(Խմբագրական - Ազդակ, յուլիս 6, 2011)
Հայաստանի Հանրապետութիւնը նշեց Սահմանադրութեան օրը: Սահմանադիր իշխանութիւնը երկրի պետական համակարգի գլխաւոր բաղադրիչներէն է, որուն գործառոյթները, լիազօրութիւնները իբրեւ դատական ոլորտ` յստակօրէն տարանջատուած են օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններէն: Իբրեւ կանոն` Սահմանադրական դատարանը օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու գործունէութիւնը իրաւական ուղղութիւններով վերահսկող հիմնական օղակ է, որուն դատելու եղանակը, նշումներն ու որոշումները հիմնական որոշիչ են երկրի պետական կառոյցներու եւ հասարակութեան գործունէութեան:
Այս տարանջատումը հիմնական ուղղորդող նշանակութիւն ունի: Սահմանադրական դատարանի գործունէութիւնը որեւէ ձեւով քաղաքական գործընթացներու ազդեցութիւնը պէտք չէ կրէ: Այլապէս, իմաստազրկուած կ՛ըլլայ անոր դերակատարութիւնը` պետական կառոյցներու գործունէութեան վերահսկելու եւ պետական շահերու շրջագիծը յստակ եւ անհատելի պահելու առումով: Իրաւական պետութեան ձեւաւորման ու կայացման յենասիւնն է անիկա, որուն նկատմամբ պատուէրային մօտեցումներու փորձերը բացառման կարգով պէտք է կանխարգիլել:
Սահմանադրական դատարանի գործունէութիւնը ոչ միայն սփիւռքահայուն, այլ նաեւ հայրենաբնակ քաղաքացիին առօրեայ տեսադաշտին մէջ երեւելի չէ: Սփիւռքահայուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մասին խօսք եղաւ ամէն անգամ, որ յիշուեցաւ առաջին իշխանութիւններուն կողմէ դրուած երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդունման սահմանադրական արգելքին, յետոյ` այդ արգելքը հանրաքուէով հանելու անհրաժեշտութեան մասին: Սահմանադրական այս հարցը եւս ստացաւ քաղաքական գունաւորում, առաջինի պարագային արգելակելու մօտեցումով, երկրորդի պարագային սակայն, քաղաքական նպատակներէ մեկնած արգելակումը ջնջելու ծրագիրով:
Սահմանադրութեան մասին քննարկումները թէժ բնոյթ ստացան, երբ սահմանադրագէտները սկսան արծարծել Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը: Այստեղ ի յայտ եկաւ սահմանադրութեան վերահսկողական գործառոյթը, հակապետական որեւէ գործառոյթի նկատմամբ անհրաժեշտ վերապահութիւններ յայտնելու դերակատարութիւնը կամ առհասարակ պետութեան շահերուն հակասող որեւէ նախաձեռնութիւն կանխելու լիազօրութիւնը:
Այդպէս եղաւ Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններու վաւերացման համար դէպի Ազգային ժողով թղթածրարի յղման նախօրեակին Սահմանադրական դատարանի տուած որոշումը , որ միջազգային թէ պետական օրէնքներու նկատառումով ձեւակերպեց այն բոլոր վերապահութիւնները, զորս անհրաժեշտաբար պարտէին նկատի ունենալ գործադիր իշխանութիւնները: Արձանագրութիւններու սահմանադրականութիւնը հաստատելով հանդերձ:
Սահմանադրական դատարանի ճշդած վերապահութիւններու բովանդակութիւնը համահունչ էր քաղաքական գործընթացի այդ օրերու ապրած որոշակի տեղատուութեան: Մինչ այդ, սակայն, հանրապետութեան նախագահի համահայկական ուղեւորութեան ընկերակցող Սահմանադրական դատարանի նախագահը սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին վերապահութիւններու մասին ակնարկութիւններ չէր կատարեր: Կը խօսէր առաւելաբար արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան մասին:
