Aug 26, 2010

ԿԻՒԼ-ՊԱՔՈՒ, ՄԵՏՒԵՏԵՒ-ԵՐԵՒԱՆ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը Հայաստան հասկնալիօրէն պիտի խլէր լրատուական լուսարձակներ եւ շարժառիթ հանդիսանար, որ մեկնարկէին մեկնաբանական յօդուածներ։ Այցելութիւնը սակայն առաջին հանգրուանէն փոխանցեց յստակ պատգամներ։

Այսպէս. պետական այցելութենէ մը ակնկալուած բարձրագոյն մակարդակի ընդունելութիւնները ներառած ժամանակացոյցը անպայման տեղ վերապահած պիտի ըլլար Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան։ Սակայն, երբ մեր երկիր ժամանող նախագահը օդակայանէն ուղղակի կը մեկնի Ծիծեռնակաբերդ՝ ծաղկեպսակ զետեղելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին, այս արդէն վեր է ամէն տեսակի մեկնաբանութենէ եւ կը լուսաւորէ կատարուածին փոխանցած պատգամներուն ենթահողն ու ուղին։ Գիւմրիի մէջ վերականգնուած «Պատուոյ բլուր»ը եւս այդ ընդհանուր պատգամներուն կը ներառուի. ի վերջոյ կառոյցը նուիրուած է ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին նահատակուած ռուս զինուորներու յիշատակին։ Սակայն առաջին աքթը ուղղակի քաղաքական թիրախին հարուածելու ուժգնութիւն ունի։

Այնուհետեւ՝ ռազմակայանի օգտագործումը 49 տարիով երկարաձգելու համաձայնութիւնը, ռազմակայանը միասնաբար օգտագործելու նոր համաձայնագիրը եւ ռուս թիւ մէկ ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները Հայաստանի պաշտպանուածութիւնը հաւաքական յանձնառութեամբ վերցնելու տեսակէտէն, կը թուին միակողմանիօրէն հայանպաստ տեսք եւ էութիւն հաղորդել՝ պետական այցելութեամբ մարմնաւորուած հայ-ռուս յարաբերութիւններու նոր հարթութեան եւ տարողութեան։

Տեսքով՝ այո։ Խորքին մէջ սակայն, ռուսական քաղաքականութիւնը հասկնալիօրէն միակողմանի բնոյթ չի կրնար կրել։ Պարզ է, որ այս բոլորին նախորդած էր Ռուսիոյ կողմէ համաձայնութիւնը՝ Ազրպէյճանին վաճառելի-տրամադրելի Էս-300 հակաօդային համակարգին։ Տրամաբանութիւնը այս բոլորին այն է, որ պատերազմի վերսկսման պարագային ռուս զինուժը կþօգտագործուի միասնաբար հայկական ուժերուն հետ, մինչ Ազրպէյճան կը դիմէ Ռուսիոյ տրամադրած հակաօդային իր զինանոցին։ Շրջանային առումով ուժերու միջեւ հաւասարակշռութեան խաղ ղեկավարելու եւ կախեալութեան երեւոյթը ընդգծելու ցուցանիշները ցոյց կը տրուին այս ձեւով։

Պարզ է սակայն, որ ռազմակայանի ժամկէտի երկարաձգումն ու զինուժի միացեալ օգտագործումը անհանգստացուցած են հակաօդային համակարգով օժտուելու երեւոյթը շահարկող Ազրպէյճանը։ Անհանգստութիւն մը, որ եթէ պետական-պաշտօնական առումով Պաքուի կողմէ պաշտօնապէս չի բարձրաձայնուիր, այնուամենայնիւ Պաքուի թելադրանքով շրջանառութեան մէջ կը մտնէ քաղաքական տարբեր գործիչներու կամ զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ։

Հայաստանեան կողմն աշխարհի, տրամագծօրէն հակոտնեայ գնահատականներ կը տրուին այս ուղղութեամբ։ Իշխանամէտ դաշտը քաղաքական յաջողութիւն կը նկատէ Երեւանի մէջ կատարուածը, մինչ ընդդիմադիր դաշտը ծայրայեղացուած շեշտադրումներով ձախողութեան եւ կախեալութեան նոր աստիճանաչափեր կ'ուզէ տեսնել այցելութեան եւ այցելութեան ընթացքին կնքուած համաձայնութիւններուն մէջ։

Նման գործընթացներու ծայրայեղ քաղաքականացումները, այն ալ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պարանաձգութեան ծառայող եւ զուտ ա՛յս հայեցակէտերէն դիտելով խնդիրները օգտակար չեն երբեք։ Բարդ իրավիճակ է անշուշտ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հետ սերտօրէն առնչուած են իրադարձութիւնները։

Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը, կատարած յայտարարութիւններն ու կնքած համաձայնագիրերը միանգամայն պէտք է ընկալել շրջանին մէջ ռուսական գործօնի ինքնապարտադրման պարունակին մէջ։ Երեւոյթը պէտք է ըմբռնել հայ-թուրք յարաբերութիւններու նոր սկիզբի (առանց ընդունած ըլլալու անոնց սառեցուած ըլլալը) հաւանականութեան բարձրացման եւ անշուշտ Թուրքիոյ նախագահին Պաքու կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ։

No comments:

Post a Comment