Mar 8, 2011

«ԱԶԴԱԿ ՄՈՊԱՅԼ» - Aztag Mobile

Փորձառական շրջանի համար արդէն կը գործէ «Ազդակ մոպայլ»ը: Անոնք, որոնք հաղորդակցութեան եւ աշխատանքային ծրագիրներու համար կ՛օգտագործեն «Այ ֆոն» գործիքը, կրնան միանալ http://m.aztagdaily.com հասցէին եւ հետեւիլ «Ազդակ»ի ելեկտրոնային հրատարակութեան նոր տարազին փոխանցած լրատուութիւններուն:

Եթէ «Ազդակ»ի այս վերջին նախաձեռնութեան մասին «Այ ֆոն»ի մեր ընթերցողները առաջարկներ ունին, զանոնք կրնան յղել «Ազդակ»ի խմբագրութեան: «Ազդակ»ի այս նոր տարազը իր վերջնական ձեւաւորումը կը ստանայ մինչեւ մէկ ամիս: Մինչ այդ մեզի համար օգտակար կ՛ըլլան ձեր առաջարկները:

«Ազդակ» հայատառ առաջին թերթերէն է, որ հաղորդակցութեան այս ցանցին վրայ տարածք կը գրաւէ եւ այս ճամբով նաեւ կը հասնի ժամանակակից արհեստագիտութեան վերջին նորարարութիւնները օգտագործող իր ընթերցողներուն:

2 comments:

  1. Բարեւ:
    Լաւ բայց հեռաձայնի վրայ հայերէն տառերը չեն կարդացուիր:Արդեօք կարելի է հայերէն տառերը դնել հեռաձայնի վրայ:Ինչպէս :Իմ հեռաձայնս windows mobile է:Խնդրեն հաճեցէք տեղեկացնել:

    Սիրալիր բարեւներ

    Օշին էլակէօզ

    mail : elagoz.osin@alitalia.it

    ReplyDelete
  2. AnonymousJune 13, 2011

    Բարեւ
    Տարորինակ էր տեսնել լման անգլերենով ծանուցում, Աղբալեանի ամառնային մանկական խաղավայրի մասին-
    Դէպի ուր կերթանք:
    Յարութ Չէքիճեան

    ReplyDelete