Nov 24, 2011
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
http://www.aztagdaily.com/?p=39971
Jul 6, 2011
ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ (ՀՀ Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով)
(Խմբագրական - Ազդակ, յուլիս 6, 2011)
Հայաստանի Հանրապետութիւնը նշեց Սահմանադրութեան օրը: Սահմանադիր իշխանութիւնը երկրի պետական համակարգի գլխաւոր բաղադրիչներէն է, որուն գործառոյթները, լիազօրութիւնները իբրեւ դատական ոլորտ` յստակօրէն տարանջատուած են օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններէն: Իբրեւ կանոն` Սահմանադրական դատարանը օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու գործունէութիւնը իրաւական ուղղութիւններով վերահսկող հիմնական օղակ է, որուն դատելու եղանակը, նշումներն ու որոշումները հիմնական որոշիչ են երկրի պետական կառոյցներու եւ հասարակութեան գործունէութեան:
Այս տարանջատումը հիմնական ուղղորդող նշանակութիւն ունի: Սահմանադրական դատարանի գործունէութիւնը որեւէ ձեւով քաղաքական գործընթացներու ազդեցութիւնը պէտք չէ կրէ: Այլապէս, իմաստազրկուած կ՛ըլլայ անոր դերակատարութիւնը` պետական կառոյցներու գործունէութեան վերահսկելու եւ պետական շահերու շրջագիծը յստակ եւ անհատելի պահելու առումով: Իրաւական պետութեան ձեւաւորման ու կայացման յենասիւնն է անիկա, որուն նկատմամբ պատուէրային մօտեցումներու փորձերը բացառման կարգով պէտք է կանխարգիլել:
Սահմանադրական դատարանի գործունէութիւնը ոչ միայն սփիւռքահայուն, այլ նաեւ հայրենաբնակ քաղաքացիին առօրեայ տեսադաշտին մէջ երեւելի չէ: Սփիւռքահայուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մասին խօսք եղաւ ամէն անգամ, որ յիշուեցաւ առաջին իշխանութիւններուն կողմէ դրուած երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդունման սահմանադրական արգելքին, յետոյ` այդ արգելքը հանրաքուէով հանելու անհրաժեշտութեան մասին: Սահմանադրական այս հարցը եւս ստացաւ քաղաքական գունաւորում, առաջինի պարագային արգելակելու մօտեցումով, երկրորդի պարագային սակայն, քաղաքական նպատակներէ մեկնած արգելակումը ջնջելու ծրագիրով:
Սահմանադրութեան մասին քննարկումները թէժ բնոյթ ստացան, երբ սահմանադրագէտները սկսան արծարծել Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը: Այստեղ ի յայտ եկաւ սահմանադրութեան վերահսկողական գործառոյթը, հակապետական որեւէ գործառոյթի նկատմամբ անհրաժեշտ վերապահութիւններ յայտնելու դերակատարութիւնը կամ առհասարակ պետութեան շահերուն հակասող որեւէ նախաձեռնութիւն կանխելու լիազօրութիւնը:
Այդպէս եղաւ Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններու վաւերացման համար դէպի Ազգային ժողով թղթածրարի յղման նախօրեակին Սահմանադրական դատարանի տուած որոշումը , որ միջազգային թէ պետական օրէնքներու նկատառումով ձեւակերպեց այն բոլոր վերապահութիւնները, զորս անհրաժեշտաբար պարտէին նկատի ունենալ գործադիր իշխանութիւնները: Արձանագրութիւններու սահմանադրականութիւնը հաստատելով հանդերձ:
Սահմանադրական դատարանի ճշդած վերապահութիւններու բովանդակութիւնը համահունչ էր քաղաքական գործընթացի այդ օրերու ապրած որոշակի տեղատուութեան: Մինչ այդ, սակայն, հանրապետութեան նախագահի համահայկական ուղեւորութեան ընկերակցող Սահմանադրական դատարանի նախագահը սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին վերապահութիւններու մասին ակնարկութիւններ չէր կատարեր: Կը խօսէր առաւելաբար արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան մասին:
Քաղաքական կառոյցներէն ըստ էութեան տարանջատուած մնալը հիմնարար առաջադրանք է սահմանադրական գործունէութեան համար: Հայաստանի քաղաքացիին կամ սփիւռքահայուն համար սահմանադրական հարցերու մասին տեղեկացուածութիւնը կարեւոր է դէպի իրաւական պետութիւն մեր քայլերը ուղղորդելու:
Jun 29, 2011
ՃԱՆԱՉՈՒՄ-ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԶՈՒԳԱՀԵՌԸ
Միացեալ նահանգներու քոնկրեսին զոյգ բանաձեւերու նախագիծերու ներկայացումը իր ձեւին եւ էութեան մէջ մտածել կու տայ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ ռազմավարական մօտեցումի նոր քայլի դրսեւորման մասին:
Այսպէս. Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի նախագիծին առընթեր առաջադրուած Թուրքիոյ մէջ դաւանանքի ազատութիւն պահանջող բանաձեւը կը խօսի թրքական պետութեան կողմէ տեղւոյն քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու լիակատար ճանաչումին մասին եւ շեշտը կը դնէ իրենց կրօնը ազատօրէն դաւանելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այստեղ չ՛աւարտիր բանաձեւի բնագիրը: Անիկա կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան վերադարձնելու հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, պոնտացի յոյներուն եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներուն բռնագրաւեալ եկեղեցիները:
Ի տարբերութիւն առաջին բանաձեւի նախագիծին, ուր պահանջը կրնայ բացառապէս հայկական կեդրոնէ բխիլ, այստեղ արդէն այլ փոքրամասնական ժողովուրդներուն առընթեր կայ հասարակաց շահագրգռուածութեան հիմնական այլ բաժին: Փաստաթուղթը համահունչ է վերջին քանի մը տասնամեակին Միացեալ նահանգներու ծերակոյտին մէջ որդեգրուած բանաձեւերուն, որոնք պաշտպանած են դաւանանքի ազատութիւնը, սրբավայրերն ու աղօթատեղիները: Անիկա նաեւ համահունչ է 1998-ին որդեգրուած Կրօնի միջազգային ուխտին, ինչպէս նաեւ` մարդկային իրաւանց համընդհանուր հռչակագիրին:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ առնչակից կողմերու ներգրաւման փորձով եւ քոնկրեսի որդեգրած նախորդ բանաձեւերուն կամ միջազգային համաձայնութիւններուն վրայ յենելով Հայ դատի գրասենեակը մարտավարական նկատառելի քայլերու կը դիմէ առաւելներ ձեռք ձգելու համար: Ինչ որ արդիւնաւէտ աշխատանքի նախադրեալներ կը պարունակէ անշուշտ:
Ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող հարցը այս պարագային ասոնցմէ անդին է: Երկրորդ բանաձեւի մէկ բաժինը եկեղեցիներու վերադարձի պահանջն է իր իրաւատէրերուն: Հատուցման ազգային պահանջատիրութեան թղթածրարին մէկ բաժինը: Հայ դատի ռազմավարութեան մէջ ճանաչում-հատուցում զուգահեռով առաջնորդուելու երթին առնուած կարեւորագոյն քայլ է, որ կ՛առնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Նախագահ Օպամայի 24 ապրիլին վերայայտարարած «Մեծ եղեռն»ը առիթ տուաւ մէկէ աւելի հրապարակային պահանջներու` ռազմավարական հիմնական փոփոխութիւններ մտցնելու Հայ դատի մեր աշխատանքներուն մէջ: Ճանաչումի բանաձեւը փաստօրէն, հակառակ զօրավիգներու ապրած աճին եւ քոնկրեսի օրուան նախագահին կողմնորոշման` չէր դրուեր օրակարգի: Պարզ էր, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը իրականանալու եզրին պիտի մօտենար, երբ թուրք-ամերիկեան շահերու բախումնային իրավիճակ ստեղծուէր: Այլապէս, օրակարգը պիտի ձգձգուէր եւ դէպքերը պիտի շարունակուէին բնութագրուիլ իբրեւ «Մեծ եղեռն»:
Այժմ ճանաչումին առընթեր կ՛առաջադրուի հատուցումի թղթածրարին մէկ կարեւոր բաժինը: Զուգահեռաբար, համակարգուած, համատեղ: Այս արդէն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աշխատանքի արդիւնաւէտութեան համար նոր տուեալներ կը հաղորդէ:
May 17, 2011
ԱՐՏԵՐԿԻ՞Ր, ԹԷ՞ ՍՓԻՒՌՔ
Բառեր կան, որոնք իրենց իմաստային նրբերանգով մեծապէս կը ներգործեն մեր հոգեբանութեան վրայ եւ յաճախակի գործածութեամբ կը յառաջացնեն որոշակի մտածողութիւն: Ի զուր չէ, որ քաղաքական գործիչներ, կուսակցութիւններ թէ կազմակերպութիւններ փնտռտուքի կը ձեռնարկեն, կը դիմեն ընկերաբաններու, նոյնիսկ մրցանք կը յայտարարեն, որպէսզի կարճ ու հատու լոզունգ(ներ)ու մէջ կարենան խտացեալ բանաձեւումով արտայայտել իրենց քաղաքական առաջադրանքներու ամբողջութիւնը, անցեալ ու հետագայ գործունէութեան փիլիսոփայութիւնը: Ժողովրդային զանգուածներու վրայ յաջող նախադասութեամբ մը կամ մէկ-երկու բառով արտայայտուած մտածում մը շատ աւելի խոր կ՛ազդէ, քան` ներհուն վերլուծումը...
Ակնունիի «Դէպի Երկիր» կարգախօսը իր ներգործութիւնը պիտի ունենար գաղթական հայ մարդոց մօտ, որպէսզի տարագիրի կեանքը զիրենք անհայրենիք ու թափառական գնչուի հոգեվիճակին չմատնէր, այլ մղէր, որ անոնք իրենց ցրուած կամքերն ու սեւեռումները կեդրոնացնէին հայրենիքին վրայ: Նոյնպէս, միեւնոյն կարգախօսը նորովի լիցքով ու բովանդակութեամբ հրապարակ պիտի նետուէր ՀՅԴ-ին կողմէ, Ղարաբաղեան շարժումի ու Հայաստանի վերանկախացման օրերուն, որպէսզի սփիւռքի հայութիւնը իր հնարաւոր ուժականութիւնը լարէ դէպի հոն, դէպի երկիր:
Եւ հիմա, հետզհետէ եւ անզգալաբար նուիրագործուող «արտերկիր» ու «արտերկրի հայութիւն» արտայայտութիւնը ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ սփիւռքի տարածքին, առանց անդրադառնալու (կը յուսամ), որ անգոյն ու անբովանդակ այդ բառերը ոչ մէկ արձագանգ կը բերեն մեզի, մինչդեռ «սփիւռք» եւ «սփիւռքահայութիւն» բացատրութիւնը տարիներու իր հոլովոյթով ու իրագործումներով բիւրեղացուցած է մէկ ու ամբողջական, կազմակերպուած ու միաւորուած ըլլալու ընկալումը:
Սկզբնական շրջանի հոս-հոն ինկած անդիմագիծ ու գաղթական բազմութիւնը (նախապէս` «տարագիր հայութիւն», երբեմն` «մնացորդաց»), նուիրուեցաւ տիտանեան ճիգի` ինքզինք վերականգնելու կամքով: Տարիներու երկայնքին, նախ` գաղութները առանձնապէս, հորիզոնական գծի վրայ կազմակերպուեցան ու ստացան համայնքային դիմագիծ` ստեղծելով թեմական-կրօնական կեանք, կուսակցական-միութենական միաւորներ, յարակից մարզերով: Ապա բոլոր գաղութները թեմական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական ճակատներու վրայ թէ Հայ դատի հետապնդման մարզերու մէջ միաւորուեցան ուղղահայեաց կառոյցներու մէջ եւ ատով իսկ կազմեցին մէկ ու անբաժան ամբողջութիւն` համասփիւռքեան կշիռով, տարողութեամբ ու ազգային դիմագծով: Եւ եղեւ` սփիւռքահայութիւն:
Պահ մը աչքի առաջ բերենք հայկական գաղութներու աշխարհագրական տարածուն պատկերը` բացասական տուեալներով, որոնք իրենց էութեամբն իսկ արգելք էին ուժեր համատեղելու եւ կազմակերպուելու համար. երկիրներու հեռաւորութիւն, ընկերային ըմբռնումներու եւ պետական-կառավարման համակարգերու տարբերութիւններ, տնտեսական-կենցաղային անհամաչափ իրավիճակներ, քաղաքական թէ քաղաքակրթական տարբեր` նոյնիսկ հակոտնեայ մշակոյթներ, որոնց ազդեցութեան տակ կը գտնուէին (ու տակաւին կը գտնուին) գաղութները: Այդ խառնիճաղանճին միաձոյլ դիմագիծ տալու, ազգայինով տագնապելու եւ միեւնոյն նպատակներու շուրջ համախմբելու գործը իսկապէս որ պահանջեց տարիներու տիտանեան ճիգեր:
Այդ դժուար գործընթացը եւ անոր զուգահեռ ու հետագային ձեռնարկուած ծաւալուն գործունէութիւնը սփիւռքահայու լեզուամտածողութեան մէջ «սփիւռք» հասկացողութիւնը դրոշմուեցաւ իւրայատուկ նշանակութեամբ, որ իր մէջ կը խտացնէ ցրուած, այլեւ կազմակերպուած հայերու ամբողջութիւն, դժնդակ պայմաններու դէմ մաքառում ու վերականգնում եւ պահանջատիրութիւն...
Իսկ «արտերկի՞ր»ը, եւ` «արտերկրի հայութիւն» հասկացողութի՞ւնը... Անծանօթ դրդապատճառներով ծանօթ-անծանօթ վայրերու մէջ ինկած հայեր կամ անջիղ հայ հաւաքականութիւններ, որոնք լաւագոյն պարագային, այս կամ այն ձեւով կրնան նախասրահներու (լոպի) մէջ որոշ դերակատարութիւն ունենալ, ինչ որ ժամանակաւոր բարիք է թէեւ, բայց անհեռանկար` նոյնիսկ իրենք իրենց համար:
Ատենին, առաջին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի «օտարերկրացի»ն ընդվզում պատճառեց, արդարօրէն: Բայց հիմա կը թուի, թէ հրապուրուած ենք «արտերկիր»էն եւ շռայլօրէն կը գործածենք զայն իբրեւ հաւասարազօր հոմանիշը «սփիւռք»ին:
Զարմանալի է: Մերժելով մերժեցինք օտարերկրացի ըլլալ, բայց հիմա սիրով ընդունած ենք ըլլալ... արտ-երկրացի...:
«Արտերկիր»էն հրաժարելու եւ «սփիւռք»ին կառչած մնալու կոչ մը թող նկատուի այս նշմարը:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
May 4, 2011
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԱԶԱՏ ՄԱՄՈՒԼ ԵՒ ԱԶԴԵՑԻԿՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ
Նկատառելի է անշուշտ, որ մեր հայրենիքին մէջ վերջերս շատցած են մամլոյ ներկայացուցիչներուն դէմ դատ բանալու երեւոյթները: Հսկայական գումարներու պահանջով յատկանշուած դատական դիմումները կը բացայայտեն խնդրոյ առարկայ մամուլը փակել տալու նպատակը: Յայտնապէս մամլոյ համապատասխան օրէնքները չեն բիւրեղացած տակաւին` ճշդելու համար, թէ ի վերջոյ ո՛ւր է այն սահմանագիծը, որմէ անդին պէտք չէ անցնի հրապարակագիրը կամ լրագրողը` քննադատութիւն կատարելու կամ ճշմարտութիւն բացայայտելու իր առաքելութեան ընթացքին:
Խօսքը անշուշտ ազատ, բայց պատասխանատու մամուլ հասկացողութեան մասին է: Կ՛անդրադառնանք անշուշտ, որ հարցերը առաւելաբար կը կեդրոնանան տպագիր մամուլին վրայ: Մինչ, անհետեւանք կը մնան ելեկտրոնային մամուլին կից պաշտօնապէս հաստատուած պլոկի վրայ երեւցած քննարկումներու բաժինին մէջ յայտնուող գաղափարները, ամբաստանութիւնները, մեղադրանքները: Հակասութիւնը այս պարագային այն է, որ մինչ տպագիր մամուլը, որ շատ պատճառներով գոյութեան կռիւ կը մղէ, ընթերցողներու կայուն թիւ պահելու մղձաւանջը կ՛ապրի, իսկ ելեկտրոնայինը ընթերցող նոր լսարաններ կը նուաճէ, ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուածը կը շարունակէ մնալ տպագիր մամուլը: Դատական դիմումները բոլորը կը վերաբերին տպագիր մամուլին:
Հարցը այն է, որ դաշտը` իր ամբողջական հասկացողութեամբ չէ կանոնակարգուած: Ելեկտրոնայինի պարագային կը գործէ անտառի օրէնք. յղումները կը բացակային, տեղեկութիւններու աղբիւրները չեն նշուիր, մեղադրանքները չեն հիմնաւորուիր յաճախ եւ ասեկոսային նիւթերը կը շրջանառուին բազմապատկումներով յաւելեալ ընթերցողներուն հասնելով` քան տպագիր մամուլը:
Այս հակասական իրականութիւնը կը մղէ տուեալ թերթի պատասխանատուները զատորոշելու տպագիր եւ ելեկտրոնային միեւնոյն մամուլին բովանդակութիւնը: Տպագիրը կը ցուցաբերէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն եւ զգուշաւորութիւն, մինչ ելեկտրոնայինը կ՛արշաւէ սանձարձակ, յատկապէս պլոկներու ճամբով:
Դեղատոմսերը յստակ չեն այս պարագային: Դրական առումով ինքնագրաքննութեան ակնկալութիւն կայ, ազատութիւնն ու պատասխանատուութիւնը միաժամանակ կիրարկելու լրագրական արուեստի հմտութեան ցուցաբերումով:
Լրագրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակներու եւ կազմակերպութիւններու տարեկան գնահատականները անպայման պէտք է նկատի ունենալ եւ ըստ այնմ դիտարկել լրատուադաշտն ու այնտեղ երեւցող հիմնախնդիրները: Առանց անտեսելու քաղաքական շարժառիթներու ներշնչումը այդ զեկուցումներուն բովանդակութեան վրայ:
Սփիւռքեան կողմն աշխարհի աւելի մխիթարական չէ իրականութիւնը: Եթէ հայրենիքի մէջ աստղաբաշխական գումարներ կը պահանջուին անհիմն մեղադրանքի դիմաց` սպառնալով թերթի գոյութեան, ապա սփիւռքի մէջ նիւթական անձուկ պայմանները կ՛առաջնորդեն թերթի փակումին: Տակաւին, չենք խօսիր սփիւռքահայ մամուլին տեղական օրէնքներու նկատառման եւ համապատասխան լրատուութիւններ հրապարակելու կամ չհրապարակելու երեւոյթներուն մասին:
Սփիւռքահայ մամուլին պակսողը քննարկումներու որակն է, բազմակարծութեան բացակայութիւնը, կառուցողական քննադատութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը, հրապարակային բանավէճերը: Այս բոլորը ազատ մամուլի կայացման կարեւոր բաղադրատարրեր են, որոնց կիրարկման նախաձեռնութիւնը մամուլի պատասխանատուներունը կը նկատուի:
Հայկական մամուլը այսօր հեռու է իշխանութեան չորրորդ յենասիւնը նկատուելէ: Հանրային կարծիքի ձեւաւորման համար անիկա իրօք կրնայ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունենալ: Խնդիրը այն է, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ հանրային կարծիքի ազդեցիկութիւնը` հիմնական որոշումներու կայացման գործընթացին վրայ խիստ խնդրոյ առարկայ է: