Nov 24, 2009

ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՍՐԱՀԻ


Կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու, ՀՅԴ միջին արեւելեան կազմակերպական շրջաններու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցչութեան, լիբանանահայ պետական գործիչներու, «Փիւնիկ» հիմնադրամի ղեկավարներուն, Հիւսիսային Ամերիկայի ազգային իշխանութիւններու անդամներուն եւ գաղութին մէջ գործող յարանուանական, հասարակական ու միութենական կազմակերպութիւններու, պատասխանատուներու, արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու։



Բացման հանդիսութեան պաշտօնական արարողութենէն՝ ժապաւէնի հատումէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Գալեմքերեան, որ նշեց, թէ «Ազդակ»ը առանց իր որակէն զիջելու 82-ամեայ կորովով եւ միշտ երիտասարդական թափով շարունակեց ու կը շարունակէ իր ստանձնած առաքելութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ նորօրեայ զարգացումներով «Ազդակ»ի խօսքը երկվայրկեանական արագութեամբ կը ճեղքէ տեղական սահմանները եւ կը տարածուի աշխարհով մէկ՝ կենսական ու սնուցիչ կապ հաստատելով համայն հայութեան հետ։ Նարէ Գալեմքերեան հաստատեց, թէ նորակառոյց սրահին մէջ ծաւալելիք գործունէութեան արգասիքը մեծ ու արժէքաւոր պիտի ըլլայ եւ պիտի գայ համալրելու մեր մամուլի աշխատանքը։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ այս ծրագրին աջակցած ճարտարագէտ Հանրի Սիսլեանին, տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն, արուեստագէտ Արա Ազատին եւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին։



Ապա խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան։ Ան հաստատեց, թէ «Ազդակ» համոզուած է, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ համախմբուածութիւնը կը գօտեպնդէ մեզ, կը նպատակաուղղէ մեր աշխատանքները, կ'ընդլայնէ մեր մտահորիզոնը եւ կ'արդիւնաւորէ մեր հաւաքական ճիգերը։ Գանտահարեան աւելցուց, թէ «Փիւնիկ» սրահը կ'ընձեռէ այս առաջադրանքին լիարժէք ընդառաջ երթալու նկատառելի հնարաւորութիւններ։


Ան ըսաւ, թէ «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպուելիք քննարկումներուն կողք-կողքի պիտի ըլլան գաղութի, սփիւռքի եւ հայրենի լրատուադաշտի գործիչները, արուեստագէտ հասարակութիւնը եւ երիտասարդութիւնը՝ միասին քննարկելու համար բոլորին վերաբերող խնդիրները։ Շահան Գանտահարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին եւ անոր նախագահ տէր եւ տիկին Գափրիէլ եւ տոքթ. Անժել Չեմպերճեանին եւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Լեւոն Սարգսեանին։

Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ «Ազդակ»ի հիմնադիր՝ Հայկ Պալեանի «Ազդակ»ի հրատարակութեան ձեռնարկելէն առաջ լոյս կը տեսնէր եռօրեայ թերթ, որուն անունն էր «Փիւնիկ»։ Ան աւելցուց. «Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը՝ շուրջ 85 տարի ետք, «Ազդակ»ի նախահայր «Փիւնիկ»ը վերստին յարութիւն կ'առնէ մոխիրներէն եւ «Ազդակ»ի կողքին կը կանգնի յաղթական նոր սլացքներ եւ թռիչքներ ճախրելու վճռակամութեամբ»։
Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ ուրախալի տօնակատարութիւն մըն է այս հանդիսութիւնը, որ իրականացաւ շնորհիւ բարերարներու մեծ նուիրատուութեան։ Ան հաստատեց, թէ ինք համոզուած է, որ այս սրահը կը նպաստէ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ գործնականացման։ «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան խորհուրդին անունով շնորհաւորեց «Ազդակ» օրաթերթը՝ շեշտելով, թէ «Ազդակ»ը սփիւռքի մէջ երկար տարիներ ծառայած է հայապահպանման եւ սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ։ Ան մաղթեց, որ հնարաւորութիւններ ստեղծուին, որպէսզի «Ազդակ»ի տպագիր տարբերակը հասանելի ըլլայ նաեւ հայրենիքի հայութեան։ Լեւոն Սարգսեան յայտնեց իր համոզմունքը, որ Փիւնիկ սրահը առիթ պիտի ըլլայ քննարկելու Հայաստանի եւ սփիւռքի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան հաստատեց, թէ «Ազդակ» օրաթերթը վերջին տարիներուն իր գործունէութեամբ ու արհեստագիտական պայմանները լրացնելով դադրած է պարզ օրաթերթ մը ըլլալէ, եւ դարձած հաստատութիւն մը, ուր կ'արծարծուին հայութեան հետ առնչուած բոլոր հարցերը։ Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ «Ազդակ»ը մեր գաղութի հայելին է, որ մեր առօրեան կը ներկայացնէ եւ շրջանցած է բոլոր սահմանները։ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը շեշտեց, թէ «Ազդակ»ին նկատմամբ վստահութեան արդիւնք է այս առիթը, որ իրականացաւ շնորհիւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի գնահատելի ջանքերուն։


ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան խօսք առնելով, ըսաւ, թէ մամուլը հայ կեանքին հարազատ հայելին է, որ կը ներկայացնէ հայ կեանքի բոլոր իրադարձութիւնները եւ կը հունաւորէ ազգային քաղաքական ուղղուածութիւնը։ Ան յայտնեց, որ «Ազդակ»ը մինչեւ այսօր ունի քաղաքական մտածողութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան զարգացման դպրոցի դերակատարութիւն։

Մխիթարեան հաստատեց, թէ «Ազդակ»ը կը լուսաբանէ հայկական կեանքը, գաղութը՝ իր բոլոր հատուածներով եւ հայրենիքը՝ իր դժուարութիւններով ու նուաճումներով։Ան ըսաւ, թէ այսօր աշխատանքներուն ծիրը ընդլայնուած է եւ աւելցած են միջոցները, սակայն գաղափարականութիւնն ու ազգային առաջադրանքներուն նկատմամբ դաշնակցական հաւատարմութիւնը մնացած է միեւնոյնը։ Խօսքի աւարտին Յովիկ Մխիթարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին։

28 comments:

  1. ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԸԼԼԱՅ ԱԶԴԱԿԻՆ, ՆՈՐԱՆՈՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ ԿԵՑՑԷ՛Ք...

    Պ.Ք.

    ReplyDelete
  2. Շնորհաւոր Ըլլայ:

    ReplyDelete
  3. Սրտագին շնորհաւորութիւն ու մաղթանք, որ սրահը ոչ միայն նիւթեղէն արժէքներով, այլ մարդուն միտքը աշխատցնող զրոյցներու եւ վէճերու արձագանգով լեցուի։
    Յովհաննէս

    ReplyDelete
  4. KASPARIAN MarseilleNovember 26, 2009

    cherm chnorhavorankners AZTAG-in yev hachoghoutioun antsnagazmin...

    ReplyDelete
  5. Սրահին բացումը շնորհաւոր ըլլայ։ Շատ աւելի կարեւոր է, սակայն, անսխալ հայերէնով թերթ հրատարակելը։ Այդ մասին պէտք է մտածել, ոչ անպայման մեծ եւ լուսաւոր սրահներու գիրկը գինովցած, այլ մութ անկիւններու մէջ, տեսիլք եւ հաւատք աճեցնելով, ոչ` դրամ եւ տգիտութիւն։
    Հակառակ ամէն բանի` դարձեալ շնորհաւորութիւն։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  6. "հզօր ձեւով" - պէտք է ըլլայ` հզօրապէս։
    "խոհեմ ձեւով զանազանել" - պէտք է ըլլայ` խոհեմաբար։

    Այս երկու օրինակները վերցուած են ԱԶԴԱԿի այսօրուան խմբագրականէն։
    Եթէ հայերէնի գործածութիւնը օր առ օր հայ մամուլի էջերուն դէպի լաւը պիտի չդիմէ, հազար սրահ ալ կառուցուի, հայերէնի լեզուազգացողութիւը յառաջդիմութիւն պիտի չարձանագրէ։
    Յովակիմ

    ReplyDelete
  7. Khentrem Hovagim hadjis esse te vor? aghpure ge hasdade te kou essadset djisht e.
    Nigol

    ReplyDelete
  8. Ayn aghpyure, vor "hayeren lezou" yev "hayereni haradev entertzoum" ge gotchvi miajamanag! Yete touk lezvazkatzoghoutyoun chounik, mi arkilek, vor ourishner irentz ezkatzoume ardahayden. Entertzoum gadaretzek, ayn aden ge hasgenak arachargadzis jishd aghpyurin deghn ou tzeve!
    Hovagim

    ReplyDelete
  9. Yes ge housam vor AZTAGi khmpakroutyoune arachargneres negadi garne, hok che te anontz oughghagi chantratarnar. Nebadages al partzratzayn zerouytz enele che. Shahann al, myus dghakn al vesdah em vor khohemapar ge veraperin arachargnerous negadmamp yev aracharg ou telatroutyoun sirov gentounin.
    Aysinken, tzer pasdapanoutyan garike chounim!
    Hovagim

    ReplyDelete
  10. Hovagim joghovrtayin aradz m ga, gardzem gse "martoun kirge nsder e, morouke g pedé" ... Vsdah lsadz es... Tjpakhdapar ays orerous shader ad "pedogh"-i ngarakire ounin... Nayink pedevoghneroun hamperoutyoune vorkan e...

    ReplyDelete
  11. Sireli Ananoun,
    hayeren lezvin kirge nesdadz "morouke" peddelen morouk che menatzadz yeresin...paytz kheghj lezoun "lezou chouni" vor adiga kezi besneroun patzadre...lezvin hamperoutyoune?
    Hovagim

    ReplyDelete
  12. Sireli Ananoun

    ReplyDelete
  13. Vay Armenag, Vayyyyyyyyy...Ayt yerp tartsar Hovaguim?!!!!!!!!

    ReplyDelete
  14. Յուսամ Անանունին այդ առածը չակնարկեր որ Ազդակին պլօկին մէջ Ազդակին կը քննադատէ Յովակիմը...

    ReplyDelete
  15. sirelis, kitet amen inchi mech mi mdtsner. Toun chi hasgtsar esadzes payts Hovagim-e hasgetsav, nouynisg yete chi hasgnal tsevatsouts.

    ReplyDelete
  16. aysdegh pazmatzan ananounnere yev sirvelik antzere (sirelis-nerou kordzadzoutenen megnadz). Yes, Hovagimes, hasgetza gam votch, pasdapannerou bedk chounim, sireli anvani yev ananoun pasdapanner! Ays mege kani me ankam grgnadz em. Vertchin ananoun pasdapanis hachoghoutyoun ge maghtem.
    Harkanok,
    Hovagim

    ReplyDelete
  17. menk GOGHKITENK hay heghapoghagan TASHNAGTSAGAN zinvorner
    menk mer hayasdane chenk mornar sarkisyani bes menk mer hogheroon hamar arun ge zohenk.
    Best wishes...

    ReplyDelete
  18. "Aztag"i lezvov ayskan mdahok tvatzogh Hovagimin garachargem "Aztag" nergayanal yev hon tereves, yete ink isgabes pary dramatroutyamp gene ir ays ngadoghoutiounnere yev ink isgabes lav kide mer mayrenin, ou ge kourkoura mayrenyin lezvagan serpakrichi bashdon goudan yev lav pan me eratz gella. Khavare anitzelou degh lav gella mom me varel, paytz ays mege enele kitch me hantknoutioun ge bahanche. Doune nsdil ou knatadele shad tourin e, kortzi antzir ou tragan pan me portze enel baron Hovagim, yete aytkan hedakerkervatz es.

    ReplyDelete
  19. Nayev mortza ayl hartzoum men al oughelou baron Hovagimin. Inchou ayskan ge knatades shinoutioune srahi me, our nayev toun kinovtzatz eyir ir louyserov? Chhasgetza inch e kou hartzet?? Hedo inchou goukas shnorhavorelou, hos hon ge taparis yev touynet ge tapes, hedo al Aztagi genatze ge khmes ou grgin touyn tapelou hamar Blogin ge times???

    ReplyDelete
  20. Harkeli baron ananoun,
    garta ays blog-in vera gadarvadz ayl arachargnere. Bayman che vor yes kam yev AZTAG ashkhadim. Baron Armenag Yeghiaiane kaghoutin kitin dagn e, anor bedk e dal enthanour serpakritchi ayt bashdone. Isg kennatadeln al hanoun knnatadoutyan che, ayl yeghadze serpakrelou, meg kayl arach yertalou.
    Hachoghoutyoun!
    Hovagim

    ReplyDelete
  21. Harkeli baron Hovagim,
    Shad lav gartatzi ayl arachargnere, anontz metch touyn chga inchbes kouginnerout. Isg inch ge veraperi DOCTOR Armenagin, an adamnapouj e, ouremen togh zpaghi agranerou ashkhadankov. Isg tertin lezvagan pajini ashkhadanke togh tzeke lezvapanneroun, vorontzme mege Garo Arakeliann e, vor nayev serountner gerdatz antz men e, ge portze mishd lousavorel khavare yev "aveliov ays kaghoutin kitin dagn e", kan ourishner.
    Polor barakaneroun, zanazan aritnerov "pakhde" ounetzatz em DOCTOR Armenagin touynov badvatz hotvatznere gartalou yev chem gartzer vor ink adag e nman pan enelou. Orin al esatz em vor lav gella ays adamnapouje agrayov zpaghi...

    ReplyDelete
  22. Harkeli ananoun, bidi khntreyi, vor Garo Arakelianin anoune ch hisheyir enthanrabes yev masnavorapar Armenag Yeghiayani mod... marte hangardz gatvadzahar glla, yev Arakelianin ge verakren...ayt anagngale. Asdoudzo sirouyn, mi charashahek Arakeliani anoune.Ayt marten sorvadz yenk, inch vor ourishner chen grtsadz mezi sorvetsnel. Barzabes gsem."yerakhdabard yem iren (yev indzibesnere, vsdah yem). Aynbes vor, tser vejin arargan ch tarna mer varjabedin anoune.

    ReplyDelete
  23. Hovaguim antsnavoroutyoune Dr. Armenagn e barzabes. Ays inch toulamortoutyoun!!!!

    ReplyDelete
  24. Hovaguim (te Armenag), joghovourte gse. "Yete dount abaguiye shinvadz e, ourishin dounin kar mi neder". Artyok desadz yes kou badrasdadz hayereni kirkerout mech touyl dvadz skhalnert yev voch te vribagnere??? Terevs kezi hamar esadz yen ou gsen. "Pjishg, pjshguia zantsn ko". Haba!!!!!!!!!!

    ReplyDelete
  25. Սիրելի՛ անանուն,
    “Սիրելի” կ՚ըսեմ՝ առանց գիտնալու ինքնութիւնդ, սակայն ինծի համար սիրելի է ան, որ կը յարգէ Կարօ Առաքելեանը եւ գիտէ անոր իսկական արժէքը՝ իբրեւ դասախօս եւ շա՜տ- շա՜տ մարդոց գիտցածը սորվեցնող։ Գաղութ մը, չըսելու համար գաղութներ, պէտք է երախտապարտ ըլլան այդ լեզուաբանին, որովհետեւ իր փոխանցած գիտութեամբ տակաւին կը դաստիարակուին սերունդներ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ձեր “վարժապետին անունը վէճի նիւթ դարձնելու” արտայայտութեան, ապա ըսեմ, որ իմ նպատակս այդ չէր, այլ պարզապէս անոր անունը կ՚ուրուագծուի դիմացս, երբ լեզուական հարցերու մասին խօսուի, որովհետեւ ականատես եղած եմ շատ պարագաներու, երբ Կարօ Առաքելեան իրեն ուղղուած որեւէ հարցումի պատասխանելու համար խօսած է լեզուական այնպիսի հմտութիւններու եւ օրէնքներու մասին, որոնք մէկ անգամ յիշուելով իսկ մարդուս միտքէն դուրս չեն գար ա՛լ։ Բոլոր պարագաներուն արեւը կարելի չէ ձեռքով ծածկել, այդպէս ալ արեւին չափ արժէք ունեցող Կարօ Առաքելեանին արժէքն ու գաղութին մէջ իր դերակատարութիւնը ոչ մէկ ձեւով կարելի է ծածկել, որքան ալ նախանձոտներ եւ անոր վրայ մաղձ թափողներ գոյութիւն ունենան։

    ReplyDelete
  26. Ananoun yev anvani zroutzagitzner,
    Garo Arakelian gam Armenag Yeghiayan, tzer nerkin gam ardakin hartzere, ov aveli lav ov aveli kesh hayeren kide, maghtz ga gam touyn - ays polore indzi hamar yergrortagan en. Yes gouzem vor gadaryal hayerenov heradaragvi voreve hayeren tert, manavant AZTAGe, ir antzyalin badshaj.
    Inch tzevov ayt mege deghi gounena, indzi hamar garevor che. Hayeren lezoun yev anor makroutyoune, antzeren, anontz ounetzadz negh hashivneren, manavant maghtzeren shad aveli ver ge gena, ouzek gam chouzek!
    Harkanok,
    Hovagim

    ReplyDelete
  27. Արդեն հարցը այս է՝ ամէն ինչ անձնականի վերագրել... Եթէ մէկը Ազդակի սխալներու մասին խօսի, Ազդակին, կուսակցութեան, Հայութեան, Հայաստանին թնշնամի կը համարուի... Եթէ մէկը քերականութեան գիրք մը քննադատէ, գիրքը գրողին «նախանձած» կ'ըլլայ...

    ReplyDelete
  28. Ուշադրութիւն. Այս նամակը ուղղուած է միմիայն այս սիւնակի անստորագիր նամակագիրներուն: Շնորհակալութիւն:
    Շատ սիրելի բաեկամներ,
    Ես «Ազդակ»ին բաւական մօտ եմ, սակայն առաջին անգամն է կը հանդիպիմ այս էջին ու կը ծանօթանամ անոր բովանդակութեան: Ուրեմն, կ’ուզեմ նախ և առաջ յայտնե շնորհակալութիւնս այն քննադատութիւններուն համար, որ շռայլօրէն կատարած էք անձիս ու գործիս հանդէպ: Ես համոզուած եմ, որ մեր մեծագոյն բարերարները՝ մեր քննադատներն են, և կը ցաւիմ բոլոր անոնց հաշուոյն, որոնք քննադատ չեն ունեցած ու մանաւանդ անո՛նց, որոնք իրենց քննադատներուն կարևորութիւն չեն տուած, ա՛լ չեմ ըսեր՝ թշնամաբար վերաբերած են: Ձեր այս առաքինութիւնը, չեմ կասկածիր, կը պարտիք այն ազնիւ դաստիարակութեան, որ ստացած էք: Ըստ այսմ ալ՝ մի՛ թերանաք ձեր երախտագիտութիւնը յայտնելու առ որ անկ է՝ ուսուցիչ-ծնող-միջավայր և այլն: Դուք շատ կը պարտիք անոնց այն շատին համար, որ ստացած ըլլալ կը թուիք անոնցմէ:
    Տրուած ըլլալով, որ գիտութիւնն ու դաստիարակութիւնը վերջ չունին, ես ալ իմ կողմէս պիտի ուզէի ձեր ուշադրութեան յանձնել հետևևալները.
    ա) Երբ հանրութեան կը ներկայանանք, տարրական բարեկրթութիւնն ու մանաւանդ պարկեշտութիւնը կը պահանջեն, որ անոր ցոյց տանք մեր դիմագիծն ու մանաւանդ յայտնենք մեր անունը: Իր դիմագիծն ու անունը կը ծածկէ ան, որ կ’ամչնայ իր սեփական ինքնութենէն: Իսկ իր ինքնութիւնը կը ծածկէ սովորաբար գողը, մարդասպանը, բամբասողը, զրպարտողը, մէկ խօսքով՝ մարդակային այն բոլոր տականքները, որոնք այս կամ այն պատճառով ստիպուած են ապրելու լուսանցքային կեանք մը: Ես վստահ եմ, որ դուք մարդկային այս տեսակին չէք պատկանիր. վկայ՝ ձեր ստացած ազնիւ դաստիարակութիւնը:
    բ) Դուք ինծի կը վերագրէք սխալներ, որ ես գործած եմ, և մեծահոգաբար,-ձեր դաստիարակութեան թելադրանքով,- կը յանձնարարէք, որ սրբագրեմ զանոնք: Շնորհակալ եմ ձեր վեհանձն խրատին համար: Եթէ ես գիտնայի, թէ ի՛նչ սխալներ գործած եմ, վստահ եղէք, որ չէի գործեր զանոնք: Ուրեմն, խոնարհաբար կը խնդրեմ ձեզմէ, որ յստակօրէն մատնանշէք կոկիկ ու համոզիչ փունջ մը իմ այդ սխալներէս, ցոյց տաք զանոնք հանրութեան, մէկ առ մէկ ու փաստացի ու համոզիչ հիմնաւորումով բացատրէք, թէ ո՛ւր է սխալը, ապա բերէք ձեր՝ հիմնաւորեալ սրբագրութիւնները, որորնք նմանապէս պէտք է ցուցադրուին հանրութեան ու դրուին անոր տրամադրութեան տակ: Առանց այս տարրական մեթոտաբանութեան՝ սխալի մատնանշումը կը դառնայ ստոր զրպարտութիւն: Իսկ ես համոզուած եմ, որ դուք բացարձակապէս կը մերժէք զրպարտութիւնը. վկայ՝ ձեր ազնիւ դաստիարակութիւնը:
    գ) Առանց որևէ փաստի, հիմնուելով պարզապէս ինչ որ կասկածի մը կամ ենթադրութեան մը վրայ, զիս կը շփոթէք այս սիւնակին ( և սիւնակներուն) մէջ սրտցաւօրէն պայքարող, միշտ յառաջապահ գիծերու մէջ երևցող ազնուագոյն հայու մը հետ, որ «Յովակիմ» կը կոչուի և որուն ծանօթ չեմ: Ի՞նչն է, որ ձեզի մտածել կու տայ, թէ ես Յովակիմն եմ,- չեմ գիտեր. ա՛յս ալ, կը կարծեմ, ինչ որ չափով մը ու ձևով մը կ’առնչուի ձեր դաստիարակութեան կամ այդ դաստիարակութեան ընդմէջէն իւրացուած բարոյականի մը, որուն կոյր հետևորդներն ու զոհերն էք դուք: Այլ հարց, թէ մեծ հաճոյքով պիտի ուզէի ես ճանչնալ Յովակիմը ու սեղմել անոր ձեռքը, ինչպէս մեծագոյն հաճոյքով պիտի սեղմէի ձե՛ր ալ ձեռքերը, եթէ յարգէիք ձեր սեփական ինքնութիւնը, ցոյց տայիք ձեր դէմքերը և արտասանէիք ձեր անունները, որոնք...anonymous ու անտեսանելի են: Ափսո՜ս, որքան հաճելի պիտի ըլլար հանդիպիլ ձեր այնքան կրթուած, գիտակից ու լուսամիտ անձերուն. վկայ՝ ձեր ազնիւ դաստիարակութիւնը:
    Յուսամ, որ օրերը բան մը կը փոխեն և մենք կը հանդիպինք աւելի նպաստաւոր մթնոլորտի ու պայմաններու մէջ:
    Լաւագոյն մաղթանքներս՝
    Արմենակ Եղիայեան

    ReplyDelete