Mar 13, 2011

ԼՈՒՌ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐԳ ՄԸ ՇԵՂՈՒՄՆԵՐ


Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կը թուի աշխուժացած ըլլալ: Երկու օր առաջ ան Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն մասին տուած էր դասախօսութիւն մը, որուն արձագանգած էր լիբանանեան մամուլը նկատառելիօրէն: Այսօր ֆրանսական համալսարանին մէջ ան կը դասախօսէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին: Նախադրեալները մտածել կու տան, որ Լիբանանի մէջ թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէպի հասարակութիւն ուղղուող քարոզչաքաղաքական բնոյթի գործողութիւններու շարքի մը ականատես պիտի ըլլանք:

Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը ցարդ երեւութապէս կրաւորական դիրքորոշում ունի հայկական հարցերուն արձագանգելու նկատմամբ: Այս մէկը յատուկ քաղաքականութիւն է, որ իրերայաջորդ դեսպաններու կողմէ կը կիրարկուի, յայտնապէս թելադրուած պաշտօնական Անգարայէն: Ամէն տեղ չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն մօտեցումը ունի: Երկիրներ կան, ուր ոչ միայն հակազդողի դերին մէջ է թրքական դիւանագիտութիւնը, այլ նաեւ ցուցական գործունէութեամբ կը բողոքէ հայկական պահանջատիրութեան դէմ:

Հայկական հարցերու առումով Լիբանանը շատ հասկնալիօրէն յայտնուած է թրքական պետութեան ուշադրութեան կիզակէտին: Չմոռնանք. Լիբանանը միակ արաբական երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը. եւ ոչ միայն ճանչցած, այլ նաեւ` դատապարտած եւ միջազգային ճանաչում պահանջած: Ճանչցող պետութիւններուն խստագոյն բանաձեւն է անիկա` հանդէպ Թուրքիոյ: Լիբանանը կը դիտարկուի նաեւ ա՛յն միջավայրը, որ հայկական պահանջատիրութեան զանազան աշխատանքներուն համար պատրաստած է համապատասխան մարդուժ:

Այս առումներով Լիբանանի նկատմամբ, աւելի ճիշդը լիբանանահայութեան նկատմամբ որդեգրուած է լուռ դիւանագիտութիւնը: Անձայն, այսուհանդերձ վստահաբար մօտէն հետեւելու եւ անուղղակի միջոցներու օգտագործումով հակազդելու մարտավարութիւնը: Վարչապետ Էրտողանի լիբանանահայկական «դիմաւորում»ը անարձագանգ մնաց տեղւոյն թրքական դեսպանատան կողմէ: Նոյն դեսպանատունը անպատասխան ձգեց իր երկրին ու պետութեան ուղղուած քաղաքական մեղադրանքներն ու ցեղասպանական պետութեան ժառանգորդը նկատուելու յայտարարութիւնները: Ասիկա օրինաչափ երեւոյթ չէ որեւէ պետութեան հաշուոյն, որուն նկատմամբ նման յայտարարութիւններ կը կատարուին:

Փոխարէնը, թուրք դիւանագէտը փորձ կը կատարէ այս պարագային լիբանանեան հասարակութենէն բարի վարուց վկայագիր ստանալու: Ի տես լիբանանեան հասարակութեան մօտ հակահամայնքային տրամադրութիւններու ալիքի բարձրացման եւ վարչակառավարման դրութեան ապահամայնքայնացման պահանջներու նոր տարողութեան, պաշտօնական Անգարայի Լիբանանի ներկայացուցիչը Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն մասին դաս կու տայ լիբանանցիներուն եւ կը խօսի ժողովրդավարութեան թրքական տարբերակէն օգտուելու մասին: Ուրեմն, ի պահանջեալ հարկին իսլամական դիմագիծի օգտագործում` արաբական երկիրներու մէջ ենթահող գրաւելու նպատակով, այլ տեղ աշխարհիկ կարգերու թրքական նմուշի ցուցադրութիւն` համակրանքի դաշտ ձեւաւորելու համար: Երկակի կամ աւելի ճիշդը բազմակի չափորոշիչներու որդեգրումով կիրարկուող թրքական այս խաղը, կը թուի որ հեզասահ կ՛ընթանայ լիբանանեան հասարակական մարզադաշտին վրայ:

Վերադառնանք հայկական հարցերու նկատմամբ թրքական դեսպանատան որդեգրած լուռ դիւանագիտութեան եւ փոխարէնը զուտ լիբանանեան հարցերուն նկատմամբ յարձակողապաշտ դիւանագիտութեան արձանագրած երեւոյթներուն` մէկ դիտարկում աւելցնելով: «Պիել» համալիրին մէջ դաշնակցական ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան բողոքի գործողութեան դիմաց խախտուեցաւ թրքական դեսպանատան կրաւորականութիւնը: Հայ երիտասարդներուն նկատմամբ ֆիզիքական բռնամիջոց գործածողները թրքական դեսպանատան անվտանգութեան աշխատակիցներ էին, որոնք շեղում կատարեցին որդեգրուած վարքագիծէն…

Կիպրոս ներխուժած եւ Հայաստանը շրջափակած Թուրքիան խաղաղապահի դեր ստանձնած է Լիբանանի մէջ: 301 յօդուած ամրագրած երկիրը ժողովրդավարութեան մասին դասախօսութիւն կու տայ, իսկ իսլամական վարչակարգի ներկայացուցիչը աշխարհիկ կարգերու թրքական նմուշին հետեւելու պատգամ կը փոխանցէ լիբանանցիներուն: Աւելի բացատրողական ձեւ չկայ քաղաքական հակասութիւններու իրավիճակը բնութագրելու:

No comments:

Post a Comment