Nov 5, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ


Կարեւոր է նախագահ Սարգսեանին Քուէյթի մէջ կատարած յայտարարութիւնը։ Ազրպէյճան շահարկելով կրօնական գործօնը՝ իսլամական վեհաժողովներուն յաջողած է ապակողմնորոշել իսլամական աշխարհի կարծիքը արցախեան հիմնահարցին նկատմամբ։ Իսկ այս կարծիքի ձեւաւորման նպաստած է ղարաբաղեան հարցին մասին իսլամական աշխարհին ոչ բաւարար տեղեկացուածութիւնը։ Ա՛յս է յայտարարութեան միտք բանին։

Ի հարկէ նշանակութիւն ունի նման յայտարարութեան միջավայրը։ Նախագահը այս յայտարարութիւնը կը կատարէ արաբ-իսլամական աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն մէջ եւ այդ առումով պատգամը հասանելի կը դարձնէ ուղղակի հասցէներուն։

Քուէյթի այցելութիւնը քանի մը տեսանկիւնէ օգտաշատ կարելի է նկատել։ Նախ այն առումով, որ համաարաբական տեսակէտէ կարեւորագոյն կեդրոնի հետ միջպետական յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ առհասարակ հայ-արաբ յարաբերութիւններու զարգացման նպաստող նկատառելի քայլ է, ապա՝ առեւտրական-տնտեսական ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան առաւելներ ապահովելու նախադրեալներ կը պարփակէ։
Առիթը, ինչպէս օրինաչափ է այլ երկիրներ այցելութեան պարագաներուն, օգտագործուած է նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ամէնէն հրատապ եւ առաջնային կարեւորութիւն ներկայացնող թեմաներու շուրջ խորհրդակցելու։

Այս բոլորին մէջ ամէնէն դիտարկելին սակայն վերը նշուած քաղաքական յայտարարութիւնն է։ Շրջանային իրադրութիւններուն հետեւողները գաղափար մը կազմած են արդէն ազրպէյճանական քարոզչաքաղաքական գերաշխուժ իրավիճակին մասին։ Քաղաքական հանդիպումներուն թէ արաբական եւ այս պարագային՝ քուէյթեան լրատուադաշտին մէջ քիչ չեն ազրպէյճանական յարձակողապաշտ հրապարակումները, Ազրպէյճանի համար աւանդութիւն դարձած ապատեղեկատուութեան օրինակները։
Հայկական կողմի ոչ պաշտօնական հակազդեցութիւնները պարագայական են եւ ոչ համարժէք։ Հարցը անշուշտ միայն քուէյթեան լրատուադաշտին չի վերաբերիր։ Նոյն երեւոյթները կը տարածուին Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ հաստատուած արաբական-շրջանային լրատու գործակալութիւններուն վրայ եւս։

Լրատուադաշտը սակայն եթէ մէկ կողմէ ի՛ր նախաձեռնութեամբ կարծիք ապակողմնորոշելու կը ծառայէ, միւս կողմէ քաղաքական հաստատութիւններու կիրարկած ապատեղեկատուութեան հարազատ արտացոլացումը կ'ապահովէ։ Իսլամական խորհրդաժողովը Ազրպէյճանի համար ընտրուած է ամէնէն ազդեցիկ եւ ամէնէն յարմար միջավայրերէն մէկը նման քարոզչաքաղաքական յարձակողապաշտ գործողութիւններ իրականացնելու։

Հայկական գործօնը լրիւ բացակայ է այդտեղ։ Ամէնէն հակահայ բանաձեւերը, որոնք բացարձակ հեզասահութեամբ կը քուէարկուին, եթէ անգամ պարագայական ընդդիմութիւններու հանդիպին, ապա անոնք ձեռնպահութեամբ կը մարմնաւորուին կամ իսլամական երկիրներու միջպետական յարաբերակցութիւններու հիման վրայ իրենց դրսեւորումները կը գտնեն։ Ըսել կ'ուզուի, որ հարցին նկատմամբ կը տիրէ լայնածիր անտարբերութիւն կամ անտեղեակութիւն։
Նախագահին յայտարարութեան մէջ քննադատական բաժինը խորքին մէջ ուղղուած է երեք կողմի։ Գէթ այդպէս պէտք է ընկալել։ Առաջինը ի հարկէ հանրային կարծիքը ապակողմնորոշող եւ կրօնական գործօնը շահարկող Ազրպէյճանն է։
Երկրորդ քննադատուողը ապակողմնորոշուող եւ շահարկուող իսլամական երկիրներն են. իսկ երրորդը՝ այս բոլորին դիմաց ձեռնածալ մնացած հայկական կողմը։ Եւ նախ եւ առաջ պաշտօնական Երեւանը կամ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ համապատասխան եւ համարժէք քայլերու չէ ձեռնարկած այս ամբողջ ապակողմնորոշման արշաւին դիմաց։ Հայկական կողմին պէտք է ներառել հայկական հասարակական կազմակերպութիւններ եւս , որոնք իրենց հերթին այս ուղղութեամբ ոչ միայն հերքելու կամ հակազդելու աշխատանք ունին, այլ նաեւ նախաձեռնելու։

Ապակողմնորոշողին եւ ապակողմնորոշուողին դիմաց կողմնորոշող պէտք է։ Նախ եւ առաջ պետութիւնը եւ ապա հասարակական կազմակերպութիւնները։ Գործի արդիւնաւէտութեան համար երկուքը միասին՝ համակարգաւորուած, արհեստավարժ աշխատանքով։

3 comments:

  1. kennatadoutyune 1 goghmi oughavds e.hayasdani ardakin kordsots nakhararoutian vor ays polorin timats pan me tche erads dagavin.ayndeghi tesbanadounn al intch ashkhadank ge dani haydni tche.
    Karnig

    ReplyDelete
  2. Ով ինչ կ'ընէ յայտնի չէ... սկիզբէն Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն հետեւողի դիրքի մէջ էին ու տակաւին են... ոչ կը հերքեն, ոչ կը նախաձեռնեն, ոչ կը յայտարարեն... կը շրջագային, կը նկարուին ու ...կը ստորագրեն միայն...

    Ք. Պ.

    ReplyDelete
  3. Հայաստանի իշխանութիւնները ճիշդ կը շարժին։ Լուսանկարուէն զատ կ՛աշխատին սահմանը բանալ, առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ ստեղծել Թուրքիոյ հետ։Եթէ վաղը օրէնքով ալ արգլիեն որ ոեւէ հայ չի կրնար մերժել կամ քննարկել հայկական ցեղասպանութիւնը ի՞նչ կ՛ուզէք դեռ։ Թուրքիոյ սահմաններու ճանաչումը.արդէն քանի մը անգամ ճանչցած է Հայաստանը։
    Ս.Լ.

    ReplyDelete