրանքի չգոյութիւնը կամ իշխանափոխութեան բացառումը:

Պաշտօնական Անգարայի ցուցադրած քաղաքական այս աճպարարութիւնը վստահաբար աննկատ չ՛անցնիր: Յիշենք, որ օրին քաղաքական հոգեվարք ապրող Եգիպտոսի իշխանութիւններուն դաս տուող Անգարան ստացաւ հատու պատասխան մեկնող իշխանութիւններէն:

Անցնինք: Դէպքերը, որոնք կը պատահին, իբրեւ աշխարհագրական տարածք կարեւոր են հայութեան համար: Ա՛յն երկիրներուն մասին կը խօսինք, ուր դասական սփիւռքի հայահոծ գաղութներ կը գործեն եւ որոնք շատ հասկնալիօրէն կը տագնապին ոչ յստակ հեռանկարներու իրականութեան դիմաց: Միջին Արեւելքի գաղութները կարեւոր են հաւասարապէս թէ՛ սփիւռքին եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ճիշդ է, որ իրադրութիւնները սերտօրէն կապ ունին աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուող գործընթացներու հետ, այսուհանդերձ այս բոլորին հայկական անուղղակի առնչութիւնները պէտք է քննարկել: Աւելի ճիշդ բանաձեւումով, այս բոլորին ազդեցութիւնները հայկական համայնքներուն վրայ իր զանազան հաւանական հետեւանքներով պէտք է լուսարձակի տակ բերել: Հեռու` խուճապային տրամադրութիւններէ, հարցերը պէտք է քննարկել շրջանի մակարդակով ցանցային համախմբումով եւ այդ տրամաբանութեամբ: Խնդիրներն ու երեւոյթները եւ տակաւ զարգացող իրադրութիւնները փոխկապակցուած են եւ անոնց պատճառահետեւանքային տրամաբանութեամբ քննարկումները կրնան լոյս սփռել իրադրութիւններու յառաջիկայ ուղղուածութիւններուն վրայ:

Ստեղծուած ճգնաժամերը տեղայնական խնդիրներ չեն անշուշտ: Հայկական առումով անոնց հաւանական ազդեցութիւններու քննարկումները եւս տեղայնական չեն կրնար ըլլալ: Իսկ այստեղ արդէն մասնակցութիւն պէտք է ունենայ նաեւ հայկական պետական գործօնը:

Mar 13, 2011

ԼՈՒՌ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐԳ ՄԸ ՇԵՂՈՒՄՆԵՐ


Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կը թուի աշխուժացած ըլլալ: Երկու օր առաջ ան Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն մասին տուած էր դասախօսութիւն մը, որուն արձագանգած էր լիբանանեան մամուլը նկատառելիօրէն: Այսօր ֆրանսական համալսարանին մէջ ան կը դասախօսէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին: Նախադրեալները մտածել կու տան, որ Լիբանանի մէջ թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէպի հասարակութիւն ուղղուող քարոզչաքաղաքական բնոյթի գործողութիւններու շարքի մը ականատես պիտի ըլլանք:

Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը ցարդ երեւութապէս կրաւորական դիրքորոշում ունի հայկական հարցերուն արձագանգելու նկատմամբ: Այս մէկը յատուկ քաղաքականութիւն է, որ իրերայաջորդ դեսպաններու կողմէ կը կիրարկուի, յայտնապէս թելադրուած պաշտօնական Անգարայէն: Ամէն տեղ չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն մօտեցումը ունի: Երկիրներ կան, ուր ոչ միայն հակազդողի դերին մէջ է թրքական դիւանագիտութիւնը, այլ նաեւ ցուցական գործունէութեամբ կը բողոքէ հայկական պահանջատիրութեան դէմ:

Հայկական հարցերու առումով Լիբանանը շատ հասկնալիօրէն յայտնուած է թրքական պետութեան ուշադրութեան կիզակէտին: Չմոռնանք. Լիբանանը միակ արաբական երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը. եւ ոչ միայն ճանչցած, այլ նաեւ` դատապարտած եւ միջազգային ճանաչում պահանջած: Ճանչցող պետութիւններուն խստագոյն բանաձեւն է անիկա` հանդէպ Թուրքիոյ: Լիբանանը կը դիտարկուի նաեւ ա՛յն միջավայրը, որ հայկական պահանջատիրութեան զանազան աշխատանքներուն համար պատրաստած է համապատասխան մարդուժ:

Այս առումներով Լիբանանի նկատմամբ, աւելի ճիշդը լիբանանահայութեան նկատմամբ որդեգրուած է լուռ դիւանագիտութիւնը: Անձայն, այսուհանդերձ վստահաբար մօտէն հետեւելու եւ անուղղակի միջոցներու օգտագործումով հակազդելու մարտավարութիւնը: Վարչապետ Էրտողանի լիբանանահայկական «դիմաւորում»ը անարձագանգ մնաց տեղւոյն թրքական դեսպանատան կողմէ: Նոյն դեսպանատունը անպատասխան ձգեց իր երկրին ու պետութեան ուղղուած քաղաքական մեղադրանքներն ու ցեղասպանական պետութեան ժառանգորդը նկատուելու յայտարարութիւնները: Ասիկա օրինաչափ երեւոյթ չէ որեւէ պետութեան հաշուոյն, որուն նկատմամբ նման յայտարարութիւններ կը կատարուին:

Փոխարէնը, թուրք դիւանագէտը փորձ կը կատարէ այս պարագային լիբանանեան հասարակութենէն բարի վարուց վկայագիր ստանալու: Ի տես լիբանանեան հասարակութեան մօտ հակահամայնքային տրամադրութիւններու ալիքի բարձրացման եւ վարչակառավարման դրութեան ապահամայնքայնացման պահանջներու նոր տարողութեան, պաշտօնական Անգարայի Լիբանանի ներկայացուցիչը Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն մասին դաս կու տայ լիբանանցիներուն եւ կը խօսի ժողովրդավարութեան թրքական տարբերակէն օգտուելու մասին: Ուրեմն, ի պահանջեալ հարկին իսլամական դիմագիծի օգտագործում` արաբական երկիրներու մէջ ենթահող գրաւելու նպատակով, այլ տեղ աշխարհիկ կարգերու թրքական նմուշի ցուցադրութիւն` համակրանքի դաշտ ձեւաւորելու համար: Երկակի կամ աւելի ճիշդը բազմակի չափորոշիչներու որդեգրումով կիրարկուող թրքական այս խաղը, կը թուի որ հեզասահ կ՛ընթանայ լիբանանեան հասարակական մարզադաշտին վրայ:

Վերադառնանք հայկական հարցերու նկատմամբ թրքական դեսպանատան որդեգրած լուռ դիւանագիտութեան եւ փոխարէնը զուտ լիբանանեան հարցերուն նկատմամբ յարձակողապաշտ դիւանագիտութեան արձանագրած երեւոյթներուն` մէկ դիտարկում աւելցնելով: «Պիել» համալիրին մէջ դաշնակցական ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան բողոքի գործողութեան դիմաց խախտուեցաւ թրքական դեսպանատան կրաւորականութիւնը: Հայ երիտասարդներուն նկատմամբ ֆիզիքական բռնամիջոց գործածողները թրքական դեսպանատան անվտանգութեան աշխատակիցներ էին, որոնք շեղում կատարեցին որդեգրուած վարքագիծէն…

Կիպրոս ներխուժած եւ Հայաստանը շրջափակած Թուրքիան խաղաղապահի դեր ստանձնած է Լիբանանի մէջ: 301 յօդուած ամրագրած երկիրը ժողովրդավարութեան մասին դասախօսութիւն կու տայ, իսկ իսլամական վարչակարգի ներկայացուցիչը աշխարհիկ կարգերու թրքական նմուշին հետեւելու պատգամ կը փոխանցէ լիբանանցիներուն: Աւելի բացատրողական ձեւ չկայ քաղաքական հակասութիւններու իրավիճակը բնութագրելու:

Mar 8, 2011

«ԱԶԴԱԿ ՄՈՊԱՅԼ» - Aztag Mobile

Փորձառական շրջանի համար արդէն կը գործէ «Ազդակ մոպայլ»ը: Անոնք, որոնք հաղորդակցութեան եւ աշխատանքային ծրագիրներու համար կ՛օգտագործեն «Այ ֆոն» գործիքը, կրնան միանալ http://m.aztagdaily.com հասցէին եւ հետեւիլ «Ազդակ»ի ելեկտրոնային հրատարակութեան նոր տարազին փոխանցած լրատուութիւններուն:

Եթէ «Ազդակ»ի այս վերջին նախաձեռնութեան մասին «Այ ֆոն»ի մեր ընթերցողները առաջարկներ ունին, զանոնք կրնան յղել «Ազդակ»ի խմբագրութեան: «Ազդակ»ի այս նոր տարազը իր վերջնական ձեւաւորումը կը ստանայ մինչեւ մէկ ամիս: Մինչ այդ մեզի համար օգտակար կ՛ըլլան ձեր առաջարկները:

«Ազդակ» հայատառ առաջին թերթերէն է, որ հաղորդակցութեան այս ցանցին վրայ տարածք կը գրաւէ եւ այս ճամբով նաեւ կը հասնի ժամանակակից արհեստագիտութեան վերջին նորարարութիւնները օգտագործող իր ընթերցողներուն: