Nov 24, 2009

ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՍՐԱՀԻ


Կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու, ՀՅԴ միջին արեւելեան կազմակերպական շրջաններու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցչութեան, լիբանանահայ պետական գործիչներու, «Փիւնիկ» հիմնադրամի ղեկավարներուն, Հիւսիսային Ամերիկայի ազգային իշխանութիւններու անդամներուն եւ գաղութին մէջ գործող յարանուանական, հասարակական ու միութենական կազմակերպութիւններու, պատասխանատուներու, արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու։



Բացման հանդիսութեան պաշտօնական արարողութենէն՝ ժապաւէնի հատումէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Գալեմքերեան, որ նշեց, թէ «Ազդակ»ը առանց իր որակէն զիջելու 82-ամեայ կորովով եւ միշտ երիտասարդական թափով շարունակեց ու կը շարունակէ իր ստանձնած առաքելութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ նորօրեայ զարգացումներով «Ազդակ»ի խօսքը երկվայրկեանական արագութեամբ կը ճեղքէ տեղական սահմանները եւ կը տարածուի աշխարհով մէկ՝ կենսական ու սնուցիչ կապ հաստատելով համայն հայութեան հետ։ Նարէ Գալեմքերեան հաստատեց, թէ նորակառոյց սրահին մէջ ծաւալելիք գործունէութեան արգասիքը մեծ ու արժէքաւոր պիտի ըլլայ եւ պիտի գայ համալրելու մեր մամուլի աշխատանքը։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ այս ծրագրին աջակցած ճարտարագէտ Հանրի Սիսլեանին, տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն, արուեստագէտ Արա Ազատին եւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին։



Ապա խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան։ Ան հաստատեց, թէ «Ազդակ» համոզուած է, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ համախմբուածութիւնը կը գօտեպնդէ մեզ, կը նպատակաուղղէ մեր աշխատանքները, կ'ընդլայնէ մեր մտահորիզոնը եւ կ'արդիւնաւորէ մեր հաւաքական ճիգերը։ Գանտահարեան աւելցուց, թէ «Փիւնիկ» սրահը կ'ընձեռէ այս առաջադրանքին լիարժէք ընդառաջ երթալու նկատառելի հնարաւորութիւններ։


Ան ըսաւ, թէ «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպուելիք քննարկումներուն կողք-կողքի պիտի ըլլան գաղութի, սփիւռքի եւ հայրենի լրատուադաշտի գործիչները, արուեստագէտ հասարակութիւնը եւ երիտասարդութիւնը՝ միասին քննարկելու համար բոլորին վերաբերող խնդիրները։ Շահան Գանտահարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին եւ անոր նախագահ տէր եւ տիկին Գափրիէլ եւ տոքթ. Անժել Չեմպերճեանին եւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Լեւոն Սարգսեանին։

Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ «Ազդակ»ի հիմնադիր՝ Հայկ Պալեանի «Ազդակ»ի հրատարակութեան ձեռնարկելէն առաջ լոյս կը տեսնէր եռօրեայ թերթ, որուն անունն էր «Փիւնիկ»։ Ան աւելցուց. «Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը՝ շուրջ 85 տարի ետք, «Ազդակ»ի նախահայր «Փիւնիկ»ը վերստին յարութիւն կ'առնէ մոխիրներէն եւ «Ազդակ»ի կողքին կը կանգնի յաղթական նոր սլացքներ եւ թռիչքներ ճախրելու վճռակամութեամբ»։
Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ ուրախալի տօնակատարութիւն մըն է այս հանդիսութիւնը, որ իրականացաւ շնորհիւ բարերարներու մեծ նուիրատուութեան։ Ան հաստատեց, թէ ինք համոզուած է, որ այս սրահը կը նպաստէ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ գործնականացման։ «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան խորհուրդին անունով շնորհաւորեց «Ազդակ» օրաթերթը՝ շեշտելով, թէ «Ազդակ»ը սփիւռքի մէջ երկար տարիներ ծառայած է հայապահպանման եւ սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ։ Ան մաղթեց, որ հնարաւորութիւններ ստեղծուին, որպէսզի «Ազդակ»ի տպագիր տարբերակը հասանելի ըլլայ նաեւ հայրենիքի հայութեան։ Լեւոն Սարգսեան յայտնեց իր համոզմունքը, որ Փիւնիկ սրահը առիթ պիտի ըլլայ քննարկելու Հայաստանի եւ սփիւռքի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան հաստատեց, թէ «Ազդակ» օրաթերթը վերջին տարիներուն իր գործունէութեամբ ու արհեստագիտական պայմանները լրացնելով դադրած է պարզ օրաթերթ մը ըլլալէ, եւ դարձած հաստատութիւն մը, ուր կ'արծարծուին հայութեան հետ առնչուած բոլոր հարցերը։ Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ «Ազդակ»ը մեր գաղութի հայելին է, որ մեր առօրեան կը ներկայացնէ եւ շրջանցած է բոլոր սահմանները։ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը շեշտեց, թէ «Ազդակ»ին նկատմամբ վստահութեան արդիւնք է այս առիթը, որ իրականացաւ շնորհիւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի գնահատելի ջանքերուն։


ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան խօսք առնելով, ըսաւ, թէ մամուլը հայ կեանքին հարազատ հայելին է, որ կը ներկայացնէ հայ կեանքի բոլոր իրադարձութիւնները եւ կը հունաւորէ ազգային քաղաքական ուղղուածութիւնը։ Ան յայտնեց, որ «Ազդակ»ը մինչեւ այսօր ունի քաղաքական մտածողութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան զարգացման դպրոցի դերակատարութիւն։

Մխիթարեան հաստատեց, թէ «Ազդակ»ը կը լուսաբանէ հայկական կեանքը, գաղութը՝ իր բոլոր հատուածներով եւ հայրենիքը՝ իր դժուարութիւններով ու նուաճումներով։Ան ըսաւ, թէ այսօր աշխատանքներուն ծիրը ընդլայնուած է եւ աւելցած են միջոցները, սակայն գաղափարականութիւնն ու ազգային առաջադրանքներուն նկատմամբ դաշնակցական հաւատարմութիւնը մնացած է միեւնոյնը։ Խօսքի աւարտին Յովիկ Մխիթարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին։

Nov 14, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԱՌԱՆՑ «ԳՐԵԹԷ»Ի

«Հայկական սփիւռքը Սերժ Սարգսեանի դէմ բողոքի ակցիաների ռեժիմից կարծես թէ վերադառնում է իր աւանդական, անշառ զբաղմունքին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրով թակել արտասահմանեան դռներն ու ճանաչում մուրալ»:
Այս հաստատումները հայրենի «Ժամանակ» ելեկտրոնային թերթին կը պատկանին։ Անստորագիր յօդուածի մը նախաբանը կը կազմեն։ Յօդուածին խորագիրն է «Սփիւռքը անապատացման ճանապարհին», կը կրէ չորեքշբաթի, 11 նոյեմբեր թուականը։ Գրութիւնը «Խմբագիրի սիւնակ»ը ենթաբաժանումին տակ տեղադրուած է։
Նախաբանէն պէտք է հետեւցնել, թէ յօդուածը ի՛նչ ուղղութեամբ զարգացած է։ Յօդուածին միտքերը տարբաղադրելով՝ հակափաստարկներ բերելը նպատակին ծառայելու միտումը չþարդիւնաւորեր։ Ընդհանրապէս ալ չէր արժեր անդրադառնալ հրապարակուած մտածումներուն, եթէ այս բոլոր «հանճարեղ» գաղափարները չկրէին խմբագիրին սիւնակին պաշտօնականութիւնը։ Այս կþենթադրէ, որ սփիւռքի նկատմամբ կատարուած գնահատականը ո՛չ թէ այս կամ այն յօդուածագիրին կամ աշխատակիցին անհատական տեսակէտն է, այլ՝ պաշտօնապէս թերթինը։ Իսկ թերթը ծանօթ է իբրեւ Հայ ազգային Քոնկրեսի խօսափողներէն մէկը։
Կ'արժէ անդրադառնալ ուրեմն։ Հայկական սփիւռքը այս գրութեան մէջ յայտնուած է «անշառ զամբիւղին» վերադարձ կատարող, արտասահմանեան դռներ թակող եւ ճանաչում մուրացողի կարգավիճակին մէջ։ Թէ ինչո՛ւ փորձ կը կատարուի աւանդական սփիւռքին այս դիմագիծը տալ, ատիկա, իր կարգին, աւելի խոր վերլուծման կարօտող նիւթ է։
Այստեղ առաջնային մտահոգութիւնը հետեւեալն է. Հայ ազգային քոնկրեսով գլխաւորուող հայրենի ընդդիմութիւնը մէկ կողմէ ներքաղաքական խոր անհանգստութիւն կþապրի՝ իր ենթահողը հետզհետէ զիջած տեսնելով յօգուտ կառուցողական ընդդիմութեան, միւս կողմէ գերխանդավառ ճիգի մէջ էր սփիւռքի բողոքի գործողութիւնները ծառայեցնելու իշխանատիրութեան իր քաղաքականութեան։
Ճիշդ այստեղ է, որ հարցը սուր բնոյթ կը ստանայ։ «Ժամանակ»ի ետին կանգնած ուժերը իրենք զիրենք համոզած էին, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ շղթայազերծուած բողոքի գործողութիւնները կրնան ծառայեցնել իրենց նպատակներուն, Հայաստանի պետութեան հեղինակութիւնը հարուածել՝ յաչս միջազգային հանրութեան կարծիքին եւ միջազգային ընտանիքին։ Սահմանազատումը՝ իշխանութեան քաղաքական ուղեգիծին ընդդիմանալու եւ պետական շահերը հարուածելու մօտեցումներուն միջեւ վաղուց ջնջուած էր հայրենի ապակառուցողական ընդդիմութեան համար։
Մինչդեռ, սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ կառուցողական ընդդիմադրութեան ամէնէն բուռն բողոքի ելոյթները թրքական նախապայմաններուն ընդառաջման դէմ գիտէին զատորոշել քաղաքական ընդդիմութիւնը իշխանութեան մրցապայքարներէն։ Ա՛յս է քաղաքական անհանգստութեան բուն պատճառը, որ կþերեւի «Ժամանակ»ի ելեկտրոնային էջերուն մէջ թէ անոր ետին կանգնած ուժերուն մօտ։ Անոնք հիասթափուած են փաստօրէն, որ բացառապէս իշխանատիրական մղումներէ առաջնորդուած ընդդիմութիւնը արագ կշռոյթներով հող կորսնցնելու գործընթացին մէջ է։
«Հայաստանի հզօրացմանը, ժողովրդավարական, տնտեսական բարեփոխումներին միտուած գործողութիւնների իրականացմանը ուղղուած 1000 տոլարը թերեւս շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կþունենայ հայութեան խնդիրների լուծման գործում, քան օրինակ` Ցեղասպանութեան ճանաչման նմանօրինակ ակցիաների համար ծախսուած 10,000, 100,000 կամ 1 միլիոն տոլարը: Բայց աւաղ, սփիւռքն առայժմ շարունակում է կառչած մնալ աւանդոյթին: Ի՞նչն է պատճառը` թերեւս դժուար է միանգամից ասել, քանի որ գործ ունենք բաւական լայն եւ բազմաշերտ մի հարթութեան հետ, որ կոչւում է աշխարհասփիւռ հայութիւն, բայց որ այդ առայժմ ոչ յայտնի կամ ոչ լիովին ուրուագծուած պատճառի հետեւանքով այդ բազմաշերտ հարթութիւնը, չնայած ունեցած հսկայական բարոյաքաղաքական եւ ֆինանսատնտեսական ռեսուրսներին, իրականում գտնւում է լիակատար անապատացման ճանապարհին` գրեթէ անկասկած է»:
Թէեւ «Ժամանակ»ի խմբագիրը կը խօսի այսօրուան սփիւռքին բազմաշերտ ըլլալու հանգամանքներուն մասին, սակայն իր նախաբանն ու եզրայանգումը իրարու կը հակասեն։ Նախաբանին մէջ կը խօսուի իր աւանդութիւններուն վերադարձ կատարող հայկական ամբողջական սփիւռքին մասին, մինչդեռ եզրակացութիւնը՝ բոլորովին տարբեր տեսակի սփիւռքի։ Ըստ «Ժամանակ»ի, սփիւռքի բազմաշերտ հարթութիւնը անապատացման ճամբուն վրայ է։
Գաղափարախօսական անապատացում մը կը նկատուի «Ժամանակ»ի ելեկտրոնային էջերուն մէջ։ Կարենալ խորհրդածելու համար, որ եթէ իսկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման սատար կանգնելու որոշումը մեր երկրի անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած է, եւ եթէ իրօք Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը շարունակէ մաս կազմել մեր պետութեան արտաքին քաղաքական ուղեգիծի առաջնային օրակարգին, ուրեմն սփիւռքեան կազմակերպութիւններու բարոյաքաղաքական եւ ֆինանսատնտեսական ներուժի լիարժէք օգտագործումը յօգուտ Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին՝ միայն կը հզօրացնէ Հայաստանի պետութիւնը։
Սխալեցանք գաղափարախօսական անապատացում նկատելով։ «Ժամանակ»ին եւ ժամանակականներուն համար ազգային գաղափարախօսութիւնը քաղաքական կեղծ քաթեկորիա էր ի սկզբանէ։ Անկասկա՛ծ, առանց «գրեթէ»ի։

Nov 11, 2009

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԿՏՐԱԿԱՆԱՊԷՍ ՄԵՐԺԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ



ՏԵՍԱԿԷՏ


Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն հրապարակումէն, եւ նոյնիսկ անկէ առաջ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման այսպէս կոչուած “ճամբու քարտէս”ին մասին յայտարարութենէն ետք արձանագրուած իրադարձութիւններուն հետեւողը շատ յստակօրէն կրնայ նկատել, որ այս գործընթացը իր տեղէն չշարժեցաւ առանց մանաւանդ արեւմտեան որոշումի կեդրոններուն բանեցուցած ճնշումին:


Այս իրականութիւնը դուռը բաւական լայն կը բանայ մտածելու եւ մտորելու այս արձանագրութիւններուն եւ ներկայ ամբողջ գործընթացին նկատմամբ հայութեան որդեգրելիք կեցուածքին մասին:


Մեր կարծիքով, արդէն իսկ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ հարցը երբեք պէտք չէ փնտռել գոյութիւն ունեցող յստակ նախապայմաններուն մէջ: Անոնք պարզապէս աղ-պղպեղ են եւ յաւելեալ պատճառ՝ արձանագրութիւնները եղածին պէս մերժելու: Հարցը պէտք չէ փնտռել այն կէտին մէջ, որ երկու երկիրները կը ճանչնան իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող ներկայ սահմանները, ինչ որ իրողականօրէն կը նշանակէ Կարսի համաձայնագիրի ընդունումը: Հարցը պէտք չէ փնտռել այն կէտին մէջ, որ արձանագրութիւնները կը նախատեսեն պատմական հարթութեան ենթայանձնախումբ մը, որուն անդամ հայ, թուրք եւ միջազգային մասնագէտները պիտի ուսումնասիրեն պատմական արխիւները, ինչ որ կրնայ պատճառ հանդիսանալ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ առնելու: Հարցը երբեք պէտք չէ փնտռել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող այն քողարկուած նախապայմանին մէջ, որուն մասին օր չ’անցնիր, որ թուրք բարձրաստիճան քաղաքական պաշտօնատարները չխօսին: Եթէ նոյնիսկ այս արձանագրութիւնները իրօք ըլլային առանց նախապայմանի, մեր անձնական կարծիքով, հայութիւնը պէտք էր կտրուկ մերժէր զանոնք: Հարցը աւելի խորքային է:


Արդի Հայաստանին պէտք չէ նայիլ իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէկ անկիւնը ծուարած երկիրի: Աշխարհագրականօրէն այդպէս է, բայց իրականութեան մէջ՝ ոչ: Թէ° արդի Հայաստանը եւ թէ° Հայաստանի բռնագրաւեալ հողերը Թուրքիոյ կողմէ անմիջական եւ բազմաթիւ կապերով առնչուած են միջինարեւելեան միջավայրին հետ: Հայկական հարցը ի°նք, ներկայիս մարմնաւորուած Հայ դատի հասկացողութեամբ, պատմականօրէն անքակտելի մէկ մասը եղած է Արեւելեան հարցին, որ տարբեր դրսեւորումներով կը շարունակէ անլոյծ մնալ: Ուստի հայութեան ու Հայաստանի ճակատագիրը կարելի չէ անջատել Միջին Արեւելքի շրջանի ճակատագիրէն եւ այդ շրջանին վերաբերեալ մեծ պետութիւններու կամ ինչ-ինչ յայտնի թէ գաղտնի միջազգային կազմակերպութիւններու մշակած ծրագիրներէն:


Ուղղակի անցնինք նիւթին: Խօսքը կը վերաբերի Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրին: Մեր կարծիքով, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները այնպէս, ինչպէս պարտադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու ճնշումներով, այդ ծրագիրի՝ Միջին Արեւելքի վերաձեւաւորման ծրագիրի ենթախորագիրներէն մէկուն մաս կը կազմեն:


Մեծ ծրագիրը կը բաղկանայ ենթածրագիրներէ: Անոնցմէ մէկը (եւ ներկայիս՝ առաջնահերթը) շատ յաջող կերպով կ’իրագործուի Իրաքի մէջ: Ուրիշ մը իրագործելու փորձ կատարուեցաւ 2006 թուականի յուլիսին՝ Լիբանանի մէջ, բայց շնորհիւ լիբանանեան Ազգային դիմադրութեան, այդ փորձը չարաչար ձախողեցաւ: Հիմա, աւելի ընդարձակ շրջագիծի մէջ, փորձեր կը կիրարկուին նաեւ Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եմէնի մէջ (նկատի ունինք վերջին դէպքերը՝ հուսիներու ըմբոստութեան հետ առնչուած):


2006-ի յուլիսեան պատերազմի գագաթնակէտին էր, երբ յանկարծ Թել Աւիւի մէջ յայտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու այն ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար Քոնտոլիզա Ռայսը եւ առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ՝ “ներկայիս կը կերտուի Նոր Միջին Արեւելքը”: Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, նոյն թուականին, ամերիկեան բանակի “Արմտ ֆորս ժըռնըլ” թերթին մէջ, հանգստեան կոչուած բարձրաստիճան սպայ եւ նոր-պահպանողական քաղաքագէտ Ռալֆ Փիթըրզ հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ կոչ կ’ուղղուէր վերագծելու Միջին Արեւելքի երկիրներուն սահմանները: Ռալֆ Փիթըրզ նախ եւ առաջ կոչ ուղղեց բաժնելու Իրաքը երեք մասերու՝ համայնքային եւ ազգային հիման վրայ: Այս տեսաբանը չխրտչեցաւ կատարել էապէս ցնցիչ յայտարարութիւն մը, որ սահմաններու վերագծումը յաճախ միայն տեղի կ’ունենայ պատերազմով եւ բռնութեամբ, ներառեալ՝ ցեղային մաքրագործումներով:


Ընդգծելով վերջին միտքը՝ վերադառնանք Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն: Կամ ալ՝ եկէք այսպէս բանաձեւենք հարցումը. ի՞նչ բան կը նախատեսէ Ռալֆ Փիթըրզի ծրագիրը՝ Հայաստանի եւ հայութեան համար: Կամայ թէ ակամայ նոյն ծրագիրին գործադրութեան միտող Արեւմուտքին պարտադրած այս արձանագրութիւնները բացէ ի բաց կը թելադրեն, որ Թուրքիա եւ Հայաստան վերջնականօրէն թող ճանչնան ներկայիս գոյութիւն ունեցող իրենց սահմանները: Ասիկա արդէն ենթածրագիրին առաջին հանգրուանն է: Հոս առաջին մեծ հատուածը կը հասցուի հայ ազգային պայքարին, որ հիմնուած է, իրաւականօրէն, Սեւրի դաշնագիրին վրայ: Բայց այս ենթածրագիրին յաջորդ հանգրուանները աւելի աղէտալի են: Ըստ Փիթըրզի ծրագիրին, այդ հանգրուանները կ’ենթադրեն ամբողջ շրջանի տարբաղադրում՝ այնպիսի ձեւով մը, որ չորս երկիրներու աւերակներուն վրայ ստեղծուի Քիւրտիստան մը, որ աւելի°ն է, քան ինչ որ կրնային երազել ամէնէն ծայրայեղ քիւրտ ազգայնականներն անգամ: Այս Քիւրտիստանը ոտքի պիտի կանգնի Արեւմտահայաստանի հողերուն մեծամասնութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ելք պիտի ունենայ Սեւ ծովուն վրայ:Եւ որովհետեւ այս ծրագիրէն ամէնէն շահաւորը Իսրայէլը պիտի ըլլայ (անիկա պիտի կծկուի նախքան 1967 թուականը իր ունեցած սահմաններուն մէջ եւ բաժան-բաժան եղած շրջանին մէջ պիտի վայելէ ամէնէն ապահով կացութիւնը), ուստի նոր ստեղծուելիք Մեծն Քիւրտիստանն ալ պիտի կատարէ անոր պահակի դերը:


Այս միջոցին ծրագիրի վերակացուները կու գան եւ կ’ըսեն. “Հայե°ր, դուք՝ իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ, մոռցէք այլեւս հատուցման հարցը: Ձեզի պարզապէս պզտիկ բարոյական ժեսթ մը կրնանք ընել՝ գացէք եւ բաւարարուեցէք Արարատ լեռով ու անոր շրջակայքով”: Իսկ Ղարաբա՞ղը: Անոր մասին խօսք անգամ չկայ Ռալֆ Փիթըրզի առաջարկած քարտէսին եւ ծրագիրին մէջ:


Իսկ եթէ իրօք այս ծրագիրը իրականացուի ցեղային մաքրագործումով եւ հայութեան չցանկացած ձեւով, այն ժամանակ պէտք է ակնկալենք, որ երկրորդ եղեռն մը մօտալուտ է: Եւ ասիկա աւելի վտանգաւոր է, քան՝ մէկ-երկու նախապայմաններու գոյութիւնը: Ասիկա երեւակայածին ծրագիր մը չէ: Գիշեր-ցերեկ մարդիկ կը մտածեն՝ ինչպէ°ս գործադրել զայն:


Ահա թէ ինչո՞ւ կտրուկ կերպով պէտք է մերժենք այս արձանագրութիւնները: Դարձեալ կ’ըսենք՝ անոնց ետին կայ հայութիւնը երկրորդ անգամ ցեղասպանութեան ենթարկելու սպառնալիքը: Ամերիկացիին կամ եւրոպացիին հոգն ալ պիտի չըլլայ այդպիսի պարագայ մը: Պատմութեան մէջ հոգը չէ եղած արդէն: Այդ արեւմուտքցիին ըսէ միայն “Նապուքօ” եւ քարիւղ: Մեր ըսածներուն վկաները Իրաքի քրիստոնեաներն են...Ամէն գնով պէտք է ձախողեցնել այս դաւադրութիւնը, որ իր մէջ կը կրէ Հայոց երկրորդ ցեղասպանութեան մը ծրագիրին սերմերը: Ասիկա ընելու համար անհրաժեշտ է ժողովրդային դիմադրութիւն եւ շարժում: Շարժում մը, որ չդադրի այս արձանագրութիւններուն վաւերացումով, դիմադրութիւն մը, որ ըլլայ յարատեւ:

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Nov 5, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ


Կարեւոր է նախագահ Սարգսեանին Քուէյթի մէջ կատարած յայտարարութիւնը։ Ազրպէյճան շահարկելով կրօնական գործօնը՝ իսլամական վեհաժողովներուն յաջողած է ապակողմնորոշել իսլամական աշխարհի կարծիքը արցախեան հիմնահարցին նկատմամբ։ Իսկ այս կարծիքի ձեւաւորման նպաստած է ղարաբաղեան հարցին մասին իսլամական աշխարհին ոչ բաւարար տեղեկացուածութիւնը։ Ա՛յս է յայտարարութեան միտք բանին։

Ի հարկէ նշանակութիւն ունի նման յայտարարութեան միջավայրը։ Նախագահը այս յայտարարութիւնը կը կատարէ արաբ-իսլամական աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն մէջ եւ այդ առումով պատգամը հասանելի կը դարձնէ ուղղակի հասցէներուն։

Քուէյթի այցելութիւնը քանի մը տեսանկիւնէ օգտաշատ կարելի է նկատել։ Նախ այն առումով, որ համաարաբական տեսակէտէ կարեւորագոյն կեդրոնի հետ միջպետական յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ առհասարակ հայ-արաբ յարաբերութիւններու զարգացման նպաստող նկատառելի քայլ է, ապա՝ առեւտրական-տնտեսական ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան առաւելներ ապահովելու նախադրեալներ կը պարփակէ։
Առիթը, ինչպէս օրինաչափ է այլ երկիրներ այցելութեան պարագաներուն, օգտագործուած է նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ամէնէն հրատապ եւ առաջնային կարեւորութիւն ներկայացնող թեմաներու շուրջ խորհրդակցելու։

Այս բոլորին մէջ ամէնէն դիտարկելին սակայն վերը նշուած քաղաքական յայտարարութիւնն է։ Շրջանային իրադրութիւններուն հետեւողները գաղափար մը կազմած են արդէն ազրպէյճանական քարոզչաքաղաքական գերաշխուժ իրավիճակին մասին։ Քաղաքական հանդիպումներուն թէ արաբական եւ այս պարագային՝ քուէյթեան լրատուադաշտին մէջ քիչ չեն ազրպէյճանական յարձակողապաշտ հրապարակումները, Ազրպէյճանի համար աւանդութիւն դարձած ապատեղեկատուութեան օրինակները։
Հայկական կողմի ոչ պաշտօնական հակազդեցութիւնները պարագայական են եւ ոչ համարժէք։ Հարցը անշուշտ միայն քուէյթեան լրատուադաշտին չի վերաբերիր։ Նոյն երեւոյթները կը տարածուին Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ հաստատուած արաբական-շրջանային լրատու գործակալութիւններուն վրայ եւս։

Լրատուադաշտը սակայն եթէ մէկ կողմէ ի՛ր նախաձեռնութեամբ կարծիք ապակողմնորոշելու կը ծառայէ, միւս կողմէ քաղաքական հաստատութիւններու կիրարկած ապատեղեկատուութեան հարազատ արտացոլացումը կ'ապահովէ։ Իսլամական խորհրդաժողովը Ազրպէյճանի համար ընտրուած է ամէնէն ազդեցիկ եւ ամէնէն յարմար միջավայրերէն մէկը նման քարոզչաքաղաքական յարձակողապաշտ գործողութիւններ իրականացնելու։

Հայկական գործօնը լրիւ բացակայ է այդտեղ։ Ամէնէն հակահայ բանաձեւերը, որոնք բացարձակ հեզասահութեամբ կը քուէարկուին, եթէ անգամ պարագայական ընդդիմութիւններու հանդիպին, ապա անոնք ձեռնպահութեամբ կը մարմնաւորուին կամ իսլամական երկիրներու միջպետական յարաբերակցութիւններու հիման վրայ իրենց դրսեւորումները կը գտնեն։ Ըսել կ'ուզուի, որ հարցին նկատմամբ կը տիրէ լայնածիր անտարբերութիւն կամ անտեղեակութիւն։
Նախագահին յայտարարութեան մէջ քննադատական բաժինը խորքին մէջ ուղղուած է երեք կողմի։ Գէթ այդպէս պէտք է ընկալել։ Առաջինը ի հարկէ հանրային կարծիքը ապակողմնորոշող եւ կրօնական գործօնը շահարկող Ազրպէյճանն է։
Երկրորդ քննադատուողը ապակողմնորոշուող եւ շահարկուող իսլամական երկիրներն են. իսկ երրորդը՝ այս բոլորին դիմաց ձեռնածալ մնացած հայկական կողմը։ Եւ նախ եւ առաջ պաշտօնական Երեւանը կամ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ համապատասխան եւ համարժէք քայլերու չէ ձեռնարկած այս ամբողջ ապակողմնորոշման արշաւին դիմաց։ Հայկական կողմին պէտք է ներառել հայկական հասարակական կազմակերպութիւններ եւս , որոնք իրենց հերթին այս ուղղութեամբ ոչ միայն հերքելու կամ հակազդելու աշխատանք ունին, այլ նաեւ նախաձեռնելու։

Ապակողմնորոշողին եւ ապակողմնորոշուողին դիմաց կողմնորոշող պէտք է։ Նախ եւ առաջ պետութիւնը եւ ապա հասարակական կազմակերպութիւնները։ Գործի արդիւնաւէտութեան համար երկուքը միասին՝ համակարգաւորուած, արհեստավարժ աշխատանքով։