Քաղաքական կառոյցներէն ըստ էութեան տարանջատուած մնալը հիմնարար առաջադրանք է սահմանադրական գործունէութեան համար: Հայաստանի քաղաքացիին կամ սփիւռքահայուն համար սահմանադրական հարցերու մասին տեղեկացուածութիւնը կարեւոր է դէպի իրաւական պետութիւն մեր քայլերը ուղղորդելու:
Ուրեմն, յուլիս 6-էն ի վեր չկայ մէկը, որ ըսելիք ունենայ,փորձէ պատգամ մը յղել իր ազգակիցներուն, անդրադառնայ մեր կեանքը յուզող այնքան բարդ հարցերէն մէկուն կամ միւսին, լուսարձակի տակ առնէ մեր գաղութը և, ինչու չէ, ամբողջ սփիւռքը ագարակի վերածած դէմքերու՝ ազգային գործիչներու, մտաւորականներու, կուսակցական, հոգևորական ու միութենական «դէմքերու»,դուք ըսէք՝ աթոռակալներու, գործունէութեան ու գործելաոճին: Պէ՞տք է եմթադրել, թէ ամէն ինչ լաւ կ'ընթանայ մեր իրականութեան մէջ,ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ մեր գոյութեան, մեր լինելութեան, մեր երթին, մեր ազգային ու մարդկային իղձերուն ու տենչերուն...: Այլ խօսքով՝ լուծած ենք մեր բոլոր հարցերը:
ReplyDelete"Ազդակ"բոլգը հոգևվարքի մեջ է? Շատ փակ եք է~: "Ազդակն" էլ մի երկու տարուց հետո դառնալու է արեևլահայերեն թերթ, իմ բոլոր գուշակություններն իրականանում են, ես մի տարի առաջ ասացի, որ Ազդակ բլոկը չի արդարացնում ու երկար կյանք չունի: ՀԻմա էլ թերթը բացում ես կեսը արեևելահայերեն է: Ապրեք դուք: գուշակ մը
ReplyDeleteեթե ցանկացողներ կան, կարող եմ գուշակություն անել,իհարկե՝ դրամով /վճար/:)))))
Հարցը չի վերաբերիր «լուծած ենք մեր բոլոր հարցերը»ի: Երբոր մարդ խօսելու եւ տրամաբանելու կարողութիւնը կամաց-կամաց կը կորսնցնէ, այդ կարողութեանց տեղ բնական ընթացքով մը կը յայտնուին ուրիշներ՝ լռել ու համակերպիլ: Շատոնց յայտնի էր եւ յայտնի պէտք էր ըլլար հայկական մշակութային փորձառութեանց հեռուէն կամ մօտէն ծանօթ որեւէ անհատի, որ քննարկումի մթնոլորտ հայոց մօտ գոյութիւն չունի: (Կարդացէք հայկական բոլոր «պլոկ»ները, կամ ներկայ եղէք միութեանական կամ այլ ժողովներու. եթէ շնորհքով բան մը գտնէք, լուր տուէք որ ես ալ ծանօթանամ): Այդ մթնոլորտը շատ շուտով կրնայ վերածուիլ կռուի, անարգանքի ու նոյնիսկ հայհոյանքի մթնոլորտի, եւ կրնայ առաջնորդել մեկուսացման ու թերեւս ալ սպառնալիքներու: Այս է մեր կացութիւնը՝ Հայաստան կամ Սփիւռք: Մշակութային, հասուն, համբերող ու ունեցածէն ու եղածէն անդին անցնելու շնորհք եւ մտածում տեղ չունին մեր իրականութեան մէջ: Բացառութիւններ յարգելի են: Մարտահրաւէրը սակայն կը կայանայ ասոնք գիտնալով ասոնց դէմ պայքարելու հրամայականին մէջ, ուր որ կարելի է՝ բանիւ եւ գործով:
ReplyDeleteԳալով «Ազդակ»ի պլոկային այս փորձին, կարելի է զայն միայն առաջնային փորձ համարել: Ամէն փորձ ալ մինչեւ տեղ մը կը հասնի ու անկէ ետք կամ հաստատուն իրականութիւն կը դառնայ կամ ալ կը վերցուի մէջտեղէն: Խմբագրութեան կը մնայ որոշում կայացնել:
Յարգաօք՝
Յովակիմ