Nov 14, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԱՌԱՆՑ «ԳՐԵԹԷ»Ի

«Հայկական սփիւռքը Սերժ Սարգսեանի դէմ բողոքի ակցիաների ռեժիմից կարծես թէ վերադառնում է իր աւանդական, անշառ զբաղմունքին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրով թակել արտասահմանեան դռներն ու ճանաչում մուրալ»:
Այս հաստատումները հայրենի «Ժամանակ» ելեկտրոնային թերթին կը պատկանին։ Անստորագիր յօդուածի մը նախաբանը կը կազմեն։ Յօդուածին խորագիրն է «Սփիւռքը անապատացման ճանապարհին», կը կրէ չորեքշբաթի, 11 նոյեմբեր թուականը։ Գրութիւնը «Խմբագիրի սիւնակ»ը ենթաբաժանումին տակ տեղադրուած է։
Նախաբանէն պէտք է հետեւցնել, թէ յօդուածը ի՛նչ ուղղութեամբ զարգացած է։ Յօդուածին միտքերը տարբաղադրելով՝ հակափաստարկներ բերելը նպատակին ծառայելու միտումը չþարդիւնաւորեր։ Ընդհանրապէս ալ չէր արժեր անդրադառնալ հրապարակուած մտածումներուն, եթէ այս բոլոր «հանճարեղ» գաղափարները չկրէին խմբագիրին սիւնակին պաշտօնականութիւնը։ Այս կþենթադրէ, որ սփիւռքի նկատմամբ կատարուած գնահատականը ո՛չ թէ այս կամ այն յօդուածագիրին կամ աշխատակիցին անհատական տեսակէտն է, այլ՝ պաշտօնապէս թերթինը։ Իսկ թերթը ծանօթ է իբրեւ Հայ ազգային Քոնկրեսի խօսափողներէն մէկը։
Կ'արժէ անդրադառնալ ուրեմն։ Հայկական սփիւռքը այս գրութեան մէջ յայտնուած է «անշառ զամբիւղին» վերադարձ կատարող, արտասահմանեան դռներ թակող եւ ճանաչում մուրացողի կարգավիճակին մէջ։ Թէ ինչո՛ւ փորձ կը կատարուի աւանդական սփիւռքին այս դիմագիծը տալ, ատիկա, իր կարգին, աւելի խոր վերլուծման կարօտող նիւթ է։
Այստեղ առաջնային մտահոգութիւնը հետեւեալն է. Հայ ազգային քոնկրեսով գլխաւորուող հայրենի ընդդիմութիւնը մէկ կողմէ ներքաղաքական խոր անհանգստութիւն կþապրի՝ իր ենթահողը հետզհետէ զիջած տեսնելով յօգուտ կառուցողական ընդդիմութեան, միւս կողմէ գերխանդավառ ճիգի մէջ էր սփիւռքի բողոքի գործողութիւնները ծառայեցնելու իշխանատիրութեան իր քաղաքականութեան։
Ճիշդ այստեղ է, որ հարցը սուր բնոյթ կը ստանայ։ «Ժամանակ»ի ետին կանգնած ուժերը իրենք զիրենք համոզած էին, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ շղթայազերծուած բողոքի գործողութիւնները կրնան ծառայեցնել իրենց նպատակներուն, Հայաստանի պետութեան հեղինակութիւնը հարուածել՝ յաչս միջազգային հանրութեան կարծիքին եւ միջազգային ընտանիքին։ Սահմանազատումը՝ իշխանութեան քաղաքական ուղեգիծին ընդդիմանալու եւ պետական շահերը հարուածելու մօտեցումներուն միջեւ վաղուց ջնջուած էր հայրենի ապակառուցողական ընդդիմութեան համար։
Մինչդեռ, սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ կառուցողական ընդդիմադրութեան ամէնէն բուռն բողոքի ելոյթները թրքական նախապայմաններուն ընդառաջման դէմ գիտէին զատորոշել քաղաքական ընդդիմութիւնը իշխանութեան մրցապայքարներէն։ Ա՛յս է քաղաքական անհանգստութեան բուն պատճառը, որ կþերեւի «Ժամանակ»ի ելեկտրոնային էջերուն մէջ թէ անոր ետին կանգնած ուժերուն մօտ։ Անոնք հիասթափուած են փաստօրէն, որ բացառապէս իշխանատիրական մղումներէ առաջնորդուած ընդդիմութիւնը արագ կշռոյթներով հող կորսնցնելու գործընթացին մէջ է։
«Հայաստանի հզօրացմանը, ժողովրդավարական, տնտեսական բարեփոխումներին միտուած գործողութիւնների իրականացմանը ուղղուած 1000 տոլարը թերեւս շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կþունենայ հայութեան խնդիրների լուծման գործում, քան օրինակ` Ցեղասպանութեան ճանաչման նմանօրինակ ակցիաների համար ծախսուած 10,000, 100,000 կամ 1 միլիոն տոլարը: Բայց աւաղ, սփիւռքն առայժմ շարունակում է կառչած մնալ աւանդոյթին: Ի՞նչն է պատճառը` թերեւս դժուար է միանգամից ասել, քանի որ գործ ունենք բաւական լայն եւ բազմաշերտ մի հարթութեան հետ, որ կոչւում է աշխարհասփիւռ հայութիւն, բայց որ այդ առայժմ ոչ յայտնի կամ ոչ լիովին ուրուագծուած պատճառի հետեւանքով այդ բազմաշերտ հարթութիւնը, չնայած ունեցած հսկայական բարոյաքաղաքական եւ ֆինանսատնտեսական ռեսուրսներին, իրականում գտնւում է լիակատար անապատացման ճանապարհին` գրեթէ անկասկած է»:
Թէեւ «Ժամանակ»ի խմբագիրը կը խօսի այսօրուան սփիւռքին բազմաշերտ ըլլալու հանգամանքներուն մասին, սակայն իր նախաբանն ու եզրայանգումը իրարու կը հակասեն։ Նախաբանին մէջ կը խօսուի իր աւանդութիւններուն վերադարձ կատարող հայկական ամբողջական սփիւռքին մասին, մինչդեռ եզրակացութիւնը՝ բոլորովին տարբեր տեսակի սփիւռքի։ Ըստ «Ժամանակ»ի, սփիւռքի բազմաշերտ հարթութիւնը անապատացման ճամբուն վրայ է։
Գաղափարախօսական անապատացում մը կը նկատուի «Ժամանակ»ի ելեկտրոնային էջերուն մէջ։ Կարենալ խորհրդածելու համար, որ եթէ իսկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման սատար կանգնելու որոշումը մեր երկրի անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած է, եւ եթէ իրօք Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը շարունակէ մաս կազմել մեր պետութեան արտաքին քաղաքական ուղեգիծի առաջնային օրակարգին, ուրեմն սփիւռքեան կազմակերպութիւններու բարոյաքաղաքական եւ ֆինանսատնտեսական ներուժի լիարժէք օգտագործումը յօգուտ Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին՝ միայն կը հզօրացնէ Հայաստանի պետութիւնը։
Սխալեցանք գաղափարախօսական անապատացում նկատելով։ «Ժամանակ»ին եւ ժամանակականներուն համար ազգային գաղափարախօսութիւնը քաղաքական կեղծ քաթեկորիա էր ի սկզբանէ։ Անկասկա՛ծ, առանց «գրեթէ»ի։

10 comments:

  1. ays desag hotvazner Jamanag tertin debads hotvadsin masin e khoske espurki yev Hayasdani michev jeghk ge harachasenen
    Verej

    ReplyDelete
  2. Հարցը որ այս յօդուածը գրողը, կամ գրողները ոչ մէկ գաղափար ունին սփիւռքի մասին... իրենց գիտցածը համազօր է ոեւէ անցորդի գիտցածին Զիմպապուէի կամ Միանմարի մէջ... Իրենց ամէն գիտցածը Սփիւռքի մասին օտար լրատուամիջոցներէն է... Սփիւռքով կը հետաքրքրուին միայն Ցեղասպանութեան մակարդակի վրայ... կարծես Սփիւռքը միայն այդ է...

    Այլ իրականութիւն է որ Սփիւռքը պէտք է աշխատի Հայաստանի ժողովրդավարացման գծով, եւ ինչու չէ, Սփիւռքի ժողովրդավարացման գծով ալ:

    Վահագն Քէշիշեան

    ReplyDelete
  3. hamatsayn em Vahaknin.djisht arjevoroum e.
    Karnig

    ReplyDelete
  4. ՀԱՔ-ի այս անգամ որդեգրած «ռազմավարութիւնը» ի խնդիր իր գերագոյն նպատակին՝ թուլացնել ՀՀ իշխանութիւններու դիրքը, Սփիւռք - Հայաստան ճեղքը օրէ օր մեծացնելն է, և «կրակին վրայ ցէթ թափել» է. ան ալ մօտերս կայանալիք «աւանդական» դարձած Թէլէթոնի ճիշդ նախօրեակին (...եթէ այս տարուան հաւաքուած գումարը նախորդ տարիներու գումարէն շատ աւելի պակաս ըլլայ, ապա մի զարմանաք...):
    Խաժակ

    ReplyDelete
  5. այո, այո... Լեւոնի հայաստանցի - ղարաբաղցի ճեղքէն ետք, հիմա ամեն ինչ կ'ընեն որ, հայաստանցի - սփիւռքահայ ճեղք մըն ալ բանան... կեցցէ՛ք Հայաստանի իշխանութիւններ, Քոնկրես ու մամուլ... եւ սրիկայ սփիւռքահայեր, որոնք միայն տնտեսական կապերով մօտ են նախագահին ու մաս մըն են զզուելի «օլիկարխ»ներուն...

    Պ.Ք.

    ReplyDelete
  6. Այս էջերէն ես տարբեր առիթներով գրած կամ ըսել ուզած եմ, որ Հայաստանը, անոր ժողովուրդը, անոր պետութիւնը, անոր մամուլը, անոր ժողովրդավարութիւնը, անոր մտայնութիւնը ընդհանրապէս` շատ հեռու կը գտնուին բնական ու հաշուի առնելիք մակարդակէ մը։ Իմ` սփիւռքահայուս աչքին։ Ես այսպիսի յօդուածներ նկատի առնելն ու անոնցմով ժամավաճառ ըլլալը ճիշդ չեմ գտներ։ Շատ կարեւոր ընելիք կայ։
    Յովհաննէս

    ReplyDelete
  7. ...սա հաշուով, ոչ Փիւնիկը իբրեւ սրահ կամ իբրեւ թռչուն, ոչ ալ արագիլը իբրեւ կամուրջ կամ օդանաւ կրնան նպաստել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, այնքան ատեն որ մարդիկ, Հայաստան եւ Սփիւռք, իրարու հետ խօսելու եւ զիրար լուրջի առնելու նախաձեռնութենէն շատ հեռու կը գտնուին։ Եղածը համագումարային, լոզունգային մակարդակը չէ անցած եւ մամուլը, որ իբրեւ թէ կրնայ այդ բացը գոցել, շատ հեռու է այս իմաստով լրջութիւն ցուցաբերելու կարողութենէն։
    Յովհաննէս

    ReplyDelete
  8. hovhannes toun pan me kere al desnenk te intche djisht e
    Nigol

    ReplyDelete
  9. hamatayn em Nigolin.Hovhannese 1 had serah togh shine our lourtch paner ella intchbes vor inke gouze
    karnig

    ReplyDelete
  10. Touk chek kider gor... Hovhannes-e shad g kre (voch anbayman blog-in vra)... terevs al gartatsadz ek kradznere, arants kidnalou te Hovhannes-n e kroghe...

    ReplyDelete