Jul 6, 2011

ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ (ՀՀ Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով)


(Խմբագրական - Ազդակ, յուլիս 6, 2011)

Հայաստանի Հանրապետութիւնը նշեց Սահմանադրութեան օրը: Սահմանադիր իշխանութիւնը երկրի պետական համակարգի գլխաւոր բաղադրիչներէն է, որուն գործառոյթները, լիազօրութիւնները իբրեւ դատական ոլորտ` յստակօրէն տարանջատուած են օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններէն: Իբրեւ կանոն` Սահմանադրական դատարանը օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու գործունէութիւնը իրաւական ուղղութիւններով վերահսկող հիմնական օղակ է, որուն դատելու եղանակը, նշումներն ու որոշումները հիմնական որոշիչ են երկրի պետական կառոյցներու եւ հասարակութեան գործունէութեան:

Այս տարանջատումը հիմնական ուղղորդող նշանակութիւն ունի: Սահմանադրական դատարանի գործունէութիւնը որեւէ ձեւով քաղաքական գործընթացներու ազդեցութիւնը պէտք չէ կրէ: Այլապէս, իմաստազրկուած կ՛ըլլայ անոր դերակատարութիւնը` պետական կառոյցներու գործունէութեան վերահսկելու եւ պետական շահերու շրջագիծը յստակ եւ անհատելի պահելու առումով: Իրաւական պետութեան ձեւաւորման ու կայացման յենասիւնն է անիկա, որուն նկատմամբ պատուէրային մօտեցումներու փորձերը բացառման կարգով պէտք է կանխարգիլել:

Սահմանադրական դատարանի գործունէութիւնը ոչ միայն սփիւռքահայուն, այլ նաեւ հայրենաբնակ քաղաքացիին առօրեայ տեսադաշտին մէջ երեւելի չէ: Սփիւռքահայուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մասին խօսք եղաւ ամէն անգամ, որ յիշուեցաւ առաջին իշխանութիւններուն կողմէ դրուած երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդունման սահմանադրական արգելքին, յետոյ` այդ արգելքը հանրաքուէով հանելու անհրաժեշտութեան մասին: Սահմանադրական այս հարցը եւս ստացաւ քաղաքական գունաւորում, առաջինի պարագային արգելակելու մօտեցումով, երկրորդի պարագային սակայն, քաղաքական նպատակներէ մեկնած արգելակումը ջնջելու ծրագիրով:

Սահմանադրութեան մասին քննարկումները թէժ բնոյթ ստացան, երբ սահմանադրագէտները սկսան արծարծել Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը: Այստեղ ի յայտ եկաւ սահմանադրութեան վերահսկողական գործառոյթը, հակապետական որեւէ գործառոյթի նկատմամբ անհրաժեշտ վերապահութիւններ յայտնելու դերակատարութիւնը կամ առհասարակ պետութեան շահերուն հակասող որեւէ նախաձեռնութիւն կանխելու լիազօրութիւնը:

Այդպէս եղաւ Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններու վաւերացման համար դէպի Ազգային ժողով թղթածրարի յղման նախօրեակին Սահմանադրական դատարանի տուած որոշումը , որ միջազգային թէ պետական օրէնքներու նկատառումով ձեւակերպեց այն բոլոր վերապահութիւնները, զորս անհրաժեշտաբար պարտէին նկատի ունենալ գործադիր իշխանութիւնները: Արձանագրութիւններու սահմանադրականութիւնը հաստատելով հանդերձ:

Սահմանադրական դատարանի ճշդած վերապահութիւններու բովանդակութիւնը համահունչ էր քաղաքական գործընթացի այդ օրերու ապրած որոշակի տեղատուութեան: Մինչ այդ, սակայն, հանրապետութեան նախագահի համահայկական ուղեւորութեան ընկերակցող Սահմանադրական դատարանի նախագահը սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին վերապահութիւններու մասին ակնարկութիւններ չէր կատարեր: Կը խօսէր առաւելաբար արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան մասին:

Քաղաքական կառոյցներէն ըստ էութեան տարանջատուած մնալը հիմնարար առաջադրանք է սահմանադրական գործունէութեան համար: Հայաստանի քաղաքացիին կամ սփիւռքահայուն համար սահմանադրական հարցերու մասին տեղեկացուածութիւնը կարեւոր է դէպի իրաւական պետութիւն մեր քայլերը ուղղորդելու: