Dec 22, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԻՆՔՆԱՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԿԱՐԳՈՎ

Տարեվերջին կատարուած տեղեկագրումները ընդհանրապէս կը խօսին իրականացումներուն, յաջողութիւններուն եւ առնուած քայլերուն մասին։ Տարեվերջը սակայն միայն տօնական մթնոլորտի մէջ յաջողութիւնները գովերգելու ինքնադրսեւորումի առիթ չէ։ Ներհայեցողական մօտեցում պէտք է ճիշդ ու առարկայական գնահատականով բացթողումները եւս լոյսին բերելու, առանց բարդոյթի յայտարարելու, թէ ո՛ւր տուեալ հաստատութիւնը ձախողութիւն արձանագրեց։ Բացթողումներն ու ձախողութիւնները հրապարակային ինքնաքննարկման կարգով արծարծելը պէտք չէ վախցնէ հաստատութիւններու կամ ընդհանրապէս հասարակական կեանքի պատասխանատուները։

Ա՛յս է ճիշդ ուղին յառաջիկայ ծրագրումները եւ մանաւանդ անոնց իրականացումները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու։ Մեր հաւաքական շահերէն կը մեկնի ինքնաքննարկումը, ինքնաքննադատութիւնը եւ եղելոյթներուն առարկայական գնահատական տալը։«Ազդակ»ի բացառիկը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր աւանդութիւն ձեւաւորած է իր տարեկան գործունէութեան համադրումը տալու։ Այս մէկը հայ մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրողին համար կրնայ իբրեւ աղբիւր ծառայել։ Մենք պէտք է հետզհետէ յաջողինք նաեւ իրագործումներուն առընթեր մեր ներքին դժուարութիւններուն մասին հրապարակել մեր մտածումները։ Այլապէս ինքնաքարոզչութեան տպաւորութիւնը կրնայ ձգել միայն կատարուածին մասին ներբողելը։

Իրատեսական ըլլալու համար արձանագրենք, որ ինչպէս իրականացումներու պարագային, այնպէս ալ բացթողումներու, կարելի չէ ամբողջական համապատկեր ներկայացնելը։ Թուենք ամէնէն հիմնականները՝ իբրեւ նախանիշ յառաջիկայ տարուան ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու գործնականացման։

Մեր թերթի իրաւամբ ամէնէն քննադատուած կողմը լեզուականն է։ Անշուշտ երեւոյթը միայն «Ազդակ»ին չի վերաբերիր։ Այս հաստատումը չի նշանակեր հիմնական թերութեան արդարացում։ Սփիւռքահայ մամուլը շեշտակիօրէն կը դիմագրաւէ այս հարցը։ Արեւմտահայերէնի գոյութեան խնդիրն է, որ սուր կերպով կը դրուի այսօր։ Այստեղ տեղը չէ լայնածաւալ պեղումներու այս հարցին մասին։ Բաւարարուինք ըսելով, որ թերթի պարտականութիւնն է լեզուական անաղարտութեան գերադասումը. տարբեր պատճառներով, որոնք միայն «Ազդակ»ի անձնակազմին հետ կապուած չեն անշուշտ, մենք հեռու ենք ակնկալուած այդ բարձրութենէն։ Յատուկ քաղաքականութեան կիրարկում պէտք է այս հիմնական թերութիւնը եթէ ոչ վերացնելու, այլ որոշ քայլեր առնելու ինքնասրբագրման ուղղութեամբ։

Հակառակ որոշ ճիգերու, նախաձեռնութիւններու եւ աշխատանքներու, «Ազդակ» չէ յաջողած իր յարկին տակ համախմբել երիտասարդ խաւը։ Պատասխանատուութենէ խուսափելու չի միտիր այն նշումը, որուն համաձայն, երիտասարդական համաշխարհային տագնապէն զերծ չի մնար նաեւ «Ազդակ»։ Մանկապատանեկան նկատառելի խաւի համախմբումը «Պզտիկ-Մզտիկ»ի ճամբով իր տարբերակը պէտք է յաջողի ձեւաւորել նաեւ երիտասարդութեան հարթութեան վրայ։ Մեր նախաձեռնութիւնները այս ուղղութեամբ չեն ցուցաբերած անհրաժեշտ աշխուժութիւնը։ Պէտք է նշել, որ ելեկտրոնային տարբերակը յատկապէս «ֆէյսպուք»ի բաժինով արագօրէն ձեւաւորած է «Ազդակ»ի յատուկ ցանց, որուն անդամակցողները բացառապէս երիտասարդներ են։ Այս տարուան ընթացքին «Ազդակ» յատուկ կեդրոնացումով փորձեց կիրարկել հրապարակային քննարկումներ զարգացնելու թերթի քաղաքականութիւնը։

Ելեկտրոնային պլոկի բաժինին մէջ երեւցան «Ազդակ»ի հասցէին ուղղուած ամէնէն խիստ քննադատութիւնները։ Անոնցմէ ոմանք ալ իրենց արտայայտութիւնները գտան թերթի սիւնակներուն մէջ։ Յաճախ չյարգուեցաւ կառուցողականութիւնը յարգելու մեր առաջնային սկզբունքը։ Վիրաւորանքներ, անձնական վերագրումներ ինչպէս համացանցային այլ պլոկներու վրայ, մեր պլոկին վրայ եւս իրենց դրսեւորումները ունեցան։ Կառուցողականութեան սկզբունքի խախտումը, վիրաւորական վերագրումները, հարցի էութենէն յաճախակի շեղումները համոզեցին մեզի, որ մեր հասարակութեան մօտ կը պակսի հրապարակային առողջ քննարկում կազմակերպելու եւ անոնց մասնակցելու մշակոյթը։ Մեր կազմակերպած մամլոյ լսարանները բաւարար չէին, որ այդ մշակոյթը կայանայ։ Մեր կարգին՝ պլոկի քննարկումներուն տեղին միջամտութիւններու բացակայութիւնը, յղուած հարցումներուն պատասխաններու ուշացումը չօգնեցին աշխատանքի ճիշդ հունաւորման։ Այս բոլորին ընթացքին «Ազդակ»ի կողմէ եւս երբեմն վրիպեցաւ լրագրողական էթիքի յարգումի սկզբունքը։ Նշուած եւ չնշուած աշխատանքներու ամբողջութիւնը հեւքոտ կշռոյթ կ'ենթադրէ։ Հեւքը, աճապարանքը, մարդուժի անբաւարարութիւնը տեղի կու տան սխալներու, վրիպակներու, որոնք անպայման լեզուական չեն, այլ հետեւանք՝ գրաշարական եւ վերստուգման սրբագրութիւններու անուշադրութեան։ Նման վրէպներու ականատես եղան մեր ընթերցողները, որոնց հասկացողութեան համար մէկէ աւելի անգամներ դիմեց խմբագրութիւնը։

Համաչափ չմնացին թերթին ելեկտրոնային եւ տպագիր տարբերակներուն հասանելիութեան տարողութիւնները։ Յառաջիկայ տարուան ընթացքին թերթի տպագիր տարբերակի ցրուումի աշխատանքները պէտք ունին յաւելեալ թափի, կազմակերպական աշխատանքի։ Այլապէս ըսած ենք արդէն, որ մեր տպագրութեան կազմածները հիմնովին վերանորոգուելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան առջեւ են։

Այս հարցերուն մասին տարուան ընթացքին մեզի դիմեցին շատեր։ Ոմանք «Ազդակ»ը աւելի փայլուն իրավիճակի մէջ տեսնելու նախաձեռնութեամբ, իրենք զիրենք «Ազդակ»ի ընտանիքի մաս կազմած ըլլալու գիտակցութեամբ։ Սխալը նկատող սակայն մեզի չդիմողներէն ոմանք ալ չարախնդութեամբ, հեգնական զգացումներով եւ փոխանակ ուղղակի խմբագրութեան դիմելու՝ ծաղրը շրջանառութեան մէջ դրին ոչ անպայման սրբագրելու մտադրութեամբ։

Մենք ամենայն լայնախոհութեամբ ընկալեցինք սխալը մատնացոյց ընող երկու տեսակ մօտեցումները։ Անոնցմէ առինք դրականը, երբեմն ընդունելով սխալը, երբեմն կիրարկուածին մասին համապատասխան բացատրութիւնը տալով, միշտ ու միշտ գերադասելով կառուցողականութիւնը, սրբագրութիւնը։

Պիտի ուզէինք ջերմօրէն, որ ամէնէն խիստ քննադատութիւնները անգամ գերադասէին կառուցողականութիւնը եւ առաջադրէին «Ազդակ»ի վերելքը։ Եւ եթէ ա՛յդ է քննադատութեան ոգին, այդ բոլոր քննադատութիւնները ոչ միայն տեղ կը գտնեն «Ազդակ»ի էջերուն մէջ, այլ նկատի կþառնուին նաեւ տնօրէնութեան եւ խմբագրակազմին կողմէ։ Առանց բարդոյթի։Համոզուած ենք, որ բացթողումները ընդգծելը պարզապէս կþառաջադրէ թերթին զարգացումը։ Մեր ընթերցողներն ու աշխատակիցները առողջ մօտեցումի հիման վրայ նման ընդգծումներ կատարելով նպաստած կþըլլան «Ազդակ»ի զարգացումին։

33 comments:

  1. Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ այս խմբագրականին ոգին։ Կը տեսնեմ, որ ԱԶԴԱԿ շատ լաւ ճամբայ մը բռնած է։ Սեփական մարմնիդ վրայ եղած վէրքերուն մատնանշումը շատ դժուարին աշխատանք է, միաժամանակ սեփական աշխատանքին նկատմամբ ունեցած վստահութիւնդ ցոյց կու տայ ան։ Կը մնայ մաղթել, որ գիրէն ու մատնանշումէն անդին ԱԶԴԱԿ լուրջ միջոցներու ձեռնարկէ։ Քննադատութեան դիմաց բաց ըլլալը առաջին քայլն է, անկէ սորվիլը` երկրորդ։ Ես պիտի փափաքիմ, որ յաջորդ գրութիւնները երրորդ եւ չորրորդ քայլերուն մասին խօսին. ինչպէ՞ս սրբագրել սխալը. ուրկէ՞ սկսիլ, եւ այլն։ Այդ պիտի ըլլար իսկական կառուցողականութիւնը։
    Եթէ այստեղ իմ կողմէս "սուր", "տափակ", "անհաճոյ" քննադատութիւններ եղան, պատճառը միմիայն ճիշդ հայերէնի գործածութեան անկոչ նախանձախնդրութեան մը մէջ պէտք է փնտռել։
    Կարգ մը տգէտ կուսակցամոլներ փորձեցին յետին նպատակներ տեսնել այդ տողերուն մէջ։ Մեր հասարակութիւնը դեռ ժամանակի պէտք ունի այդ բոլորը հասկնալու համար. պէտք է համբերատար ըլլալ։
    Յաջողութիւն։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  2. perestroyka.Aztagin eradse bedk e enen polor garouytsnere.ge shenorhavorem
    Dikran

    ReplyDelete
  3. artar ellalou hamar Aztag bedk e eser nayev te intch? ashkhadankner al hatchoghtsouts.
    Nigol

    ReplyDelete
  4. mortsa shenorhavorelou.isgabes noroutyun e mer giankin metch.Bravo!
    Nigol

    ReplyDelete
  5. Քաջալերելի է անշուշտ երեւոյթը։ Կը միանամ Յովակիմին եւ կը սպասեմ սրբագրութեան համար առնուելիք քայլերուն։ Մտահոգութիւն մըն ալ ունիմ։ բաւական համարձակ քայլ է առնուածը։ Ազդակի շուրջ գործող մարմինները, կառոյցները համաձա՞յն են այս ոճին։ Ազդակը պիտի կարենա՞յ շարունակել այս գիծը։
    Կ՛երկրորդեմ շնորհաւորողներուն։
    Սասուն

    ReplyDelete
  6. shad mi khantavarvik.esbasenk serpakroutyunneroun hedo shenorhavorenk.
    Simon

    ReplyDelete
  7. Եթէ համաձայն ենք որ այս ոճը ճիշդ է պէտք արձագանգենք։ Պէտք է շատ արձագանգ ըլլայ, որպէսզի մարդիկ գիտնան որ ճիշդ է այս ձեւը։ Զօրավիգ կանգնինք այս ձեւին, որպէսզի ետ կեցնողներ չըլլան։ Գիտանան որ բոլորին ուզածը այս ձեւն է։
    Հայկ

    ReplyDelete
  8. Aztake ir sahmanneren herou gerta gor.anbayman yed deghe perogh gella ays shechanagin mech.
    H.G.

    ReplyDelete
  9. sireli Hovagim
    amen inch lav er essadsit metch,payts noren gousagtsamolneroun shootads es meg had.
    Nigol

    ReplyDelete
  10. Ես կը սպասեմ, որ մեր հասարակութեան մէջ հետզհետէ կազմուի այն կարծիքը, որ ոչ բոլոր "մեր" մտաւորականները այս կամ այն կազմակերպութեան ծախուած մարդիկ են, այլ կան նաեւ այլ մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք այլ կազմակերպութեան մը ծախած են, որ կը կոչուի "հայոց լեզու"։
    Եկեղեցին պաշտպանող ունի, կուսակցութիւններն ու այլ կազմակերպութիւններ ունին իրենց ձախող կամ յաջող փաստաբանները։ Հայերէնը որու՞ դիմէ։ Ան խաղալիք-գործիք մը դարձած է միայն, փոխանակ զարգացման միջոցի վերածուելու։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  11. Թէ խանդավառ եմ թէ մտահոգ այս խմբագրականով։ Խանդավառ եմ որովհետեւ բաց մտածելու, ինքնաքննադատութենէն եւ քննադատութիւններէն չվախցող եւ այդ ճամբով սրբագրելու գացող նոր մօտեցում է եղածը։ Դժուար որ վարակաիչ ըլլայ այս մէկը։ Մտահոգ եմ որ եթէ ետ դարձ ըլլայ այս գիծէն քիչ մը յոյս ունեցոներն ալ պիտի յուսահատին։ Ինքնաքննադատութենէն ետք քայլեր պիտի առնո՞ւին։
    Ռոստոմ

    ReplyDelete
  12. Rosdom jan
    hele khantavarvink hima kich me hedo ge nayink medahokvelou masin
    Nigol

    ReplyDelete
  13. Ոչ մտահոգուելու, ոչ ալ յուսահատելու կարիքը կայ։ Պէտք է քիչ մը հանբերատար ըլլալ, սպասել եւ տեսնել գիտնալ. ճիշդ երեւոյթներով խանդավառուիլը կարեւոր է, սակայն անոնցմով գինովնալու պէտք չկայ ըստ իս։ Ի դէպ, չկարծէք որ Հայաստանի թերթերուն հայերէնը մաքուր է։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  14. համբերատար։
    Յ.

    ReplyDelete
  15. Սիրելի Ազդակի Խմբագրակազմ,

    Երկու կարեւոր կէտեր, մէկը յիշեցում իսկ միւսը առաջարկ:

    1- Իբր Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիի Ջանից Պլոկին (www.chanitz.org) պատասխանատու, ուզեցի յիշեցնել որ մեր երիտասարդ կազմը ամիսներ առաջ հարցազրոյց մը ունեցաւ, որուն մասին ամփոփ յօդուած մը գրուեցաւ, ընթերցողներուն խոստանալով որ յետագային մանրամասն պիտի անդրադառնան: Այս նիւթով հարց կու տանք եթէ ՁՕ1Օ-ին պիտի իրականանայ այս մէկը:

    Ձ- Արդէն իսկ նկատեցիք որ ես կը գրեմ Հայերէն unicode-ով առանձ տառատեսակ մը գործածելու: Իմ փափաքս եւ որոշումս է որ այս նամակս գրեմ հայերէնով, նոյնիսկ որ ուղղագրական սխալներով լեցուն է: Այս նիւթով իմ առաջարկս է որ Ազդակը արշաւ մը տանի Հայերէն unicode-ը տարածելու եւ ընդհանրացնելու, քաջալերելով որ ել-նամակները հայերէնով գրուին ու chat-երը հայերէնով կատարուին, բան մը որ անցեալին կարելի չէր:

    Այս նամակը կը գրեմ քաջալերուած այսօրուայ խմբագրական յօդուածէն, եւ հաւատալով որ ոեւէ դժգոհութիւն կամ առաջարկ պէտք է յղուի ճիշդ անձին կամ հաստատութեան, որպէսզի արդիւնքի մը հասնի:

    Ջէրմօրէն՝
    Ռաֆֆի

    ReplyDelete
  16. Յարգելի՛ բարեկամներ,
    Խմբագրականիդ մէջ երեք անգամ գործածած էք «հետհաշուարկ» բառը, երեքն ալ՝ հ-ով. պէտք է ըլլայ «յետհաշուարկ»՝ յ-ով:
    Բաց աստի գրական վերջին յաւելուածիդ մէջ, որ շատ յաջող բովանդակութիւն ունի, նոյն իմաստը արտայայտելու համար երեք տարբեր ձևերով գրուած կը գտնենք «զօրել», «զոռել» և «զորել». ասոնցմէ միայն առաջինն է ճիշ և կը նշանակէ ստիպել, ուժ բանեցնել, պնդել, պարտադրել: Նոյն թիւին մէջ կը գտնենք «գործուղղել»՝ ԵՐԿՈՒ ղ-ով. սխալ է, պէտք է այս բառը գրել ՄԷԿ ղ-ով՝ գործուղել, որ կը նշանակէ ինչ որ գործով մը ՈՒՂԻ հանել կամ դնել մէկը:Նաև՝ գործուղում, գործուղուիլ և այլն:
    Առիթէն օգտուելով կ'ուզեմ նաև խոնարհաբար հարցնել, թէ ինչպէ՞ս կ'ըլլայ, որ «Ազդակ» օրաթերթն ու «Ազդակ գրական» պարբերաթերթը ուղղագրական երկու տարբեր ուղղութիւններ կը կիրարկեն: Ձեր «ինքնասրբագրումի» հրապարակային խոստումը, խնդրեմ, սկսեցէք կիրարկել՝ բաւարարելով իմ այս հետաքրքրութիւնս:
    Ընդունեցէք՝
    Արմենակ Եղիայեան

    ReplyDelete
  17. Պարոն Եղիայեանին մատնանշումները տեղին են։ Ինչ կը վերաբերի սակայն ԱԶԴԱԿ ԳՐԱԿԱՆին եւ օրաթերթին միջեւ կայանալիք ուղղագրական միութեան, մասնագիտական պահանջք մըն է դրուածը։ Չեմ կարծեր որ խմբագրական ամբողջ կազմը գոնէ շաբաթը անգամ մը կը հաւաքուի եւ սուրճ-սիկարէթէն քիչ մը անդին անցնելով ուղղագրական միօրինակութիւն եւ այլ կարեւոր հարցեր կը քննարկէ։ Եթէ կը սխալիմ, ուրախ կը մնամ ըսածիս հակառակը լսելով։ Այլ հարց մըն է նաեւ ԳՐԱԿԱՆին խմբագրութեան հարցը։ Միջնադա՞ր կապրինք, որ յաւելուածը խմբագրողը մատին ետեւ կը պահուըտի, ինքնութիւնը չի յայտներ։ Մամլոյ տարրական օրէնքնե՞րն ալ ազգայնացուցած ենք։
    Շնորհաւոր Նոր Տարի։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  18. ah ya Hovagim ah.sourdj-cigaretov martige ayskan kords metchdegh ga hanen yete bedk e vakhnas vor kitch men al kords yete enen intcher gella...
    Nigol

    ReplyDelete
  19. harkeli Baron Ramenag khentrem djeshtetsek vor Aztagi vor? khempakragann e vor hedhashvarg pare kordsdads e.inknakennargman verapergh khempakraganin metch yes ayt parin tchehantibetsa
    Dikran

    ReplyDelete
  20. ge nerek baron Armenag bedk e timeyi.zoud sharelou sekhal e.neroghoutyun

    ReplyDelete
  21. Նիկոլ, համաձայն եմ ըսածիդ, բացի վախնալու կամ վախցնելու պատմութենէն, որոնք զուտ կուսակցական "առաքինութիւններ" են, գոնէ մեր այս խօսքին շրջագիծէն թելադրուած։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  22. vakhtsenele hamatsyn em vakhnale votch.adiga votch gousagtsagaan "arakinoutyun' e.
    Nigol

    ReplyDelete
  23. Վախնալ եւ վախցնել իրարու կապուած են, սիրելի Նիկոլ, ուր ալ ըլլան անոնք։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  24. Ayo hamatsayn em Hovagimin esadzin. Vakhnal/Vakhtsnel-e irarou gabvadz en. Vakhtsnoghneroun timats vakhtsoghner bedk e ellan. Haba inchou vomank geghdz anounnerov, yerpmn al nouynisg 2 sdorakroutyamp (irenk irents antsin hed khoselov) g masnagtsin Aztag Blog-i zerouytsneroun. Vakhi hedevank ellalou e yev manavant kachoutyan bagas` patsahaydelou irents inknoutyoune.
    Nigol-in esadzin al hamatsayn em. Vakhnal-e voch-gousagtsagan arakinoutyoun e.

    Sanahine

    ReplyDelete
  25. Ապրիս, սիրելի Սանահին, այս շատ կարեւոր եզրակացութիւններուդ համար։ Հիանալի։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  26. Մոռցայ հարցնելու, որ արդեօ՞ք ձեր անձնաթուղթին մէջ ձեր անունը Սանահին է։ Այս ալ իր կարգին` հիանալի։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  27. Սիրելի՛ Տիգրան և ընթերցողներ,
    Ներեցէք պզտիկ շփոթ մը. այդ «հետհաշուարկ» բառը երեք անգամ գործածուած է Թաներ Աքչամի յօդուածին մէջ: Տրուած ըլլալով որ այս սիւնակի գագաթի խմբագրականն ու Աքչամի յօդուածը նոյն ատեն կարդացի և շատ յոգնած վիճակով, ապա պարզապէս աղբիւրը շփոթած եմ: Եթէ տասը սանթիմ վարը գտնուող Older post-ը բանաք, իսկոյն կը գտնէք յիշեալ յօդուածը:
    Ընդունեցէք՝
    Արմենակ

    ReplyDelete
  28. Sireli Aztagi khmpakroutyoun yev zeroutsagitsner,
    Oushatroutyouns kravets Chorekshapti 6 Hounvar 2010i tivov louys desadz yev Aztagi khmpakroutyan oughvadz namage. Gouzeyi esel, te g pajnem kroghin mdahokoutyounnere. Yev terevs indzi bes shader hamatsayn kdnvin kroghin ardahaydadz gardzikneroun.
    Ays inknakennatadoutyan yev inknakennargman khmpakraganin dag goch goughem Aztagi khmpakroutyan veratarnalou ir armadneroun, veratarnalou 80 darieh iver Aztagin mech girargvogh oughakroutyan. Oughakroutyoun m voroun hedevadz ou vormeh sorvadz en serountner. Hayerene gam oughakroutyoune gareli che yentargel ays gam ayn lezvapanin kmahadjouykneroun.
    G khntrem vor ngadagi arnek hazaravor entertsoghneroun ays mdahokoutyoune yev Aztagi mech girargvogh oughakroutyan al djarin nayik.
    Hachoghoutyoun,
    P.K.

    * Namaganin gartalou hamar` Aztag Oratert, Chorekshapti 6 Hounvar 2010, ech 4

    ReplyDelete
  29. Երկրորդելով նախորդ մեկնաբանութեան մէջ արտայայտուած մտահոգութիւնները՝ես կ'առաջարկեմ պլոկի վարչութեան,որ այս պլոկին վրայ տեղադրէ այդ նամականին,որովհետեւ բաւական շահեկան կը գտնեմ զայն:
    ՅԱԿՈԲ ԻՍԲԷԿԵԱՆ

    ReplyDelete
  30. Յարգարժան խմբագրութիւն ԱԶԴԱԿի,

    Կառուցող(ական)ութիւ՞ն կը փնտռէք։ Ընթերցողին կարծիքին հետ հաշուի՞ կը նստիք։ Եթէ այդպէս է` այստեղ հրապարակեցէք ձեր խմբագրականները կամ ակնարկները յաջորդաբար եւ առանց յապաղումի։ Անուղղակիօրէն քննադատութիւններէ ինքզինք հեռու պահելը ոչ մէկ ձեւի կառուցողականութիւն կրնայ նշանակել։ Բարդոյթներու մասին չենք խօսիր դեռ։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  31. ՆԱՄԱԿԱՆԻ

    Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի
    Նախքան նամակիս նիւթի մասին գրելս, կ’ուզեմ ըսել, թէ ես ո°չ հայագէտ եմ, ո°չ ալ լեզուաբան, այլ՝ պարզ ընթերցասէր մը եւ հայոց լեզուի սիրահար:

    Վերջին շրջանին ուշադրութիւնս գրաւեց այն իրողութիւնը, որ օտար անուններու կամ բառերու ուղղագրութիւնը փոխուած է: Այսպէս, օրինակ, Միշէլ, սէն, Ժոզէֆ, Կալէս եւ այլն սկսած էք գրել եչ տառով:

    Ինծի համար անհասկնալի էր այս անակնկալ փոփոխութիւնը: Արդեօք մեր ուղղագրութեան ի՞նչ օգուտ բերաւ: Հարստացա՞ւ մեր լեզուն եւ կամ դիւրացա՞ւ մեր ուղղագրութիւնը:

    Ես կ’ուզեմ այս փոփոխութեան անպատեհութիւններու մասին խօսիլ եւ յետոյ ըսել իմ կարծիքս:

    ՊԱՏԿԵՐ Ա.
    Հայերէնի ուսուցիչը կը բացատրէ, թէ օտար բառերու վերջին վանկին է հնչիւնը կը գրենք է տառով: Ընթերցասէր աշակերտը յաջորդ առաւօտ ձեր օրաթերթէն օրինակ մը կը բերէ եւ ցոյց կու տայ հակառակը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ուսուցիչին պատասխանը: Ո՞վ կը վարկաբեկուի:

    ՊԱՏԿԵՐ Բ.
    Ընթերցասէր աշակերտ մը կարդալէ ետք ձեր օրաթերթը եւ այլ տպագրութիւն մը եւ տեսնելով, թէ Միշէլ անունը երկու ձեւով գրուած է, երկուքն ալ կ’առնէ եւ դպրոց բերելով կը հարցնէ իր ուսուցիչին, թէ ո՞րն է ճիշդը: Ի՞նչ կը կարծէք պէտք է պատասխանէ ուսուցիչը:

    ՊԱՏԿԵՐ Գ.
    Դուք կանգնած էք հոյակերտ գեղանկարի մը առջեւ, որ իր գեղեցկութեամբ, կատարելութեամբ միլիոնաւորներու հիացմունքին արժանացած է եւ շնորհիւ իր անթերի ըլլալու իրականութեան 1700 տարի դիմացած է ժամանակի աւերիչ թաւալումին դիմաց: Ձեր ներկայութեան սովորական նկարիչ մը գալով՝ կ’ուզէ վրձինի հարուածով մը սրբագրել իր կարծիքով սխալ նկատուած գիծ մը: Ի՞նչ կ’ըսէք եւ ի՞նչ կ’ընէք այդ մարդուն:

    Է տառին հանդէպ հակակրանք կայ Աբեղեանի ուղղագրութեան մէջ: Այդ մէկը խորհրդային իշխանութիւններու հայակործան քաղաքականութեան մաս կազմող մէկ օղակն էր: Չմոռնանք նաեւ, որ նոյն այդ իշխանութիւնները հալածեցին մեր եկեղեցին: Իսկ մեր եկեղեցիներու մէջ խորանին վրայ դրուած է Է տառը, իբրեւ Աստուծոյ խորհրդանիշ: Անաստուածութեան եւ հակաքրիստոնէական հալածանքներու ժամանակ նոյնիսկ Է վերցուած է եկեղեցիներէն եւ նոյն այդ տրամաբանութեամբ աբեղեանական ուղղագրութեան մէջ բացի Է տառով սկսող բառերէն այլ տեղ Է տառ չեն գրեր:

    Զարմանալի էր է տառին հանդէպ այս մօտեցումը մեր մօտ: Նորէն կը հարցնեմ՝ ինչո՞ւ: Քերականական ո՞ր կանոնի համաձայն եղաւ այս փոփոխութիւնը: Ո՞վ որոշեց: Ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տանք ՍԷՆ բառը եչով գրելու մասին:

    Մենք գիտենք, որ հայերէնի մէջ ՆՈՒ տառէն առաջ Է կը գրուի, բացի կարգ մը բացառութիւններէ: Ի վերջոյ լեզուն անհատական սեփականութիւն չէ, այլ՝ հաւաքական: Մեր ուղղագրութիւնը կը կոչենք Մեսրոպեան, այն սուրբին անունով, որ ստեղծեց մեր գիրերը եւ ուղղագրութիւնը: Հետեւաբար ամէն փոփոխութիւն այս կալուածին մէջ, կը նշանակէ, թէ արդէն մենք Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը որդեգրելէ դադրած ենք: Իսկ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը ո՞վ կրնայ փոփոխութեան ենթարկել: Եթէ կայ մեր մէջ մէկը, որ Մաշտոցէն աւելի լաւ տիրապետած է մեր լեզուին եւ ինքզինքին իրաւունք տուած է այսօրինակ փոփոխութիւններ կատարելու, թող բացայայտէ ինքզինք (սուրբերու կարգին չենք դասեր), բայց գոնէ կը հպարտանանք իրմով: Կամ արդեօք 1700 տարի շարունակ սխա՞լ գրած ենք եւ հիմա պիտի սկսինք ճիշդ գրել...

    Այս օրերուն երբ այնքան պէտք ունինք վերադարձ կատարելու մեր արմատներուն, նմանօրինակ մանր, բայց ոչ ազգային քայլերով ամէն օր քիչ մը աւելի պիտի պարպուինք մեր ազգային դիմագիծէն:

    Վերջաւորութեան աւելցնեմ, որ ես պիտի շարունակեմ օտար բառերու վերջին վանկը գրել Է տառով, իմ զաւակիս ալ նոյն ձեւով պիտի սորվեցնեմ, իմ շրջապատիս մէջ ալ նոյն գաղափարը պիտի տարածեմ, թէ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը անթերի է, եւ թէ եչ-ով գրելը սխա'լ է, սխա'լ է, սխա'լ է:

    Յարգանքներով՝

    ՇԱՂԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

    ReplyDelete
  32. Սիրելի Տիկին կամ Օրիորդ Շաղիկ,

    ե կամ է մոռցանք, հրաժարեցանք անոնցմէ, ըսենք, իբրեւ մանրամասնութիւն։ Հայաստանեան անուղղագրութեան բազմատեսակ կոյր ընդօրինակութիւննները ոչ սկիզբ ունին, ոչ վերջ։ Շնորհքով հայերէն է փնտռուածը։ Համ-հոտ ունեցող լեզու մը։ Արեւմտահայ գրականութիւնը առօրեայ ընթերցումի առարկայ դարձուցած խմբագիր-յօդուածագիրներու լեզու մը։ Դիոգինէ՞ս դառնանք։ Շա՞տ բան է սպասուածը։ Իսկապէս չեմ գիտեր։
    Յաջողութիւն։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  33. Ուշադրութիւն. Այս նամակը ուղղուած է միմիայն այս սիւնակի անստորագիր նամակագիրներուն: Շնորհակալութիւն:
    Շատ սիրելի բաեկամներ,
    Ես «Ազդակ»ին բաւական մօտ եմ, սակայն առաջին անգամն է կը հանդիպիմ այս էջին ու կը ծանօթանամ անոր բովանդակութեան: Ուրեմն, կ’ուզեմ նախ և առաջ յայտնել շնորհակալութիւնս այն քննադատութիւններուն համար, որ շռայլօրէն կատարած էք անձիս ու գործիս հանդէպ: Ես համոզուած եմ, որ մեր մեծագոյն բարերարները՝ մեր քննադատներն են, և կը ցաւիմ բոլոր անոնց հաշուոյն, որոնք քննադատ չեն ունեցած ու մանաւանդ անո՛նց, որոնք իրենց քննադատներուն կարևորութիւն չեն տուած, ա՛լ չեմ ըսեր՝ թշնամաբար վերաբերած են: Ձեր այս առաքինութիւնը, չեմ կասկածիր, կը պարտիք այն ազնիւ դաստիարակութեան, որ ստացած էք: Ըստ այսմ ալ՝ մի՛ թերանաք ձեր երախտագիտութիւնը յայտնելու առ որ անկ է՝ ուսուցիչ-ծնող-միջավայր և այլն: Դուք շատ կը պարտիք անոնց այն շատին համար, որ ստացած ըլլալ կը թուիք անոնցմէ:
    Տրուած ըլլալով, որ գիտութիւնն ու դաստիարակութիւնը վերջ չունին, ես ալ իմ կողմէս պիտի ուզէի ձեր ուշադրութեան յանձնել հետևևալները.
    ա) Երբ հանրութեան կը ներկայանաք, տարրական բարեկրթութիւնն ու մանաւանդ պարկեշտութիւնը կը պահանջեն, որ անոր ցոյց տաք ձեր դիմագիծն ու մանաւանդ յայտնէք ձեր անունը: Իր դիմագիծն ու անունը կը ծածկէ ա՛ն, որ կ’ամչնայ իր սեփական ինքնութենէն: Իսկ իր ինքնութիւնը կը ծածկէ սովորաբար գողը, մարդասպանը, բամբասողը, զրպարտողը, մէկ խօսքով՝ մարդակային այն բոլոր տականքները, որոնք այս կամ այն պատճառով ստիպուած են ապրելու լուսանցքային կեանք մը: Ես վստահ եմ, որ դուք մարդկային այս տեսակին չէք պատկանիր. վկայ՝ ձեր ստացած ազնիւ դաստիարակութիւնը:
    բ) Դուք ինծի կը վերագրէք սխալներ, որ ես գործած եմ, և մեծահոգաբար,-ձեր դաստիարակութեան թելադրանքով,- կը յանձնարարէք, որ սրբագրեմ զանոնք: Շնորհակալ եմ ձեր վեհանձն խրատին համար: Եթէ ես գիտնայի, թէ ի՛նչ սխալներ գործած եմ, վստահ եղէք, որ չէի գործեր զանոնք: Ուրեմն, խոնարհաբար կը խնդրեմ ձեզմէ, որ յստակօրէն մատնանշէք կոկիկ ու համոզիչ փունջ մը իմ այդ սխալներէս, ցոյց տաք զանոնք հանրութեան, մէկ առ մէկ ու փաստացի ու համոզիչ հիմնաւորումով բացատրէք, թէ ո՛ւր է սխալը, ապա բերէք ձեր՝ հիմնաւորեալ սրբագրութիւնները, որորնք նմանապէս պէտք է ցուցադրուին հանրութեան ու դրուին անոր տրամադրութեան տակ: Առանց այս տարրական մեթոտաբանութեան՝ սխալի մատնանշումը կը դառնայ ստոր զրպարտութիւն: Իսկ ես համոզուած եմ, որ դուք բացարձակապէս կը մերժէք զրպարտութիւնը. վկայ՝ ձեր ազնիւ դաստիարակութիւնը:
    գ) Առանց որևէ փաստի, հիմնուելով պարզապէս ինչ որ կասկածի մը կամ ենթադրութեան մը վրայ, զիս կը շփոթէք այս սիւնակին ( և սիւնակներուն) մէջ սրտցաւօրէն պայքարող, միշտ յառաջապահ գիծերու մէջ երևցող ազնուագոյն հայու մը հետ, որ «Յովակիմ» կը կոչուի և որուն ծանօթ չեմ: Ի՞նչն է, որ ձեզի մտածել կու տայ, թէ ես Յովակիմն եմ,- չեմ գիտեր. ա՛յս ալ, կը կարծեմ, ինչ որ չափով մը ու ձևով մը կ’առնչուի ձեր դաստիարակութեան կամ այդ դաստիարակութեան ընդմէջէն իւրացուած բարոյականի մը, որուն կոյր հետևորդներն ու զոհերն էք դուք: Այլ հարց, թէ մեծ հաճոյքով պիտի ուզէի ես ճանչնալ Յովակիմը ու սեղմել անոր ձեռքը, ինչպէս մեծագոյն հաճոյքով պիտի սեղմէի ձե՛ր ալ ձեռքերը, եթէ յարգէիք ձեր սեփական ինքնութիւնը, ցոյց տայիք ձեր դէմքերը և արտասանէիք ձեր անունները, որոնք...anonymous ու անտեսանելի են: Ափսո՜ս, որքան հաճելի պիտի ըլլար հանդիպիլ ձեր այնքան կրթուած, գիտակից ու լուսամիտ անձերուն. վկայ՝ ձեր ազնիւ դաստիարակութիւնը:
    Յուսամ, որ օրերը բան մը կը փոխեն և մենք կը հանդիպինք աւելի նպաստաւոր մթնոլորտի ու պայմաններու մէջ:
    Լաւագոյն մաղթանքներս՝
    Արմենակ Եղիայեան

    ReplyDelete