Jul 17, 2010

«ԱԶԴԱԿԻ ԿԱՄՈՒՐՋ» (Օտար լեզուով դպրոցներու մասին)

Ըստ ամենայնի գովելի է hեռահաղորդակցական կապի յառաջընթաց արհեստագիտութիւնը օգտագործելու «Ազդակ»ի յարատեւ ու բազմակողմանի ջանքը, որուն շրջագիծին մէջ մերթ ընդ մերթ «սքայփ»ով «կամուրջ» կը հաստատէ ան տարբեր երկիրներ բնակող հայ անհատներու միջեւ, որպէսզի գաղափարներու կենդանի շրջագայութիւն ապահովէ այժմէական հարցերու շուրջ եւ այդ գաղափարները ներկայացնէ համակարգիչի իր ընթերցողներուն:

Վերջերս «կամուրջ» հաստատելու փորձ մը ձախողեցաւ հաղորդակցական գիծերու խանգարման պատճառով: Այլապէս կարծիքներ պիտի փոխանակուէին Հայաստանի մէջ տաք վէճի առարկայ «Օտար լեզուով դպրոցներ»ու օրէնքի նախագիծին մասին:

Ծրագրուած, բայց տեղի չունեցած «Ազդակի կամուրջ»ի յաջորդող օրերուն, նախագիծը արդէն իսկ ընդունուեցաւ Ազգային ժողովէն, բայց եւ այնպէս անոր վերջնական մշակումը յետաձգուեցաւ աշնանամուտի նստաշրջանին: Այնպէս որ սպասելի է ընդդիմացող ձայներու նոր ալիք:

Հակառակ փնտռտուքիս` չկրցայ տրամադրութեանս տակ ունենալ այդ նախագիծը: Լրագրական տեղեկութիւններ եւ այդ ուղղութեամբ յայտնուած թեր ու դէմ կարծիքներու համոզիչ ըլլալու կամ համոզիչ չըլլալու հանգամանքը տուեալ ունենալով` անձնապէս կազմած եմ որոշ տեսակէտ եւ յանգած եզրակացութեան, որ ահաւասիկ.

Նախ, անհրաժեշտ է սահմանագիծ մը քաշել` համապետական-ազգային առումով ընդհանուր կրթութեան, եւ` դաստիարակութեան բովանդակութեան միջեւ, որքան ալ որ իրենց էութեամբ անոնք իրարու առնչակից նկատուին:

Դաստիարակութեան բովանդակութիւնը առհասարակ քաղաքական ընտրանք է, մինչ կրթութիւնը անկասկած որ շեշտուածօրէն համազգային խնդիր է, որուն համար մշակուած որեւէ օրէնսդրութիւն, իր հանրագումար եզրափակիչ գիծերուն մէջ, (պաթըմ լայն) պայման է որ արժանանայ համազգային ընդունելութեան: Քուէի ուժով կրթութեան վերաբերեալ օրէնսդրութիւն պարտադրել` անտեսելով հասարակութեան հակազդեցութիւնը կամ արհամարհելով ընդդիմացող տեսակէտը, պարզապէս անհեթեթութիւն է եւ վնասակար` ազգին եւ հայրենիքին համար:

Սերունդներու կազմաւորումին հետ կապուած ծանրակշիռ որեւէ խնդիր, ինչպիսին է կրթութիւնը, քաղաքական քաշքշուքի ու շահարկման միջոց դարձնելով հանրութեան դիւրագրգիռ զգայնութիւնը հրահրել թեր կամ դէմ կողմէն` պարզապէս մերժելի է ու դատապարտելի:

Սկզբունքային այս հաստատումէն ետք, որուն խորապէս հաւատացող եմ, վերադառնանք մեր շօշափած նիւթին, օտար լեզուով դպրոցներու խնդրայարոյց նախագիծին:

Շատ երկիրներու մէջ, յաճախ նաեւ հակառակ սահմանադրական արգելքի գոյութեան, տարրական` նախակրթարանի մակարդակէն սկսեալ օտար լեզուով դպրոցներ կան, որոնք կը գործեն երկկողմ համաձայնութեան հիմունքով` ժամանակաւորապէս հոն հաստատուած գործարար օտարականներու, դիւանագէտներու (եւ այլն) զաւակներուն համար: Այդ դպրոցներուն մէջ թոյլատրելի չէ տեղացիի-քաղաքացիի զաւակներու արձանագրութիւնը: Կը կարծեմ, որ Հայաստանն ալ ունի նմանատիպ դպրոցներ: Ուրեմն, վիճայարոյց հարցը կը վերաբերի մեր ազգի նորահաս սերունդին:

Օտար լեզուով դպրոցներ ունենալը (որոշ թիւով) օգտակա՞ր է, թէ՞ վնասակար: Ահա բուն հարցը:
Նախ տեսնենք, թէ որո՛նց կողմէ կը հակակշռուի-կը վերահսկուի երկրի կրթական համակարգը եւ ի՛նչ դիտաւորութենէ մղուած կ՛առաջադրուի նախագիծը:

Կառավարութեան մեծամասնութիւնը կազմող Հանրապետական կուսակցութեան անդամները, որոնք արդէն իսկ նախագիծի նախնական բովանդակութեան բարեփոխումը պահանջած էին կառավարութենէն, նախքան անոր Ազգային ժողովի օրակարգի դրուիլը, իրենց ներշնչումը կ՛առնեն Նժդեհի ազգային գաղափարախօսութենէն: Որով, կը յուսամ հաւատալ, որ անոնք ալ այդ գաղափարախօսութեան կրողներ են:

Այդ կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարը` Գալուստ Սահակեան, վերջերս բառացի յայտարարեց, թէ իրենք ազգային դպրոցի,- կը կրկնեմ,- ազգային դպրոցի գաղափարախօսութենէն անդին պիտի չանցնին եւ թէ, դարձեալ իր բառերով `«նախ եւ առաջ ճիշդ հարթութեան մէջ պիտի դնենք լեզուամտածողութեան խնդիրը» (ակնարկութիւնը կը վերաբերէր օտար լեզուով դպրոցներու ծրագիրին):

Միեւնոյն յայտարարութենէն կը հասկցուէր, որ օտար լեզուով դպրոցը կը նախատեսուի 9-րդ դասարանէն վեր, երբ այլեւս ուսումը պարտադիր չէ: Կը նշանակէ, թէ ենթական ազատ է իր նախընտրութեան մէջ` ընդհատելու կամ ուզած վայրին մէջ շարունակելու դպրոցական կեանքը: Կը նշանակէ նաեւ, որ միջնակարգ ուսման շնորհիւ արդէն իսկ ազգային արմատներու վրայ հունաւորուած է ենթակային նկարագիրի եւ անհատականութեան կազմաւորումը:

Տակաւի՛ն. այդ յայտարարութեամբ հաւաստիք կը տրուէր, որ ա.- Օրէնքով ճշդուած պիտի ըլլայ այդ դպրոցներու շատ սահմանափակ թիւը` յստակացնելով անոնց տեղաբաշխումը աշխարհագրական մարզ-տարածքներու մէջ, եւ բ.- հայագիտականէն զիջում պիտի չկատարուի: Օտար լեզուի կողքին, պարզապէս օտար լեզուով պիտի դասաւանդուին նաեւ ուսողական-գիտական առարկաները:

Հետագայ օրերուն, նոյնպէս լրաքաղութենէն յայտնի դարձաւ, որ Ազգային ժողովին կողմէ հաւանութեան արժանացած նախագիծին մէջ նախատեսուած դասարանը 7-րդէն սկսեալն է եւ ոչ թէ խմբակցութեան ղեկավարին հաւաստիացուցած 9-րդէն վերը: Երկու տարիներու տարբերութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի թեր կամ դէմ ըլլալու ընտրանքին մէջ, քան ինչ որ ենթադրել կու տան աննշան կարծուած այդ «երկու» տարիները: Յուսանք, որ այս փոփոխութիւնը կը սրբագրուի վերջնական մշակումին, այլապէս արդարացում չ’ունենար խմբակցութեան ղեկավարը ի լուր մարդկանց իր մեծ սուտին համար… Համբերենք, տեսնենք:

