Aug 30, 2010

ՀԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ - ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Իրանի իսլամական հանրապետութեան փոխնախագահին յայտարարութիւնը իրադրային նշանակութիւն ունի։ Պահ մը զանց առնենք թրքական հակազդեցութիւնները եւ փորձենք մեկնաբանել իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարին կատարած յայտարարութը։

Յայտարարութեան առիթը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Իրանի գրաւման 70-ամեակը նշող համագումարն է։ Իրանի փոխնախագահին բառերով՝ օսմանեան կառավարութիւնը շուրջ հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին որոշ քանակութեամբ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրագործած է. թէեւ ներկայիս Օսմանեան կայսրութիւն գոյութիւն չունի, այսուհանդերձ Հայաստան տակաւին Թուրքիայէն կը պահանջէ ներում հայցել եւ հատուցում վճարել։ Ան նշած է նաեւ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Իրանին հասցուած վնասներուն վերաբերեալ պատմական փաստաթուղթերու համաձայն, այդ խնդիրը միջազգային հանրութեան մէջ իրաւական հետեւանքներ պէտք է ունենայ։

Այստեղ անմիջապէս կը ծագի այն հարցադրումը, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Իրանին հասցուած վնասները քննարկող համագումարը թուականի յետդարձ կատարելով ինչո՞ւ կ'անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան, կը կատարէ ճանաչում եւ կ'ակնարկէ ներումի եւ հատուցման հարցերուն։

Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը պարզ կը դարձնէ հայոց օրինակին մէջբերման շարժառիթը։ Յայտարարութեան ելակէտը, զարգացումն ու եզրակացութիւնը զուտ իրանեան դիտանկիւններէ կը մեկնին։ Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը կը պարզաբանէ ամբողջ ըսուածին նպատակը։ Իրան վնասուց հատուցում կը պահանջէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իրեն հասցուած վնասներուն համար, ինչպէս որ հայերը հատուցում կը պահանջեն Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութենէն։ Այսօր գոյութիւն չունի դաշնակից ուժերու զինուորական ուխտը, ինչպէս որ գոյութիւն չունի Օսմանեան կայսրութիւնը. սակայն գոյութիւն ունին զինուորական դաշնակցութեան մաս կազմած պետութիւնները, ինչպէս որ գոյութիւն ունի թրքական պետութիւնը, եւ որոնք պատասխանատու են պատմութեան ընթացքին պատահած դէպքերուն։ Այդ պատասխանատուութիւնը, ըստ Իրանի փոխնախագահին, իրաւական բաժին ունի, որ վնասներուն հատուցումը կը ճշդէ։

Իրանի համագումարին կրնար հնչել միեւնոյն ժամանակաշրջանին պատահած այլ ցեղասպանութեան մը կամ ողջակիզման մը օրինակը, ինչ որ միջավայրին իւրայատկութիւններուն ըմբռնումով եւ հասկնալի պատճառներով չէ արձանագրուած։ Պէտք եղած է աւելի հեռաւոր ժամանակի օրինակին դիմել, վերահաստատել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ խօսիլ մանաւանդ հատուցումի անհրաժեշտութեան մասին։

Կայ անշուշտ հարցին երկրորդ երեսը։ Թրքական անհանգստութիւնը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հաշիւ պահանջելու յայտարարութիւնը, անոր իրանցի գործընկերոջ կատարած կիսահերքումը եւ թուրքերուն բաւարարուած չըլլալու հրապարակումը։ Դիպաշարը չէ աւարտած յայտնաբար։ Թուրքիան կը սպասէ Իրանի փոխնախագահէն գալիք հերքումին, որ կ'ուշանայ։

Ի հարկէ, անկախ Իրանի պետական շահերուն ծառայեցուող օրինակի նշումներէն, այստեղ գոյութիւն ունի քաղաքական յստակ շարժառիթ թրքական անհանգստութիւն յառաջացնելու։ Տաւոսով, Կազայով, ցուցական արարքներով միջինարեւելեան շրջանին մէջ Իրանի ազդեցութեան գօտիին մէջ ոտնձգութիւն կատարող թրքական թատրոններուն արարները հասած են իրենց լրումին։ Թուրքիա-Իսրայէլ տագնապը յայտարարողական մակարդակէն անդին չէ անցած փաստօրէն, եւ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւնները թէ ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնները կը շարունակուին։ Ներում հայցելու պահանջներն ալ սպառած կը թուին ըլլալ եւ կեանքը իր քաղաքական, դիւանագիտական թէ զինուորական հարթութիւններով կը թուի բնական ընթանալ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

Հեռու օրինակ է թերեւս նշուելիքը, այսուհանդերձ ցուցանշային կարեւորութիւն կրնայ ստանալ, եթէ մտաբերենք, որ հակառակ հարահրոցին Թուրքիոյ վարչապետին Լիբանան գալու թուականը կը մնայ անորոշ, փոխարէնը աւելի կը սկսուի խօսուիլ Իրանի նախագահին Լիբանան այցելութեան մասին։ Դէպքերը փոխկապակցուած են , ըստ ամենայնի։

Վերադառնանք Իրանի փոխնախագահին յայտարարութեան՝ ընդգծելու համար, որ անիկա միջազգային ընտանիքին կը յուշէր Իրանի նկատմամբ հատուցումներու իրաւական թղթածրար նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը, որուն համար իբրեւ օրինակ կը մէջբերուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Անկախ Իրանին ծառայեցուող շահերու հիմնաւորումներէն, յայտարարութիւնը կ'օգտագործէր դէպի Թուրքիա որոշ պատգամներ փոխանցելու առիթը։

Aug 26, 2010

ԿԻՒԼ-ՊԱՔՈՒ, ՄԵՏՒԵՏԵՒ-ԵՐԵՒԱՆ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը Հայաստան հասկնալիօրէն պիտի խլէր լրատուական լուսարձակներ եւ շարժառիթ հանդիսանար, որ մեկնարկէին մեկնաբանական յօդուածներ։ Այցելութիւնը սակայն առաջին հանգրուանէն փոխանցեց յստակ պատգամներ։

Այսպէս. պետական այցելութենէ մը ակնկալուած բարձրագոյն մակարդակի ընդունելութիւնները ներառած ժամանակացոյցը անպայման տեղ վերապահած պիտի ըլլար Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան։ Սակայն, երբ մեր երկիր ժամանող նախագահը օդակայանէն ուղղակի կը մեկնի Ծիծեռնակաբերդ՝ ծաղկեպսակ զետեղելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին, այս արդէն վեր է ամէն տեսակի մեկնաբանութենէ եւ կը լուսաւորէ կատարուածին փոխանցած պատգամներուն ենթահողն ու ուղին։ Գիւմրիի մէջ վերականգնուած «Պատուոյ բլուր»ը եւս այդ ընդհանուր պատգամներուն կը ներառուի. ի վերջոյ կառոյցը նուիրուած է ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին նահատակուած ռուս զինուորներու յիշատակին։ Սակայն առաջին աքթը ուղղակի քաղաքական թիրախին հարուածելու ուժգնութիւն ունի։

Այնուհետեւ՝ ռազմակայանի օգտագործումը 49 տարիով երկարաձգելու համաձայնութիւնը, ռազմակայանը միասնաբար օգտագործելու նոր համաձայնագիրը եւ ռուս թիւ մէկ ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները Հայաստանի պաշտպանուածութիւնը հաւաքական յանձնառութեամբ վերցնելու տեսակէտէն, կը թուին միակողմանիօրէն հայանպաստ տեսք եւ էութիւն հաղորդել՝ պետական այցելութեամբ մարմնաւորուած հայ-ռուս յարաբերութիւններու նոր հարթութեան եւ տարողութեան։

Տեսքով՝ այո։ Խորքին մէջ սակայն, ռուսական քաղաքականութիւնը հասկնալիօրէն միակողմանի բնոյթ չի կրնար կրել։ Պարզ է, որ այս բոլորին նախորդած էր Ռուսիոյ կողմէ համաձայնութիւնը՝ Ազրպէյճանին վաճառելի-տրամադրելի Էս-300 հակաօդային համակարգին։ Տրամաբանութիւնը այս բոլորին այն է, որ պատերազմի վերսկսման պարագային ռուս զինուժը կþօգտագործուի միասնաբար հայկական ուժերուն հետ, մինչ Ազրպէյճան կը դիմէ Ռուսիոյ տրամադրած հակաօդային իր զինանոցին։ Շրջանային առումով ուժերու միջեւ հաւասարակշռութեան խաղ ղեկավարելու եւ կախեալութեան երեւոյթը ընդգծելու ցուցանիշները ցոյց կը տրուին այս ձեւով։

Պարզ է սակայն, որ ռազմակայանի ժամկէտի երկարաձգումն ու զինուժի միացեալ օգտագործումը անհանգստացուցած են հակաօդային համակարգով օժտուելու երեւոյթը շահարկող Ազրպէյճանը։ Անհանգստութիւն մը, որ եթէ պետական-պաշտօնական առումով Պաքուի կողմէ պաշտօնապէս չի բարձրաձայնուիր, այնուամենայնիւ Պաքուի թելադրանքով շրջանառութեան մէջ կը մտնէ քաղաքական տարբեր գործիչներու կամ զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ։

Հայաստանեան կողմն աշխարհի, տրամագծօրէն հակոտնեայ գնահատականներ կը տրուին այս ուղղութեամբ։ Իշխանամէտ դաշտը քաղաքական յաջողութիւն կը նկատէ Երեւանի մէջ կատարուածը, մինչ ընդդիմադիր դաշտը ծայրայեղացուած շեշտադրումներով ձախողութեան եւ կախեալութեան նոր աստիճանաչափեր կ'ուզէ տեսնել այցելութեան եւ այցելութեան ընթացքին կնքուած համաձայնութիւններուն մէջ։

Նման գործընթացներու ծայրայեղ քաղաքականացումները, այն ալ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պարանաձգութեան ծառայող եւ զուտ ա՛յս հայեցակէտերէն դիտելով խնդիրները օգտակար չեն երբեք։ Բարդ իրավիճակ է անշուշտ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հետ սերտօրէն առնչուած են իրադարձութիւնները։

Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը, կատարած յայտարարութիւններն ու կնքած համաձայնագիրերը միանգամայն պէտք է ընկալել շրջանին մէջ ռուսական գործօնի ինքնապարտադրման պարունակին մէջ։ Երեւոյթը պէտք է ըմբռնել հայ-թուրք յարաբերութիւններու նոր սկիզբի (առանց ընդունած ըլլալու անոնց սառեցուած ըլլալը) հաւանականութեան բարձրացման եւ անշուշտ Թուրքիոյ նախագահին Պաքու կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ։

Aug 11, 2010

Սեւրի դաշնագիրի 90-ամեակին առիթով

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Սեւրի իրաւարար պայմանագիրի ստորագրութիւնը նշող կլոր տարեթիւը առիթ է լոյսին բերելու մեր հողային պահանջատիրութեան իրաւական երաշխիքը: Ցեղասպանութեան ճանաչումին առընթեր այսօր արդէն հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն հայոց պահանջատիրութիւնը իրաւական հարթութեան վրայ նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը: Բոլոր ճիգերը անպայման մասնագիտական պատրաստուածութեան մակարդակը չեն յուշեր: Այսուհանդերձ, կայ նկատառելի շարժում ճանաչումէն հատուցման պահանջի անցում կատարելու եւ ճանաչումը արդէն անցած փուլ համարելու:


Ի վերջոյ ճանաչումը ինքնանպատակ չէ: Անիկա միջազգային իրաւունքի նորմերու լիակատար յարգումով ուղի կը հարթէ հատուցումի օրինականացումին: Իսկ այս առումով Սեւրի մեկնակէտը իրաւական այն ելակէտն է, որուն վրայ յենուած պէտք է մեկնի հայոց պահանջատիրական երթը: Մնացեալ ենթապահանջատիրութիւնները` եկեղեցիներ, ազգապատկան կալուածներ, սեփական հողեր, նիւթական պահանջներ, ունեցուածքներ կամ ապահովագրութիւններու յետադարձ գանձումներ ի վերջոյ պէտք է ներառուին պահանջատիրութեան առաջին խնդիրին` հողային հարցին ընդհանուր հովանոցին ներքեւ:


Այլապէս, եթէ իրաւական որեւէ մեկնաբանութեամբ անոնք կրնան հատուցումի էջը փակելու թրքական ժխտողականութեան կամ միջազգային քաղաքականութեան անուղղակիօրէն նպաստել, պէտք է շրջանցուին եւ դատի հետապնդումին համար առաջնային տեղը զիջին հողային հարցին:


Սեւրի իրաւարար վճիռի անժամանցելիութիւնը ընդգծող փորձագիտական հրապարակումներ հայ թէ օտար մամուլի սիւնակներուն վրայ բաւական տեղ գրաւած են: Խնդիրը հասարակական ալիքի բարձրացումէն անդին հարցի պետականացումն է եւ պետական մակարդակի վրայ հարցի որդեգրումը: Այս մէկը չի նշանակեր ուղղակի պահանջ հայոց պետութենէն հողային հարցը բարձրաձայնելու: Քաղաքական ներկայ իրադրութիւններու լոյսին տակ եթէ նման բարձրաձայնում չ՛ակնկալուիր, ապա նաեւ ընդունելի չի կրնար համարուիլ Սեւրով երաշխաւորուած պատմական իրաւունքներու վերատիրացման համազգային նպատակի փրոթոգոլային չէզոքացում: Խօսքը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ ծուարած երկկողմ պայմանագրերով տարածքային ամբողջականութիւններու ճանաչումի աքթին առաջնորդող նախադրեալն է:


Ճիշդ է, որ այժմ նախագահական մակարդակով առկախուած է ընթացակարգը: Աւելի ճիշդը, ընթացակարգի վերջին հանգրուանը: Միաժամանակ ճիշդ է նաեւ, որ մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարը երկու անգամ ստորագրած է Սեւրը չէզոքացնելու կոչուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ անկէ առաջ անոնց նախագծային տարբերակը:


Սեւրի վերականգնումը, ինչպէս Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հայոց պետականութեան հզօրացման հրամայականներուն առընթեր մեր համահայկական համախմբուածութիւնը ապահովող թեման կրնայ ըլլալ: Հայ պետականութեան ղեկավարին կողմէ տրուած այցելութիւնը Սեւրով նոյնացուող Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ իրաւարար Ուիլսընի շիրիմին այդ անհրաժեշտութիւնը կը յուշէ: Այդ այցելութիւնը ներազգային պատգամներուն կողքին Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին ուղղուած պատգամ է, թէ` Սեւրը իրաւաքաղաքական ժամանակակից յղացք է հայոց պետութեան համար: Իսկ այդ մէկը ուղենիշ է արդէն Սեւրի վերականգնման նպատակին շուրջ համահայկական համախմբուածութիւն ձեւաւորելու: