Jun 25, 2009

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած թրքական խաղաղապահ զօրամիաւորումներուն կեցութիւնը երկարաձգելու համաձայնութիւն տուած է Թուրքիոյ խորհրդարանը։ Շտապողականութիւն կայ այս նախաձեռնութեան մէջ։ ՄԱԿ-ի գործունէութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լրատուութիւնները կը հաղորդեն, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը օգոստոսին պիտի քուէարկէ բանաձեւ՝ միջազգային խաղաղապահ ուժերու Լիբանան կեցութիւնը երկարաձգելու։ ՄԱԿ-ի որոշումը չտրուած, Թուրքիան կը շտապէ իր զօրամիաւորումներուն կեցութիւնը այս շրջագիծին մէջ տարիով մը երկարաձգել։ Թէեւ իրականանալի չէ, այսուհանդերձ իբրեւ տեսութիւն առաջ քշենք հետեւեալ հաւանականութիւնը։ Եթէ պատահի, որ որեւէ պատճառով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը օգոստոսին չորոշէ իր ուժերու կեցութեան երկարաձգման բանաձեւին համամտութիւն տալ, թրքական խորհրդարանին որոշումը ի՞նչ հետեւանք կ'ունենայ։
Զարմանալի պէտք չէ թուի այն հաւանականութիւնը, որ Թուրքիա, հակառակ միջազգային կամքին, կրնայ իր զօրամիաւորումը Լիբանան պահելու առաջարկ կատարել Լիբանանի կառավարութեան։ Չմոռնանք, որ թրքական պետութիւնը առաջին ինքնաառաջադրուողն էր իր զօրքերը բերելու Լիբանան։Նման մտածողութեան զարգացման առիթ կու տայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն, որ բառացիօրէն այս առիթով յայտարարած է, որ Լիբանանի խաղաղութեան գործընթացին մասնակցիլը Թուրքիոյ պատմական պարտաւորութիւններուն մաս կը կազմէ, հետեւաբար պարտաւորիչ հանգամանք ունի նաեւ ազդեցութեան գօտիներու հանգամանքներու նկատառումով։Պատմական պարտաւորութիւնները ուղղակիօրէն կ'առնչուին Օսմանեան կայսրութեան, թրքական կայսերապաշտական նկրտումներուն եւ այդ ծիրին մէջ ալ ազդեցութեան գօտիներու յառաջացման ընդհանուր քաղաքականութեան։ Հարցը այն է, որ Թուրքիա բացայայտ կը խօսի իր այս ծրագիրներուն մասին։ Բան մը, որ չէր բացայայտած իր զօրամիաւորումները Լիբանան առաքելու ժամանակ։ Այս ինքնավստահութիւնն ու շտապողականութիւնը անպայման կապուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Թուրքիոյ ոչ մնայուն անդամակցութեամբ եւ տակաւին այդ կառոյցի ժամանակաւոր նախագահութեամբ։
Թուրքիան (եւ ոչ միայն Թուրքիան այս պարագային) խորապէս իրազեկ է, որ օգոստոսին առաջադրուած բանաձեւը պիտի քուէարկուի։ Յիշենք նաեւ, որ թրքական զօրքերու խաղաղապահ ծրագիրներու ներգրաւուիլը Տաւութօղլուի նախորդը ՄԱԿ-ի ամպիոններէն լիարժէք ծառայեցուցած էր իբրեւ ընտրարշաւի նիւթ՝ ապահովելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի իր երկրին անդամակցութիւնը։ Այնտեղ յայտարարուածը աշխարհակարգի խաղաղութեան հաստատման միջազգային քաղաքականութեան նպաստ բերելու առաջադրանքն էր։ Այժմ կ'աւելնան պատմական պարտաւորութիւններն ու ազդեցութեան գօտիներու պահպանման առաջնահերթութիւնները։ Այս մէկը արդէն միջազգային ընտանիքին հետ ուղղակիօրէն կապուած չէ, այլ՝ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնային խնդիրներուն։Շտապողականութիւն կայ, այո՛, Թուրքիոյ առած քայլին մէջ։ Ոչ միայն ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցը, այլ նաեւ խաղաղապահ զօրքերուն ներառուած միւս երկիրներուն խորհրդարանները տակաւին չեն քննարկած իրենց միաւորումներուն կեցութեան երկարաձգման հարցը։ Թուրքիան արագ կը շարժի դէպի Լիբանան։ Եւ քանի որ պատմական պարտաւորութիւններու եւ ազդեցութեան գօտիներու մասին է խօսքը, պէտք է թրքական արագութեամբ լիբանանցի հասարակութեան վերյիշեցուին, թէ պատմական ակնարկուած պարտաւորութիւնները որքա՛ն սուղ արժած են այս երկրին եւ այս ժողովուրդին։ Թէ երբեմնի ազդեցութեան գօտիի վերասահմանագծումը ի՛նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ մայրիներու երկրին յատկապէս եւ ընդհանրապէս շրջանին վրայ։
Նման ահազանգումի անհրաժեշտութիւնը գաղութը ի՛րը պէտք է սեպէ եւ ինչպէս այլ կարեւոր առաջնային խնդիրներու շուրջ բոլորուելու եւ համատեղ աշխատանք ծաւալելու հրամայականը շեշտէ ու գործի անցնի։ Թրքական կողմը տպաւորիչ արագութեամբ կը շարժի։ Դիմացը բացակայ է նախաձեռնողականութիւնը։ Բացակայ է նոյնիսկ հակազդեցութիւնը։ Չենք խօսիր անշուշտ թրքական խորհրդարանին կամ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները արգելակելու մասին։ Ի վերջոյ սակայն, ըստ առաջադրուած ընթացակարգին, անհրաժեշտ է լիբանանեան կողմին համաձայնութիւնը՝ տեղակայուող զօրամիաւորումներուն տրուելիք-երկարաձգուելիք առաքելութեան։

Jun 23, 2009

ՄԵՐ ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ՊԱՀԵՐՈՒՆ

Ներիրանական իրադրութիւններու զարգացման առընթեր համաչափ եւ նոյնիսկ աւելի արագ կ'ընթանան միջազգային լրատուադաշտը գրաւած վերլուծական կեդրոններու, ուսումնասիրական գրասենեակներու եւ անշուշտ զանգուածային լրատուամիջոցներու մեկնաբանութիւնները՝ արձանագրուող դիպաշարին մասին։
Հասկնալիօրէն նաեւ՝ կանխատեսումներու շարանը։ Խորքին մէջ դժուար է կռահելը, թէ ի՛նչ աւարտ կ'ունենան դէպքերը։ Հակառակ անոր որ արեւմտեան լրատուամիջոցներուն ներկայացուցիչները կը հաղորդեն, որ ընտրութիւններու թէ առհասարակ դէպքերու մասին լուսաբանում կատարելու համար կ'ենթարկուին խիստ պայմաններու, այսուհանդերձ ամէնէն հռչակաւոր լրատուամիջոցները կը շարունակեն ուղղակի տեղւոյն վրայ իրենց թղթակիցներուն ճամբով լրատուութիւն հաղորդել։ Իրանի վարչակարգը պաշտօնապէս կ'ամբաստանէ Մեծն Բրիտանիան, որ կը փութայ տուն կանչել իր դեսպանը։ Մամուլի լրատուամիջոցներէն «Ազատութիւն» ռատիոկայանն ու «Պի. Պի. Սի.»ն իրանեան իշխանութիւններուն համար թիրախ են՝ երկրին մէջ խռովարարութիւն հրահրած ըլլալու համար։ Լարուածութիւնը բազմակողմանի է փաստօրէն։ Թէ՛ իշխանութիւն-հասարակութիւն մակարդակի վրայ, թէ՛ ներհասարակական եւ թէ՛ պետական-հասարակականէն դէպի արեւմտեան աշխարհ լարուած վիճակներու շղթայ մը բոլորած է դիպաշարը։
Տեղի ունեցածը քաղաքացիական անհնազանդութի՞ւն է, թէ՞ քաղաքացիական իրաւունքներուն տէր կանգնելու դրսեւորումներու երեւոյթ։ Սահմանազատումը այս պարագային դժուար խնդիր է։ Նման գերլարուած իրավիճակներու մէջ ընդհանրապէս բեւեռացուած տեղեկատուութիւնը հարցականներ կը ստեղծէ եւ տեղի կու տայ նախատեսութիւններու ընդհանուր շրջագիծին մէջ հաւանական բեմագրութիւններու ուրուագծման։ Կարգ մը վերլուծաբաններ կը հասնին հոն, ուր պարզ ու մէկին կը յայտարարեն իրանեան նոր յեղափոխութեան մը կայացումը, որուն պիտի հետեւի նոր վարչակարգի ձեւաւորումը։ Ներհասարակական պոռթկումին ներկայ իրավիճակին մէջ անշուշտ չէ բացառուած, որ որոշ արգելքներ ի գործ դրուած ըլլան ոչ միայն լրատու գործակալութիւններուն նկատմամբ, այլ ամբողջ հասարակարգին, այսուհանդերձ պէտք է արձանագրել, որ լրատուամիջոցներու տեղւոյն գրասենեակներու փակում կամ օտարերկրացի լրագրողներու բռնի տարհանումի դէպքեր չեն արձանագրուած մինչ այժմ։ Համաշխարհային տարողութեամբ գործող լրատուամիջոցներն ալ կը շարունակեն լուսաբանել յետընտրական ցնցումները։
Մենք տակաւին առիթ կ'ունենանք լոյսին բերելու ամբողջ շրջանին համար կարեւորութիւն ներկայացնող քաղաքական հիմնական միջավայրի մը զարգացող դէպքերը եւ անոնց հաւանական ազդեցութիւնները շրջանի երկիրներուն վրայ։ Առարկայականութիւնը նման պարագաներու իբրեւ խիստ անհրաժեշտութիւն ինքզինք կրկնակիօրէն զգալի կը դարձնէ։ Թէեւ բաւական դժուար է յատկապէս նման պայմաններու մէջ իբրեւ տեղեկատուական սկզբունք առարկայականութեան գերադասումը եւ համապատասխան աշխատանք տանիլը։ Այս առումով ալ բարացուցական է Իրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք»ին կատարածը։ Թէ՛ անոր գլխաւոր խմբագիրին հեռախօսային հաղորդումները եւ թէ «Ալիք»ի խմբագրակազմին հրապարակած առօրեայ արագ լրահոսը այս բոլորին մասին պէտք է նկատուին սկզբնաղբիւր թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքահայ մամուլի գործիչներուն, դիպաշարին հետեւելու իրենց հեւքին մէջ։ Նման պարագաներուն արագակշռոյթ, բայց միաժամանակ զսպուածութեամբ յատկանշուող առարկայական լրատուութիւն թողարկելը իւրայատուկ է դաշնակցական մամուլին՝ ճգնաժամային ժամանակահատուածներ լուսաբանելու հմտութիւն եւ որակ դրսեւորելու տեսակէտէն։
Նման որակ, բովանդակութիւն եւ կշռոյթ առաւել եւս իբրեւ անհրաժեշտութիւն կը զգացուին, երբ ծայրայեղացուած է տեղեկատուական դաշտը։ Երբ փոխադարձ ամբաստանութիւններ, զգայացունց ըլլալու մրցավազքեր կը մշուշապատեն բուն իրականութիւնները՝ գերքաղաքականացուած պարունակներու մէջ տեղադրելով այս կամ այն լրատուութեան մեկնաբանութիւնը։ Առաջին անգամը չէ, որ հայկական լրատուադաշտը իր հայրենի թէ սփիւռքեան բաժանմունքներով կ'ազդուի գերքաղաքականացուած մեկնաբանական լրատուութիւններու արշաւէն։
Ներիրանեան իրավիճակը կրնայ որոշ ժամանակի համար իր թէժ պայմաններով շարունակուիլ։ Համեմատական հանդարտեցումը նոյնիսկ պիտի շարունակէ յետընտրական ցնցումային կացութեան մը մէջ պահել երկիրն ու հասարակարգը հետագայ որոշ ժամանակի վրայ։ Անհրաժեշտ է ուրեմն առարկայականութեան գերադասումը։ Հայութեան պարագային՝ բախումնային իրավիճակներու մէջ չներքաշուելու բանականութեան շարունակութիւնը. ազգային եւ քաղաքացիական սկզբունքներու եւ շահերու համատեղման հրամայականով ամբողջ ճգնաժամին ընթացքին «Ալիք»ի բանաձեւումով՝ «յուսադրուած մնալու՝ կայուն, ներքաղաքական ցնցումներէ զերծ հասարակարգի յառաջընթացով»:

Jun 12, 2009

ՄԻԵՒՆՈՅՆ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐԻՆ ՄԷՋ ՊԱՀԵԼ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանը պահեց իր նախորդի քաղաքական քարտէսի մօտաւոր սահմանները։ Պահ մը եթէ նկատի ունենանք ժամանակաւոր երկբեւեռ դրութիւնը, կարելի է անվարան հաստատել, թէ ուժերու յարաբերակցութիւնը մնացած է միեւնոյնը։ Դիտարժան բազմաթիւ երեւոյթներ իրենք զիրենք տեղադրեցին լուսարձակի տակ։ Մայրիներու երկրին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնը գրաւած էր աշխարհաքաղաքականութեամբ զբաղող գերտէրութիւններու առաջնային ուշադրութիւնը։ Դիւանագիտական եռուզեռ, աշխարհաքաղաքական կեդրոններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութիւններ, տեսակցութիւններ, դիտորդական առաքելութիւններ, պաշտօնական յայտարարութիւններ կը նախանշէին, որ այս երկրի խորհրդարանական ընտրութիւնները ուշագրաւօրէն շարժած են հետաքրքրութիւնները մեր շրջանի հարցերով զբաղող պետութիւններու համապատասխան բաժանմունքներուն։ Միջազգային եւ յատկապէս արեւմտեան մամուլի կարեւորագոյն ներկայացուցիչներու հրապարակումները կը զարգանային զուգընթաց՝ քաղաքական այս նկատառելի շահագրգռուածութեան մագլցողականութեան։ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»էն մինչեւ «Ուաշինկթըն Փոսթ», անցնելով «Տի Այրիշ Թայմզ»էն եւ «Լիպերասիոն»էն (թուելու համար ամէնէն հռչակաւորներուն կարգ մը անունները միայն), մամլոյ հրապարակումներու տարողութիւնը ցոյց կու տար, որ աշխարհաքաղաքական մակարդակի գործընթացներուն զուգահեռ յստակօրէն կար նաեւ համապատասխան հանրային կարծիք ձեւաւորելու աշխատանք։ Զուգահեռացման կարգով քաղաքական գործընթաց-մամուլի ճամբով հանրային կարծիքի ձեւաւորումը օրինաչափ շարժում է քաղաքագիտական փորձառութիւններուն մէջ։ Այս բոլորը բնականաբար պէտք է դիտարկել գերտէրութիւններու շրջանին մէջ ազդեցութեան գօտի ձեւաւորելու, եղածը պահելու , նորը նուաճելու, հակամարտութիւններու հանգուցալուծում նախապատրաստելու կամ սրելու քաղաքական «պազար»ի տրամաբանութեան ծիրին մէջ։ Տոմինոյի ազդեցութեան տեսութիւնը այստեղ եւս բնականաբար ի զօրու էր։ Վերեւներու պարանաձգութիւնները, բանակցութիւնները կամ թուացեալ համաձայնութիւնները շատ արագ կը զգացուէին շրջանին մէջ, երկրին մէջ։ Միջազգային ընտանիքը եւ արեւմտեան քաղաքականութիւնն ու համապատասխան քարոզչութիւնը քաղաքական կարծրատիպեր յառաջացնելու հսկայական աշխատանք տարին։ Նշանաւոր մամուլի բոլոր ներկայացուցիչները կը խօսէին ձեւով մը այս երկրի իսլամացման վտանգին հաւանականութեան մասին, իրանեան ազդեցութեան գօտի դառնալու մտավախութեան մասին։ Պատերազմի հաւանականութեան բարձրացման ահազանգը մնայուն կերպով կը հնչեցնէր նաեւ Իսրայէլեան քարոզչամեքենան՝ կանխարգիլելու համար լիբանանեան ընդդիմութեան իշխանութեան գալը։ Հիմա, որ աւարտած են ընտրարշաւն ու ընտրութիւնները, կը թուի, որ ուղիղ միեւնոյն թեմաներուն մասին ահազանգը պակսած է։ Ճիշդ է, կանխուած է փոքրամասնութեան մեծամասնութեան վերածուիլը, սակայն թեմաները, որոնք կ'ընդգծուէին ամենասուր եւ ամենածայրայեղացուած ձեւով, կորսնցուցած են իրենց հրատապութիւնը։ Եւ ոչ միայն։ Համակողմանի յայտարարութիւնները կը նախանշեն, որ Լիբանան քաղաքական ճգնաժամերու փակուղիէն կ'առաջնորդուի դէպի առաջադրուած կայունութիւն, հիմնուած երկխօսութեան եւ համագործակցութեան սկզբունքներու վրայ։ Բացարձակ կանխատեսումներ ընելը դժուար կը տեղադրուի քաղաքական քաթեկորիայի տակ։ Հարցը նոյնքան եւ աւելի շրջանային-միջազգային գործընթացներուն հետ աղերս ունի։ Նոյնիսկ՝ աշխարհաքաղաքական։ Այս պայմաններուն մէջ կ'ակնկալուին ազդեցութիւններու այս փոքր գօտիի քաղաքական հրապարակներուն վրայ արձանագրուելիք վերիվայրումները։ Լիբանանի օրէնսդիր իշխանութեան միեւնոյն քարտէսը վերագծուած է եւ ուժերու ընդհանուր յարաբերակցութիւնը կը պարզէ նախորդի համապատկերը։ Չէ բացառուած սակայն, որ առանց երկբեւեռ դրութեան վերադառնալու որոշ ժամանակի վրայ սահմանագծուի նոր քարտէս մը։ Այստեղ կարեւոր կը դառնան որոշումի համեմատական ազատութիւնը պահելու եւ ըստ այնմ շարժելու առաձգականութիւնն ու հնարաւորութիւններու տիրապետումը։