Հանրապետականներու խմբակցութեան ղեկավարին ներկայացուցած դրուածքով եւ հաւաստիացումով, օտար լեզուով դպրոցը, 9-րդէն վեր,- եւ իբրեւ շարունակութիւնն ու լրացումը անոր` համապատասխան համալսարանը,- անկասկած պիտի ունենայ առաւելութիւններ եւ անշուշտ` անպատեհութիւններ: Արդէն ամէն դրական երեւոյթ իր սաղմին մէջ իսկ կը կրէ ժխտականին սերմը: Սա տարբերութեամբ, որ առաւելութիւններէն կարելի պիտի ըլլայ օգտուիլ, իսկ անպատեհութիւնները կարելի է հակակշռել, սահմանափակել:

Յենինք կիրարկուող փորձին վրայ` Լիբանանի մէջ: Օրինակ առնենք մեր Ճեմարանը, եւ միւսները, որոնք Գ. Սահակեանի պատկերացուցածին պէս ծրագիր կը գործադրեն եւ որոնցմէ շրջանաւարտները նուազ գիտակից ու նուազ յանձնառու չեն մեծաւ մասամբ: Հայաստանի մէջ չէ, որ այդ տիպի դպրոց մը պիտի վերածուի տեսակ մը անօրինակ մեքենայի, ուրկէ դուրս ելլողը դարձած պիտի ըլլայ ֆրանսացի, անգլիացի, ռուս…

Արդ, լիբանանեան իրականութեան մէջ, միջավայրի մրցակցութեան դիմանալու հասկնալի եւ արդարանալի պատճառով կուսակցապատկան Ճեմարանը, եւ միւսները, եթէ որոշ զիջումներ կատարած են իրենց հիմնադրութեան իսկ նպատակէն ու ազգային առաքելութենէն, ապա ուրեմն նոյնպէս հասկնալի է, որ որեւէ երկրի ղեկավարութիւն (այս պարագային Հայաստանի), միջազգային կարծր ու հետզհետէ աւելի կարծրացող մրցակցութեան դիմացող մարդիկ նախապատրաստելու կանխահոգութիւնն ունենայ:

Ի վերջոյ յանցանք չէ մայրենիքի պէս օտար լեզուներու տիրապետող պատրաստուած հայ անհատներ ունենալու քաղաքական ցանկութիւնը:

Եզրակացութիւն.- Ըստ իս, օտար լեզուով դպրոցներու առաւելութիւնները մեծապէս կը նուազեցնեն հաւանական անպատեհութիւնները,

1.- Եթէ անոնք միջնակարգէն վեր, 9-րդ դասարանի մակարդակէն սկսին, առանց զիջելու հայագիտականէն (լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն): Մնացեալին` բնագիտութեան, տարրալուծութեան, ուսողութեան, ընդհանուր պատմութեան եւ այլ նիւթերու դասաւանդումը խնդիր չէ որ պիտի կատարուի օտար լեզուով:

2.- Եթէ անոնք չունենան «անձնական» դպրոցներու յատուկ ընդհանրական կարգավիճակ, այլ արտօնուին ու գործեն իւրայատուկ օրէնքի տրամադրութիւններու ենթակայ, սահմանափակ թիւով եւ աշխարհագրական որոշեալ տարածքներու մէջ տեղաբաշխումի պայմանով:

3.- Եթէ այդ դպրոցները (եւ օտարալեզու համալսարանները) ըլլան ոչ շահաբեր հաստատութիւններ, գիշերօթիկ բաժիններով, որպէսզի չունեւոր աշակերտներ եւս, Հայաստանէն թէ սփիւռքէն, կարելիութիւնը ունենան հոն ուսանելու…:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Jul 2, 2010

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԱԿՆԱՐԿ

Օպամա-Մետվետեւ-Սարքոզի հանթսվիլեան յայտարարութեան հայկական պաշտօնական մեկնաբանութիւնները կարեւոր են բանակցային կողմի ընկալումին մասին յստակ պատկերացումի փորձ կատարողին համար։ Յենինք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն վրայ։

