Aug 30, 2010

ՀԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ - ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Իրանի իսլամական հանրապետութեան փոխնախագահին յայտարարութիւնը իրադրային նշանակութիւն ունի։ Պահ մը զանց առնենք թրքական հակազդեցութիւնները եւ փորձենք մեկնաբանել իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարին կատարած յայտարարութը։

Յայտարարութեան առիթը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Իրանի գրաւման 70-ամեակը նշող համագումարն է։ Իրանի փոխնախագահին բառերով՝ օսմանեան կառավարութիւնը շուրջ հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին որոշ քանակութեամբ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրագործած է. թէեւ ներկայիս Օսմանեան կայսրութիւն գոյութիւն չունի, այսուհանդերձ Հայաստան տակաւին Թուրքիայէն կը պահանջէ ներում հայցել եւ հատուցում վճարել։ Ան նշած է նաեւ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Իրանին հասցուած վնասներուն վերաբերեալ պատմական փաստաթուղթերու համաձայն, այդ խնդիրը միջազգային հանրութեան մէջ իրաւական հետեւանքներ պէտք է ունենայ։

Այստեղ անմիջապէս կը ծագի այն հարցադրումը, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Իրանին հասցուած վնասները քննարկող համագումարը թուականի յետդարձ կատարելով ինչո՞ւ կ'անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան, կը կատարէ ճանաչում եւ կ'ակնարկէ ներումի եւ հատուցման հարցերուն։

Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը պարզ կը դարձնէ հայոց օրինակին մէջբերման շարժառիթը։ Յայտարարութեան ելակէտը, զարգացումն ու եզրակացութիւնը զուտ իրանեան դիտանկիւններէ կը մեկնին։ Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը կը պարզաբանէ ամբողջ ըսուածին նպատակը։ Իրան վնասուց հատուցում կը պահանջէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իրեն հասցուած վնասներուն համար, ինչպէս որ հայերը հատուցում կը պահանջեն Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութենէն։ Այսօր գոյութիւն չունի դաշնակից ուժերու զինուորական ուխտը, ինչպէս որ գոյութիւն չունի Օսմանեան կայսրութիւնը. սակայն գոյութիւն ունին զինուորական դաշնակցութեան մաս կազմած պետութիւնները, ինչպէս որ գոյութիւն ունի թրքական պետութիւնը, եւ որոնք պատասխանատու են պատմութեան ընթացքին պատահած դէպքերուն։ Այդ պատասխանատուութիւնը, ըստ Իրանի փոխնախագահին, իրաւական բաժին ունի, որ վնասներուն հատուցումը կը ճշդէ։

Իրանի համագումարին կրնար հնչել միեւնոյն ժամանակաշրջանին պատահած այլ ցեղասպանութեան մը կամ ողջակիզման մը օրինակը, ինչ որ միջավայրին իւրայատկութիւններուն ըմբռնումով եւ հասկնալի պատճառներով չէ արձանագրուած։ Պէտք եղած է աւելի հեռաւոր ժամանակի օրինակին դիմել, վերահաստատել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ խօսիլ մանաւանդ հատուցումի անհրաժեշտութեան մասին։

Կայ անշուշտ հարցին երկրորդ երեսը։ Թրքական անհանգստութիւնը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հաշիւ պահանջելու յայտարարութիւնը, անոր իրանցի գործընկերոջ կատարած կիսահերքումը եւ թուրքերուն բաւարարուած չըլլալու հրապարակումը։ Դիպաշարը չէ աւարտած յայտնաբար։ Թուրքիան կը սպասէ Իրանի փոխնախագահէն գալիք հերքումին, որ կ'ուշանայ։

Ի հարկէ, անկախ Իրանի պետական շահերուն ծառայեցուող օրինակի նշումներէն, այստեղ գոյութիւն ունի քաղաքական յստակ շարժառիթ թրքական անհանգստութիւն յառաջացնելու։ Տաւոսով, Կազայով, ցուցական արարքներով միջինարեւելեան շրջանին մէջ Իրանի ազդեցութեան գօտիին մէջ ոտնձգութիւն կատարող թրքական թատրոններուն արարները հասած են իրենց լրումին։ Թուրքիա-Իսրայէլ տագնապը յայտարարողական մակարդակէն անդին չէ անցած փաստօրէն, եւ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւնները թէ ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնները կը շարունակուին։ Ներում հայցելու պահանջներն ալ սպառած կը թուին ըլլալ եւ կեանքը իր քաղաքական, դիւանագիտական թէ զինուորական հարթութիւններով կը թուի բնական ընթանալ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

Հեռու օրինակ է թերեւս նշուելիքը, այսուհանդերձ ցուցանշային կարեւորութիւն կրնայ ստանալ, եթէ մտաբերենք, որ հակառակ հարահրոցին Թուրքիոյ վարչապետին Լիբանան գալու թուականը կը մնայ անորոշ, փոխարէնը աւելի կը սկսուի խօսուիլ Իրանի նախագահին Լիբանան այցելութեան մասին։ Դէպքերը փոխկապակցուած են , ըստ ամենայնի։

Վերադառնանք Իրանի փոխնախագահին յայտարարութեան՝ ընդգծելու համար, որ անիկա միջազգային ընտանիքին կը յուշէր Իրանի նկատմամբ հատուցումներու իրաւական թղթածրար նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը, որուն համար իբրեւ օրինակ կը մէջբերուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Անկախ Իրանին ծառայեցուող շահերու հիմնաւորումներէն, յայտարարութիւնը կ'օգտագործէր դէպի Թուրքիա որոշ պատգամներ փոխանցելու առիթը։

No comments:

Post a Comment