Jul 2, 2010

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԱԿՆԱՐԿ

Օպամա-Մետվետեւ-Սարքոզի հանթսվիլեան յայտարարութեան հայկական պաշտօնական մեկնաբանութիւնները կարեւոր են բանակցային կողմի ընկալումին մասին յստակ պատկերացումի փորձ կատարողին համար։ Յենինք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն վրայ։

Նախարար Նալբանդեան այսպէս կը բնութագրէր Հանթսվիլի յայտարարութիւնը. «Կարեւոր է, որ Քանատայում՝ «Մեծ ութնեակի» գագաթնաժողովի շրջանակներում արած յայտարարութեան մէջ վկայակոչելով Աքուիլայի 2009 թուականի յայտարարութեան կէտերը, մէկ անգամ եւս հաստատուել են այն դիրքորոշումները, որոնք Հայաստանն ընդունել է իբրեւ հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներ։ Դրանք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերջնական իրաւական կարգավիճակի մասին սկզբունքներ են, ինչը նշանակում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչում, անարգել կապ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ, անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ»։

Նախարար Նալբանդեան ուզած է տեսնել յայտարարութեան մէջ հայանպաստ սկզբունքներ։ Ի վերջոյ խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւնը նաեւ խօսած է «բռնագրաւուած» տարածքներու վերադարձի մասին, իբրեւ առաջին սկզբունք, ինչպէս նաեւ միջանկեալ կարգավիճակի եւ Հայաստանը Ղարաբաղին կապող շատ անորոշ միջանցքի մը մասին։ Այս սկզբունքներուն նկատմամբ մեկնաբանութիւններու շրջանցումը կամ զանոնք խնամքով անուշադրութեան մատնելը որեւէ բան չի փոխեր յայտարարութեան ներառուած ականային կէտերու վտանգաւորութենէն։

Կը վերադառնանք պաշտօնական Երեւանի կատարած մեկնաբանութեան։ Այժմ մէջբերենք Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կատարած մեկնաբանութիւնը։ Նկատի ունենանք նաեւ, որ պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հարցի լուծում բացառուած է առանց Ղարաբաղի համաձայնութեան։

Աշոտ Ղուլեանի մեկնաբանութեամբ՝ «բանակցային գործընթացի շարունակականութիւնը պահպանելու եւ խնդիրը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու իմաստով Մինսքի խմբի համանախագահ երկրների առաջնորդների Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներին արուած յորդորն դրական է: Կարծում եմ, որ յայտարարութեան մէջ տարածաշրջանային իրողութիւնները կարող էին աւելի առարկայօրէն արտացոլուել: Մասնաւորապէս, Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգների եւ Ֆրանսայի նախագահները հնարաւորութիւն ունէին անդրադառնալ ղարաբաղ-ազրպէյճանական զօրքերի շփման գծում վերջերս Ազրպէյճանի հրահրած սադրանքին ու շարունակուող ռազմատենչ հռետորաբանութեանը: Առհասարակ, փաստաթղթի բովանդակային ձեւակերպումների անորոշութիւնը, իսկ երբեմն էլ երկիմաստութիւնը, թւում է, նուազեցնում են գործնական քայլերի հաւանականութիւնը»։

Այստեղ նոյնիսկ դրական գնահատուած բաժինը պատասխան է Ազրպէյճանին։ Յայտարարութիւնը գերադասած է կարգաւորման խաղաղ ճանապարհը, որով մերժած՝ Ազրպէյճանի ռազմատենչութիւնը։ Արցախի Հանրապետութեան թիւ 2 դէմքը շարունակելով այս տրամաբանութիւնը քննադատած է յայտարարութեան բովանդակութիւնը, որ Ազրպէյճանի ռազմատենչութիւնն ու ռազմական գործողութիւնները դատապարտող բաժին չէ վերապահած։

Այս բաժինը ինքնին եթէ ներառուած ըլլար, խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր յայտարարութեան ամէնէն խոցելի կէտը՝ «բռնագրաւուած» տարածքներու վերադարձի պահանջը։ Ազատագրուած տարածքներ են անոնք, որոնք այսօր հայկական ուժերու վերահսկողութեամբ կþապահովեն ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Իսկ Ազրպէյճանը բազմիցս եւ հերթաբար իր ռազմատենչ հռետորութեամբ, հրադադարի խախտումներով թէ զինեալ յարձակումներով կը սպառնայ հայկական երկու պետութիւններու անվտանգութեան։ Աշոտ Ղուլեանի քննադատական թիրախը ըստ էութեան անընդունելի կը դարձնէ հանթսվիլեան յայտարարութեան առաջին կէտը։ Տակաւի՛ն, յստակօրէն կþընդգծուի երեք նախագահներուն կողմէ առաջադրուած սկզբունքներուն իրականացման անհաւանականութիւնը։ Տարբեր խօսքով՝ մերժելիութիւնը։

Չմոռնանք։ Առանց Ստեփանակերտի Երեւանը չի կրնար համաձայնիլ բանակցելի սկզբունքներուն։ Ընդ որում, ա՛յս հարցով Երեւանը պէտք չէ նաեւ դրական գնահատէ այն ինչ որ քննադատելի կը նկատէ Ստեփանակերտը։

«Ա.»

5 comments:

  1. AnonymousJuly 03, 2010

    mege gerna esel? vor Hayasdane hamatsaynoutyun devads e azadakrevads hoghere yed dalou te votch?Sevag

    ReplyDelete
  2. AnonymousJuly 03, 2010

    asang hartsoum hartsenel gasgazil e Hasyasdani ishkhanoutyunneroun.asge arach al nakhakah me adang paner esav doun ghergetsin.
    Kalousd

    ReplyDelete
  3. AnonymousJuly 03, 2010

    Yeghpayr hartsoum hartseneln al? arkilvads e.Pan me kidesne esse ches kider chem kider esse
    Sevag

    ReplyDelete
  4. AnonymousJuly 03, 2010

    Kidem vor hogh dalou hamatsayn chen.yete hamatsayn ellayin hartse verchatsads gellar.
    Kalousd

    ReplyDelete
  5. AnonymousJuly 05, 2010

    Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները, եւ նախկին իշխանութիւններուն մեծ մասը հաւանաբար, համաձայն են Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզէն (ԼՂԻՄ- 4400 Քառ. Քմ, մինչ այսօրուան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը մօտ 10700 Քառ. Քմ է) դուրս գտնուող ազատագրուած տարածքներու յանձնումին: Ասիկա շատ յստակ է թէ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն մէջ (օրինակ՝ Աղտամը հայկական հող չէ եղեր), եւ թէ Հայաստանի իշխանութիւններու համաձայնութեան՝ Մատրիտեան սկզբունքներուն, որոնք կը պահանջեն Ղարաբաղի (ԼՂԻՄ ըսել կ'ուզեն) շուրջ գտնուող (ազատագրուած) տարածքներու վերադարձ Ազրպէյճանին: Այն վայրկեանին որ Պաքու կը համաձայնի Արցախի անկախութեան կամ Հայաստանի միացման գաղափարին, սպասելի է որ Հայաստանի իշխանութիւնները OK տան այդ տարածքներու յանձնումին (յանձնումը ուղղակի Ազրպյէճանին կրնայ չըլլալ, այլ՝ միջազգային խաղաղապահ ուժերու): Խօսքը Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ գտնուող Քելբաչար (հայկական Քարվաճառ) շրջանին, Հայաստան-Իրան սահմանը ընդարձակող Զանգելան (հայկական Կովսական), ինչպէս նաեւ Ֆիզուլի (հայկական Վարանդա), Ջեբրայիլ (հայկական Ջրական), Ղուբադլի (հայկական Սանասար) շրջաններուն մասին է:

    Լեւոն

    ReplyDelete