Oct 26, 2010

ՍՓԻՒՌՔԻ՞ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԹԷ՞ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԿԱՊԵՐՈՒ

ՏԵՍԱԿԷՏ



Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական կազմին մէջ «սփիւռքի նախարարութիւն» կազմաւորուելէն, եւ ապա՝ «սփիւռքի նախարար»ի պաշտօնը հաստատուելէն ետք, ցարդ կը մնայ հարցումը. «Ճի՞շդ են «սփիւռքի նախարարութիւն» եւ «սփիւռքի նախարար» տարազումները։ Արդարեւ, ո՛չ, ե՛ւ օրինական հասկացողութեամբ, ե՛ւ իրաւականօրէն։ Քաղաքական առումով, առաւել դժուարութեան առաջ է տարազումը։ Ո՞վ է «նախարար»ը։ «Նախ» անստոյգ արմատով եթէ աւատապետական Հայաստանի մէջ «նախարար»ը իշխան էր, մեծ հողատարածքի տէր, մերօրեայ բառամթերքին մէջ անոր ստուգաբանութիւնը «առաջին արարող» նշանակութիւնը կու տայ, որ «նախաձեռնող»ի հոմանիշ կրնայ ըլլալ, եւ կամ, արուեստական բացատրութեամբ, «արարքին տէրը», թէեւ լռելեայն հասկացողութիւնը մինիսթըր է։

Եւ ո՞վ է «սփիւռք»ը։ Այսօր հայաշխարհը ՉՈՐՍ, իրարմէ տարբեր ծննդոցի պատմութեամբ սփիւռքներ ունի։

Առաջին սփիւռքը այն հայագաղութներն են, որոնք կազմուած են Մեծ եղեռնէն առաջ, ոմանք՝ դարեր առաջ, ինչպէս՝ Կ. Պոլսոյ, Պարսկաստանի, Հնդկաստանի, Լեհաստանի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու (հին գաղութը)։ Այս գաղութները կազմուած են հայերու՝ երկրէն կամաւոր արտագաղթով (բացառութիւնը 1604 թ. Շահ Աբբասի կազմակերպած Ջուղայի բռնագաղթն էր դէպի Պարսկաստան)։

Երկրորդ սփիւռքը հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած մնացորդացին եւ անոր ժառանգ սերունդներուն կողմէ կազմուած ՏԱՐԱԳԻՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ սփիւռքն է, որուն «Արի տուն» ձայն կու տան Արեւմտեան Հայաստանն ու Հայկական Կիլիկիան։ Բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ ՏԱՐԱԳԻՐ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը իբրեւ սփիւռք՝ դատի տէր եւ պահանջատէր սփիւռք է, որ հրաւիրուած է ի՛ր բռնագրաւուած հայրենի հողերուն «Արի տուն» կանչին պատասխանելու։

Երրորդ սփիւռքը այն մէկն է, որ Խորհրդային Միութեան օրերուն ծանօթ էր «ներքին սփիւռք» անունով, ուր գերակշիռ ներկայութիւն էր եւ ցարդ է Մոսկուայի հայագաղութը, եւ այսօր ան ծանօթ է «ռուսահայ համայնք» անունով, որ նաեւ աչքառու է իր կազմակերպուածութեամբ ու գործունէութեամբ։

Չորրորդ սփիւռքը նորագոյն սփիւռքն է, որ սկիզբ առաւ Խորհրդային Հայաստանի վերջին հինգ տարիներուն երկրէն արտագաղթող հայերով (ջախջախիչ մեծամասնութեամբ խորհրդային իշխանութեան օրերուն Հայաստան ներգաղթած հայեր եւ անոնց զաւակները), ապա մեծ թափ առաւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակման առաջին օրերէն ու ցարդ կը շարունակուի։ Տուեալները կը հաստատեն, որ վերջին քսան տարիներուն շուրջ մէկ միլիոն հայ արտագաղթած է երկրէն, եւ այսօր տարին հարիւր հազար մարդ կը հեռանայ Հայաստանէն, իսկ ժողովուրդին քառասուն տոկոսը կը մտածէ առաջին առիթով արտագաղթելու մասին։

