Շուէտի խորհրդարանը 131 թեր եւ 130 դէմ քուէներով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը, որ կը վայելէր Շուէտի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած եօթը կուսակցութիւններէն վեցին զօրակցութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ թիւ 252 բանաձեւի որդեգրումէն շաբաթ մը ետք Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող այս բանաձեւը կու գար աւելնալու Հայ դատի պայքարի ճամբուն վրայ արձանագրուած յաղթանակներուն, ինչպէս նաեւ փաստելու, որ, հակառակ Թուրքիոյ կողմէ ծաւալած ուրացման քաղաքականութեան եւ Ցեղասպանութեան անառարկելի ճշմարտութիւնը իբրեւ սուտ ներկայացնելու քարոզարշաւին, աշխարհը չի կրնար կոյր եւ խուլ ձեւանալ:
Շուէտի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւը կը բաղկանայ երեք հիմնական կէտերէ, ուր կը նշուի, որ Շուէտ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան մօտ աշխատանք կը տանի ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ կողմէ անոր ճանաչման համար:
Այս առիթով «Ազդակ»ի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Շուէտի Հայ դատի մարմնի ներկայացուցիչ Սիւզան Խարտալեան յայտնեց, որ թէեւ այս հարցով յստակ երկփեղկում կար Շուէտի խորհրդարանին մէջ, բայց եւ այնպէս նաեւ յստակ էր, թէ խորհրդարանականները դէմ քուէարկելով չէին հերքեր 1915-ին գործադրուած Ցեղասպանութեան փաստացիութիւնը։ Անոնք իրենց ելոյթներուն ընթացքին տուին տարբեր պատճառներ, որոնք նման բանաձեւի դէմ ըլլալու իրենց կեցուածքին մասին կը խօսէին։ Արդարեւ, խորհրդարանականներէն ոմանք յայտնեցին, թէ այս հարցը իրաւական է, ուստի անիկա պէտք է քննարկուի համապատասխան օրինական մարմիններուն կողմէ եւ ոչ թէ երկրի մը խորհրդարանին, ուրիշներ դիտել տուին, որ այս հարցով պէտք է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ նման բանաձեւի վաւերացումը կրնայ վնաս հասցնել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:
Ս. Խարտալեան բացատրեց, որ Շուէտի խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբը բանաձեւը քննարկելէ ետք խորհրդարան յղած էր՝ զայն չվաւերացնելու թելադրանքով։ Սակայն հակառակ ասոր, նաեւ հակառակ իշխող կուսակցութեան՝ բանաձեւին դէմ ըլլալուն կեցուածքին, անոր հետեւող խորհրդարանականներ իրենց կուսակցութեան դիրքորոշման դէմ կանգնելով թեր քուէարկեցին բանաձեւին։ Ս. Խարտալեանի համաձայն, երբ մէկ տարի առաջ նոյն բանաձեւը ներկայացուեցաւ խորհրդարանին, ընդդիմադիր ճակատը միացաւ կառավարութեան եւ անոնք միաձայնութեամբ դէմ քուէարկեցին՝ պատճառաբանելով, որ իրենք պէտք եղած փաստերը չունին նման բանաձեւի որդեգրման։ Խարտալեան բացատրեց, որ այս հանգրուանին նման բանաձեւի մը վաւերացման անհրաժեշտութիւնը առաջադրուած էր Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, որ պարտականութիւն դրած էր խորհրդարանի ուսերուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այս գծով աշխատանքի ծաւալման։
Սիւզան Խարտալեան յայտնեց, որ շուէտական լրատուամիջոցներուն համաձայն, հազիւ բանաձեւը վաւերացուած, Թուրքիա տուն կանչած է Շուէտի մէջ իր դեսպանը:
Շուէտի Հայ դատի մարմնի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ յատկապէս քանի մը կին խորհրդարանականներու արտասանած բացառիկ խօսքերուն, որոնց մէջ անոնք պահանջեցին ճշմարտութեան հաստատումը եւ արդարութեան տնօրինումը։ Արդարեւ, Կիւլեն Աւճը յայտնած է, որ ինք քիւրտ է՝ Վանէն եկած։ Ան դիտել տուած է, որ ինք լաւ գիտէ, թէ հազարաւոր հայեր կ'ապրէին Վանի մէջ, նաեւ գիտէ, թէ իր նախահայրերը մասնակից դարձած էին Հայոց ցեղասպանութեան, սակայն ինք պիտի քուէարկէ ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ի նպաստ արդարութեան. բան մը, որ նաեւ Թուրքիոյ համար լաւ կէտ պէտք է ըլլայ։ Ակենթա Պերլինըր յայտնած է, որ հայութեան ցաւը ինք տեսած է, երբ այցելած է Երուսաղէմ, ուստի կը մերժէ ուրացումը, այլ կը զօրակցի ճանաչման, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ կը նշանակէ ճանչնալ մարդկութեան իրաւունքները։ Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ իրենք խորհրդարանին մէջ իրաւական հարցեր չեն քննարկեր, սակայն պէտք է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը իր փաստացիութեան համար՝ հաստատելով, որ պէտք է յիշել, որպէսզի կարելի ըլլայ նման սպանդներու կրկնութեան առաջքը առնել։
***
Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրումէն առաջ, ըստ թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հեռաձայնած է շուէտացի իր պաշտօնակից Քարլ Պիլտթին եւ այս հարցին առնչութեամբ յայտնած է Անգարայի մտահոգութիւնները։ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը Տաւութօղլուին յայտնած է, թէ «մենք կը հասկնանք Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։ Բանաձեւին մենք ալ դէմ ենք եւ կարելի ամէն բան պիտի ընենք անոր ձախողութեան համար»։
Շուէտի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի քննարկման ընթացքին Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Հոլկըր Կուսթաֆսըն յայտնեց, որ ինք կ'ուզէ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, սակայն նախանձախնդիր է արդարադատական հոլովոյթները յարգելու։ Ան ըսած է, որ կը հաւատայ միջազգային օրէնքին եւ հարցը պէտք է արծարծուի այդ ծիրին մէջ։ Սակայն ինք պատրաստ է բացառութիւն ընելու եւ քաղաքական դատողութիւն կատարելու՝ նկատի ունենալով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատահած էր 1915-ին (նախքան 1948-ի Ցեղասպանութեան ուխտը)։ Մենք թրքական պետութիւնը յանցաւոր չենք կրնար նկատել Օսմանեան կայսրութեան մէջ պատահածին։ Ան նաեւ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ բանաձեւին շուրջ աւելի լայն մեծամասնութիւն կ'ակնկալէ, ուստի բանաձեւին դէմ պիտի քուէարկէ: Այլ երեսփոխաններ հակազդելով անոր ելոյթին յայտնեցին, թէ ան ինքզինք կը հակասէ, եւ իրենք չեն հասկնար, թէ ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ բանաձեւի մը դէմ, զոր արդար կը նկատէ:
Ձախակողմեան կուսակցութենէն Հանց Լինտը պաշտպանեց բանաձեւը։ Ան յայտնեց, որ ինք եւս արդարադատական հոլովոյթ մը կը յուսար, բան մը, զոր արդէն 1920-ին տեղի ունեցած պէտք է ըլլար։ «Սակայն բոլորս ալ գիտենք, թէ Թուրքիա այդպիսի բանի մը դէմ է եւ պատրաստ չէ Ցեղասպանութեան հարցը արդարադատական գործընթացի մը մէջ քննարկելու։ Իմ պարտականութիւնս է հակազդել եւ ճշմարտութիւնը պաշտպանել», ըսաւ ան։
Լինտը նշեց, թէ հարկ չկայ այսօր խորհրդարանին մէջ լայն մեծամասնութիւն մը գոյացնելու, որովհետեւ խորհրդարանական եօթը կուսակցութիւններէն վեցը կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը զօրակցին բանաձեւին:
Կանաչներու միութենէն Պոտիլ Քեպալլոս զօրակցեցաւ Հանց Լինտըյի կեցուածքին՝ յայտնելով, որ առանց այսպիսի որոշումներու ճնշումին, Թուրքիա երբեք պիտի չճանչնայ ցեղասպանութիւնը:
Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութենէն Եըլմազ Հերիմօ, որ ծագումով ասորի է, յայտնեց, թէ արդի ժամանակներուն մենք ոճիրին դէմ կը պայքարինք ոճրագործը իր զոհին դէմ յանդիման դնելով եւ անոր ստիպելով, որ ներում հայցէ։ «Թուրքիա պէտք է ճանչնայ իր ոճիրները», յայտարարեց ան:
Կանաչներու միութենէն Մեհմեթ Քափլան մտահոգութիւն յայտնեց, որ քննարկումը այնպիսի ձեւով կ'ընթանայ, որ իւրաքանչիւր թուրք ոճրագործ պիտի թուի։ Սակայն յայտնեց, թէ ինք կասկած չունի, թէ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է:
Իսկ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութենէն Նիքոս Փափատոփուլոս յայտնեց, թէ ինք բանաձեւին թեր պիտի քուէարկէ:
Այսպիսով, Շուէտ կը միանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած աւելի քան քսան երկիրներու շարքին:
Բանաձեւը Շուէտի կառավարութեան կոչ կ'ուղղէ ճանչնալու Հայոց, ասորիներու, քաղդէացիներու եւ պոնտացի յոյներու ցեղասպանութիւնը, անոր միջազգային ճանաչումը ապահովելու համար ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ աշխատելու, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանելու, որ Թուրքիա ճանչնայ հայոց, ասորիներու, քաղդէացիներու եւ պոնտացի յոյներու ցեղասպանութիւնը:
No comments:
Post a Comment