Sep 17, 2010

ՆԱՄԱԿԱՆԻ -Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցի

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Պատուարժան խմբագրութիւն,
«Ազդակ» օրաթերթի
Պէյրութ

Յարգելի խմբագիր,

Մեծ գոհունակութեամբ կարդացի ձեր 6 սեպտեմբերի խմբագրականը, որուն մէջ յիշատակուած ամէն մէկ առնուած եւ առնուելիք քայլ (սփիւռք եւ Հայաստան) ցոյց կու տայ միահամուռ կեցուածք թուրք կառավարութեան դէմ, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ կատարուելիք տարեկան մէկ օրուան պատարագին մասնակցութիւնը հայերու կողմէ պոյքոթի ենթարկելու մասին:

Անդիէն, հայ զանգուածին (Հայաստան եւ սփիւռք) Թուրքիա եւ մանաւանդ Անթալիա ճամբորդելու տեսակ մը մոլեգնութիւնը հասած կը թուի իր գագաթնակէտին:

Մինչեւ այսօր, հայկական գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք սրբապղծութիւն կը համարէին այսօրուան Թուրքիա այցելելը, այժմ, զինուած նորանոր լոզունգներով, հազարներով կը խուժեն Թուրքիա:

Մի՛ հաւատաք, Արեւմտեան Հայաստանը տեսնելու գլխաւոր պատճառաբանութիւնը պատրուակելով` ինքնամխիթարութիւնը կամ ինքնախաբէութիւնը:

Այսօր նիւթականն է խօսողը. աժան մեղրալուսին, աժան ծովափ, աժան կեցութիւն, աժան խմիչք, աժան ցոփութիւն եւ այլն: Եւ այս բոլորը` աչքէ հեռու:

Յարգելի՛ խմբագիր,

Աղթամարի մէկ օրուան պոյքոթը Թուրքիան կրնայ կրել իր ուսերուն վրայ` առանց կքելու, որովհետեւ ան (Թուրքիան) լաւատեղեակ է, թէ բերդը գրաւուած է ներսերէն, եւ այսօրուան պայմանները նկատի ունենալով, մանաւանդ` առանց վիզայի ճամբորդական դիւրութիւնները, մեր հայութիւնը բնաւ պիտի չդադրի Թուրքիա երթալէ եւ թրքերէն խօսելով հպարտանալէ, ապրանք տանելէ եւ ապրանք բերելէ:

Ազգովին գտնենք այս մոլեգնութեան դէմ պատուար կանգնելու հիմնական միջոցը:

Յարգանքներով`
Յակոբ Ադամեան

Լաթաքիա

3 comments:

  1. Լեզուիդ դալար բարեկամ,բոլոր խօսքերդ ճիշտ են բայց ասոր լուծումը ինչ՞ է ձեր կարծիքով․․․․․․․․․․

    ReplyDelete
  2. Ampoghchovin Hamatsayn em Tser Kradzneroun Payts Pan me chenk Gernar Pokhel Ays e mer Aysorvan Iraganoutiuneee Tsavov Srdi..........

    ReplyDelete
  3. Առ ի տեղեկութիւն, այս տարի Հայաստանէն դէպի Թուրքիա ճամբորդողներու թիւը կտրուկ նուազում արձանագրած է, համաձայն Հայաստանի ոչ պաշտօնական տուեալներուն: Այդ ալ արդիւնք է Փրոթոքոլներու «պատմութեան» յանգած արդիւնքին հանդէպ Հայերու զգացած յուսախաբութեան: Այսինքն, ըսել կ՛ուզեմ «պոյքոթ»-ի ենթարկելու յատուկ ծրագիր մը կամ «recipe» մը գոյութիւն չունի...
    Ով ուր կ՛ուզէ, թող երթայ... «Պոյքոթ»-ներու դարը ալ աւարտած է և աշխարհը բաց է բոլորին: Դուն չերթաս...., իրենք քովդ են:
    Շնորհակալութիւն
    Գերսամ

    ReplyDelete