Նախարար Նալբանդեան այսպէս կը բնութագրէր Հանթսվիլի յայտարարութիւնը. «Կարեւոր է, որ Քանատայում՝ «Մեծ ութնեակի» գագաթնաժողովի շրջանակներում արած յայտարարութեան մէջ վկայակոչելով Աքուիլայի 2009 թուականի յայտարարութեան կէտերը, մէկ անգամ եւս հաստատուել են այն դիրքորոշումները, որոնք Հայաստանն ընդունել է իբրեւ հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներ։ Դրանք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերջնական իրաւական կարգավիճակի մասին սկզբունքներ են, ինչը նշանակում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչում, անարգել կապ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ, անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ»։

Նախարար Նալբանդեան ուզած է տեսնել յայտարարութեան մէջ հայանպաստ սկզբունքներ։ Ի վերջոյ խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւնը նաեւ խօսած է «բռնագրաւուած» տարածքներու վերադարձի մասին, իբրեւ առաջին սկզբունք, ինչպէս նաեւ միջանկեալ կարգավիճակի եւ Հայաստանը Ղարաբաղին կապող շատ անորոշ միջանցքի մը մասին։ Այս սկզբունքներուն նկատմամբ մեկնաբանութիւններու շրջանցումը կամ զանոնք խնամքով անուշադրութեան մատնելը որեւէ բան չի փոխեր յայտարարութեան ներառուած ականային կէտերու վտանգաւորութենէն։

Կը վերադառնանք պաշտօնական Երեւանի կատարած մեկնաբանութեան։ Այժմ մէջբերենք Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կատարած մեկնաբանութիւնը։ Նկատի ունենանք նաեւ, որ պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հարցի լուծում բացառուած է առանց Ղարաբաղի համաձայնութեան։

Աշոտ Ղուլեանի մեկնաբանութեամբ՝ «բանակցային գործընթացի շարունակականութիւնը պահպանելու եւ խնդիրը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու իմաստով Մինսքի խմբի համանախագահ երկրների առաջնորդների Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներին արուած յորդորն դրական է: Կարծում եմ, որ յայտարարութեան մէջ տարածաշրջանային իրողութիւնները կարող էին աւելի առարկայօրէն արտացոլուել: Մասնաւորապէս, Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգների եւ Ֆրանսայի նախագահները հնարաւորութիւն ունէին անդրադառնալ ղարաբաղ-ազրպէյճանական զօրքերի շփման գծում վերջերս Ազրպէյճանի հրահրած սադրանքին ու շարունակուող ռազմատենչ հռետորաբանութեանը: Առհասարակ, փաստաթղթի բովանդակային ձեւակերպումների անորոշութիւնը, իսկ երբեմն էլ երկիմաստութիւնը, թւում է, նուազեցնում են գործնական քայլերի հաւանականութիւնը»։

Այստեղ նոյնիսկ դրական գնահատուած բաժինը պատասխան է Ազրպէյճանին։ Յայտարարութիւնը գերադասած է կարգաւորման խաղաղ ճանապարհը, որով մերժած՝ Ազրպէյճանի ռազմատենչութիւնը։ Արցախի Հանրապետութեան թիւ 2 դէմքը շարունակելով այս տրամաբանութիւնը քննադատած է յայտարարութեան բովանդակութիւնը, որ Ազրպէյճանի ռազմատենչութիւնն ու ռազմական գործողութիւնները դատապարտող բաժին չէ վերապահած։

Այս բաժինը ինքնին եթէ ներառուած ըլլար, խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր յայտարարութեան ամէնէն խոցելի կէտը՝ «բռնագրաւուած» տարածքներու վերադարձի պահանջը։ Ազատագրուած տարածքներ են անոնք, որոնք այսօր հայկական ուժերու վերահսկողութեամբ կþապահովեն ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Իսկ Ազրպէյճանը բազմիցս եւ հերթաբար իր ռազմատենչ հռետորութեամբ, հրադադարի խախտումներով թէ զինեալ յարձակումներով կը սպառնայ հայկական երկու պետութիւններու անվտանգութեան։ Աշոտ Ղուլեանի քննադատական թիրախը ըստ էութեան անընդունելի կը դարձնէ հանթսվիլեան յայտարարութեան առաջին կէտը։ Տակաւի՛ն, յստակօրէն կþընդգծուի երեք նախագահներուն կողմէ առաջադրուած սկզբունքներուն իրականացման անհաւանականութիւնը։ Տարբեր խօսքով՝ մերժելիութիւնը։

Չմոռնանք։ Առանց Ստեփանակերտի Երեւանը չի կրնար համաձայնիլ բանակցելի սկզբունքներուն։ Ընդ որում, ա՛յս հարցով Երեւանը պէտք չէ նաեւ դրական գնահատէ այն ինչ որ քննադատելի կը նկատէ Ստեփանակերտը։

«Ա.»

Jun 25, 2010

ՇԱՏԻՆ ՎՆԱՍՆ ՈՒ ԽԱՉԱՁԵՒՈՒՄԻՆ ՀԵԳՆԱՆՔԸ

Լիբանանահայ հասարակական կեանքին մասնակիցները կ՛ապրին առատ ու խայտաբղէտ ձեռնարկներու յորձանուտի մը մէջ, ուր իրերամերժ կացութիւններու դէմ յանդիման կը դրուին ակամայ:

Առատ` քանակի եւ երբեմն ալ որակի առումով:

Խայտաբղէտ` լայն տեսականիի եւ կազմակերպչական տարբերութիւններու տեսակէտէ:

Իրերամերժ` շատին ուրախութեան եւ խաչաձեւումի հեգնանքին միջեւ:

Այս բոլորը ինքնին հարստութեան նշան են անտարակոյս: Սփիւռքեան զանազան հատուածներ զուրկ են այս բոլորէն եւ դժբախտաբար կը տառապին հանրային հաւաքական կեանքի հետզհետէ ամայացող կացութիւններէ:

Իսկ լիբանանահայը կը տառապի մէկ կողմէ «ձեռնարկախեղդ» ըլլալու, իսկ միւս կողմէ ալ` անկազմակերպ անհեթեթ կացութեան մը իբրեւ արդիւնք` անհարկի խաչաձեւումներու պատճառով նոյնքան սիրելի այլ ձեռնարկներէ ակամայ բացակայելու ցաւով:

Նախ` շատի վնասին մասին:

Ձեռնարկներն ու յատկապէս մշակութային ելոյթները մարդու հոգեմտաւոր ներաշխարհին մէջ միայն կատարման պահուն չէ, որ ամբողջութեամբ կը ներգործեն: Անոնց ամբողջական վայելքին եւ իւրացումին համար մարդիկ ժամանակի պէտք ունին: Մեր կազմակերպած ձեռնարկներուն հեւքոտ ընթացքին մէջ յաճախ մենք անհրաժեշտ ու արժանի ժամանակը չենք վերապահեր ներքին վերապրումի ճամբով անոնց ամբողջացումին, «մարսում»ին, հետք ձգելուն, նստուածք տալուն ու մանաւանդ` հաւասարակշիռ տպաւորութեան ու գնահատումին: Ձեռնարկի մը համապարփակ ընկալումը տակաւին չկայացած, շուտափոյթ այլ ձեռնարկ մը կու գայ խանգարելու անոր ներգործութիւնը, մինչ իր կարգին երկրորդը եւս շուտով կը դատապարտուի նոյն կացութեան եւ այսպէս շարունակ: Այս պատճառով ալ նախապատրաստական ստեղծագործական երկարատեւ ու եռանդուն աշխատանքէ, մարդուժի եւ նիւթաբարոյական սուղ միջոցներու ներդրումէ ետք, անոնք մասնակիօրէն միայն կը ծառայեն իրենց նպատակին: Ըստ առածին` «Ովկիանոսը կտրել-անցնելէ ետք` աւազանին մէջ կը խեղդուին»:

Այլ հարց է նաեւ այն, թէ այսքան շատ ձեռնարկներու ետեւէն վազելու մեր հեւքին մէջ որքանո՞վ կրնանք հետեւիլ ու նախանձախնդիր ըլլալ անոնց որակին: Դժբախտաբար չենք կրնար խօսիլ համաշխարհային բարձրագոյն չափանիշներու մասին, սակայն արդեօք մեր հանրային հանդիսութիւններէն մինչեւ մշակութային արտադրութիւնները մեր հնարաւորութիւններուն բարձրակէտին հասցուա՞ծ են երբեւէ: Կ՛արժէ՞ արդեօք քանակին ետեւէն վազելով անտեսել որակը: Թեւաւոր խօսք է «Քանակը որակ կը բերէ» արտայայտութիւնը: Անձնապէս այս մտածելակերպին համակիրներէն չեմ: Խոտան քանակը մոլախոտի պէս կրնայ խեղդել կամ խեղաթիւրել տակաւին բողբոջող որակը:

Ինչ կը վերաբերի խաչաձեւումներուն ստեղծած տաղտուկին, հակառակ անոր որ նոյն «Ազդակ»ի էջերէն իսկ քանի անգամ դիտումներ եղած են զանազան առիթներով, սակայն հարցին տրամաբանական ու շահեկան լուծում մը չէ գտնուած տակաւին: Դժուա՞ր է տեղ մը ունենալ «Գրաւուած օր»երու մնայուն ցանկ մը, որ որեւէ նոր նախաձեռնութեան պարագային կազմակերպողներ նախապէս առիթ ունենան տեղեակ ըլլալու տուեալ թուականին յարմարաւէտութեան եւ կարելիութեան մասին:

Եթէ հարստութիւն է մեր գաղութին մէջ գրեթէ ամէն օր մէկ կամ մէկէ աւելի ձեռնարկներ ունենալը, ապա անոնց խաչաձեւումն ու բազմակողմանի համակարգումի բացակայութիւնը ինքնին նոյն հարստութեան վատնումն է:

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Jun 17, 2010

Թուրքիա-Իսրայէլ - արաբական աշխարհ

ՄԵՐՁԵՑՈՒՄՆԵՐ` ՄՐՑԱԿՑԱՅԻՆ ՊԱՐՈՒՆԱԿԻ ՄԷՋ

Մամլոյ հրապարակումները կը խօսին արդէն վարչապետ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան եւ իբրեւ փոխադարձ քայլ՝ Հըզպալլայի ղեկավար Հասան Նասրալլայի Անգարա տալիք այցելութեան մասին։ Ըստ լիբանանեան որոշ լրատուամիջոցներու կատարած կանխատեսումներուն, վարչապետ Էրտողան Լիբանանի մէջ պիտի դիմաւորուի ժողովրդային զօրակցական ընդունելութեամբ։

Նման լրատուութիւններու հետ կապուած նկատառելի նախադրեալներ տեղի կու տան հարցի քաղաքական վերլուծութիւնը տեղափոխելու Իրան-Թուրքիա մերձեցման փուլի հարթութիւն։ Այնուամենայնիւ այստեղ կայ խնդիր արաբական աշխարհին մէջ ղեկավարի դիրք գրաւելու եւ ազդեցութեան գօտի ընդարձակելու։ Ուրեմն հակառակ մերձեցումին կայ նաեւ մրցակցութեան խնդիր։ Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը կամ առհասարակ արեւմտեան ուժերը հաշտ պիտի հետեւէին այն գործընթացին, որուն համաձայն Համասի կամ Կազայի վրայ բացի Իրանէն ազդեցութեան առումով այլընտրանքային ուժ կը ձեւաւորուի։ Իսկ եթէ այդ ուժը ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ տակաւին Իսրայէլի ու Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական յատուկ գործընկեր Թուրքիան է, ապա իրողութիւնը կþընկալուի շատ աւելի հանգիստ։

Շրջանային տարողութեամբ գերուժերու յարաբերակցութեան, ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման, աւելի ճիշդը՝ մրցակցային դաշտի սահմաններուն մէջ եւս պէտք է դիտարկել խնդիրը։ Ի վերջոյ Իրանն ու իրեն յարող ուժերը եւս կը գիտակցին, որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի աշխուժ անդամ է եւ իրեն նորովի պատժող Միացեալ Նահանգներու եւ իրեն սպառնացող Իսրայէլի յատուկ ռազմավարական գործընկերը։ Գէթ տակաւին։

Հարցը այն է ուրեմն, որ ոչ միայն թրքական խաղ է արձանագրուածը Կազայի ծովեզերքը կամ ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ, այլ նաեւ առնչակից կողմերունը, որոնք թէեւ համակրանքի ալիքին ընդառաջ կը շարժին, այսուհանդերձ կը գիտակցին, որ թրքական ազդեցութեան գօտիի ընդարձակումը կþենթադրէ իրենց գօտիներու սեղմումը։

Ի վերջոյ առնչակից-զօրակցող կողմերուն համար անհրաժեշտ է Թուրքիա-Իսրայէլ յատուկ ռազմավարական գործընկերութեան բեկանումը եւ ոչ թէ այդ ուղղութեամբ միայն յայտարարութիւն կատարելը։ Ակնկալելի է այս ամբողջ ճգնաժամէն ետք ոչ թէ ներում պահանջել-ներում հայցելը, այլ դիւանագիտական կապերու ուղղակի խզումը։ Մինչդեռ բացայայտ է արդէն, որ ռազմավարական գործընկերներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդակցութիւններու մէջ են ստեղծուած ճգնաժամէն դուրս բերելու համար իրենց երկիրները։

Պետական եւ համապատասխան ծառայութիւններու մակարդակներուն վրայ արձանագրուող իրադրութիւններու, երեւութական թշնամանքներու հրահրման այս գործողութիւններու շարքը հասարակական իրողական մթնոլորտ ձեւաւորած են երկուստեք։ Իսրայէլի մէջ կեղծ չէ հակաթուրք տրամադրութիւններու բարձրացումը. նոյնպէս կեղծ չէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ հակաիսրայէլական-հակաամերիկեան լարուած իրավիճակը։ Աւելորդ է ըսելը սակայն, որ պետականն ու հասարակականը յաճախ տրամագծօրէն տարբեր ուղղութիւններով կը զարգանան։ Պետական ծրագրաւորումներու իբրեւ արդիւնք։

Հայկական թեմաներու շուրջ նաեւ արձանագրուող բարձրաձայնումները տակաւին հասարակական հնչեղութիւն ունին եւ ոչ թէ պետական քաղաքականութեան գործառոյթներուն մաս կը կազմեն։ Տարբեր բան է իբրեւ սպառնալիք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հրամայականը շեշտելը, բոլորովին տարբեր՝ խորհրդարանի օրակարգին մէջ ներառելն ու քուէարկելը. փաստացի ճանաչումը։ Ճանաչում պահանջելը մաս կը կազմէ յայտարարողական գետնի վրայ արձանագրուող պարանաձգութեան։ Ճիշդ այս պատճառով ալ գերխանդավառուիլ պէտք չէ, որ հրէական լոպին Ուաշինկթընի պետական ժողովասրահներուն մէջ կացութիւն կը պարտադրէ ի նպաստ մեր հիմնահարցերուն։

Յարափոփոխելիութիւնն ու կտրուկ շրջադարձերը օրինաչափ են քաղաքական գործընթացներուն մէջ։ Մանաւանդ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ պարագաներուն, որոնք տակաւին ռազմավարական յատուկ գործընկերներ են։

Jun 5, 2010

ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾՕՆԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Կազայի նաւատորմերուն միջադէպը պահ մը երկրորդ գիծ յղեց Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման որոշումի բեկանման զգայացունց յաջողութիւնը, որուն պատճառով ալ Թուրքիոյ վարչապետը չեղեալ յայտարարեց դէպի Արժանթին իր ուղեւորութիւնը:

Առանց չափազանցական եզրերու հասնելու, որոշումին բեկանումը կարելի է համարել ուղղակի իրադրային եւ զայն նկատել Հայ դատի վերջին շրջանի յաջողագոյն աշխատանքը: Անգարա ընդդէմ արժանթինահայ գաղութ կամ Արժանթինին մէջ թրքական դեսպանատուն ընդդէմ Արժանթինի Հայ դատի յանձնախումբ մղուող պայքարին մէջ յաղթական դուրս կու գայ արժանթինահայ համայնքը, իրեն հետ նաեւ ամբողջ հայութիւնը` իբրեւ հայոց պետականութիւն եւ սփիւռքահայ հասարակութիւն:

Ո՛չ անձամբ վարչապետ Էրտողանին այցելութիւնը Արժանթին, ո՛չ տեղւոյն դեսպանատան մութին մէջ տարած աշխատանքը, ո՛չ թրքական փորձառու դիւանագիտութեան կիրարկած խաղերը, ո՛չ նախկին կոթողի մը վերաբացման սուտ պատրուակները, ո՛չ ալ Արժանթինի նախագահին մօտ պաշտօնական Անգարայի կատարած միջամտութիւնները կարելի դարձուցած են յետս կոչել տալ որոշումին բեկանումը Պուենոս Այրէսի տեղւոյն իշխանութիւններուն մօտ: Հատու հարուած ստացած է թրքական ժխտողական քաղաքականութիւնը արժանթինեան հողերուն վրայ:

Այս մէկը այն փաստն է, որ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնողականութիւնը նախ ամբողջ համայնքը այս հարցին շուրջ համախմբելու, միասնական կեցուածք ամրագրելու, մինչ այդ` հարցին թաքուն ծալքերը բացայայտելու, տեղին եւ ժամանակին բողոքելու, եւ մանաւանդ քաղաքական նրբանկատութիւններու նկատառումներով իբրեւ Արժանթինի քաղաքացիներ շարժելու հասած է արդիւնքի: Միաժամանակ ճիշդ պատգամը փոխանցելու, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս կը հարուածէ Արժանթին-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւնները:

Արձանագրուածը քաղաքական հասունութեան փաստ է, համախմբուելու եւ համախմբելու կարողականութեան փայլուն օրինակ եւ ազդեցիկ գործօնի վերածուելու կենդանի դրսեւորում: Դիպաշարի հոլովոյթի մանրամասնութիւններուն կը ծանօթանան մեր ընթերցողները Հայ դատի այսօրուան էջով:

Արժանթինահայ համայնքին եւ տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբին իրագործածը
ուսանելի է սփիւռքեան զանազան գաղութներուն համար. յատկապէս այնտեղ, ուր թրքական թափանցումներու պարարտ ենթահողեր կը ձեւաւորուին այս օրերուն, եւ ուր թրքական դիւանագիտութիւնը օրէ օր կը յաջողի թրքանպաստ մթնոլորտի ձեւաւորման համար նոր քայլեր առնել:

Արժանթինահայութեան տուած օրինակը կը համոզէ, որ կարելի է ոչ միայն ընդդիմանալ թրքական պետական քաղաքականութեան, այլեւ գործընթաց կասեցնել, ազդեցիկ եւ անշրջանցելի գործօնի վերածուիլ, բեկանել որոշումներ եւ յետս կոչել տալ պետական պաշտօնական ուղեւորութիւններ:

Այս իրականութեան հետ հաշուի պէտք է նստին բոլոր առնչակից կողմերը: Նախ եւ առաջ Թուրքիան անշուշտ, որ հատու հարուած ստացաւ եւ ձախողեցաւ ժխտողականութիւն արտածել դէպի Արժանթին: Հարուածը ծանր է Թուրքիոյ, որուն վարչապետը ջղագրգիռ յայտարարութիւններ կը կատարէ` սուր ճօճելով իբրեւ թէ նաեւ երրորդ երկիրներու վնաս հասցնող սփիւռքին դէմ:

Իրագործումը պատգամ ունի նաեւ սփիւռքեան գաղութներուն եւ հայոց պետականութեան, միասին` համակարգեալ աշխատելաոճով դէմ դնելու թրքական նախապայմաններուն, ժխտողականութեան: Միասին` ներգործօն դերակատարութիւն ունենալու: