Mar 30, 2011

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Շրջանային մակարդակի վրայ իրադարձութիւններու զարգացումը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է: Ընդհանուր ուղղուածութիւնը շրջանի երկիրներու ժողովրդավարացման կը հակի: Երեւութական այս ուղղուածութիւնը սակայն խորքին մէջ գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման նպատակով իրականացուող քաղաքականութեան ընդհանուր պարունակին մէջ կը տեղադրուի: Տեղ-տեղ միջամտելու յստակ որոշումներ, այլ տեղեր լրատուական քաղաքականութեան կիրարկումով թէժ մթնոլորտ ստեղծելու յստակ ճիգեր, ուրիշ երկիրներու պարագային գործող իշխանութիւնները հեռացնելու յորդորներ, իսկ այլոց պարագային ալ բարեկարգումներու ակնկալիքներ: Իւրաքանչիւր երկրի նկատմամբ կը թուի, թէ յատուկ յայտարարողական քաղաքականութիւն կիրարկուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ, առաջնորդութեամբ անշուշտ Միացեալ Նահանգներուն: Այստեղ դեր ունին կատարելիք ՄԱԿ-ը, միւս գերտէրութիւնները, ՕԹԱՆ-ը եւ համապատասխան կառոյցներ:

Փորձենք մօտենալ հայկական գործօնին հետ առնչուող խնդիրներուն: Սուրիոյ տարածքին ծայր առած շարժումները կտրուկ շրջադարձ ունեցան, երբ յատկապէս երէկ, նախագահին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան զանգուածային ալիքը իր տարողութեան տակ նսեմացուց բողոքի ելոյթները: Այստեղ էր փաստօրէն, որ պաշտօնական Անգարան, նախքան զօրակցական ալիքի մակընթացութիւնը, հեգնական շեշտով եւ իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով յոխորտաց, որ վաղուց խորհուրդ տուած է բարեկարգումներու ձեռնարկելու: Ապա, ի տես բողոքի ելոյթներու ալիքի տեղատուութեան եւ անոնց դիմաց ժողովրդային տրամադրութեան աննախընթաց դրսեւորման` այս անգամ իր վարչապետին ճամբով յայտարարելու, թէ Թուրքիան անտարբեր չի կրնար մնալ իր ռազմավարական նոր գործընկերոջ ապրած իրադարձութիւններուն դիմաց: Այս յայտարարութիւնը գրեթէ զուգահեռ էր Սէուտական Արաբիոյ յայտնած զօրակցութեան եւ մանաւանդ պաշտօնական Ուաշինկթընի կողմէ սուրիական օրինակի առանձնացման` ընդգծելով ուժային միջամտութեան ընտրանքի չգոյութիւնը կամ իշխանափոխութեան բացառումը:

Պաշտօնական Անգարայի ցուցադրած քաղաքական այս աճպարարութիւնը վստահաբար աննկատ չ՛անցնիր: Յիշենք, որ օրին քաղաքական հոգեվարք ապրող Եգիպտոսի իշխանութիւններուն դաս տուող Անգարան ստացաւ հատու պատասխան մեկնող իշխանութիւններէն:

Անցնինք: Դէպքերը, որոնք կը պատահին, իբրեւ աշխարհագրական տարածք կարեւոր են հայութեան համար: Ա՛յն երկիրներուն մասին կը խօսինք, ուր դասական սփիւռքի հայահոծ գաղութներ կը գործեն եւ որոնք շատ հասկնալիօրէն կը տագնապին ոչ յստակ հեռանկարներու իրականութեան դիմաց: Միջին Արեւելքի գաղութները կարեւոր են հաւասարապէս թէ՛ սփիւռքին եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ճիշդ է, որ իրադրութիւնները սերտօրէն կապ ունին աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուող գործընթացներու հետ, այսուհանդերձ այս բոլորին հայկական անուղղակի առնչութիւնները պէտք է քննարկել: Աւելի ճիշդ բանաձեւումով, այս բոլորին ազդեցութիւնները հայկական համայնքներուն վրայ իր զանազան հաւանական հետեւանքներով պէտք է լուսարձակի տակ բերել: Հեռու` խուճապային տրամադրութիւններէ, հարցերը պէտք է քննարկել շրջանի մակարդակով ցանցային համախմբումով եւ այդ տրամաբանութեամբ: Խնդիրներն ու երեւոյթները եւ տակաւ զարգացող իրադրութիւնները փոխկապակցուած են եւ անոնց պատճառահետեւանքային տրամաբանութեամբ քննարկումները կրնան լոյս սփռել իրադրութիւններու յառաջիկայ ուղղուածութիւններուն վրայ:

Ստեղծուած ճգնաժամերը տեղայնական խնդիրներ չեն անշուշտ: Հայկական առումով անոնց հաւանական ազդեցութիւններու քննարկումները եւս տեղայնական չեն կրնար ըլլալ: Իսկ այստեղ արդէն մասնակցութիւն պէտք է ունենայ նաեւ հայկական պետական գործօնը:

Mar 13, 2011

ԼՈՒՌ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐԳ ՄԸ ՇԵՂՈՒՄՆԵՐ


Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կը թուի աշխուժացած ըլլալ: Երկու օր առաջ ան Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն մասին տուած էր դասախօսութիւն մը, որուն արձագանգած էր լիբանանեան մամուլը նկատառելիօրէն: Այսօր ֆրանսական համալսարանին մէջ ան կը դասախօսէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին: Նախադրեալները մտածել կու տան, որ Լիբանանի մէջ թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէպի հասարակութիւն ուղղուող քարոզչաքաղաքական բնոյթի գործողութիւններու շարքի մը ականատես պիտի ըլլանք:

Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը ցարդ երեւութապէս կրաւորական դիրքորոշում ունի հայկական հարցերուն արձագանգելու նկատմամբ: Այս մէկը յատուկ քաղաքականութիւն է, որ իրերայաջորդ դեսպաններու կողմէ կը կիրարկուի, յայտնապէս թելադրուած պաշտօնական Անգարայէն: Ամէն տեղ չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն մօտեցումը ունի: Երկիրներ կան, ուր ոչ միայն հակազդողի դերին մէջ է թրքական դիւանագիտութիւնը, այլ նաեւ ցուցական գործունէութեամբ կը բողոքէ հայկական պահանջատիրութեան դէմ:

Հայկական հարցերու առումով Լիբանանը շատ հասկնալիօրէն յայտնուած է թրքական պետութեան ուշադրութեան կիզակէտին: Չմոռնանք. Լիբանանը միակ արաբական երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը. եւ ոչ միայն ճանչցած, այլ նաեւ` դատապարտած եւ միջազգային ճանաչում պահանջած: Ճանչցող պետութիւններուն խստագոյն բանաձեւն է անիկա` հանդէպ Թուրքիոյ: Լիբանանը կը դիտարկուի նաեւ ա՛յն միջավայրը, որ հայկական պահանջատիրութեան զանազան աշխատանքներուն համար պատրաստած է համապատասխան մարդուժ:

Այս առումներով Լիբանանի նկատմամբ, աւելի ճիշդը լիբանանահայութեան նկատմամբ որդեգրուած է լուռ դիւանագիտութիւնը: Անձայն, այսուհանդերձ վստահաբար մօտէն հետեւելու եւ անուղղակի միջոցներու օգտագործումով հակազդելու մարտավարութիւնը: Վարչապետ Էրտողանի լիբանանահայկական «դիմաւորում»ը անարձագանգ մնաց տեղւոյն թրքական դեսպանատան կողմէ: Նոյն դեսպանատունը անպատասխան ձգեց իր երկրին ու պետութեան ուղղուած քաղաքական մեղադրանքներն ու ցեղասպանական պետութեան ժառանգորդը նկատուելու յայտարարութիւնները: Ասիկա օրինաչափ երեւոյթ չէ որեւէ պետութեան հաշուոյն, որուն նկատմամբ նման յայտարարութիւններ կը կատարուին:

Փոխարէնը, թուրք դիւանագէտը փորձ կը կատարէ այս պարագային լիբանանեան հասարակութենէն բարի վարուց վկայագիր ստանալու: Ի տես լիբանանեան հասարակութեան մօտ հակահամայնքային տրամադրութիւններու ալիքի բարձրացման եւ վարչակառավարման դրութեան ապահամայնքայնացման պահանջներու նոր տարողութեան, պաշտօնական Անգարայի Լիբանանի ներկայացուցիչը Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն մասին դաս կու տայ լիբանանցիներուն եւ կը խօսի ժողովրդավարութեան թրքական տարբերակէն օգտուելու մասին: Ուրեմն, ի պահանջեալ հարկին իսլամական դիմագիծի օգտագործում` արաբական երկիրներու մէջ ենթահող գրաւելու նպատակով, այլ տեղ աշխարհիկ կարգերու թրքական նմուշի ցուցադրութիւն` համակրանքի դաշտ ձեւաւորելու համար: Երկակի կամ աւելի ճիշդը բազմակի չափորոշիչներու որդեգրումով կիրարկուող թրքական այս խաղը, կը թուի որ հեզասահ կ՛ընթանայ լիբանանեան հասարակական մարզադաշտին վրայ:

Վերադառնանք հայկական հարցերու նկատմամբ թրքական դեսպանատան որդեգրած լուռ դիւանագիտութեան եւ փոխարէնը զուտ լիբանանեան հարցերուն նկատմամբ յարձակողապաշտ դիւանագիտութեան արձանագրած երեւոյթներուն` մէկ դիտարկում աւելցնելով: «Պիել» համալիրին մէջ դաշնակցական ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան բողոքի գործողութեան դիմաց խախտուեցաւ թրքական դեսպանատան կրաւորականութիւնը: Հայ երիտասարդներուն նկատմամբ ֆիզիքական բռնամիջոց գործածողները թրքական դեսպանատան անվտանգութեան աշխատակիցներ էին, որոնք շեղում կատարեցին որդեգրուած վարքագիծէն…

Կիպրոս ներխուժած եւ Հայաստանը շրջափակած Թուրքիան խաղաղապահի դեր ստանձնած է Լիբանանի մէջ: 301 յօդուած ամրագրած երկիրը ժողովրդավարութեան մասին դասախօսութիւն կու տայ, իսկ իսլամական վարչակարգի ներկայացուցիչը աշխարհիկ կարգերու թրքական նմուշին հետեւելու պատգամ կը փոխանցէ լիբանանցիներուն: Աւելի բացատրողական ձեւ չկայ քաղաքական հակասութիւններու իրավիճակը բնութագրելու:

Mar 8, 2011

«ԱԶԴԱԿ ՄՈՊԱՅԼ» - Aztag Mobile

Փորձառական շրջանի համար արդէն կը գործէ «Ազդակ մոպայլ»ը: Անոնք, որոնք հաղորդակցութեան եւ աշխատանքային ծրագիրներու համար կ՛օգտագործեն «Այ ֆոն» գործիքը, կրնան միանալ http://m.aztagdaily.com հասցէին եւ հետեւիլ «Ազդակ»ի ելեկտրոնային հրատարակութեան նոր տարազին փոխանցած լրատուութիւններուն:

Եթէ «Ազդակ»ի այս վերջին նախաձեռնութեան մասին «Այ ֆոն»ի մեր ընթերցողները առաջարկներ ունին, զանոնք կրնան յղել «Ազդակ»ի խմբագրութեան: «Ազդակ»ի այս նոր տարազը իր վերջնական ձեւաւորումը կը ստանայ մինչեւ մէկ ամիս: Մինչ այդ մեզի համար օգտակար կ՛ըլլան ձեր առաջարկները:

«Ազդակ» հայատառ առաջին թերթերէն է, որ հաղորդակցութեան այս ցանցին վրայ տարածք կը գրաւէ եւ այս ճամբով նաեւ կը հասնի ժամանակակից արհեստագիտութեան վերջին նորարարութիւնները օգտագործող իր ընթերցողներուն:

Feb 7, 2011

ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԷՏՔ Է ԸՆԴԼԱՅՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԻՐ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու եւ երկպալատ խորհրդարան ձեւաւորելու մտադրութիւնները, որի մասին Միացեալ Նահանգներում ակնարկել է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ապա Հայաստանի նախագահի մամուլի խօսնակը, ըստ գաղափարը յղացողների՝ նպատակ է հետապնդում աշխարհասփիւռ հայութիւնը ներգրաւել հայաստանեան ներքաղաքական օրակարգում: Եթէ չկշռադատուած, չհաշուարկուած ու ընդամէնը «սիրտ շահող» այդ մտադրութիւնները դառնան իրականութիւն, ապա մի կողմից չի ընդլայնուի սփիւռքի հայաստանեան օրակարգը, միւս կողմից՝ աւելի կը խորանան ներսփիւռքեան կուսակցական (ՀՅԴ-ՍԴՀԿ-ՌԱԿ), յարանուանական (առաքելական-կաթողիկէ-աւետարանական) ու միութենական (ՀԲԸՄ-Համազգային) հակասութիւնները:

Հայաստանի խնդիրները եւ բազում դժուարութիւնների լուծումները պէտք է փնտռել նախ եւ առաջ Հայաստանի ներսում: Հայաստանի թիւ մէկ թշնամին երկարաժամկէտ կտրուածքով Ազրպէյճանը չէ, ոչ էլ՝ Թուրքիան: Հայաստանի զարգացումը խոչընդոտող գործօնները տնտեսական ու քաղաքական մենաշնորհներն են, ոչ արդիւնաւէտ կառավարումն է, խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններ կեղծելն է, մարդու իրաւունքների ամէնօրեայ ոտնահարումներն են, ընկերային անարդարութիւնն է, բիրտ հարկահանութիւնն ու համատարած կաշառակերութիւնը:

Ահա այսպիսի ներքաղաքական խնդիրներ ունեցող Հայաստանի օրէնսդիր մարմնում սփիւռքից անհատների, անգամ հանճարեղ անհատների ներգրաւումը, որեւէ չափով չի պակասեցնելու Հայաստանի խնդիրները եւ ոչ էլ օգնելու է դրանց յաղթահարմանն ու լուծմանը: Ապագայ խորհրդարանում սփիւռքահայ ներկայացուցիչները, բացի կրթական ցենզից ու լայն աշխարհայեացքից, քուէարկելու պահին գրեթէ չեն տարբերուելու այսօրուայ խորհրդարանականներից: Եթէ Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը չառողջանայ, ապա սփիւռքահայ պատգամաւորը կամ չի կարողանայ աշխատել կամ էլ՝ կը յարմարուի հայաստանեան պայմաններին ու կ'ենթարկուի խաղի կանոններին:

Նախ պէտք է ճշգրիտ ախտորոշումը գտնել ու նոր սկսել բուժման ցաւալի, երկարատեւ, բայց նաեւ միակ ճանապարհը, որը նաեւ կը լինի արժանապատիւ Հայաստանի կերտման ուղին: Երբ որ Հայաստանի իշխանութիւններն ու հասարակութիւնը (ի վերջոյ հէնց այդ հասարակութեան անդամներն են մի քանի հազար դրամով վաճառում իրենց քուէն) կարողանան գոնէ մէկ-երկու ընտրութիւն չկեղծել, այդ դէպքում կ'ունենանք հասարակութեանը պատասխանատու իշխանութիւն եւ իշխանութիւններից ակնկալիքներ ունեցող հասարակութիւն: Ներքաղաքական ճգնաժամը, համատարած ապատիան յաղթահարելու միակ տարբերակը հէնց ազատ եւ արդար ընտրութիւններն են:

Հրանուշ Յակոբեանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնների յղացումն անընդունելի է, հում է եւ չի դիմանում որեւէ տրամաբանութեան: Ո՞ր սփիւռքն է ներկայացուած լինելու Հայաստանի երկպալատ խորհրդարանի Ծերակոյտում: Հայ-թուրքական արձանագրութիւնները մերժո՞ղ, թէ՞ Սերժ Սարգսեանի հետ նկարուելու ցանկութիւն ունեցող: Ի՞նչ կարգով պիտի կատարուի սփիւռքահայերի ընտրութիւնը: Ամէն մի գաղութից քանի՞ հոգի են ընտրուելու, ո՞ր կուսակցութիւններից, ի՞նչ ժամկէտներով: Ինչպէ՞ս է հնարաւոր՝ զուտ օրէնքի տեսակէտից, Հայաստանի խորհրդարանի վերին պալատի ընտրութիւններ կազմակերպել Թուրքիայում, որտեղ ունենք մօտ 70 հազարանոց հայ համայնք: Կամ Ռուսաստանում, որտեղ հայութեան թիւը գրեթէ այնքան է, որքան Հայաստանում:

Անկասկած, սփիւռքը պէտք է ներգրաւուած լինի հայաստանեան օրակարգում: Ժամանակն է ջախջախել հայաստանցիների մեծ մասի մօտ ձեւաւորուած այն ընկալումը, որ սփիւռքահայերը պէտք է նիւթապէս օգնեն հայրենիքին ու չմիջամտեն (դրական իմաստով) Հայաստանի ներքին խնդիրներին: Ժամանակն է նաեւ, որպէսզի սփիւռքն ընդլայնի իր օրակարգը եւ աւանդական դարձած Արցախեան բանակցութիւններից ու հայ-թուրքական յարաբերութիւններից բացի մտահոգուի Հայաստանի ներքին խնդիրներով, առաջարկի լուծման տարբերակներ եւ ուղիներ: Ամէն մի երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը ներքինի շարունակութիւնն է: Եթէ Հայաստանի ներքին քաղաքականութիւնը շարունակի մնալ այսօրուայ անառողջ վիճակում, ապա սփիւռքը պիտի չակնկալի ընդունելի տարբերակներ Արցախեան հարցում կամ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններում:

Երբ հայ-ազրպէյճանական սահմանի վրայ հակառակորդի դիպուկահարից սպաննւում է երիտասարդ հայ զինուորը, հայկական գաղութները դատապարտում ու ցաւ են ապրում: Բայց երբ հայ դիպուկահարի գնդակից հայ երիտասարդը սպաննւում է Երեւանի կենտրոնում, սփիւռքի հակազդեցութիւնը երբեմն դառնում է անհասկանալիօրէն թոյլ: Սփիւռքի համար անհանդուրժելի պէտք է լինեն ընտրութիւնների կեղծումները, մարդու իրաւունքների ոտնահարումները, քաղաքական ու տնտեսական մենաշնորհները, համատարած կոռուպցիան ու միւս յոռի երեւոյթները, որոնք տարին տարու վրայ խարխլում են Հայաստանի պետականութեան հիմքերը:

Ինչպէ՞ս է ստացւում, որ ժողովրդի մի ստուար հատուած մերժում է հայ-թուրքական երկու արձանագրութիւնները, սակայն Հայաստանի (իբր) ներկայացուցչական մարմինը՝ Ազգային ժողովը, առանց հաշուի առնելու այդ ստուար հատուածի կարծիքը, յայտարարում է, որ ցանկացած պահի պատրաստ է վաւերացնել այդ փաստաթղթերը: Որովհետեւ Ազգային ժողովը չի արտայայտում Հայաստանի քաղաքացիների ու քաղաքական դաշտի իրական պատկերը: Որովհետեւ ընտրութիւնները կեղծուել են: Հետեւաբար, որպէսզի չունենանք խորհրդարան, որը պատրաստ է հայ-թուրքական արձանագրութիւններ վաւերացնել կամ անտեսելով հասարակական կարծիքը ընդունել Լեզուի մասին օրէնքում փոփոխութիւններ, նախ պէտք է չհանդուրժենք անարդար ընտրութիւնները:

Անարդար ընտրութիւնների հենքի վրայ բարձրացող քաղաքական համակարգը չի կարող յուսալի լինել եւ բաւարարել հասարակութեան նուազագոյն ակնկալիքները: Հետեւաբար, սփիւռքից մի քանի սենատորներ ընտրելը բալասան չի դառնայ Հայաստանի ներքաղաքական վէրքերը ապաքինելու համար:

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ

Յատուկ «Ազդակ»ի համար

Feb 1, 2011

ԼՈՒՐՋ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԾԵՐԱԿՈՅՏ ՅԱՌԱՋԱՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐ ՄԷՋ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՒՍ ԸՆԴԳՐԿԵԼՈՒ


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մտադիր է սահմանադրութեան փոփոխութեամբ խորհրդարանը դարձնել երկպալատանի՝ կարելիութիւն տալով սփիւռքի ներկայացուցիչներուն ընդգրկելու խորհրդարանի վերին պալատի՝ ծերակոյտի կազմին մէջ։

Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտարարած է, որ Հայաստանի նախագահը, քննարկելով խնդիրը, առաջարկած է Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ կատարել որոշակի փոփոխութիւններ, որոնք սփիւռքահայերուն կարելիութիւն պիտի տան մասնակցելու պետական կառավարման։ «Պատահական չէ, որ այսօր մենք կ'ուզենք փոխել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ կը ցանկանք մեր խորհրդարանը դարձնել երկպալատանի՝ ներքին պալատ եւ վերին պալատ։ Վերին պալատը ծերակոյտն է, որուն մէջ պէտք է ընդգրկուին նաեւ սփիւռքահայեր», ըսած է նախարարը։

Ի պատասխան նախարար Հրանուշ Յակոբեանի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը պարզաբանելու «Երկիր»ի խնդրանքին՝ Հայաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Արմէն Արզումանեան նշեց, որ տակաւին մայիս 2010-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկում տեղի ունեցած էր Հայաստան-սփիւռք կապերու ընդլայնման ուղիներուն մասին եւ առաջարկուած էր խորհուրդի անդամներուն տարի մը ետք այդ առնչութեամբ գաղափարներ ներկայացնել։