Այս նորագոյն սփիւռքն է, որ կը պահէ իր հայաստանեան անցագիրը, այդ իսկ պատճառով չորրորդ սփիւռքի անդամներ արտերկրի հայաստանցիներ են, եթէ անոնք կամաւոր կերպով չեն հրաժարած այդ անցագրէն եւ Միացեալ Նահանգներու, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու քաղաքացիութիւն չեն ստացած։

Եւ այստեղէն պիտի սկսիլ քակել կծիկը։

Վերջերս մամուլին մէջ ընդհանրացած է «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն» կամ «Հայաստանի սփիւռքի նախարար» տարազումը, որ շարադասուած բառերու իմաստով կը նշանակէ, որ դէմ յանդիման ենք սփիւռքի մը, որ մերօրեայ Հայաստանին կը պատկանի, եւ «Հայաստանի սփիւռքի նախարար»ը այդ սփիւռքին նախարարն է։ Տարազումը իր ճիշդ իմաստը կը ստանայ, եթէ այդ առնչուած է չորրորդ սփիւռքին հետ։ Այսօրինակ է Լիբանանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը, որ միաժամանակ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւն է։

Հոս՝ փակագիծ մը։ Այսպիսի սփիւռք մը իր օրինաւոր նախարարութեամբ, գալիքին մէջ կրնայ մեծ խոչընդոտներ յարուցանել «տարագիր հայութեան սփիւռք»ի պահանջատիրութեան դէմ։ Ժամանակի ընթացքին, լռութեան զօրութեամբ, «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն»ը, համրաքայլ ընթացքով, կամայ թէ ակամայ, կրնայ իր «իշխանութեան» ծիրէն ներս պարփակել չորս սփիւռքները, եւ յաչս աշխարհին կը պատկերանայ այնպէս, որ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն դուրս բնակող բոլոր հայերը այդ Հայաստանին քաղաքացիներն էին կամ են: Ալ ատկէ ետք ի՛նչ Արեւմտահայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ պահանջատիրութիւն:

Անցնի՛նք:

Այլապէս ալ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական կազմին մէջ «սփիւռքի նախարարութիւնը» չի կրնար առաջին, երկրորդ եւ երրորդ սփիւռքներու նախարարութիւնը ըլլալ: Օրինականօրէն եւ իրաւական գետնի վրայ Հայաստանի կառավարական կազմին մէջ «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն եւ նախարար» չեն կրնար գոյութիւն ունենալ: Ի վերջոյ, այդ ո՞վ է, որ իրաւունք շնորհեր է Հայաստանի կառավարական կազմի «Հայաստանի սփիւռքի նախարար»ին, որ «նախարարէ» գերիշխան երկիրներու քաղաքացիութիւնը կրող տարագիր հայութիւնն ու անոր սփիւռքը: Նման «նախարարել» մը պարզապէս միջամտել կը նշանակէ գերիշխան երկրորդ երկրի մը ներքին կեանքին, եւ այդ իսկ պատճառով կը դատապարտուի հակաօրինականութեամբ:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, երկու կողմերու համահաւասար շահերէն մեկնած, բնականոն հունի մէջ դնելու համար (եթէ իրապէս այդ է հետապնդուած նպատակը), պիտի վերադառնալ փորձուածին: Խորհրդային Հայաստանի օրերուն աշխուժ գործունէութիւն կը վարէր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի [Հայաստանի] կոմիտէն: Հոս վերակենդանանալու արժանի եւ անհրաժեշտ բառը կապն է: Հայաստանի կառավարական կազմին մէջ պահանջուածը ոչ թէ «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն» է, այլ՝ Հայաստան-սփիւռք կապերու նախարարութիւն: Կապերու, քանի որ մշակութային գործօնէն անկախ, էական ներկայութիւններ են տնտեսական, շինարարական, առողջապահական եւ այլ ասպարէզներ:

Հայաստան-սփիւռք կապերու նախարարութիւն տարազումին տրամաբանական, առողջ եւ գործնական ըլլալը նաեւ անոր համար, որ կապը պարտադրաբար կը խօսի երկու կողմերու՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մասին, եւ կապը կը պահանջէ երկու կողմերու համահաւասար իրաւունքը՝ յարաբերութիւնները ծրագրելու, մշակելու, գործադրելու եւ արժեւորելու:

Կապը նաեւ կը պահանջէ համահաւասար որակով, հեղինակութեամբ, փորձառութեամբ եւ ներկայացուցչական արժետոմսով (եւ ոչ թէ միայն ի պաշտօնէ եւ ցուցադրական) իրաւ եւ իրաւական բնոյթով գործադիր ժողովի մը կեանքի կոչուիլը, որ գիտէ կողմերու առարկայական կարիքներն ու պահանջները, արթուն է կողմերու իրաւունքի պաշտպանութեան, եւ զգուշ, որ ծրագիրներու գործադրութիւնը չանտեսէ սփիւռքները հիւրընկալող երկիրներու շնորհած արտօնութիւններու սահմանագիծը: Ու նաեւ, որ սփիւռքը միայն ունկնդիր կողմ չմնայ, եւ չունենայ կարիքը՝ յիշելու հայկական առածը. «Մի՛ ըլլար ուրագի պէս, մի՛շտ դէպի քեզ, դէպի քեզ, այլ եղիր սղոցի պէս, մէկ դէպի քեզ, մէկ դէպի մեզ»:

Եւ որպէսզի յարաբերութիւններու բնոյթն ու հետապնդուած նպատակները ըլլան թափանցիկ, քննադատութեան ենթակայ եւ իրաւ գնահատանքի արժանի, անհրաժեշտ է հրապարակային բեմի մը ստեղծումը: Հեռուստացուցային գովազդները կրնան աչքը շլացնել, բայց միշտ չէ, որ միտքը կը համոզեն: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստան-սփիւռք կապերու նախարարութիւնը պէտք է ունենայ իր պաշտօնաթերթը (ոչ թէ տարեկան տեղեկագիրներու հատորներ), ուր Հայաստան եւ սփիւռք՝ ազատ, գիտական մակարդակի ուսումնասիրական աշխատանքներով կարենան անհրաժեշտը պարզել ու մեկնաբանել, հրապարակով՝ բոլոր կողմերուն լսելի իրենց խօսքը ըսեն, ուր առողջ քննադատութիւնը իր արժանի ու փնտռուած տեղը ունենայ:

Ահա թէ ինչու ո՛չ թէ «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն եւ նախարար», այլ՝ Հայաստան-սփիւռք կապերու նախարարութիւն եւ նախարար:

Եւ երկխօսութիւնը՝ քննադատաբար, համահաւասար իրաւունքով ու գրաւոր բեմի առկայութեամբ:

ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

6 հոկտեմբերի, 2010

2 comments:

  1. Շատ լաւ գրուած է և իրաւացի է... բայց այս յօդուածին հետ համաձայն եղողները պիտի շարունակէին այդպէս ըլլալ եթէ ըսենք թէ նախարարական մետալ մը ստանային...

    ReplyDelete
  2. "Ազդակ" թերթի պատասխանատուներ, հարցազրույցների ժամանակ ինչո՞ւ եք "Դու"-ով դիմում : դա ինչ քաղաքավարություն է: Եթե լրագրողը տվյալ մարդու նույնիսկ կինն է կամ քույրն է, եթե հարցազրույց է ներկայացնում, ապա պետք է "դուք"-ով դիմի: Լավրենտի Աղասյանի հետ հարցազրույցը կարդացեք, ուղղակի սրտխառնոց է առաջացնում: Եւ սա ավանդույթ է : միշտ նույնն է: Զարմանալ կարելի է, դուք աշխարհի թերթերը չեք ընթերցում? նման բան տեսած կաք ուրիշ տեղ? պատկերացնում եք պատանի տարիքի ընթերցողներին ինչ եք ուսուցանում: ինչի լրագրողը "չատ" է անում Լավրենտիի հետ ? ԱՄՈԹ վաղն էլ "ախպեր ջան"-ով կսկսեք հարցազրույցներ վարել: Աննա

    ReplyDelete