Aug 26, 2009

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԳՐՈՀ՝ WIKIPEDIA-Ի ԴԷՄ

ԱԿՆԱՐԿ
Համացանցային տարածքներու վրայ ուշագրաւօրէն գերաշխուժ իրավիճակ կը ցուցաբերէ «Ճշմարտութեան պատմութիւնը-հայկական պնդումները» վերնագիրը կրող կայքէջը։ Նկատառելի արագակշռութեամբ մը այս կայքէջին վրայ կը տեղադրուին զուտ հայկական հարցերու վերաբերող ապատեղեկատուութեան մը անվերջանալի շղթայի օղակները։ Անոնք, որոնք հայկական նիւթերու վերաբերեալ «Կուկըլ-ալըրթ»ի լրատուութիւնները կը ստանան իրենց ելեկտրոնային նամակատուփերուն մէջ, յստակօրէն կը պատկերացնեն, թէ ի՛նչ կշռոյթի եւ ի՛նչ տարողութեան մասին է խօսքը։ Ասիկա թուրքերու մղած տեղեկատուական պատերազմին նորագոյն միջոցներէն կը թուի ըլլալ, որ աննկատ պէտք չէ անցնի հայկական տեղեկատուադաշտի համապատասխան բաժանմունքներու պատասխանատուներէն։ Բառին ամբողջական իմաստով ապատեղեկատուական գրոհ է, որ տեղի կ’ունենայ, որ թէեւ չյայտարարուած, այսուհանդերձ բոլոր նախադրեալները կը պարփակէ համոզելու, որ գրոհը կը կրէ թրքական պետութեան հովանաւորութիւնը, նեցուկը, եթէ ոչ՝ կը մատնէ անոր նախաձեռնութիւնը։

Թրքական տեղեկատուական գրոհին առընթեր, երէկ երեկոյեան, ազրպէյճանական «Թուտէյ ազ»ը ելեկտրոնային շրջանառութեան մէջ դրաւ քարոզչաքաղաքական անհանգստութիւն մը։ Խօսքը կը վերաբերի ազրպէյճանական «Թուտէյ ազ» յայտնի կայքէջին, որուն հրապարակած յօդուածը զօրակոչի կը հրաւիրէ ազրպէյճանցի հասարակութիւնը։
Հարցը հետեւեալն է. «Ուիքիփետիայի վրայ Ազրպէյճան-Հայաստան պատերազմը կը շարունակուի» խորագրեալ գրութիւնը կը բողոքէ, որ «Հայաստան», «Արցախ», «Ղարաբաղ», «Արցախեան հակամարտութիւն» բառերը, եթէ «Ուիքիփետիա»ի որոնման բաժինին մէջ դրուին, որոնողին կը տրամադրուին «սխալ» տեղեկութիւններ։ Պարզ է, որ խօսքը ինչի մասին է։ Միտք բանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն նշուած է Արցախը, որ պատմական Հայաստանի մաս կազմած է։

«Ուիքիփետիա»ի այցելուները գիտեն, որ բաց հանրագիտարանի ելեկտրոնային այս տարբերակը կ’ընդունի նաեւ այցելու-ընթերցողին կողմէ տրամադրուող տուեալներ, տեղեկութիւններ՝ տուեալ նիւթին վերաբերեալ։ «Թուտէյ ազ»ը հեծանիւ կը հնարէ եւ զօրակոչի կ’ենթարկէ ազրպէյճանցի հասարակութիւնը, «ճիշդ» տեղեկութիւններ փոխանցելու համար բաց հանրագիտարանին եւ՝ «սրբագրելու» ցարդ իբրեւ տեղեկութիւն հրամցուածը։ Խորքին մէջ, կոչ կ’ուղղուի աշխուժ մասնակցութիւն բերելու իրականութիւններու խեղաթիւրման։

Մօտէն հետեւիլ պէտք է, թէ յառաջիկայ օրերուն, նոյն բառերու տեղադրումով կատարուած որոնումներուն արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Հետեւիլը բաւարար չէ անշուշտ. եթէ «Թուտէյ ազ»ը զօրակոչ յայտարարած է, հայկական կողմը հետեւելով չի կրնար բաւարարուիլ։ Հայ այցելու-ընթերցողը պէտք է մասնակցութիւն բերէ «Ուիքիփետիա»ի վրայ յայտարարուած տեղեկատուութիւն-ապատեղեկատուութիւն պատերազմին։ «Ուիքիփետիա»ն կամ ինքզինք յարգող որեւէ ելեկտրոնային բաց հանրագիտարան, ի վերջոյ պէտք է գիտակցի, որ այս բոլոր պատերազմներուն մէջ հաւաստիութեան որոշ մակարդակ պահելու խնդիր գոյութիւն ունի։ Եւ որքան աշխուժութիւն ցուցաբերէ ազրպէյճանական ելեկտրոնային գրոհը, տեղեկատուութիւնը պէտք չէ փոխուի ապատեղեկատուութեան։

Մենք, եթէ չենք կրնար որեւէ ձեւով ազդեցութիւն ունենալ այսպէս կոչուած «ճշմարտութեան պատմութիւն»ը կայքէջի յերիւրանքային արտադրողականութեան վրայ, ապա կրնանք դեր ունենալ «Ուիքիփետիա»ի հաւաստիութիւնը պահելու գործին մէջ։
Այս մէկը եւս ելեկտրոնային տարածքներու վրայ մղուող տեղեկատուական պատերազմի իւրօրինակ տարբերակ է։ Հերթական անգամ մենք չենք նախայարձակը։ Յանցաւոր կ’ըլլանք սակայն, եթէ ձեռնածալ մնանք մեզի դէմ սանձազերծուող գրոհին դիմաց։ Իսկ «Ուիքիփետիա»ի հեղինակները պէտք է ըմբռնեն, որ այս յարձակումը հաւասարապէս թէ՛ հայկական կողմին եւ թէ՛ իրենց դէմ ուղղուած է։

«Ա.»

1 comment:

  1. ԱՐՁԱԳԱՆԳ - ԶԳԱՍՏԱՆԱԼՈՒ ՊԱՀԸ

    Նախապէս, երբ կ’այցելէինք համացանցային «Ուիքիփետիա» կայքէջը, երեւոյթ մը շատ մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէր մեզի։ «Ազդակ»ի երէկուան թիւին առաջին էջով լոյս տեսած «Ազրպէյճանական գրոհ՝ «Ուիքիփետիա»ի դէմ» խորագրեալ առաջնորդող ակնարկը վերարծարծեց այդ մտահոգութիւնը։

    Ինչի՞ն կը վերաբերի հարցը։ Հարցը այն է, որ մեր իսկ ոտքերուն տակէն գետը կ’անցնի, իսկ մենք դժբախտաբար չենք զգար, կամ՝ չենք ուզեր ուշադրութիւն դարձնել «աւելորդ մանրամասնութիւններու», որոնք, ի դէպ, շատ կարեւոր կրնան ըլլալ մեր համաշխարհային այս փոքր գիւղին՝ երկրագունդին վրայ մեր ապագայ լինելութեան համար։

    Այո՛, հարցը այն է, որ մեր համատարած անտարբերութեան մթնոլորտին մէջ, թուրք-ազրպէյճանական (այս անգամ համացանցային) առանցք մը ստեղծուած է եւ անցնող քանի մը տարիներուն ընթացքին հետեւողական աշխատանք տարած է «Ուիքիփետիա» ձրի համացանցային համայնագիտարանին մէջ յօդուածներ տեղադրելու իմաստով։ Թուրքերը եւ ազրպէյճանցիները, փաստօրէն, երբեք ճիգ չեն խնայած իրենց լեզուներով յատուկ «Ուիքիփետիա»ի բաժինները զարգացնելու իմաստով։

    Ընդգծենք իրողութիւն մը եւ անցնինք։ Թրքերէն եւ ազրպէյճաներէն «Ուիքիփետիա»ները ոչ միայն կ’ընդգրկեն յօդուածներ թրքացեղ ժողովուրդներուն պատմութիւնը փառաբանող եւ հակահայ թոյնով լեցուն, այլ կ’ընդգրկեն նաեւ մարդկային կեանքի, գիտութեան, աշխարհագրութեան եւ տարբեր մարզերու վերաբերող բիւրաւոր յօդուածներ։ Այդ ձեւով ալ, թէ՛ ազրպէյճանցիք եւ թէ՛ մանաւանդ թուրքերը կարծես կը նպատակադրեն իրենց տուեալ աշխատանքին տալ քաղաքակրթական բնոյթ, ցոյց տալ, որ այսպիսի «պայքար»ի մը մէջ իրենք կրնան մրցիլ գիտական եւ մտաւոր մարզերուն մէջ աշխարհի ամէնէն զօրաւոր ժողովուրդներուն հետ անգամ («Ուիքիփետիա»ի վրայ նիւթեր կրնան տեղադրել սիրողական այցելու-ընթերցողներ)։

    Պիտի ներկայացնենք թուական պատկեր մը, եւ կը կարծենք, թէ անկէ ետք պարզ կը դառնայ ընթերցողներուն համար, թէ ի՛նչ է թուրք-ազրպէյճանական այս հետեւողական աշխատանքին տարողութիւնը։

    «Ուիքիփետիա» հանրագիտարանի ցանցին մէջ յօդուածներու քանակով ամէնէն ընդարձակը անգլերէն «Ուիքիփետիա»ն է՝ 3 միլիոնէ աւելի յօդուածներով։ Մեզի համար անակնկալ էր տեսնել, թէ թրքերէն «Ուիքիփետիա»ն կը գտնուի ցանկին առաջին 20-ին մէջ։ Անիկա կը գրաւէ 18-րդ դիրքը՝ 134359 յօդուածով։ Ազրպէյճանական թրքերէնով «Ուիքիփետիա»ն կը գրաւէ 56-րդ դիրքը՝ 25233 յօդուածով։

    Իսկ ինչ կը վերաբերի հայերէն «Ուիքիփետիա»ին, ապա պատկերը բաւական ցաւալի է։ Ե՛ւ արեւմտահայերէնի, ե՛ւ արեւելահայերէնի բաժինները՝ միասին գումարած, հազիւ 4832 յօդուած կ’ընդգրկեն։ Հայերէն «Ուիքիփետիա»ն փաստօրէն կը գտնուի «Ուիքիփետիա»ներու ցանկին ամէնէն յետին դիրքերէն՝ 114-րդ դիրքին վրայ։ Եւ ասիկա այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ ներկայիս տեղեկատուական արհեստագիտութեան մակարդակին վրայ բոլոր կարելիութիւնները ստեղծուած են համացանցին վրայ հայերէնով նիւթեր տեղադրելու իմաստով։ Ասիկա ընելու համար ալ անհատը ազատ նախաձեռնութեան ոգի պէտք է ունենայ եւ ոչ թէ ինչ որ «վեր»երէն թելադրանքներու սպասէ։ Վերջ ի վերջոյ այսօր տեղեկութիւնները մատչելի են հայ անհատին (մանաւանդ երիտասարդին), եւ հայերէնը այնպիսի լեզու մըն է, որով մարդ կրնայ որեւէ միտք կամ գաղափար արտայայտել, գիտական տեղեկութիւնները փոխանցել եւ այլն։

    Սակայն ասկէ աւելի կարեւորը կայ։ Ե՞րբ իրապէս պիտի զգաստանանք, որ մեր ոտքերուն տակէն հողը կը շարժի...

    ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

    ReplyDelete