Nov 11, 2009

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԿՏՐԱԿԱՆԱՊԷՍ ՄԵՐԺԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ



ՏԵՍԱԿԷՏ


Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն հրապարակումէն, եւ նոյնիսկ անկէ առաջ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման այսպէս կոչուած “ճամբու քարտէս”ին մասին յայտարարութենէն ետք արձանագրուած իրադարձութիւններուն հետեւողը շատ յստակօրէն կրնայ նկատել, որ այս գործընթացը իր տեղէն չշարժեցաւ առանց մանաւանդ արեւմտեան որոշումի կեդրոններուն բանեցուցած ճնշումին:


Այս իրականութիւնը դուռը բաւական լայն կը բանայ մտածելու եւ մտորելու այս արձանագրութիւններուն եւ ներկայ ամբողջ գործընթացին նկատմամբ հայութեան որդեգրելիք կեցուածքին մասին:


Մեր կարծիքով, արդէն իսկ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ հարցը երբեք պէտք չէ փնտռել գոյութիւն ունեցող յստակ նախապայմաններուն մէջ: Անոնք պարզապէս աղ-պղպեղ են եւ յաւելեալ պատճառ՝ արձանագրութիւնները եղածին պէս մերժելու: Հարցը պէտք չէ փնտռել այն կէտին մէջ, որ երկու երկիրները կը ճանչնան իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող ներկայ սահմանները, ինչ որ իրողականօրէն կը նշանակէ Կարսի համաձայնագիրի ընդունումը: Հարցը պէտք չէ փնտռել այն կէտին մէջ, որ արձանագրութիւնները կը նախատեսեն պատմական հարթութեան ենթայանձնախումբ մը, որուն անդամ հայ, թուրք եւ միջազգային մասնագէտները պիտի ուսումնասիրեն պատմական արխիւները, ինչ որ կրնայ պատճառ հանդիսանալ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ առնելու: Հարցը երբեք պէտք չէ փնտռել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող այն քողարկուած նախապայմանին մէջ, որուն մասին օր չ’անցնիր, որ թուրք բարձրաստիճան քաղաքական պաշտօնատարները չխօսին: Եթէ նոյնիսկ այս արձանագրութիւնները իրօք ըլլային առանց նախապայմանի, մեր անձնական կարծիքով, հայութիւնը պէտք էր կտրուկ մերժէր զանոնք: Հարցը աւելի խորքային է:


Արդի Հայաստանին պէտք չէ նայիլ իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէկ անկիւնը ծուարած երկիրի: Աշխարհագրականօրէն այդպէս է, բայց իրականութեան մէջ՝ ոչ: Թէ° արդի Հայաստանը եւ թէ° Հայաստանի բռնագրաւեալ հողերը Թուրքիոյ կողմէ անմիջական եւ բազմաթիւ կապերով առնչուած են միջինարեւելեան միջավայրին հետ: Հայկական հարցը ի°նք, ներկայիս մարմնաւորուած Հայ դատի հասկացողութեամբ, պատմականօրէն անքակտելի մէկ մասը եղած է Արեւելեան հարցին, որ տարբեր դրսեւորումներով կը շարունակէ անլոյծ մնալ: Ուստի հայութեան ու Հայաստանի ճակատագիրը կարելի չէ անջատել Միջին Արեւելքի շրջանի ճակատագիրէն եւ այդ շրջանին վերաբերեալ մեծ պետութիւններու կամ ինչ-ինչ յայտնի թէ գաղտնի միջազգային կազմակերպութիւններու մշակած ծրագիրներէն:


Ուղղակի անցնինք նիւթին: Խօսքը կը վերաբերի Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրին: Մեր կարծիքով, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները այնպէս, ինչպէս պարտադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու ճնշումներով, այդ ծրագիրի՝ Միջին Արեւելքի վերաձեւաւորման ծրագիրի ենթախորագիրներէն մէկուն մաս կը կազմեն:


Մեծ ծրագիրը կը բաղկանայ ենթածրագիրներէ: Անոնցմէ մէկը (եւ ներկայիս՝ առաջնահերթը) շատ յաջող կերպով կ’իրագործուի Իրաքի մէջ: Ուրիշ մը իրագործելու փորձ կատարուեցաւ 2006 թուականի յուլիսին՝ Լիբանանի մէջ, բայց շնորհիւ լիբանանեան Ազգային դիմադրութեան, այդ փորձը չարաչար ձախողեցաւ: Հիմա, աւելի ընդարձակ շրջագիծի մէջ, փորձեր կը կիրարկուին նաեւ Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եմէնի մէջ (նկատի ունինք վերջին դէպքերը՝ հուսիներու ըմբոստութեան հետ առնչուած):


2006-ի յուլիսեան պատերազմի գագաթնակէտին էր, երբ յանկարծ Թել Աւիւի մէջ յայտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու այն ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար Քոնտոլիզա Ռայսը եւ առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ՝ “ներկայիս կը կերտուի Նոր Միջին Արեւելքը”: Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, նոյն թուականին, ամերիկեան բանակի “Արմտ ֆորս ժըռնըլ” թերթին մէջ, հանգստեան կոչուած բարձրաստիճան սպայ եւ նոր-պահպանողական քաղաքագէտ Ռալֆ Փիթըրզ հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ կոչ կ’ուղղուէր վերագծելու Միջին Արեւելքի երկիրներուն սահմանները: Ռալֆ Փիթըրզ նախ եւ առաջ կոչ ուղղեց բաժնելու Իրաքը երեք մասերու՝ համայնքային եւ ազգային հիման վրայ: Այս տեսաբանը չխրտչեցաւ կատարել էապէս ցնցիչ յայտարարութիւն մը, որ սահմաններու վերագծումը յաճախ միայն տեղի կ’ունենայ պատերազմով եւ բռնութեամբ, ներառեալ՝ ցեղային մաքրագործումներով:


Ընդգծելով վերջին միտքը՝ վերադառնանք Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն: Կամ ալ՝ եկէք այսպէս բանաձեւենք հարցումը. ի՞նչ բան կը նախատեսէ Ռալֆ Փիթըրզի ծրագիրը՝ Հայաստանի եւ հայութեան համար: Կամայ թէ ակամայ նոյն ծրագիրին գործադրութեան միտող Արեւմուտքին պարտադրած այս արձանագրութիւնները բացէ ի բաց կը թելադրեն, որ Թուրքիա եւ Հայաստան վերջնականօրէն թող ճանչնան ներկայիս գոյութիւն ունեցող իրենց սահմանները: Ասիկա արդէն ենթածրագիրին առաջին հանգրուանն է: Հոս առաջին մեծ հատուածը կը հասցուի հայ ազգային պայքարին, որ հիմնուած է, իրաւականօրէն, Սեւրի դաշնագիրին վրայ: Բայց այս ենթածրագիրին յաջորդ հանգրուանները աւելի աղէտալի են: Ըստ Փիթըրզի ծրագիրին, այդ հանգրուանները կ’ենթադրեն ամբողջ շրջանի տարբաղադրում՝ այնպիսի ձեւով մը, որ չորս երկիրներու աւերակներուն վրայ ստեղծուի Քիւրտիստան մը, որ աւելի°ն է, քան ինչ որ կրնային երազել ամէնէն ծայրայեղ քիւրտ ազգայնականներն անգամ: Այս Քիւրտիստանը ոտքի պիտի կանգնի Արեւմտահայաստանի հողերուն մեծամասնութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ելք պիտի ունենայ Սեւ ծովուն վրայ:Եւ որովհետեւ այս ծրագիրէն ամէնէն շահաւորը Իսրայէլը պիտի ըլլայ (անիկա պիտի կծկուի նախքան 1967 թուականը իր ունեցած սահմաններուն մէջ եւ բաժան-բաժան եղած շրջանին մէջ պիտի վայելէ ամէնէն ապահով կացութիւնը), ուստի նոր ստեղծուելիք Մեծն Քիւրտիստանն ալ պիտի կատարէ անոր պահակի դերը:


Այս միջոցին ծրագիրի վերակացուները կու գան եւ կ’ըսեն. “Հայե°ր, դուք՝ իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ, մոռցէք այլեւս հատուցման հարցը: Ձեզի պարզապէս պզտիկ բարոյական ժեսթ մը կրնանք ընել՝ գացէք եւ բաւարարուեցէք Արարատ լեռով ու անոր շրջակայքով”: Իսկ Ղարաբա՞ղը: Անոր մասին խօսք անգամ չկայ Ռալֆ Փիթըրզի առաջարկած քարտէսին եւ ծրագիրին մէջ:


Իսկ եթէ իրօք այս ծրագիրը իրականացուի ցեղային մաքրագործումով եւ հայութեան չցանկացած ձեւով, այն ժամանակ պէտք է ակնկալենք, որ երկրորդ եղեռն մը մօտալուտ է: Եւ ասիկա աւելի վտանգաւոր է, քան՝ մէկ-երկու նախապայմաններու գոյութիւնը: Ասիկա երեւակայածին ծրագիր մը չէ: Գիշեր-ցերեկ մարդիկ կը մտածեն՝ ինչպէ°ս գործադրել զայն:


Ահա թէ ինչո՞ւ կտրուկ կերպով պէտք է մերժենք այս արձանագրութիւնները: Դարձեալ կ’ըսենք՝ անոնց ետին կայ հայութիւնը երկրորդ անգամ ցեղասպանութեան ենթարկելու սպառնալիքը: Ամերիկացիին կամ եւրոպացիին հոգն ալ պիտի չըլլայ այդպիսի պարագայ մը: Պատմութեան մէջ հոգը չէ եղած արդէն: Այդ արեւմուտքցիին ըսէ միայն “Նապուքօ” եւ քարիւղ: Մեր ըսածներուն վկաները Իրաքի քրիստոնեաներն են...Ամէն գնով պէտք է ձախողեցնել այս դաւադրութիւնը, որ իր մէջ կը կրէ Հայոց երկրորդ ցեղասպանութեան մը ծրագիրին սերմերը: Ասիկա ընելու համար անհրաժեշտ է ժողովրդային դիմադրութիւն եւ շարժում: Շարժում մը, որ չդադրի այս արձանագրութիւններուն վաւերացումով, դիմադրութիւն մը, որ ըլլայ յարատեւ:

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

12 comments:

  1. haradev geriv koutse anhatchogh...mer pergoutian panalin.Hamatsayn em Jakin timatroutyun bedk e ella.
    Karnig

    ReplyDelete
  2. Yergrort teseghasbanoutian vedanke chapazantsevads e.Tourkere arachinin hartse tcheloudads yergrorte? bidi kordsen.Hotvadsakire bedk e aveli manramasen patsadroutyun da te inchou? ayt vedanke ge nakhadese.
    G.I.

    ReplyDelete
  3. Պրն. Ժագը ըստ երեւոյթին բաւական ժամանակ կ՛անցնէ և կը ներշնջուի Ուխտ Արարատի յայտարարութիւններէն և ատոր լոյսին տակ կ՛որոշէ Ազդակին մէջ ինչ որ բանի մասին գրել:
    Խաժակ

    ReplyDelete
  4. Յարգելի պրն. Խաժակ,ներշնչուելու համար Ուխտ Արարատիի յայտարարութիւններուն կարիք չունիմ անձնապէս:Անոնցմէ առաջ հայ իրականութեան մէջ Հայ արիական միաբանութիւնը եւ Հայաստանի ձախակողմեան կարգ մը ուժեր խօսած են Ռալֆ Փիթըրզի ծրագիրին մասին՝ տակաւին 2006-էն սկսեալ:Մտաւորական հետաքրքրութեան իմաստով արիականներուն եւ ընկերվարականներուն ըսածները աւելի մահտում են եւ անոնց մէջ աւելի հիւմըր կայ, քան Գաղտնի բանակի մնացորդացին յայտարարութիւններուն մէջ:Մենք կը խօսինք կոր երեք տարուան վրայ երկարող պատմութեան մը մասին՝ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան վերջին պատերազմէն ետք:2006-ին լիբանանեան օրաթերթերն ալ գրեցին այս դաւադրութեան մասին՝ իր շրջանային պարունակին մէջ անշուշտ:Հիմա եթէ Ուխտ Արարատին կը գրէ կոր այս մասին,պրաւօ,ճշմարտութեան վրայ լոյս կը սփռէ կոր:Յամենայնդէպս ես անձնապէս մարտահրաւէր կը կարդամ որեւէ մէկու,որ փաստէ,թէ ես այս յօդուածիս մէջ ուղղակիօրէն եղածին պէս առած եմ Ուխտ Արարատիի,արիականներուն կամ ձախակողմեաններուն գաղափարները եւ հրամցուցած եմ ընթերցողներուն:Յարգանքներով՝ԺԱՔ

    ReplyDelete
  5. Նաեւ անշուշտ կ'աւելցնեմ լիբանանեան ձախակողմեան օրաթերթերուն գաղափարները:
    Ժաք

    ReplyDelete
  6. Իսկ պրն. Խաժակ,եթէ կ'ուզէք նշեմ յօդուած մը,որմէ աչքս գոց եւ առանց որեւէ տարակուսանքի կրնամ ուզածիս չափ ներշնջուիլ,ապա հետեւեալն է,թարգմանուած տակաւին 2006 թուականին,հայրենի «Ազգ» օրաթերթին կողմէ:Ես ասիկա կրնամ առնել աչքս գոց եւ անոր հիման վրայ «որոշել ինչ որ բան գրել «Ազդակ»ին մէջ:http://hayrenik.do.am/blog/2009-08-01-5 մանաւանդ եթէ անիկա անձնական տեսակէտ է:

    ReplyDelete
  7. Կը ներէք անունս մոռցայ նշել:ԺԱՔ

    ReplyDelete
  8. Շնորհակալ եմ Պրն. Ժագ, տուածդ բացատրութեանց համար (կամ արդարացման համար): Առ այժմ այսքան, հետագային դարձեալ կը խօսինք:
    Խ.

    ReplyDelete
  9. Խնդրեմ պրն. Խաժակ.յուսամ համոզիչ էր ըսածս:Կը պատասխանեմ G.I.ին կրցածիս չափ մանրամասն՝ մեկնելով նաեւ վերը տեղադրած լինքէս,որ տեղադրած էի պրն. Խաժակին պատասխանելու ծիրին մէջ:Այդ լինքը կը ներկայացնէ սկզբնաղբիւրը իմ յօդուածիս,որովհետեւ ուղղակի այդ դաւադիր Ռալֆ Փիթըրզի յօդուածին կամ ծրագիրին թարգմանութիւնն է:Կարկինը լայն կը բանամ ըսելու համար,որ թէեւ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ յամառ ճիգեր կան անջատուելու եւ ինքնուրոյն պետութիւն մը ստեղծելու,բայց ոչ ոք կրնայ հարիւր առ հարիւր վստահեցնել եւ ըսել,որ քրտական մասով Փիթըրզի ծրագիրը ամբողջութեամբ կրնայ յաջողիլ:Արդէն ալ նշած էի,որ քիւրտը միայն գործիք կրնայ դառնալ,ուրիշ ոչինչ:Իրաքի մէջ քիւրտերը անցեալին յաճախ Իսրայէլի դաշնակից եղած են արաբական թշնամական միջավայրի մը մէջ:Քրտական մասով ես վախ չունիմ:Ընդհակառակն՝ վախ ունիմ որ համաթուրանական ծրագիրը եւ այս ծրագիրը համընկնին իրարու,այն ժամանակ ալ նորովի կը նորոգուի պատմական դաշինքը թուրանականութեան եւ սիոնականութեան միջեւ:Փիթըրզի առաջարկած քարտէսին մէջ կէտ մը կայ,որ արժէ ուշադրութեան յանձնել,ես չէի անդրադարձած ասոր յօդուածիս մէջ,բայց շատ վտանգաւոր է եւ կը հիմնաւորէ իմ այն տեսակէտս,թէ ասիկա երկրորդ ցեղասպանութեան մը ծրագիրն է:Խօսքը հիմնականին մէջ կը վերաբերի թրքացեղ իրանեան Ատրպատականի՝ ներկայ Ազրպէյճանի հանրապետութեան միացման հարցին,որուն մասին յաճախ կը խօսուի:Կը հրաւիրեմ ձեզի անգամ մը այցելել վերի լինքը եւ տեսնել, թէ ինչի մասին կը խօսիմ:Սարսափով պիտի նկատէք,որ Հայաստանը այլեւս սահման պիտի չունենայ Իրանի հետ,որ այն միակ սահմանակից երկիրն է,որուն հետ Հայաստան ներկայիս ոչ մէկ հարց ունի:Դժբախտաբար նոյնիսկ հաւատակից Վրաստանի հետ այսօր հարցեր ունինք:Այս ձեւով Հայաստան երեք կողմերէն ալ շրջապատուած կ'ըլլայ թրքացեղ ժողովուրդներով:Այս հարցը պիտի կապեմ ուրիշի մը հետ,որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապն է,որուն մասին նշած էի յօդուածիս մէջ,թէ Փիթըրզի ծրագիրին մէջ խօսք անգամ չկայ Ղարաբաղի մասին:Հոս է որ դաւադրական ծրագիրը կ'երեւի իր ամբողջ ահաւորութեամբ,մանաւանդ եթէ զուգահեռներ գծէք այս ըսածներուս եւ վերջերս յաճախ խօսուող այսպէս կոչուած Մատրիտեան սկզբունքներուն միջեւ,որոնք օրկանական կապ ունին Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն հետ:Մինչեւ հիմա ինչ որ բացայայտուած է այդ սկզբունքներէն ի՞նչ կ'ըսէ,չ'ըսե՞ր,որ եօթը շրջանները պէտք է վերադարձուին եւ ապագային Ղարաբաղի հայ եւ ազրպէյճանցի համայնքները հանրաքուէով պէտք է ճշդեն շրջանի կարգավիճակին հարցը:Իսկ գործնականին մէջ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ...
    Վերջին մատնանշում մըն ալ ընեմ եւ կը դադրեցնեմ այսօրուան համար:Թուրքերը համիտեան ջարդերուն հարցը չլուծած ձեռնարկեցին Ատանայի մեծ կոտորածին,անոր հարցն ալ չլուծած ձեռնարկեցին Մեծ եղեռնին:Եւ եթէ Գերմանիա յաղթէր Համաշխարհային Բ պատերազմին,ապա շատ տուեալներ կան,որ Թուրքիան պիտի շարունակէր իր ցեղասպանական ընթացքը եւ ամբողջ Կովկասը պիտի մաքրէր հայ տարրէն:Անոր համար մի զարմանաք,որ Թուրքիա շարունակե այդ ծրագիրը փայփայել ասկէ ետք եւս:Յարգանքներով՝ ԺԱՔ

    ReplyDelete
  10. Միայն խնդրանք մը ունիմ կայքի վարչութենէն,եթէ կատարուի շատ գոհ պիտի ըլլամ:Կը խնդրեմ որ այդ զզուելի բեմադրութեան նկարին փոխարէն տեղադրէք Ռալֆ Փիթըրզի քարտէսը,լինքը հոս կը տեղադրեմ http://www.globalresearch.ca/articlePictures/ralph_peters_solution_to_mideast_medium.jpg

    ReplyDelete
  11. Դարձեալ մոռցայ անունս նշելու:ԺԱՔ

    ReplyDelete
  12. Կրնայ Փիթըրզի ծրագիրը գոյութիւն ունենալ, եւ կամ այդպէս կամ ուրիշ ոեւէ դաւադրութիւններ, բայց ըսել որ թուրքերը երկրորդ ցեղասպանութեան կը պատրաստուին իսկապէս չափազանցութիւն է, եթէ ոչ հալածախտ: Համաձաձն եմ GIին հետ:

    Ամէն պարագայի եթէ Հայերը մէկ անգամ եւս «ցեղասպանուին» ատիկա այլեւս իրենց հանձանքը կ'ըլլայ, էշը մէկ անգամ փոսը կիյնայ:

    Բայց այս «փոս»ը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ ունենալը չէ, ցեղասպանուիլ եւ թուրքին հետ դիւանագիտականօրէն վարուիլ իրարմէ տարբեր բաներ են, որ կարծեմ ժաքը իրար կը խառնէ: Մինակ չէ անշուշտ, նախ քանի որ բնական է որ հալածախտ ունենայ ցեղասպանուած ժողովուրդ մը, եւ ապա քանի որ հայերս դիւանագիտական հմտութեան պակաս ունինք ամէն պարագայի, մեզի համար նախընտրելի է դիւրին «ոչ»ը: Եւ կամ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսը (չեմ գիտեր եթէ ոեւէ պաշտօնական տեղ մը նշուած է ատիկա, եթէ է, ես փողոցի լեզուին մէջ շրջանառուածը նկատի ունիմ):

    Ոեւէ ձեւով պաշտպանել կամ կողմնակից ըլլալ չեմ ուզեր Հայաստանի այժմու կառավարութեան, անշուշտ որ մենատիրական ձգտումներ ունին (թեթեւ ըսած ըլլալու համար), եւ այս քաղաքական քայլը կրնայ եւ շատ հաւանաբար է արտագին ծրագիր մը (Ռուսական, Ամէրիկեան, Եւրոպական, ապա թէ ոչ ինչու բոլոր կարեւոր մարդիկը հոն էին ստորագրուած օրը) եւ այսպիսով մօտեցած կ'ըլլանք Ժաքին դաւադրութեան տեսութեան, բայց այլ իրականութիւն մըն ալ կայ: Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով իր քսան տարուայ (հետեւաբար իննսուն տարուայ) պատմութեամ մէջ մաս կը կազմէ Համաշխարհային քաղաքական իրադարձութեան մը, թեկուզ այդ մէկը ըլլայ «դաւադրութիւն», կ'ըլլայ դերակատար, ու ամէնա կարեւորը ընտրութիւն ընող դերակատար, որքան ալ ջնջին ըլլայ: (այսօր Լիբանանը ոեւէ ընտրութիւն կատարա՞ծ է, Ազրպէյճանը՞, եւ այլ շատ ու շատ երկիրներ)

    Երկիրները նաեւ փրակմաթիկ կ'ըլլան՝ ոչ միայն ազգային ու զգացական: Բացի եթէ մենք Հայաստանը որպէս «երկիր» չենք ուզեր տեսնել, այլ որպէս զբօսավայր՝ հայրենակցական և հայրենասիրական զգացումները գոհացնելու տեղ:

    Գալով Փիթըրզի յօդուածին, պիտի խօստովանիմ որ միայն հիմա կարդացի: Եղբայր մարդը շատ տրամաբանականօրէն կը մօտենայ կոր հարցերուն: Ազգային ինքնորոշման խնդիրն է յօդուածին ուրուագիծը, եւ ըստ իրեն այս նոր քարտէսը (որը գծուած է էթնիկ եւ կրօնական գիծերու վրայ) պարզապէս այլընտրանք մըն է Եւրոպական գաղութատիրական անիրաւութիւններու... Ինքն ալ կ'ըսէ որ ամէնա մեծ անարդարութիւնը քիւրտերուն երկիր մը չունենալն է, ո՞ր մէկը աւելի լաւ է, քի՞ւրտ թէ թուրք դրացի ունենալ հայերուն համար:

    Կառաջարկեմ յօդուածը կարդալ բոլորին, կը տեսնէք որ երկրորդ ցեղասպանութեան մը տեղ չկայ երբեք, եւ ի զարմանլ Ժաքին, Հայերնիքի քու լինքիդ մէջ իսկ, Հայաստանը շահողներու ցանկին մէջն է, իսկ Թուրքիան վնասողնեհրուն...

    Միայն մի ըսեր որ դաւադրութիւննալ դաւադրութեան մը զոհն է :D

    Վահագն Քէշիշեան

    ReplyDelete