Apr 29, 2009

ՀՅԴ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀՅԴ-Ի ՀԱՄԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ ԵՆ»

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ


Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յայտարարում է քաղաքական համաձայնական կառավարութեան իր մասնակցութիւնը դադարեցնելու մասին:
Նկատի ունենալով խնդրի քաղաքական նշանակութիւնը, հանրային հնչեղութիւնը եւ հետեւանքները` անհրաժեշտ ենք համարում պարզաբանել այս քայլի պատճառները:
Նախ` ՀՅԴ-ն համաձայնական կառավարութեան մաս կազմեց նախագահական ընտրութիւններից յետոյ երկրում ստեղծուած ճգնաժամը, հայկական երկու պետութիւնների անկախութեանն ու անվտանգութեանն ուղղուած ռազմաքաղաքական սպառնալիքները միասնական ուժերով յաղթահարելու եւ համակարգուած բարեփոխումներ իրականացնելու նպատակադրումով:
Այս ընթացքում որոշակի յաջողութիւններ արձանագրուեցին, սակայն անյաղթահարելի սկզբունքային տարաձայնութիւն առաջացաւ արտաքին քաղաքականութեան ուղեգծի շուրջ:
Մենք մշտապէս համոզուած ենք եղել, որ պետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարական ուղղութիւններից մէկը Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր, մասնաւորապէս` Թուրքիայի կողմից ճանաչումն ու դատապարտումն է: Սա դիտարկուել է ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնման, այլեւ շրջանում փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի բարելաւման եւ ապագայում նման ոճիրների կանխարգելման համաթեքսթում: Այս առումով, ինչպէս արդէն յայտարարել ենք, մեզ համար անընդունելի ու դատապարտելի էր ապրիլի 24-ի անմիջական նախօրէին եւ Թուրքիայի ղեկավարների հակահայկական, նախապայմաններ թելադրող կեցուածքների համաթեքսթում Հայաստանի ու Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարութիւնների համատեղ յայտարարութեան ընդունումը: Ունենք նաեւ սկզբունքային տարաձայնութիւններ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններում արծարծուող որոշ դրոյթների վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւնների դիրքորոշման հարցում: Այդ դրոյթների վերաբերեալ ամբողջական տեսակէտները կ՚արտայայտենք դրանց հրապարակային քննարկումների ժամանակ:
Յետայսու ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական դաշտում գործելու է նոր` ընդդիմադիր ուժի կարգավիճակով: Մեր հիմնական առաջնահերթութիւնները լինելու են.
1.- Դառնալ իշխանութեան լիարժէք այլընտրանք` բոլոր հիմնահարցերի վերաբերեալ առաջարկելով սեփական ծրագրերն ու լուծումները:
2.- Որպէս ընդդիմութիւն ստանձնել իշխանութիւններին արդիւնաւէտօրէն հակակշռելու եւ զսպելու դերակատարութիւն:
3.- Իրականացնել անհրաժեշտ գործառոյթներ` քաղաքական դաշտի առողջացման եւ բիւրեղացման, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքակիրթ յարաբերութիւնների ձեւաւորման, ընկերային արդարութեան հաստատման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման նպատակով:
4.- Ծաւալել նախընտրական խոստումներից բխող ամբողջական գործունէութիւն՝ դրսեւորելով ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաքաղաքական ինքնատիպութիւնը:
5.- Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացներում առաջնորդուել բացառապէս ազգային-պետական շահերի եւ նպատակների գերակայութեամբ:
Մենք գնահատելի ենք համարում համաձայնական կառավարութեան գործընկերների հետ համատեղ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն ենք մաղթում նրանց աշխատանքներին` ի շահ մեր պետութեան եւ ժողովրդի:


ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ


27 ապրիլ, 2009

Apr 17, 2009

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԱՆՏԷՐ ՈՒ ԱՆՊԱՇՏՊԱ՞Ն Է ԱՅԼԵՒՍ...

Այս հրատապ օրակարգով եթէ փորձուինք հարցախոյզ մը կատարել Սփիւռքի գրական-մտաւորական շրջանակներուն մէջ, վստահաբար հարցապնդուողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սրտցաւօրէն պիտի հաստատէ, որ իսկապէ՛ս հայոց լեզուն կը թուի կորսնցուցած ըլլալ իր ապահովութեան երկաթեայ վահանները, իր զրահանդերձը (բառը Թէքէեանինն է), իր անվտանգ ու առողջ գոյատեւման հիմնական քանի մը երաշխիքները։
Վերեւի միեւնոյն հարցումը եթէ փորձենք ուղղել մեր «մշակութային» միութիւններու պատասխանատուներուն, ապա անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զարմացկոտ հայեացքով մը պիտի նայի մեր աչքերուն, անճրկի ու շուարումի մատնուի՝ պատասխան մը գտնելու իր անզօր ճիգերուն մէջ, ի վերջոյ յայտնելով թերեւս, որ՝ «մշակութային միութիւնները պատնէշի վրայ են օրն ի բուն . հանգի՛ստ քնացէք...»։
Բայց պիտի կարենա՞նք այդ «հանգիստ քուն»ը վայելել, երբ գրեթէ ամէն ամիս, ամէն շաբաթ, նոյնիսկ ամէ՛ն օր մեր սիրտը կ՚արիւնի հայոց լեզուին անշքացումին ու խողխողումին ի տես, մերթ հրատարակուած գիրքերու էջերէն, մերթ թերթերու սիւնակներէն, մերթ հայատառ ծանուցումներու պաստառներէն, եւ ամէնէն շատ ալ՝ մեր շուրջը, մեր չորս դին լսուող առօրեայ խօսակցութիւններէն, մեծերուն թէ փոքրերուն բերնին մէջ հաւասարապէս։

* * *

Հալէպի մեր մշակութային ու մարզական միութիւնները բարի եւ աւանդական սովորութիւն մը ունին. քարտաբաշխում։
Տարուան ընթացքին երկու անգամ, Ս.Ծննդեան եւ Զատկի առիթներով, միութիւնները կը պատրաստեն ու տպագրել կու տան շնորհաւորական սիրուն քարտեր ու զանոնք կը ցրուեն հայ ընտանիքներուն անխտիր։ Այս քարտերը միշտ ալ կը կրեն հայաշունչ կնիք մը՝ հայկականութեան հետ առնչուող նկարազարդումով կամ գրութիւններով։ Հալէպի զատիկներուն անբաժան մասն ու խորհրդանիշն են այս քարտերը, որոնց բաշխումը եւս կ՚իրագործուի այնքա՜ն օգտաշատ եւ թելադրական կերպով։ Միութիւններու կողմէ պաշտօնի կոչուած պարման-պարմանուհիներ, բոլորն ալ ճառագայթող ու փայլուն աչքերով դեռահաս տղաք ու աղջիկներ, զոյգ տօներու առաւօտեան ժամերէն սկսեալ խումբ առ խումբ կը դեգերին Հալէպի հայահոծ թաղամասերը, կը հնչեցնեն հայկական բնակարաններու զանգերը եւ քարտ մը երկարելով՝ կը յղեն իրենց շնորհաւորանքը՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» կամ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։ Կը յիշեցնեն, թէ այդ օր հայուն Զատիկն է։
Միշտ ալ անօրինակ խանդավառութեամբ դիտած եմ քարտաբաշխումի այս երեւոյթը, որ հաւանաբար «Երազային Հալէպ»ի աննման առանձնայատկութիւններէն մէկն է։ Դիտած եմ քարտաբաշխումը կատարող դպրոցական մեր տղոց հպարտառիթ տողանցքը թաղէ թաղ, շէնքէ շէնք, տունէ տուն, հոն՝ ուր «եան» վերջածանցով մականունի մը կը հանդիպին։ Դիտած եմ զիրենք՝ քարտին փոխարէն իրենց ստացած նիւթական համեստ նուէրին մանկունակ բերկրանքին մէջ, նիւթական նուէրի այդ կաթիլները առաւելագոյն չափով կոկիկ ու շօշափելի գումարի մը վերածելու իրենց մրցակցութեանը մէջ արբշիռ...։

* * *

Վերջին քանի մը տարիներուն, սակայն, զատկական քարտերն ու քարտաբաշխումը անդրադարձումներու մղեցին զիս։ Հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն սկսայ նշմարել, թէ քարտ տպող ու բաշխող միութիւններէն ոմանք այլեւս անհրաժեշտ ուշադրութիւնը չէին ընծայեր իրենց անունով հրապարակուող ու բազմահարիւր տուներ մուտք գործող այդ բացիկներուն պարունակութեան։ Անոնց վրայ տպուած քանի մը տողնոց գրութիւնները մի՛շտ ալ գլուխ կը ցցէին տպագրական անընդունելի վրէպներով կամ ուղղագրական կոպիտ սխալներով։
Անձնապէս միշտ ալ կ՚ընդվզէի քարտաբաշխումի գեղեցիկ երեւոյթը լղրճող այս անփութութեան դիմաց եւ միաժամանակ շատ կը զարմանայի, թէ գրեթէ ո՛չ ոք կը նկատէր այդ սխալագրութիւնները, մինչ սակաւաթիւ նկատողներն ալ (գիրի ու մամուլի աշխարհին մօտիկ կանգնած մարդիկ) չէին ուզեր կարեւորութիւն ընծայել, չէին համարձակեր դիտողութիւն արձանագրել միութենական պատասխանատուներու հասցէին։ Է՜հ, կ՚արժէ՞ր ձայն ու աղմուկ բարձրացնել, «գէշ մարդ» դառնալ այսօրինակ «մանրուք» հարցերու համար...։
Այս տարուան Զատկին (12 ապրիլ) կրկնուեցաւ քարտաբաշխումի աւանդական արշաւը։ Հալէպահայ 5-6 միութիւններ գունագեղ բացիկներ տպագրեցին եւ իրենց պատանի կամաւորները ճամբայ հանեցին դէպի հայ տուները։ Ցաւ ի սիրտ, կրկնուեցաւ նաեւ միւս «աւանդութիւն»ը։ Բաշխուած քարտերէն մին լեցուն էր ուղղագրական սխալներով, այն տարբերութեամբ սակայն, որ ընդվզեցուցիչ երեւոյթը այս անգամ դուրս յորդած էր «մանրուք»ներու սահմանէն եւ կը սպառնար դառնալ լեզուական աղէտի մը նախընթացը։
Մեր ակնարկած քարտը հրապարակ իջած էր Հալէպի Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային միութեան անունով։ Իր 75-ամեակի սեմին գտնուող պատկառահասակ միութիւն մը, որ կը համախմբէ առաւելաբար Մարաշէն գաղթած հայերու այսօրուան յետնորդները ։ Երկծալ քարտը նուիրուած էր Կոմիտանի ծննդեան 140-ամեակին։ Ա. երեսին վրայ տպուած էր երգահանին մէկ լուսանկարը, իսկ Գ. եւ Դ. երեսները յատկացուած էին Կոմիտասի մասին զանազաններու վկայութեանց։
Հարցն այն էր ահաւասիկ, որ բոլոր այդ գրութիւնները շարուած ու տպուած էին Հայաստանի մէջ օգտագործուող ԱԲԵՂԵԱՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ։
Հարիւրաւոր ընթերցողներ կարդալով այդ տասնեակ մը տողերը՝ դէմ յանդիման եկան «մեծագույն»ի, «պետք»ի, «որպեսզի»ի, «հռչակավոր»ի, «եվ»ի, «արվեստագետ»ի, «ավազան»ի, «գավազան»ի, «աղբյուր»ի կամ «կարոտ»ի նման անհեթեթութիւններու...։
Ի՞նչ ըսել։
Շրջանի մը մէջ, երբ սփիւռքահայ թէ հայաստանեան ճակատներու վրայ գիտակից մտաւորականութիւն մը դժուարին պայքար կը մղէ Անկախ Հայաստանի մէջ վերահաստատելու համար մեսրոպեան դասական ճշգրիտ ուղղագրութիւնը, ասդին՝ Սփիւռքի ամէնէն աւանդապաշտ գաղութին մէջ մշակութային միութիւն մը իր շնորհաւորական բացիկները կը տպէ Հայաստանէն ներածուած խորթ ու անճոռնի ուղղագրութեամբ...։ Եւ ատիկա՝ դպրոցական մեր պատանիներուն ձեռամբ ու ճամբով։
Դիւրաւ կրնանք ենթադրել, թէ պատահածը դիտաւորեալ ու գիտակից արարք մը չէ, այլ պարզապէս՝ անփութութեան եւ լեզուի նկատմամբ կատարեալ անտարբերութեան հետեւանք։
Գիտենք, որ նմանօրինակ վտանգաւոր երեւոյթներ արագընթաց հող սկսած են շահիլ Սփիւռքի ոստաններուն մէջ, սկսեալ Միացեալ Նահանգներէն, ուր արդէն իսկ շարք մը թերթեր ու պարբերականներ կը հրատարակուին ամբողջովին աբեղեանական խեղագրութեամբ։ Նոյնը ի զօրու է Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Չեխիոյ եւ Յունաստանի մէջ ալ, ուր հոծ թիւով հաստատուող Հայաստանի քաղաքացիներ իրենց հետ ներմուծեր են նաեւ ուղղագրական երկուութիւնը։ Քոլոմպոսի երկրին մէջ թերթեր ունինք, որոնց էջերուն վրայ հաւասարապէս փռուած կը գտնէք թէ՛ աբեղեանականով, թէ՛ մեսրոպեան դասականով շարադրուած յօդուածներ կամ ծանուցումներ։ Երբեմն կրնաք հանդիպիլ նաեւ գրութիւններու, ուր «գիրկընդխառնուած» են երկու հակադիր ուղղագրութիւնները եւ ծնունդ տուած՝ երրորդ տեսակի ուղղագրական համակարգի մը, նախորդներէն շատ աւելի «դիւրին» ու «գործնական»...։ Իսկական քաոս...։ Այս արտասովոր ու չնաշխարհիկ կացութեան մէջ՝ կա՞յ մէկը որ կը համարձակի պնդել, թէ՝ «Հայ մամուլը դպրոցի դեր կը կատարէ տուներուն մէջ»։
Ո՞ւր պիտի հասցնէ մեզ այս ողբալի ընթացքը։ Եթէ Սփիւռքի մէջ արմատաւորուած մեր մշակութային միութիւններն անգամ՝ իրենց ձեռքով պիտի խեղդեն մեր լեզուն ու կոխկռտեն ուղղագրական համակարգ ու կանոն, կը նշանակէ, որ սին քարոզներ են «հայապահպանում»ի, «հայակերտում»ի, «հայ դպրոց»ի անունով բացուած վերտառութիւնները։
Հայերէնը վիրաւոր է եւ արիւն կը կորսնցնէ շարունակ։
Ցնծացէ՛ք ու հանգի՛ստ քնացէք։

