Jan 14, 2010

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՄԻՋԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ


Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը երէկ յայտարարեց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը: Դատարանի եզրակացութիւնը սակայն, ներառած է յստակ վերապահումներ, երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին արձանագրութիւններու հիման վրայ պայմանագիրներու կնքումի եւ այդ շրջագիծին մէջ քաղաքականութեան կիրարկման սահմանադրական սահմանափակումներ, որոնք կ՛ընդգծեն այս արձանագրութիւններուն մէջ թրքական մեկնաբանութեան վտանգները:

Նախ` այդ վերապահութիւններուն ամէնէն հիմնական բաժինները.

Ա.- Նշուած արձանագրութիւններով ստանձնուող փոխադարձ պարտաւորութիւնները` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներին համապատասխան, ունեն բացառապէս երկկողմանի միջպետական բնոյթ եւ չեն կարող վերաբերել ու տարաբնոյթ յղումներով վերագրուել որեւէ երրորդ կողմի:

Բ.- Յիշեալ արձանագրութիւններով ստանձնուող երկու յստակ պարտաւորութիւնները` «...հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ» եւ «...բացել ընդհանուր սահմանը», ունեն փոխպայմանաւորուած ելակէտային նշանակութիւն: Հետեւաբար, այդ արձանագրութիւններում ամրագրուած միւս բոլոր պարտաւորութիւնները միջազգային իրաւական ուժ կարող են ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիայի Հանրապետութեան միջեւ փաստացի սահմանի բաց լինելու եւ որոշակի դիւանագիտական յարաբերութիւնների առկայութեան դէպքում:

Գ.- Միջպետական յարաբերութիւններում չեն կարող մեկնաբանուել ու կիրառուել այնպէս, որը կը հակասի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախաբանի դրոյթներին եւ Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրի 11-րդ կէտի պահանջներին:

Առաջին կէտը յստակօրէն կը հաստատէ, որ ղարաբաղեան թղթածրարը կամ աւելի ճիշդը այս պարագային հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները որեւէ ձեւով չեն կրնար առնչուիլ այս արձանագրութիւններուն: Անոնք ունին բացառապէս երկկողմանի միջպետական բնոյթ: Երրորդ կողմի ակնարկութիւնը ուղղակի Ազրպէյճանին կը վերաբերի պարզագոյն տրամաբանութեամբ:

Երկրորդ կէտով ըսուածը այն է, որ այս արձանագրութիւններուն գործնական երկու բաժինները դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումն ու Հայաստանի ապաշրջափակումն են: Առանց այս երկուքի իրականացման, արձանագրութիւններով նշուած մնացեալ պարտաւորութիւնները պարզապէս գործադրելի չեն կրնար ըլլալ: Այս կը վերահաստատէ արդէն առանց նախապայմաններու միջպետական յարաբերութիւններու ձեռնարկման հայկական կողմի մօտեցումը:

Իսկ երրորդի պարագային, եթէ նախաբանի հիմնադրոյթները կրնան տարաբնոյթ մեկնաբանութեան տեղի տալ, ապա Անկախութեան հռչակագիրի 11-րդ կէտը, հետեւեալն է.-«Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:

Տակաւին շատ նիւթ պիտի հրապարակուի Սահմանադրական դատարանի որոշումը մեկնաբանող: Այս կէտերուն նշումը այս հանգրուանին բաւարար են հաստատելու, որ արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան համապատասխանութիւնը որոշելով հանդերձ, Սահմանադրական դատարանը իրաւական եզրաբանութիւններով կ՛արգելակէ թրքական նախապայմաններուն ընդառաջ հայկական կողմին որեւէ քայլ առնելը:

Արձանագրութիւններուն դէմ ծաւալած քաղաքական ընդդիմութեան բարձրաձայնած մտահոգութիւնները, որոնք կը վերաբերէին թրքական նախապայմաններուն` որոշ չափով տեղաւորուած են Սահմանադրական դատարանին հրապարակած վճիռին մէջ: Սահմանադրական դատարանը հանդէս եկած է Հայաստանի նախագահին ուղերձն ու արտաքին գործոց նախարարին ստորագրած փաստաթուղթերը համադրելով: Ձեւով մը ստորագրուածին եւ վերապահութիւններուն միջին բանաձեւումը կատարելով:

Ըստ պաշտօնական ընթացակարգին, արձանագրութիւններուն թղթածրարը, սահմանադրական համապատասխան վճիռով կը յղուի խորհրդարան: Քաղաքական պայքարը` արձանագրութիւններու վաւերացման դէմ, կը տեղափոխուի Ազգային ժողով:

Կ՛ուղղուինք դէպի հայկական եւ թրքական կողմերուն միջեւ սկսող վաւերացման պարանաձգութեան հանգրուան:

5 comments:

  1. Tadarani voroshoumin joghovertagan lezvin metch gessen "ne shish ne kebab"
    Nigol

    ReplyDelete
  2. Nigole gerevi anoti e.khempakraganne gartsane gesses vor vorochoume "hem shish hem kebab e".anoush ella...khorhertarann al oghin ge pere.kherakhdjanke comple gella
    Artine

    ReplyDelete
  3. Սահմանադրական դատարանը - իշխանութիւնները - լաւագոյն թուական չէր կրնար գտնել սա հարցը արծարծելու համար... յունուար 12, Հայաստանի ամանորեայ ԵՐԵՔ ՇԱԲԱԹ երկարող արձակուրդէն ետք, երբ ոչինչ կը բանէր (կարծես երկիրը արջաքունի մէջ էր), երեքշաբթի, քեպապներէն ու օղիներէն ետք սա որոշումին կը յանգի...

    Պ.

    ReplyDelete
  4. սահմանադրական դատարանի որոշումը շատ լաւ է։ Մարդիկը յստակ կը հաստատեն, որ արձանագրութիւնները Հայաստանի շահերուն կը նպաստեն։սահմանի բացում եւ դիաւանագիտական յարաբերութիւններուո հաստատում։ Ասոնցմէ դուրս որեւէ որոշում միջպետական համաձայնութիւն կ՛ուզէ եւ այդ համաձայնութիւնները պէտք չէ հակասեն Հայաստանի սահմանադրութեան։ Այսինքն՝ ցեղասպանութեանսատար կանգնելու որոշումէն դէմ որեւէ համաձայնութիւն պէտք չէ ստորագրեն.նոյնպէս նաեւ որեւէ փաստաթուղթ որ կարսի դաշշնագրին համազօր է։Վերջ։ Պռաւօ Գագիկ Յարութիւնեան եւ դատարանի անդամներ։
    Գէորգ

    ReplyDelete
  5. Հիմա կը մնայ, որ հայկական կողմերը քիչ մը վերջ տան ընդդիմութիւն խաղալու պերճանքին, հաւաքուին պետութեան շուրջ, աջակցին անոր և արտաքին աշխարհին ներկայանանք իբրև մէկ ումիակամ ճակատ: Այս է պատկառանք ազդելու ամենակարճ ճամբան:
    Ա.

    ReplyDelete