Mar 16, 2010

ԱԿՆԱՐԿ - ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՇԽԱՐՀ - ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԳԱՂՈՒԹ

Մեր գաղութը կ'ապրի հերթական եռուզեռ՝ ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող գործունէութեամբ։ Քաղաքական-կուսակցականէն ազգային-յարանուանական եւ կրթական-մշակութայինէն ուսանողական-երիտասարդական եւ մասամբ նորին:

Այս ընդհանուր համայնապատկերը որոշ ելեւէջներով օրինաչափ երեւոյթ է կազմակերպ մեր գաղութին համար, որ չի սիրեր կրաւորականութիւնը։ Նախաձեռնողականութեան աչքառու շարժ կայ այս օրերուն, այնքան, որ ձեռնարկներու խաչաձեւումները յաճախակի երեւոյթի վերածուած են. հակառակ անոր, կազմակերպուած զանազան համախմբումներուն ընդառաջումներու տարողութիւնը հիմնական ազդեցութեան չ'ենթարկուիր։ Խաչաձեւումներու երեւոյթը այնքան զգալի է, որ մեր ընթերցողներէն շատեր կը դիմեն մեր թերթին, որպէսզի «Ազդակ» ի՛նք նախաձեռնէ գրաւուած օրերու յատուկ օրացոյցի եւ ժամանակացոյցի ձեւաւորման աշխատանքին։ Առիթ է այս ակնարկը յայտնելու, որ նման ժամանակացոյցի կամ «գրաւուած օրեր»ու տախտակի նախագիծեր յղուին խմբագրութեան։

Առաջնորդող յօդուածի միտք բանին անշուշտ ձեռնարկներու խաչաձեւումներու հարցին լուծումը չէ։ Ձեռնարկներու այս տեղատարափին մէջ գաղութի կենսունակութեան փաստէն անդին որոշ մտածումներու տեղի տուող երեւոյթներ պարզելն է եւ այդ մասին նախապատրաստական քայլեր առնելու մտածումը զարգացնելը։

Ձեռնարկները միջոց են ճշդուած առաջադրանքներու իրականացման համար քարոզչական ենթահող պատրաստելու, հանրային կարծիք ձեւաւորելու։ Կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը կարճաժամկէտ հեռանկարի կտրուածքով առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ ձեռնարկներու կամ համախմբումներու նպատակաուղղուածութիւնը ճշդելու եւ քարոզչական աշխատանքները համապատասխան հունաւորումներու ենթարկելու։

Տարբեր ըսելաձեւով, գաղութի առաջնային խնդիրները դասակարգելու, եւ ամէնէն հրատապին նկատմամբ գաղութը զօրաշարժի ենթարկելու յատուկ ռազմավարութեան ճշդումը ինքզինք զգալի կը դարձնէ։ Մենք արդէն կը խօսինք սովորական յոբելեաններու նշումներէն եւ պարագայական ձեռնարկներէն անդին անցնելու եւ մեր առաջնային օրակարգերը հաւաքաբար առաջադրելու եւ իրականացնելու հրամայականին մասին։

Անշուշտ այստեղ անմիջապէս պէտք է ջրել այն ենթադրեալ վարկածը, որ նման մտածողութիւն՝ հարցերու, տեսակէտներու համահարթեցման կը ծառայէ։ Երբեք։ Գաղութի հոգեւոր, կուսակցական, ազգային եւ միութենական տարբեր շրջանակները պիտի պահեն անշուշտ իրենց իւրայատկութիւնները, իրենց առաջադրանքները եւ իրենց գործելաձեւերը։ Հարցը աւելի ժամանակակից աշխարհի ճշդած նորմերու բերումով յառաջացած «համաշխարհային գիւղերու» (կլոպըլ վիլեճըզ) գոյութիւնը մեր համագաղութային տեսադաշտին մէջ ներառելով ըստ այնմ պատրաստուելու խնդիրի դիմագրաւումն է։

Ժամանակակից աշխարհը քանդած է աշխարհագրական սահմանները եւ չէզոքացուցած ֆիզիքական հեռաւորութեան նշանակութիւնը։ Առաւել եւս քանդուած են կղզիացած շրջանակներու ցանկապատերը եւ գէթ հաղորդակցութեան հարթութեան վրայ արձանագրուած են տարբեր դաշտերու միաւորումներ։

Մեր գաղութը այս նորարարութիւններուն մէջ յառաջատար ըլլալու պատճառներ ունի։ Կեդրոնական գաղութ եղած է անիկա ամբողջ սփիւռքին համար եւ ներկայ գործելաձեւերու ըմբռնումներով նախաձեռնողականութիւն փաստելու թէ՛ ներուժը եւ թէ՛ կարողականութիւնը ունի։

Հայկական դաշտին վրայ ցանկապատերու քանդումը պէտք է երեւի։ Նոյնիսկ ցուցական ձեւով։ Համախմբուածութիւնները պէտք է ոչ միայն ձեւաւորել, այլ նաեւ կառուցակարգել։ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ «Հայաստան» հիմնադրամի օրինակով պէտք է առարկայանան տարբեր բնագաւառներու մարմիններ, ուր ներառուած ըլլան գաղութը ներկայացնող բոլոր կազմակերպութիւններն ու շրջանակները։

Նման կառուցակարգումներէ ետք կ'արագանան նաեւ առաջնահերթութիւններու ճշդումը եւ համապատասխան քաղաքականութիւն իրականացնելու դրսեւորումները։ Յաջող սկիզբի համար նախ պէտք է պատրաստել մտայնութիւնը։

«Ա.»

Mar 12, 2010

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԱՂԹԵՑ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՐԿԻՆ ՏՈՒՆ ԿԱՆՉԵՑ ՇՈՒԷՏԻ ՄԷՋ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շուէտի խորհրդարանը 131 թեր եւ 130 դէմ քուէներով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը, որ կը վայելէր Շուէտի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած եօթը կուսակցութիւններէն վեցին զօրակցութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ թիւ 252 բանաձեւի որդեգրումէն շաբաթ մը ետք Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող այս բանաձեւը կու գար աւելնալու Հայ դատի պայքարի ճամբուն վրայ արձանագրուած յաղթանակներուն, ինչպէս նաեւ փաստելու, որ, հակառակ Թուրքիոյ կողմէ ծաւալած ուրացման քաղաքականութեան եւ Ցեղասպանութեան անառարկելի ճշմարտութիւնը իբրեւ սուտ ներկայացնելու քարոզարշաւին, աշխարհը չի կրնար կոյր եւ խուլ ձեւանալ:

Շուէտի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւը կը բաղկանայ երեք հիմնական կէտերէ, ուր կը նշուի, որ Շուէտ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան մօտ աշխատանք կը տանի ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ կողմէ անոր ճանաչման համար:

Այս առիթով «Ազդակ»ի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Շուէտի Հայ դատի մարմնի ներկայացուցիչ Սիւզան Խարտալեան յայտնեց, որ թէեւ այս հարցով յստակ երկփեղկում կար Շուէտի խորհրդարանին մէջ, բայց եւ այնպէս նաեւ յստակ էր, թէ խորհրդարանականները դէմ քուէարկելով չէին հերքեր 1915-ին գործադրուած Ցեղասպանութեան փաստացիութիւնը։ Անոնք իրենց ելոյթներուն ընթացքին տուին տարբեր պատճառներ, որոնք նման բանաձեւի դէմ ըլլալու իրենց կեցուածքին մասին կը խօսէին։ Արդարեւ, խորհրդարանականներէն ոմանք յայտնեցին, թէ այս հարցը իրաւական է, ուստի անիկա պէտք է քննարկուի համապատասխան օրինական մարմիններուն կողմէ եւ ոչ թէ երկրի մը խորհրդարանին, ուրիշներ դիտել տուին, որ այս հարցով պէտք է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ նման բանաձեւի վաւերացումը կրնայ վնաս հասցնել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:

Ս. Խարտալեան բացատրեց, որ Շուէտի խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբը բանաձեւը քննարկելէ ետք խորհրդարան յղած էր՝ զայն չվաւերացնելու թելադրանքով։ Սակայն հակառակ ասոր, նաեւ հակառակ իշխող կուսակցութեան՝ բանաձեւին դէմ ըլլալուն կեցուածքին, անոր հետեւող խորհրդարանականներ իրենց կուսակցութեան դիրքորոշման դէմ կանգնելով թեր քուէարկեցին բանաձեւին։ Ս. Խարտալեանի համաձայն, երբ մէկ տարի առաջ նոյն բանաձեւը ներկայացուեցաւ խորհրդարանին, ընդդիմադիր ճակատը միացաւ կառավարութեան եւ անոնք միաձայնութեամբ դէմ քուէարկեցին՝ պատճառաբանելով, որ իրենք պէտք եղած փաստերը չունին նման բանաձեւի որդեգրման։ Խարտալեան բացատրեց, որ այս հանգրուանին նման բանաձեւի մը վաւերացման անհրաժեշտութիւնը առաջադրուած էր Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, որ պարտականութիւն դրած էր խորհրդարանի ուսերուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այս գծով աշխատանքի ծաւալման։
Սիւզան Խարտալեան յայտնեց, որ շուէտական լրատուամիջոցներուն համաձայն, հազիւ բանաձեւը վաւերացուած, Թուրքիա տուն կանչած է Շուէտի մէջ իր դեսպանը:

Շուէտի Հայ դատի մարմնի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ յատկապէս քանի մը կին խորհրդարանականներու արտասանած բացառիկ խօսքերուն, որոնց մէջ անոնք պահանջեցին ճշմարտութեան հաստատումը եւ արդարութեան տնօրինումը։ Արդարեւ, Կիւլեն Աւճը յայտնած է, որ ինք քիւրտ է՝ Վանէն եկած։ Ան դիտել տուած է, որ ինք լաւ գիտէ, թէ հազարաւոր հայեր կ'ապրէին Վանի մէջ, նաեւ գիտէ, թէ իր նախահայրերը մասնակից դարձած էին Հայոց ցեղասպանութեան, սակայն ինք պիտի քուէարկէ ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ի նպաստ արդարութեան. բան մը, որ նաեւ Թուրքիոյ համար լաւ կէտ պէտք է ըլլայ։ Ակենթա Պերլինըր յայտնած է, որ հայութեան ցաւը ինք տեսած է, երբ այցելած է Երուսաղէմ, ուստի կը մերժէ ուրացումը, այլ կը զօրակցի ճանաչման, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ կը նշանակէ ճանչնալ մարդկութեան իրաւունքները։ Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ իրենք խորհրդարանին մէջ իրաւական հարցեր չեն քննարկեր, սակայն պէտք է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը իր փաստացիութեան համար՝ հաստատելով, որ պէտք է յիշել, որպէսզի կարելի ըլլայ նման սպանդներու կրկնութեան առաջքը առնել։
***
Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրումէն առաջ, ըստ թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հեռաձայնած է շուէտացի իր պաշտօնակից Քարլ Պիլտթին եւ այս հարցին առնչութեամբ յայտնած է Անգարայի մտահոգութիւնները։ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը Տաւութօղլուին յայտնած է, թէ «մենք կը հասկնանք Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։ Բանաձեւին մենք ալ դէմ ենք եւ կարելի ամէն բան պիտի ընենք անոր ձախողութեան համար»։

Շուէտի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի քննարկման ընթացքին Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Հոլկըր Կուսթաֆսըն յայտնեց, որ ինք կ'ուզէ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, սակայն նախանձախնդիր է արդարադատական հոլովոյթները յարգելու։ Ան ըսած է, որ կը հաւատայ միջազգային օրէնքին եւ հարցը պէտք է արծարծուի այդ ծիրին մէջ։ Սակայն ինք պատրաստ է բացառութիւն ընելու եւ քաղաքական դատողութիւն կատարելու՝ նկատի ունենալով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատահած էր 1915-ին (նախքան 1948-ի Ցեղասպանութեան ուխտը)։ Մենք թրքական պետութիւնը յանցաւոր չենք կրնար նկատել Օսմանեան կայսրութեան մէջ պատահածին։ Ան նաեւ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ բանաձեւին շուրջ աւելի լայն մեծամասնութիւն կ'ակնկալէ, ուստի բանաձեւին դէմ պիտի քուէարկէ: Այլ երեսփոխաններ հակազդելով անոր ելոյթին յայտնեցին, թէ ան ինքզինք կը հակասէ, եւ իրենք չեն հասկնար, թէ ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ բանաձեւի մը դէմ, զոր արդար կը նկատէ:

Ձախակողմեան կուսակցութենէն Հանց Լինտը պաշտպանեց բանաձեւը։ Ան յայտնեց, որ ինք եւս արդարադատական հոլովոյթ մը կը յուսար, բան մը, զոր արդէն 1920-ին տեղի ունեցած պէտք է ըլլար։ «Սակայն բոլորս ալ գիտենք, թէ Թուրքիա այդպիսի բանի մը դէմ է եւ պատրաստ չէ Ցեղասպանութեան հարցը արդարադատական գործընթացի մը մէջ քննարկելու։ Իմ պարտականութիւնս է հակազդել եւ ճշմարտութիւնը պաշտպանել», ըսաւ ան։
Լինտը նշեց, թէ հարկ չկայ այսօր խորհրդարանին մէջ լայն մեծամասնութիւն մը գոյացնելու, որովհետեւ խորհրդարանական եօթը կուսակցութիւններէն վեցը կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը զօրակցին բանաձեւին:

Կանաչներու միութենէն Պոտիլ Քեպալլոս զօրակցեցաւ Հանց Լինտըյի կեցուածքին՝ յայտնելով, որ առանց այսպիսի որոշումներու ճնշումին, Թուրքիա երբեք պիտի չճանչնայ ցեղասպանութիւնը:

Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութենէն Եըլմազ Հերիմօ, որ ծագումով ասորի է, յայտնեց, թէ արդի ժամանակներուն մենք ոճիրին դէմ կը պայքարինք ոճրագործը իր զոհին դէմ յանդիման դնելով եւ անոր ստիպելով, որ ներում հայցէ։ «Թուրքիա պէտք է ճանչնայ իր ոճիրները», յայտարարեց ան:

Կանաչներու միութենէն Մեհմեթ Քափլան մտահոգութիւն յայտնեց, որ քննարկումը այնպիսի ձեւով կ'ընթանայ, որ իւրաքանչիւր թուրք ոճրագործ պիտի թուի։ Սակայն յայտնեց, թէ ինք կասկած չունի, թէ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է:

Իսկ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութենէն Նիքոս Փափատոփուլոս յայտնեց, թէ ինք բանաձեւին թեր պիտի քուէարկէ:

Այսպիսով, Շուէտ կը միանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած աւելի քան քսան երկիրներու շարքին:

Բանաձեւը Շուէտի կառավարութեան կոչ կ'ուղղէ ճանչնալու Հայոց, ասորիներու, քաղդէացիներու եւ պոնտացի յոյներու ցեղասպանութիւնը, անոր միջազգային ճանաչումը ապահովելու համար ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ աշխատելու, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանելու, որ Թուրքիա ճանչնայ հայոց, ասորիներու, քաղդէացիներու եւ պոնտացի յոյներու ցեղասպանութիւնը:

Mar 8, 2010

«ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ՈՐԲԱՆՈՑԻՆ



Ռոպըրթ Ֆիսք եւ Միսաք Քելեշեան Անթուրայի որբանոցի գերեզմանատան մէջ, ուր թաղուած են Ցեղասպանութենէն վերապրած որբեր


Մեր ընթերցողներուն յիշողութեան մէջ ամրագրուած է մեր աշխատակից Միսաք Քելեշեանի հետազօտութեամբ եւ մեր խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի խմբագրութեամբ 2006 փետրուարին լոյս տեսած Այնթուրայի որբանոցին մասին յատուկ յաւելուածը, որ տպագրուեցաւ երկու անգամ եւ որ թարգմանուեցաւ անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ թրքերէնի: Այնտեղ յստակ կ՛ընդգծուէին Ցեղասպանութենէն վերապրածներու թրքացման պետական քաղաքականութեան իրականացման ծալքերը:

Այս թեման շարժած է հետաքրքրութիւնը «Տի Ինտիփենտընթ» թերթի Միջին Արեւելքի աւագ աշխատակից եւ միջազգային լրագրողի վաստակ շահած Ռոպըրթ Ֆիսքի:

Միսաք Քելեշեանի եւ Ռոպըրթ Ֆիսքի միջեւ կայացած աշխատանքային հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք Ռոպըրթ Ֆիսք «Տի Ինտիփենտընթ» թերթին մէջ շուտով կը ստորագրէ յատուկ յօդուած մը` յատկացուած այս նիւթին:

Ցեղասպանութենէն վերապրածներու թրքացման պետական քաղաքականութիւնը բացայայտող այս թղթածրարը «Տի Ինտիփենտընթ»ի ճամբով միջազգային հանրային կարծիքին սեփականութիւնը դարձնելը Ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով ճանաչման քարոզչական աշխատանքներուն նկատառելի իրականացում կարելի է նկատել:

«Ազդակ» տակաւին առիթը կ՛ունենայ աւելի մանրամասն անդրադառնալու շուտով հրատարակուելիք այս յօդուածին:

Mar 6, 2010

ՎԵՐԱՀԱՇՈՒԱՐԿԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ




Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին նախանցեալ օրուան նիստին արձանագրուած երեւոյթները որոշ մտածումներու դուռ կը բանան։

Յանձնախումբի նախագահին բացայայտ դրական կեցուածքը անշուշտ բաւարար պիտի չըլլար ի սկզբանէ լաւատեսական տրամադրութեամբ դրական եզրայանգումներ ակնկալելու։ Նոյնիսկ քննարկման սկիզբը բանաձեւի օգտին ելոյթ ունեցողներուն թիւի գերակշռումը բացարձակ կանխատեսում կատարելու ամուր մեկնակէտ չէր ապահովեր։ Փաստօրէն, Սպիտակ տան ուշացած միջամտութիւնը ազդեց քննարկումի հետագայ ընթացքին վրայ։ Ուշացած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը։

Այս յապաղած միջամտութիւնները պատահական չէին անշուշտ։ Յանձնախումբի նիստի թուականը վաղուց ճշդուած էր։ Օրակարգը յստակ էր. բանաձեւի բովանդակութիւնը՝ պարզ։ Ի՞նչն էր ուրեմն, որ ամերիկեան վարչամեքենային կը թելադրէր նախ պահել լռութիւն, ապա քննարկումներու ճիշդ նախօրէին խզել լռութիւնը՝ առանց հիմնական նորութիւն յայտարարելու եւ միայն քննարկումներու ընթացք առնելէն ետք միջամտելու, կտրուկ յայտարարութիւն կատարելու, յետաձգում պահանջելու։

Այստեղ է փաստօրէն ամերիկեան վարչամեքենային կիրարկած խաղին գաղտնիքը։ Պարանը թուլցնելու, ապա վերստին ամրացնելու եւ քուէարկութիւնը դժուարացնելով քաղաքական առեւտուրի իր բաժինին գինը սուղցնելու օրինաչափ վարքագիծի մը հերթական դրսեւորումն էր, որ տեղի կþունենար ամերիկեան մայրաքաղաքին մէջ։

Փոխանցուած պատգամը պարզեցուած ձեւով այն է, որ Միացեալ Նահանգներ սերտօրէն շահագրգռուած են արձանագրութիւններու վաւերացումով եւ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումով։ Եթէ մէկ կողմէ սպառնալիքի նախաբան կը ձեւաւորուի այս ձեւով՝ ուղղուած Թուրքիոյ, հասկցնելու համար, որ վաւերացումի առկախումը կրնայ Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը հասցնել երկրորդ հանգրուան, միւս կողմէ՝ հայկական կողմին անուղղակիօրէն կը բացատրուէր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի գործընթացը չþենթարկուիր Հայաստան-Թուրքիա ձեռնարկուած յարաբերութիւններուն։

Այստեղ սակայն հասկնալիօրէն պատգամը աւելի մեծ տարողութեամբ ուղղուած է թրքական կողմին։ Թուրքերը իրենք եւս կը գիտակցին, որ իրականացուած այս հանգրուանը ընդամէնը հանգրուան մըն է եւ ճանաչումի վաւերականացումը տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք։ Այս պատճառներով ալ գործընթացը պէտք է դիտարկել առաւելաբար Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ։

4 մարտին արձանագրուածը թէ՛ միջազգային, թէ՛ ամերիկեան եւ թէ՛ թրքական լուսարձակներ պիտի շարունակէ խլել։ Կեդրոնանանք այս պահուն հայկական դաշտին վրայ ունեցած եւ ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն վրայ։ Նշենք անմիջապէս, որ ուաշինկթընեան ժողովասրահներուն մէջ միեւնոյն խրամատին մէջ էին հայոց պետութեան եւ ամերիկահայ քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց առաջադրանքը միեւնոյնն էր անշուշտ։ Արձանագրութիւններուն համաձայն եղողն ու զանոնք իր ներկայ տեսքին մէջ մերժողը Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի այս հանգրուանին նոյն նպատակը կը հետապնդէին։

Բայց։ Պէտք չէ անտեսել արգելքի այն ալիքը, որ նոր բարձրութիւն նուաճեց, երբ ամէն անգամ բանաձեւին դէմ արտայայտուող քոնկրեսական մը իր կեցուածքի հիմնաւորման հրաշալի առիթ կը գտնէր՝ մէջբերելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններն ու ընդհանրապէս սկսուած գործընթացը։ Անտեսելը, որ արձանագրութիւնները հարուածած են Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքը, քաղաքական կարճատեսութիւն պիտի ըլլայ։ Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ բանաձեւին դէմ քուէարկող ամերիկացի ոեւէ պետական գործիչ, եթէ արձանագրութիւնները չըլլային, այլ պատրուակներ պիտի չորոնէր։ Արձանագրութիւններու ներկայ տեսքը պարզապէս հաստատ հիմնաւորում տրամադրեց մերժողական կեցուածքներուն։

Արձանագրութիւններուն վերապահումներ կցելը խիստ անհրաժեշտ է հետագայ գործընթացներուն համար, որքան ալ քաղաքական իրատեսութիւնը կը պահանջէ թուրք-ամերիկեան շահակցութիւններու համընկնումի կամ հակադրումի շղթաներուն մէջ դիտարկել հարցին զարգացումները։

Չմոռնանք, որ տակաւին գործընթացին սկիզբն ենք։ Եւ բոլոր երեւոյթներն ու նախադրեալները կը համոզեն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի գործընթացը զուգահեռ պիտի ընթանայ արձանագրութիւններու ճակատագիրի որոշման ուղղուած երկկողմանի քայլերուն։ Հայկական կողմը վերահաշուարկներ կատարելու հարկադրանքին առջեւ է։