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ, Հալէպ

16 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԻԹՈՎ ՆԿԱՏՈՒՄՆԵՐ

Ստորեւ Երեւանի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին առիթով կը ներկայացնենք կարգ մը նկատումներ։

1) Թրքական աղբիւրներ շարունակ կը պնդէին, թէ 16 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն մը պիտի կնքուի։ Սակայն ահա այդ թուականը անցաւ եւ երկու կողմերուն միջեւ որեւէ համաձայնութիւն չկնքուեցաւ։

Ինչպէս նախապէս նշած ենք, թրքական կողմը յաճախ կը դիմէ ապատեղեկատուութեան հնարքին։

Ինչպէս ծանօթ է՝ «սուտին թելը կարճ կ՚ըլլայ»։ Առաւել, թուրքերը մեծ սխալ գործեցին, երբ այդ ապատեղեկատուութեան մէջ թուական մը ճշդեցին։ Ի վերջոյ, իրենց ճշդած թուականը եկաւ եւ ոչինչ պատահեցաւ։

2) 16 ապրիլին նախորդող ժամանակաշրջանին, մինչ հայ պաշտօնատարները լուռ կը մնային, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակ կը պնդէին, թէ Հայաստան-Թուրքիա համաձայնութիւն մը մօտալուտ է։

Թուրք պաշտօնատարները վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ, ինչպէս նաեւ թրքական ընդդիմադիր կուսակցութեանց կողմէ գործադրուած ճնշումներուն պատճառով կամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել դժկամող իրենց ճշմարիտ կեցուածքը բացայայտելով ետդարձ կատարեցին եւ սկսան յայտարարել, թէ նախ եւ առաջ Ազրպէյճան-Հայաստան տագնապը պէտք է լուծուի, ապա՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հարցերը։ Այժմ, դերերու շրջումով մը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները շատ մօտիկ ապագային պիտի կարգաւորուին։ Յիշենք նաեւ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս յոյս յայտնեց, որ հոկտեմբերին Պոլիս մեկնի՝ օգտագործելով Հայաստան-Թուրքիա բաց սահմանը։

3) 16 ապրիլը նաեւ թրքական կեցուածքին մէջ հակասութիւն մը բացայայտեց։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի, 8 ապրիլին յայտարարեց, թէ «նախ եւ առաջ Ազրպէյճան-Հայաստան տագնապը պէտք է լուծուի, ապա՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հարցերը», իսկ 16 ապրիլին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան Երեւան իր ուղեւորութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութեանց բնականոնացման բանակցութիւնները պէտք է ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման զուգահեռ։

«Վոյս Աֆ Ամերիքա» ձայնասփիւռի կայանը իր կայքէջին վրայ 10 ապրիլին զետեղուած խմբագրականի մը մէջ կը նշէր, որ «Միացեալ Նահանգներ կը յուսան, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացումը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման»։ Այլ խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթութիւնը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումն է։ Ինչպէս ծանօթ է, վերոնշեալ ձայնասփիւռի կայանի խմբագրականները կ՚արտացոլեն ամերիկեան կառավարութեան կեցուածքը, եւ թերեւս այդ կեցուածքը վերոնշեալ կէտերուն կողքին այն ազդակներէն է, որ թուրք պաշտօնատարները շփոթի մատնած է։

Apr 11, 2009

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՉ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ, ԹՈՅԼ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Զարգացած եւ արագ հաղորդակցութեան ու հեռահաղորդակցութեան այս դարում, տեղեկատուութիւնն ու տեղեակ լինելը իրօք ուժ են համարւում:
Որքան աւելի հետեւողականօրէն է կատարւում իրազեկումը՝ տեղեկութեանց փոխանցումը եւ մարդկանց տեղեկութիւններն ու գիտելիքները որքան աւելի շատ ու հարուստ են լինում, մարդիկ, իւրաքանչիւրը իր բնագաւառում, աւելի մեծ դերակատարութիւն են ցուցաբերում գիտութեանց, արուեստի, մշակոյթի եւ, մէկ խօսքով, քաղաքակրթութեան զարգացման գործում:
Առանց հետեւողական տեղեկատուութեան՝ չի կարելի մարդկանցից ակնկալել, որ նրանք աշխուժ մասնակցութիւն ու դերակատարութիւն ունենան կեանքի այս կամ այն բնագաւառում եւ լուծեն մեր յառաջընթացը խոչընդոտող խնդիրները:
Տարիներ է, որ աշխարհով մէկ սփռուած հայ մարդիկ կարող են մեր երկրի իշխանութիւններից տասը տարուայ կեցութեան իրաւունք ստանալ՝ ձեռք բերելով համապատասխան անցագիր-անձնագիր եւ այդ անձնագրով այս կամ այն երկրից կարող են Հայաստան մեկնել, քանի անգամ որ ուզեն եւ այնտեղ մնալ իրենց ցանկացածի չափ՝ օգտուելով Հայաստանի քաղաքացիական համարեա բոլոր իրաւունքներից, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքից զատ:
Աւելի քան մէկ տարի առաջ Հայաստանը երկքաղաքացիութեան օրէնք է որդեգրել: Ըստ այս օրէնքի՝ սփիւռքահայերը դիմելով մեր երկրի իշխանութեանց եւ պահելով իրենց քաղաքացիութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ կարող են Հայաստանի քաղաքացի դառնալ:
Վերջերս Հայաստանում կեանքի է կոչուել սփիւռքի նախարարութիւնը: Հաւանաբար այս նախարարութեան պարտականութիւնն է ուսումնասիրել Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի հայոց դպրոցների ընդհանուր կրթական կացութիւնն ու մակարդակը եւ այն, թէ՝ այդ դպրոցներում որքանով կարելի է երեխաներին հայերէն սովորեցնել եւ ընդհանրապէս հարստացնել նրանց հայագիտական տեղեկութիւններն ու ծանօթութիւնները:
Ուսումնասիրել Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի տնտեսական-նիւթական կարողականութիւնը եւ այն, թէ ի՛նչ ձեւով եւ ի՛նչ չափով կարելի է օգտուել այդ կարողականութիւնից՝ հայրենանպաստ եւ հայանպաստ ծրագրերի ու նախագծերի իրագործման համար:
Ուսումնասիրել Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի գիտական, արհեստագիտական, մշակութային եւ արուեստի բնագաւառներում առկայ կարողականութիւնը, վիճագրական ճշգրիտ տուեալների հիման վրայ եւ այն, թէ այդ կարողականութիւնից ինչ ձեւով եւ ինչ չափով կարելի է օգտուել համահայկական եւ հայրենանպաստ ծրագրեր ու նախագծեր կենսագործելու համար:
Ի հարկէ այսքանով չի սահմանափակւում սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը:
Մենք արդէն խօսեցինք տեղեկատուութեան ու տեղեակ լինելու կարեւորութեան մասին:
Արդեօք մեր յիշած համահայկական, չափազանց կարեւոր ու նոյնիսկ պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութեանց մասին բաւարար չափով տեղեա՞կ է մեր ժողովուրդը՝ մանաւանդ Սփիւռքում:
Պատասխանը ոչ է:
Ի հարկէ կան աննշան թուով հայեր, որոնք հետաքրքրուած են համահայկական կարեւոր իրադարձութիւններով եւ իրենց հետաքրքրութիւնից մղուած, այսպէս կամ այնպէս, ձեռք են բերում իրենց անհրաժեշտ տեղեկութիւնները:
Յիշեալ իրադարձութեանց առնչուող պետական անձինք կամ պատասխանատու մարմիններ թերեւս մեզ ասեն, որ այդ իրադարձութեանց մասին ժամանակին պաշտօնական յայտարարութիւններ են եղել, հաղորդագրութիւններ են հրատարակուել եւ ցանկացողները համացանցից օգտուելով՝ կարող են անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ձեռք բերել:
Տեղեկատուական մարտավարութեան այս ձեւը սխալ է, որովհետեւ արձագանգ չի գտնում եւ նպատակին չի ծառայում:
Չի կարելի ասել, որ ցանկացողները իրենց հետաքրքրող տեղեկութիւնները համահայկական իրադարձութեանց մասին կարող են ձեռք բերել, եթէ ուզեն, որովհետեւ բուն նպատակը ոչ թէ առանձին անհատներն են, այլ՝ համայն հայութիւնը եւ այս պարագայում, յատկապէս Սփիւռքի զանգուածները:
Համահայկական իրադարձութեանց առնչուող հարցերի մասին հասարակական կարծիք ձեւաւորելու եւ այդ հարցերը հայութեան սեփականութիւնը դարձնելու համար պաշտօնական յայտարարութիւններն ու հաղորդագրութիւնները բաւական չեն: Անհրաժեշտ է, օգտուելով հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներից ու հնարաւորութիւններից, այդ կարեւոր հարցերը շարունակական կերպով եւ հետեւողականօրէն արծարծուեն, տարբեր տեսանկիւններից մեկնաբանուեն ու վերլուծութեան ենթարկուեն, որպէսզի դրանք հայութեան ու հայ զանգուածների ժողովրդական արձագանգին արժանանան:
Վերը յիշուած եւ նման համազգային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութեանց մասին հայութեանը տեղեակ պահելու գործում թերեւս աւելի մեծ դեր ունեն Սփիւռքի գաղութների բազմատեսակ կառոյցներն ու հաստատութիւնները՝ եկեղեցիները, մարզական, մշակութային, բարեսիրական ու նոյնիսկ մասնագիտական միութիւնները, քաղաքական կազմակերպութիւնները, տարբեր գաղութներ ներկայացնող ներկայացուցչութիւնները՝ համախմբումները, թէ կան այդպիսիք:
Ի միջի այլոց, նիւթից մի քիչ շեղուելով՝ ասենք, որ այսօր անկախ Հայաստանի եւ Սփիւռքի սերտ կապը, փոխյարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունեն թէ՛ Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի եւ թէ՛ Սփիւռքի համար:
Այս կապը, փոխյարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը շատ աւելի կը դիւրանայ հայկական գաղութները նրկայացնող ներկայացուցչութիւններով, համախմբումներով: Նման համախմբումներ կեանքի կոչելու համար հայկական գաղութների տարբեր կառոյցները կարող են առաջադրել իրենց թեկնածուները. առանձին անկախ հայեր եւս նոյնը կարող են անել՝ իրենք իրենց առաջադրելով իբրեւ թեկնածու: Այս առաջադրուած թեկնածուները ժողովրդավարօրէն կարող են ընտրուել տուեալ գաղութի կողմից եւ դառնալ այս կամ այն գաղութի ներկայացուցչութիւն:
Շատ լաւ կը լինէր, եթէ սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքեան կառոյցներին բացատրէր համախմբումների անհրաժեշտութիւնը եւ նրանց յանձնարարէր նման համախմբումներ առաջացնել, սակայն մինչ այդ Սփիւռքի հայկական գաղութները բաւական ճանապարհ ունեն կտրելու:
Մեր եկեղեցիները, որոնց հետեւորդների ու հաւատացեալների թիւը բաւական մեծ է, շատ բան կարող են անել համահայկական ու նաեւ տեղական գաղութային կարեւոր իրադարձութեանց առնչուող հարցերի արծարծման գծով: Մեր կրօնական հաստատութիւնները կարող են ուղղակի իրենց հաւատացեալներին պարզ կամ ելեկտրոնային բացատրական նամակներ ուղարկել: Կարող են յատուկ միջոցառումներ ու հաւաքներ կազմակերպել եւ իրենց հետեւորդներին մասնակից դարձնել հարցերի արծարծման եւ երկխօսութիւն սկսել նրանց հետ, շարունակաբար եւ հետեւողականօրէն ժողովրդին լսելով եւ հարցերի արծարծմանն ու լուծմանը մարդկանց մասնակից դարձնելով է միայն, որ կարելի է ժողովրդական շարժում առաջացնել:
Մեր քաղաքական, կրթական, մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցները եւս, որոնցից շատերը ըստ իրենց յայտարարութեանց ունեն հարիւրաւոր ու նոյնիսկ հազարաւոր անդամներ, կարող են անել այն, ինչ որ կարող են անել եկեղեցիները:
Այս կառոյցները եւս երկար ճանապարհ ունեն կտրելու:

ԱՅՒԱԶ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ, Սիտնի

Apr 10, 2009

ՆՊԱՏԱԿՆ ՈՒ ՄԻՋՈՑԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ընտրական խոստումէն ի վեր հայ հասարակութեան մէջ յառաջացան արդարացի ակնկալութիւններ, ինչպէս նաեւ անցեալի փորձառութիւններէն մղուած նախատեսութիւններ, իսկ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Օպամայի արտասանած խօսքերէն ետք, այդ տարատեսակ նախատեսութիւնները առաւել եւս աշխուժացան։
Բայց եւ այնպէս, հարկ է ուշադիր ըլլալ եւ չարտօնել, որ անմիջական ակնկալութեանց յորձանուտին անձնատուր ըլլալով՝ նպատակն ու միջոցը իրարմէ զատորոշելու ողջախոհութիւնը կորսուի։
Հայ ժողովուրդը արդարութեան վերականգնումը կը պահանջէ։ Անոր նպատակը իր կրած կորուստներուն փոխհատուցումն ու կալուածներու եւ հողերու վերադարձը ապահովելն է, եւ ոչ թէ այս կամ այն երկրին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Անշուշտ որեւէ նպատակ իրականանալու համար միջոցներու կը կարօտի, եւ 1965-էն ի վեր շուրջ քսան երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը այդ նպատակի իրականացման միջոցներէն մէկն է։
Մեր նպատակը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելը չէ, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներ նախապէս երեք առիթներով արդէն իսկ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւեր որդեգրած է, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռոնըլտ Ռիկըն 1981-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագահական ուղերձ մը հրապարակեց։ Հակառակ այս բոլորին, հայկական պահանջատիրութիւնը շարունակեց իր ընթացքը։
Միւս կողմէ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առնչութեամբ նախընտրական խոստումներ տուած Պիլ Քլինթըն եւ Ճորճ Պուշ խոստմնադրուժ եղան, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը չընկրկեցաւ եւ դարձեալ շարունակեց իր երթը։
Ինչպէս արդէն նշեցինք, Միացեալ Նահանգներու կողքին բազմաթիւ այլ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ եւս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին շնորհիւ կը յարատեւէ։
Ինչպէս անցեալին թէ՛ հիասթափութեանց եւ թէ՛ ուրախութեանց պահերը չկրցան մեր ընթացքը կասեցնել, որեւէ պատճառ չկայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Օպամայի վարչակազմին կեցուածքը արգելակէ հայկական պահանջատիրութեան ընդհանուր հոլովոյթին գնացքը։