ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահները 10 յուլիսին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, որուն մէջ ներառուած էր նաեւ 2007-ի նոյեմբերին որդեգրուած մատրիտեան հիմնական սկզբունքներու բարեփոխուած տարբերակը, որ կը բաղկանայ վեց կէտերէ.
Այդ կէտերը շատ անորոշ են եւ յստակացումի կը կարօտին։ Ստորեւ կարգ մը օրինակներ.
1) Երբ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող տարածքներուն ազրպէյճանական վերահսկողութեան վերադարձին կþակնարկուի, թէեւ ազրպէյճանցիները 5-7 շրջաններու մասին կը խօսին, սակայն սոյն սկզբունքին գործադրութեան համար նախ եւ առաջ պէտք է ճշդել Լեռնային Ղարաբաղի սահմանները, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել, թէ խօսքը ո՛ր տարածքներէն հեռացման կը վերաբերի։ Բայց եւ այնպէս, Լեռնային Ղարաբաղի սահման ըսելով պէտք չէ հասկնալ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի ինքնավար մարզի սահմանները, որոնք ժամանակավրէպ դարձած են։ Այսօր գետնի վրայ գոյութիւն ունի այլ իրականութիւն մը. այդ պէտք է ըլլայ մէկնակէտը։
Աւելի՛ն. խօսքը ո՛ր ուժերու հեռացման մասին է, Լեռնային Ղարաբաղի բանակի՞ն, թէ՞ Հայաստանի բանակին, որ արդէն ի սկզբանէ այդ շրջաններուն մէջ չի գտնուիր։ Հարկ է ի մտի ունենալ, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութիւնը չեն կրնար երաշխաւորել, ո՛չ ալ Ազրպէյճանի տուած երաշխիքները, այլ միայն Լեռնային Ղարաբաղի բանակը։
2) Կը խօսուի ներքին տեղափոխումի ենթարկուած անձերու եւ գաղթականներու՝ իրենց նախկին բնակավայրերը վերադառնալու իրաւունքի յարգումին եւ ապահովական միջազգային երաշխիքներու մասին, որոնք պիտի ներառեն խաղաղապահութեան գործողութիւն մը։
Այստեղ «ներքին» եզրը մտածել կու տայ, թէ խօսքը միայն Լեռնային Ղարաբաղէն կամ զայն շրջապատող շրջաններէն գաղթած ազրպէյճանցիներու տունդարձի իրաւունքին մասին է։ Գետաշէնէն, Պաքուէն կամ այլ շրջաններէ գաղթած հայերը պիտի զրկուի՞ն այդ իրաւունքէն։ Հայ գաղթականներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար Պաքուի մէջ եւս խաղաղապահ ուժեր պիտի տեղակայուի՞ն։
Աւելի՛ն. «ներքին» եզրը իր մէջ կը բովանդակէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս կազմելու գաղափարը, ինչ որ կը կանխորոշէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը, եւ անիմաստ կը դարձնէ անոր ճշդման համար առաջարկուած հետագային «օրինական գետնի վրայ պարտաւորիչ կամքի արտայայտութիւն»ը։
Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններու ճշդումէն ետք կարելի է ճշդել նաեւ «ներքին» բառին նշանակութիւնը։
3) Իսկ երբ կը խօսուի «Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական օրինական կարգավիճակի հետագայ ճշդման համար օրինական գետնի վրայ պարտաւորիչ կամքի արտայայտութեան» մասին, այդ որո՞ւ կամքի արտայայտութեան կþերթայ ակնարկութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը արդէն իսկ իր կամքը յստակ դարձուցած է, ուրեմն կþառաջարկուի կրկնել այդ հանրաքուէն, սակայն յստակ չէ, թէ ո՛վ իրաւունք պիտի ունենայ մասնակցելու այդ հանրաքուէին, Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ազրպէյճանցի բնակիչնե՞րը, թէ՞ նաեւ Ազրպէյճանի հանրապետութեան բնակչութիւնը։ Վերջինս բնականաբար ընդունելի չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ այդ պարագային փոքրաթիւ հայերու ձայնը պիտի կորսուի ազրպէյճանցի մեծամասնութեան ձայներու յորձանուտին մէջ։
Հանրաքուէին պէտք է մասնակցին միայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները։ Այսինքն՝ անոնք, որոնք այդտեղ բնակութիւն հաստատած են կամ գաղթէ վերադարձած։ Այլ խօսքով, պէտք է կանխարգիլել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը շրջանին գաղթականները չեղող ազրպէյճանցիներով ողողուի։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
No comments:
Post a Comment