ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Կազայի նաւատորմերուն միջադէպը պահ մը երկրորդ գիծ յղեց Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման որոշումի բեկանման զգայացունց յաջողութիւնը, որուն պատճառով ալ Թուրքիոյ վարչապետը չեղեալ յայտարարեց դէպի Արժանթին իր ուղեւորութիւնը:
Առանց չափազանցական եզրերու հասնելու, որոշումին բեկանումը կարելի է համարել ուղղակի իրադրային եւ զայն նկատել Հայ դատի վերջին շրջանի յաջողագոյն աշխատանքը: Անգարա ընդդէմ արժանթինահայ գաղութ կամ Արժանթինին մէջ թրքական դեսպանատուն ընդդէմ Արժանթինի Հայ դատի յանձնախումբ մղուող պայքարին մէջ յաղթական դուրս կու գայ արժանթինահայ համայնքը, իրեն հետ նաեւ ամբողջ հայութիւնը` իբրեւ հայոց պետականութիւն եւ սփիւռքահայ հասարակութիւն:
Ո՛չ անձամբ վարչապետ Էրտողանին այցելութիւնը Արժանթին, ո՛չ տեղւոյն դեսպանատան մութին մէջ տարած աշխատանքը, ո՛չ թրքական փորձառու դիւանագիտութեան կիրարկած խաղերը, ո՛չ նախկին կոթողի մը վերաբացման սուտ պատրուակները, ո՛չ ալ Արժանթինի նախագահին մօտ պաշտօնական Անգարայի կատարած միջամտութիւնները կարելի դարձուցած են յետս կոչել տալ որոշումին բեկանումը Պուենոս Այրէսի տեղւոյն իշխանութիւններուն մօտ: Հատու հարուած ստացած է թրքական ժխտողական քաղաքականութիւնը արժանթինեան հողերուն վրայ:
Այս մէկը այն փաստն է, որ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնողականութիւնը նախ ամբողջ համայնքը այս հարցին շուրջ համախմբելու, միասնական կեցուածք ամրագրելու, մինչ այդ` հարցին թաքուն ծալքերը բացայայտելու, տեղին եւ ժամանակին բողոքելու, եւ մանաւանդ քաղաքական նրբանկատութիւններու նկատառումներով իբրեւ Արժանթինի քաղաքացիներ շարժելու հասած է արդիւնքի: Միաժամանակ ճիշդ պատգամը փոխանցելու, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս կը հարուածէ Արժանթին-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւնները:
Արձանագրուածը քաղաքական հասունութեան փաստ է, համախմբուելու եւ համախմբելու կարողականութեան փայլուն օրինակ եւ ազդեցիկ գործօնի վերածուելու կենդանի դրսեւորում: Դիպաշարի հոլովոյթի մանրամասնութիւններուն կը ծանօթանան մեր ընթերցողները Հայ դատի այսօրուան էջով:
Արժանթինահայ համայնքին եւ տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբին իրագործածը
ուսանելի է սփիւռքեան զանազան գաղութներուն համար. յատկապէս այնտեղ, ուր թրքական թափանցումներու պարարտ ենթահողեր կը ձեւաւորուին այս օրերուն, եւ ուր թրքական դիւանագիտութիւնը օրէ օր կը յաջողի թրքանպաստ մթնոլորտի ձեւաւորման համար նոր քայլեր առնել:
Արժանթինահայութեան տուած օրինակը կը համոզէ, որ կարելի է ոչ միայն ընդդիմանալ թրքական պետական քաղաքականութեան, այլեւ գործընթաց կասեցնել, ազդեցիկ եւ անշրջանցելի գործօնի վերածուիլ, բեկանել որոշումներ եւ յետս կոչել տալ պետական պաշտօնական ուղեւորութիւններ:
Այս իրականութեան հետ հաշուի պէտք է նստին բոլոր առնչակից կողմերը: Նախ եւ առաջ Թուրքիան անշուշտ, որ հատու հարուած ստացաւ եւ ձախողեցաւ ժխտողականութիւն արտածել դէպի Արժանթին: Հարուածը ծանր է Թուրքիոյ, որուն վարչապետը ջղագրգիռ յայտարարութիւններ կը կատարէ` սուր ճօճելով իբրեւ թէ նաեւ երրորդ երկիրներու վնաս հասցնող սփիւռքին դէմ:
Իրագործումը պատգամ ունի նաեւ սփիւռքեան գաղութներուն եւ հայոց պետականութեան, միասին` համակարգեալ աշխատելաոճով դէմ դնելու թրքական նախապայմաններուն, ժխտողականութեան: Միասին` ներգործօն դերակատարութիւն ունենալու:
