Mar 16, 2010

ԱԿՆԱՐԿ - ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՇԽԱՐՀ - ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԳԱՂՈՒԹ

Մեր գաղութը կ'ապրի հերթական եռուզեռ՝ ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող գործունէութեամբ։ Քաղաքական-կուսակցականէն ազգային-յարանուանական եւ կրթական-մշակութայինէն ուսանողական-երիտասարդական եւ մասամբ նորին:

Այս ընդհանուր համայնապատկերը որոշ ելեւէջներով օրինաչափ երեւոյթ է կազմակերպ մեր գաղութին համար, որ չի սիրեր կրաւորականութիւնը։ Նախաձեռնողականութեան աչքառու շարժ կայ այս օրերուն, այնքան, որ ձեռնարկներու խաչաձեւումները յաճախակի երեւոյթի վերածուած են. հակառակ անոր, կազմակերպուած զանազան համախմբումներուն ընդառաջումներու տարողութիւնը հիմնական ազդեցութեան չ'ենթարկուիր։ Խաչաձեւումներու երեւոյթը այնքան զգալի է, որ մեր ընթերցողներէն շատեր կը դիմեն մեր թերթին, որպէսզի «Ազդակ» ի՛նք նախաձեռնէ գրաւուած օրերու յատուկ օրացոյցի եւ ժամանակացոյցի ձեւաւորման աշխատանքին։ Առիթ է այս ակնարկը յայտնելու, որ նման ժամանակացոյցի կամ «գրաւուած օրեր»ու տախտակի նախագիծեր յղուին խմբագրութեան։

Առաջնորդող յօդուածի միտք բանին անշուշտ ձեռնարկներու խաչաձեւումներու հարցին լուծումը չէ։ Ձեռնարկներու այս տեղատարափին մէջ գաղութի կենսունակութեան փաստէն անդին որոշ մտածումներու տեղի տուող երեւոյթներ պարզելն է եւ այդ մասին նախապատրաստական քայլեր առնելու մտածումը զարգացնելը։

Ձեռնարկները միջոց են ճշդուած առաջադրանքներու իրականացման համար քարոզչական ենթահող պատրաստելու, հանրային կարծիք ձեւաւորելու։ Կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը կարճաժամկէտ հեռանկարի կտրուածքով առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ ձեռնարկներու կամ համախմբումներու նպատակաուղղուածութիւնը ճշդելու եւ քարոզչական աշխատանքները համապատասխան հունաւորումներու ենթարկելու։

Տարբեր ըսելաձեւով, գաղութի առաջնային խնդիրները դասակարգելու, եւ ամէնէն հրատապին նկատմամբ գաղութը զօրաշարժի ենթարկելու յատուկ ռազմավարութեան ճշդումը ինքզինք զգալի կը դարձնէ։ Մենք արդէն կը խօսինք սովորական յոբելեաններու նշումներէն եւ պարագայական ձեռնարկներէն անդին անցնելու եւ մեր առաջնային օրակարգերը հաւաքաբար առաջադրելու եւ իրականացնելու հրամայականին մասին։

Անշուշտ այստեղ անմիջապէս պէտք է ջրել այն ենթադրեալ վարկածը, որ նման մտածողութիւն՝ հարցերու, տեսակէտներու համահարթեցման կը ծառայէ։ Երբեք։ Գաղութի հոգեւոր, կուսակցական, ազգային եւ միութենական տարբեր շրջանակները պիտի պահեն անշուշտ իրենց իւրայատկութիւնները, իրենց առաջադրանքները եւ իրենց գործելաձեւերը։ Հարցը աւելի ժամանակակից աշխարհի ճշդած նորմերու բերումով յառաջացած «համաշխարհային գիւղերու» (կլոպըլ վիլեճըզ) գոյութիւնը մեր համագաղութային տեսադաշտին մէջ ներառելով ըստ այնմ պատրաստուելու խնդիրի դիմագրաւումն է։

Ժամանակակից աշխարհը քանդած է աշխարհագրական սահմանները եւ չէզոքացուցած ֆիզիքական հեռաւորութեան նշանակութիւնը։ Առաւել եւս քանդուած են կղզիացած շրջանակներու ցանկապատերը եւ գէթ հաղորդակցութեան հարթութեան վրայ արձանագրուած են տարբեր դաշտերու միաւորումներ։

Մեր գաղութը այս նորարարութիւններուն մէջ յառաջատար ըլլալու պատճառներ ունի։ Կեդրոնական գաղութ եղած է անիկա ամբողջ սփիւռքին համար եւ ներկայ գործելաձեւերու ըմբռնումներով նախաձեռնողականութիւն փաստելու թէ՛ ներուժը եւ թէ՛ կարողականութիւնը ունի։

Հայկական դաշտին վրայ ցանկապատերու քանդումը պէտք է երեւի։ Նոյնիսկ ցուցական ձեւով։ Համախմբուածութիւնները պէտք է ոչ միայն ձեւաւորել, այլ նաեւ կառուցակարգել։ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ «Հայաստան» հիմնադրամի օրինակով պէտք է առարկայանան տարբեր բնագաւառներու մարմիններ, ուր ներառուած ըլլան գաղութը ներկայացնող բոլոր կազմակերպութիւններն ու շրջանակները։

Նման կառուցակարգումներէ ետք կ'արագանան նաեւ առաջնահերթութիւններու ճշդումը եւ համապատասխան քաղաքականութիւն իրականացնելու դրսեւորումները։ Յաջող սկիզբի համար նախ պէտք է պատրաստել մտայնութիւնը։

«Ա.»

8 comments:

  1. ԱՅՈ՛ «ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԵՒ «ՑԱՆԿԱՊԱՏՆԵՐՈՒ ՔԱՆԴՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԵՐԵՒԻ»

    «Ազդակ»ի 11 մարտի խմբագրականը՝ «Ժամանակակից աշխարհ-ժամանակակից գաղութ» խորագիրով, պէտք է քանի մը անգամ կարդալ։ Զարմանալի թող չթուի. ՀՅԴ-ի Լիբանանի պաշտօնաթերթը համարձակ գաղափարներով հանդէս կու գայ եւ բառացիօրէն կ'ըսէ, որ «Հայկական դաշտին վրայ ցանկապատներու քանդումը պէտք է երեւի»։ Այլ խօսքով, թերթի խմբագրութիւնը՝ տեսնելով հայութեան տարբեր մարտահրաւէրները, անհրաժեշտ կը նկատէ ուժերու համախմբուածութիւնը՝ քանդելով հայութեան տարբեր հատուածները իրարմէ բաժնող բոլոր ցանկապատները (մինչ տակաւին կան զայն կեթոյական մտածողութեամբ մեղադրողներ...)։

    Լուսարձակի տակ առնենք խմբագրականի կարգ մը հատուածները։

    «Կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը կարճաժամկէտ հեռանկարի կտրուածքով առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ ձեռնարկներու կամ համախմբումներու նպատակաուղղուածութիւնը ճշդելու եւ քարոզչական աշխատանքները համապատասխան հունաւորումներու ենթարկելու։

    «Տարբեր ըսելաձեւով, գաղութի առաջնային խնդիրները դասակարգելու, եւ ամէնէն հրատապին նկատմամբ գաղութը զօրաշարժի ենթարկելու յատուկ ռազմավարութեան ճշդումը ինքզինք զգալի կը դարձնէ։

    «Մեր գաղութը այս նորարարութիւններուն մէջ յառաջատար ըլլալու պատճառներ ունի։ Կեդրոնական գաղութ եղած է անիկա ամբողջ սփիւռքին համար եւ ներկայ գործելաձեւերու ըմբռնումներով նախաձեռնողականութիւն փաստելու թէ՛ ներուժը եւ թէ՛ կարողականութիւնը ունի։ «Հայկական դաշտին վրայ ցանկապատներու քանդումը պէտք է երեւի։ Նոյնիսկ ցուցական ձեւով։ Համախմբուածութիւնները պէտք է ոչ միայն ձեւաւորել, այլ նաեւ կառուցակարգել։ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ «Հայաստան» հիմնադրամին օրինակով պէտք է առարկայանան տարբեր բնագաւառներու մարմիններ, ուր ներառուած ըլլալն գաղութը ներկայացնող բոլոր կազմակերպութիւններն ու շրջանակները։

    «Յաջող սկիզբի համար պէտք է պատրաստել մտայնութիւնը»։

    Այո՛, ի տես ժամանակակից աշխարհին, անհրաժեշտ է ստեղծել ժամանակակից գաղութ։

    Նոր պայմաններուն մէջ պայքարելու համար «Ազդակ» անհրաժեշտ կը տեսնէ նոր մտայնութիւն, նոր գործելաոճ, եւ մանաւանդ՝ բոլորին մասնակցութեամբ ամէնէն հրատապ նկատուած դժուարութիւնները չէզոքացնելու համախումբ պայքար՝ առանց վնաս հասցնելու համայնքային թէ կուսակցական իւրայատկութիւններուն։

    «Ազդակ» կը տեսնէ այսօրուան իրավիճակին հիմնական բաղկացուցիչ ազդակները եւ կոչ կ'ուղղէ՝ միշտ ի մտի ունենալով Լիբանանի կեդրոնական գաղութ եղած ըլլալու իրողութիւնը, որդեգրելու աշխատանքային նոր ծրագիրներ, ժամանակակից գործելաոճ, որուն համար համոզում ունի, որ գաղութը ունի բաւարար ներուժ եւ կարողականութիւն։

    Հեռանկարային է «Ազդակ»ի խմբագրականը, զոր պէտք է քննարկել եւ պատրաստել մտայնութիւնը՝ հիմնական փոփոխութիւններ յառաջացնելու համար։

    Ողջունելի խմբագրական մը՝ իւրաքանչիւր հայորդիի սրտին եւ մտքին ուղղուած։

    Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

    Այնճար

    ReplyDelete
  2. Որոշ չափով նիւթին հետ առնչուած ըլլալով, տարբեր անկիւնէ դիտուած, հետեւեալ մտածումներս կը գրեմ հոս...

    Մօտիկ ապագային պիտի ստեղծուի տարբեր տեսակի հպատակութիւն մը, որն է վըրթուըլ (virtual) հպատակութիւն, ուր ամէն մէկ անձ պիտի ունենայ իր 3D տիպարը, եւ համայն աշխարհը պիտի հաղորդակցի այս նոր ցանցերուն մէջ (վերթուըլ աշխարհի մը մէջ օրինակ Second Life): Արդէն իսկ Ֆէյսպուք կը մօտենայ այս գաղափառին, եւ առաւել եւս Avatar ֆիլմը լաւ կը ներկայացնէ վըրթուըլ հպատակութիւն ունենալու գաղափառը:
    Աւելի շօշափելի գաղափառը որ իրականացած է արդէն այն ալ hologram-ի ստեղծումն է, ուր տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող անձեր ժողով պիտի ունենան Ամերիկայի մէջ այնպէս մը որ կարծես հոն ես, թէեւ ֆիզիքապէս Լիբանան կը գտնուին: Առաւել եւս Ամերիկայի մէջ կազմակերպուած ներկայացումներու եւ ասուլիսներու պիտի մասնակցիս առանց պէտքը ունենալու որ ֆիզիքապէս Ամերիկա ըլլաս:
    Այս բոլորը մեծ ազդեցութիւններ պիտի ունենան բոլոր գաղութներուն վրայ եւ փոքր գաղութները պէտք է որ լաւապէս օգտուին այս նոր միջոցներէն եւ համաշխարհային կապերէն:

    Ժամանակն է որ մէկ Սփիւրքահայ համաշխարհային ներկայացնող մարմին մը ալ ստեղծուի:

    “When it comes to the future, there are three kinds of people: those who let it happen, those who make it happen, and those who wonder what happened.”
    – John M. Richardson, Jr.

    * Հաւանաբար այս նիւթերը պէտք է որ երիտասարդական դիտանկիւնէ նաեւ դիտուի եւ համակարգչային նոր միջոցներու մասին յօդուածներ ալ գրուի:

    ReplyDelete
  3. Raffin shad djisht hasdadoumner ge gadare.Ge gardsem vor blog-e ir nebadagin dzarayadz gella yete Raffiyin haydnadz medazoumneroun oughoutiamp entana
    Kevork

    ReplyDelete
  4. Համաձայն եմ անշուշտ Ռաֆֆիին առաջարկին համաշխարհային մարմին ստեղծելու, մանաւանդ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն համար Սփիւռքի մարմին մը պէտք է որ իր կեցուածքը յայտնէ։
    Ժիրայր Պապօղլեան

    ReplyDelete
  5. Կարօտցած էի պլոքին վրայ գրելը։ Համաշխարհային մարմինէն առաջ գաղութի մակարդակով մարմին մը պէտք է։Այս է ըսածը Ազդակին։ Կամաց-կամաց վեր ելլենք, թէ ոչ ....
    Նիկոլ

    ReplyDelete
  6. մոռցայ ըսելու։ Յովակիմ ո՞ւր ես.կը սպասենք մտածումներուդ։
    Նիկոլ

    ReplyDelete
  7. Կ՛առաջարկեմ քննարկումը զարգացնել Ռաֆֆիյին գծած ճամբէն։ Ապագան տեսենենք եւ ըստ այնմ պատրաստուինք։
    Գէորգ

    ReplyDelete
  8. Անշուշտ ապագայի կարելիութիւնները կարեւոր են.հարցը սակայն ամէնէն առաջ մտայնութեան պատրաստութեան խնդիրն է, ինչպէս կ՛ըսէ Ազդակ։ Այլապէս հիմա ալ հսկայական կարելիութիւններ կան, սակայն չենք օգտագործեր ազգային կամ գաղութային աշխատանքներուն համար։
    Մտայնութիւն պատրաստելը ուսումնասիրուած եւ հետեւողական աշխատանք կը նշանակէ։
    Այս մասին խօսինք նախ։
    Լեւոն Մանուկեան

    ReplyDelete