Բառեր կան, որոնք իրենց իմաստային նրբերանգով մեծապէս կը ներգործեն մեր հոգեբանութեան վրայ եւ յաճախակի գործածութեամբ կը յառաջացնեն որոշակի մտածողութիւն: Ի զուր չէ, որ քաղաքական գործիչներ, կուսակցութիւններ թէ կազմակերպութիւններ փնտռտուքի կը ձեռնարկեն, կը դիմեն ընկերաբաններու, նոյնիսկ մրցանք կը յայտարարեն, որպէսզի կարճ ու հատու լոզունգ(ներ)ու մէջ կարենան խտացեալ բանաձեւումով արտայայտել իրենց քաղաքական առաջադրանքներու ամբողջութիւնը, անցեալ ու հետագայ գործունէութեան փիլիսոփայութիւնը: Ժողովրդային զանգուածներու վրայ յաջող նախադասութեամբ մը կամ մէկ-երկու բառով արտայայտուած մտածում մը շատ աւելի խոր կ՛ազդէ, քան` ներհուն վերլուծումը...
Ակնունիի «Դէպի Երկիր» կարգախօսը իր ներգործութիւնը պիտի ունենար գաղթական հայ մարդոց մօտ, որպէսզի տարագիրի կեանքը զիրենք անհայրենիք ու թափառական գնչուի հոգեվիճակին չմատնէր, այլ մղէր, որ անոնք իրենց ցրուած կամքերն ու սեւեռումները կեդրոնացնէին հայրենիքին վրայ: Նոյնպէս, միեւնոյն կարգախօսը նորովի լիցքով ու բովանդակութեամբ հրապարակ պիտի նետուէր ՀՅԴ-ին կողմէ, Ղարաբաղեան շարժումի ու Հայաստանի վերանկախացման օրերուն, որպէսզի սփիւռքի հայութիւնը իր հնարաւոր ուժականութիւնը լարէ դէպի հոն, դէպի երկիր:
Եւ հիմա, հետզհետէ եւ անզգալաբար նուիրագործուող «արտերկիր» ու «արտերկրի հայութիւն» արտայայտութիւնը ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ սփիւռքի տարածքին, առանց անդրադառնալու (կը յուսամ), որ անգոյն ու անբովանդակ այդ բառերը ոչ մէկ արձագանգ կը բերեն մեզի, մինչդեռ «սփիւռք» եւ «սփիւռքահայութիւն» բացատրութիւնը տարիներու իր հոլովոյթով ու իրագործումներով բիւրեղացուցած է մէկ ու ամբողջական, կազմակերպուած ու միաւորուած ըլլալու ընկալումը:
Սկզբնական շրջանի հոս-հոն ինկած անդիմագիծ ու գաղթական բազմութիւնը (նախապէս` «տարագիր հայութիւն», երբեմն` «մնացորդաց»), նուիրուեցաւ տիտանեան ճիգի` ինքզինք վերականգնելու կամքով: Տարիներու երկայնքին, նախ` գաղութները առանձնապէս, հորիզոնական գծի վրայ կազմակերպուեցան ու ստացան համայնքային դիմագիծ` ստեղծելով թեմական-կրօնական կեանք, կուսակցական-միութենական միաւորներ, յարակից մարզերով: Ապա բոլոր գաղութները թեմական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական ճակատներու վրայ թէ Հայ դատի հետապնդման մարզերու մէջ միաւորուեցան ուղղահայեաց կառոյցներու մէջ եւ ատով իսկ կազմեցին մէկ ու անբաժան ամբողջութիւն` համասփիւռքեան կշիռով, տարողութեամբ ու ազգային դիմագծով: Եւ եղեւ` սփիւռքահայութիւն:
Պահ մը աչքի առաջ բերենք հայկական գաղութներու աշխարհագրական տարածուն պատկերը` բացասական տուեալներով, որոնք իրենց էութեամբն իսկ արգելք էին ուժեր համատեղելու եւ կազմակերպուելու համար. երկիրներու հեռաւորութիւն, ընկերային ըմբռնումներու եւ պետական-կառավարման համակարգերու տարբերութիւններ, տնտեսական-կենցաղային անհամաչափ իրավիճակներ, քաղաքական թէ քաղաքակրթական տարբեր` նոյնիսկ հակոտնեայ մշակոյթներ, որոնց ազդեցութեան տակ կը գտնուէին (ու տակաւին կը գտնուին) գաղութները: Այդ խառնիճաղանճին միաձոյլ դիմագիծ տալու, ազգայինով տագնապելու եւ միեւնոյն նպատակներու շուրջ համախմբելու գործը իսկապէս որ պահանջեց տարիներու տիտանեան ճիգեր:
Այդ դժուար գործընթացը եւ անոր զուգահեռ ու հետագային ձեռնարկուած ծաւալուն գործունէութիւնը սփիւռքահայու լեզուամտածողութեան մէջ «սփիւռք» հասկացողութիւնը դրոշմուեցաւ իւրայատուկ նշանակութեամբ, որ իր մէջ կը խտացնէ ցրուած, այլեւ կազմակերպուած հայերու ամբողջութիւն, դժնդակ պայմաններու դէմ մաքառում ու վերականգնում եւ պահանջատիրութիւն...
Իսկ «արտերկի՞ր»ը, եւ` «արտերկրի հայութիւն» հասկացողութի՞ւնը... Անծանօթ դրդապատճառներով ծանօթ-անծանօթ վայրերու մէջ ինկած հայեր կամ անջիղ հայ հաւաքականութիւններ, որոնք լաւագոյն պարագային, այս կամ այն ձեւով կրնան նախասրահներու (լոպի) մէջ որոշ դերակատարութիւն ունենալ, ինչ որ ժամանակաւոր բարիք է թէեւ, բայց անհեռանկար` նոյնիսկ իրենք իրենց համար:
Ատենին, առաջին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի «օտարերկրացի»ն ընդվզում պատճառեց, արդարօրէն: Բայց հիմա կը թուի, թէ հրապուրուած ենք «արտերկիր»էն եւ շռայլօրէն կը գործածենք զայն իբրեւ հաւասարազօր հոմանիշը «սփիւռք»ին:
Զարմանալի է: Մերժելով մերժեցինք օտարերկրացի ըլլալ, բայց հիմա սիրով ընդունած ենք ըլլալ... արտ-երկրացի...:
«Արտերկիր»էն հրաժարելու եւ «սփիւռք»ին կառչած մնալու կոչ մը թող նկատուի այս նշմարը:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