Showing posts with label ՏԵՍԱԿԷՏ. Show all posts
Showing posts with label ՏԵՍԱԿԷՏ. Show all posts

Sep 1, 2009

ՏԵՍԱԿԷՏ - Ո՞ՒՐ Է ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅԵԱՑՔԸ

«Նիուզ Էյ. Էմ.»ը իբրեւ լրատուամիջոց հաւաստի աղբիւր է։ Տպաւորիչ արագութեամբ եւ առատութեամբ լրատուութիւնները կը տեղադրուին այս կայքէջին վրայ։ Կարելի է ըսել, որ կայքէջը կը յատկանշուի առարկայականութեամբ։

Գլխաւոր լուրերու բաժինը յատկացուած է լրատուական յօդուածաշարքի մը։ «Հայեացք Երեւանէն», «Հայեացք Ստեփանակերտէն» եւ «Հայեացք Մոսկուայէն»։ Թեման նախագահ Սարգսեանին Թուրքիա մեկնելու-չմեկնելու քննարկումներուն կը վերաբերի։ Եւ ինչպէս խորագիրները կը նախանշեն, իւրաքանչիւր մօտեցում կը կրէ տուեալ աշխարհագրական վայրին մէջ արձանագրուող քաղաքական զարգացումներուն ազդեցութիւնները։

Բազմահայեացքային են յօդուածաշարքին մէջ երեւցած մտածումները, վերլուծումները, գործընթացները ընկալելու եղանակները։ Այստեղ նպատակը այդ բոլորի համայնապատկերը ներկայացնելը չէ։ Յօդուածաշարքը կրնայ շարունակուիլ։ Այսուհանդերձ, հիմնական երկու դիտարկում պէտք է յանձնել հրապարակային քննարկումներու մասնակիցներուն դատողութեան։

Առաջինը այն է, որ մինչ Երեւանէն եւ Ստեփանակերտէն հնչած տեսակէտները բացառապէս կը վերաբերին հայկական ուժերու ներկայացուցիչներուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն, Մոսկուայէն ներկայացուած տեսակէտները կը պատկանին «Ռուսիոյ ռազմավարական մշակոյթի հիմնադրամ»ի եւ «Ռազմագիտական ակադեմիա»ի փորձագէտներուն։ Ի հարկէ, Հայաստանի նախագահին Թուրքիա այցելելու-չայցելելու քննարկումներուն ոչ հայ քաղաքագէտներու տեսակէտները ներառելը վնասակար չէ։ Քաղաքագիտական բարձր պատրաստուածութեան տէր մարդոց մասնագիտական տեսակէտները ունենալը՝ զանոնք բաժնելով կամ չբաժնելով հանդերձ, օգտակար է քննարկումներուն համակողմանիութիւն ապահովելու տեսակէտէն։ Հարցը այս պարագային այն է, որ եթէ քննարկումը դուրս կու գայ ներհայկական պարունակի սահմաններէն, այլապէս ինչո՞ւ պէտք չէ յօդուածաշարքին աւելցնել «Հայեացք՝ Եւրոպայէն», «Հայեացք՝ Միացեալ Նահանգներէն»։

Չմոռնանք, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին զարկ տալը, սառեցնելը կամ վերաջերմացնելը որքան առնչակից է ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ելեւէջներուն, նոյնքան համընթաց քայլեր կ'առնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն հետ։ «Ճանապարհային քարտէս»ը չէր գծուեր եւ չէր ստորագրուեր առանց ամերիկեան ճնշումին։ Իսկ Եւրոպան եւ իր փորձագէտներու տեսակէտները աւելի քան անհրաժեշտ են այս պարագային՝ տրուած ըլլալով, որ հարցը իբրեւ խաղաքարտ կþօգտագործուի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան նկրտումներուն դիմաց Թուրքիա-Եւրոպա պարանաձգութեան անվերջանալի քաշքշուքներուն մէջ։
Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը յօդուածաշարքի տարբեր գլուխ կրնայ ըլլալ։ Պարզապէս պէտք է պահուի յօդուածաշարք ծաւալելու տրամաբանութիւնը։ Եթէ ոչ հայկական հայեացքներ պիտի ներառուին, Մոսկուան պէտք չէ բացառութիւն կազմէ։ Մոսկուայի նման այլ աշխարհաքաղաքական կեդրոններ կան, որոնք նոյնքան առնչակից են այս գործընթացներուն։

Երկրորդ դիտարկում.եթէ վերադառնանք ներհայկական պարունակին, ապա անմիջապէս կը նկատենք, որ բացակայ կողմ կայ այս հայեացքներու շարքին մէջ։ Նման թեմայի մը քննարկումը, «Հայեացք Երեւանից», «Հայեացք Ստեփանակերտից»ի կողքին պէտք է ներառած ըլլար «Հայեացք Սփիւռքից»ը։ Առանց Սփիւռքին, հրապարակային քննարկումի այս ներկայացումը պիտի մնայ հիմնովին թերի։ Հայ-թուրք յարաբերութիւններու թղթածրարը միայն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն կապուած հարց չէ։ Համահայկական է իր բնոյթով, էութեամբ եւ տարողութեամբ։ Իսկ առանց Սփիւռքէն հնչած տեսակէտներուն ներառման որեւէ հասարակական-հրապարակային քննարկում թէ պաշտօնական բանակցութիւն այս հարթութեան վրայ չþարդիւնաւորուիր։ Անտեղի չէ ըսելը, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն պէտք է պահանջել Սփիւռքի մասնակցութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը պահանջուի պաշտօնական Ստեփանակերտին մասնակցութիւնը՝ արցախեան բանակցութիւններուն։

Պիտի գայ անշուշտ չարչրկուած հարցը։ Ո՞վ կը ներկայացնէ Սփիւռքը։ Ճիշդ նման պահերու համար է, որ Սփիւռքը պէտք է յաջողի յաղթահարել ամէ՛ն տեսակ արգելք՝ ինքզինք նոր կառուցակարգերով օժտելու եւ լիազօրուածութիւն ապահովելու։ Դասական-նոր սփիւռքները քաղաքական միաւորի վերածուելու խնդիր ունին անյետաձգելիօրէն։

Այս հիմնական բացթողումը սակայն, պատճառ պէտք չէ հանդիսանար, որ «Նիուզ Էյ. Էմ.»ը շրջանցէր սփիւռքեան հայեացքները եւ իր հրապարակային քննարկումներու շարքին չներառէր սփիւռքեան հասարակական կազմակերպութիւններ ներկայացնող գործիչներու տեսակէտները՝ նախագահին Թուրքիա մեկնելու կամ չմեկնելու մասին։

Ո՞ւր է Սփիւռքի հայեացքը։ Հարցումը «Նիուզ Էյ. Էմ.»ի ճամբով ուղղուած է նաեւ մեզի՝ սփիւռքահայերուս։

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Jul 29, 2009

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

Յարգարժա՛ն խմբագրութիւն«Ազդակ» օրաթերթի,

Որքան ալ հաւատացողներէն եմ մամուլի շինիչ դերին, տեղ մը դժուարութեան կը մատնուիմ տարբերելու համակարգչային (on-line) մամուլը եւ ձեռքով շօշափուած աւանդական մամուլը։ Երբ ստիպուած ես համակարգչային մամուլին հետեւիլ օրը օրին, նոյն աճապարանքը չունիս բազկաթոռին վրայ կուտակուած եւ հանգիստի պահու մը, ոտքերդ երկարած վիճակի մը մէջ, էջերը խշրտացնելով կարդացուած թերթերուն կամ հանդէսներու պարագային։ Այսպէս է որ հանգիստ պահու մը ընթերցուելիք կուտակուած թերթերու դէզին մէջէն ձեռքս անցաւ «Ազդակ»ի 28 մայիս 2009 թուակիր համարը, ուր ուշադրութիւնս գրաւեց «Փրոֆ. Մարք Նշանեանի բանախօսութիւնը՝ ուղղուած Պոլսոյ հայ ուսուցիչներուն» խորագրեալ լրատուութիւնը։

Իբրեւ հաւատարիմ հետեւող մը քաղաքիս հայատառ օրաթերթային թէ պարբերական մամուլի՝ կը փափաքիմ կատարել հետեւեալ ճշդումները.
ա.- Կատարուած լրատուութիւնը տարբեր իմաստ մը կը զգենու, երբ կը նշուի թուականը, ինչպէս նաեւ աղբիւրը.
բ.- Լրատուութեան մէջ նշուած բանախօսին անունը պէտք է ճշդել իբրեւ Մարկ Նշանեան՝ փոխան Մարք Նշանեանի, իսկ «Պոլսոյ մէջ միակ տաղանդաւոր վիպագիրը եղաւ Զաւէն Պէրպէրեանը» նախադասութեան մէջ նշուած գրողին անունը պէտք է ճշդել իբրեւ Զաւէն Պիպէրեան։
գ.- Չկրցի որեւէ մեկնաբանութիւն մը տալ բանախօսին, որ յարգելի ալ ակադեմական մըն է, հրապարակային հետեւեալ արտայայտութեան. «Միջին Արեւելքը նոյնիսկ մէկ արժէքաւոր գրագէտ չկրցաւ տալ, բացի Վահէ Օշականէն, իսկ Պոլսոյ մէջ միակ տաղանդաւոր վիպագիրը եղաւ Զաւէն Պէրպէրեանը»։

Իսկապէս որ զարմացայ գրական բոլոր գոյները եւ հոսանքները անհանգստացնելիք (ամէնէն թեթեւ բառն է, որ կ'օգտագործեմ) նման ցաւալի յայտարարութեան մը ընթերցումով։ Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար ունենալ «Ազդակ»ի շաբաթական «գրական» էջերու խմբագիր՝ Սարգիս Կիրակոսեանի եւ ամսական ««Ազդակ» Գրական - «Ազդակ» Արուեստի Պարբերական» յաւելուածի խմբագիր՝ Պօղոս Սնապեանի մեկնաբանութիւնները եւ նաեւ դատումները, ի տես գրական բոլոր ընկալեալ չափանիշերը եւ արժեչափերը արհամարհող նման «անպատասխանատու» յայտարարութեան մը։

Այսքան առատութեամբ «գունաւոր» գրական մամուլ եւ գրողներու միութեան համախմբում մըն ալ ունեցող քաղաքիս գրագէտ եւ գրականագէտները խօսք մը ունենալու են անձնական ճաշակն ու նախասիրութիւնները գերիվեր նկատող մտայնութեան մը հետ։

Յարգանքներով

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Jul 15, 2009

ՂԱՐԱԲԱՂ. ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄԻ ԿԱՐՕՏ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահները 10 յուլիսին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, որուն մէջ ներառուած էր նաեւ 2007-ի նոյեմբերին որդեգրուած մատրիտեան հիմնական սկզբունքներու բարեփոխուած տարբերակը, որ կը բաղկանայ վեց կէտերէ.

Այդ կէտերը շատ անորոշ են եւ յստակացումի կը կարօտին։ Ստորեւ կարգ մը օրինակներ.

1) Երբ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող տարածքներուն ազրպէյճանական վերահսկողութեան վերադարձին կþակնարկուի, թէեւ ազրպէյճանցիները 5-7 շրջաններու մասին կը խօսին, սակայն սոյն սկզբունքին գործադրութեան համար նախ եւ առաջ պէտք է ճշդել Լեռնային Ղարաբաղի սահմանները, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել, թէ խօսքը ո՛ր տարածքներէն հեռացման կը վերաբերի։ Բայց եւ այնպէս, Լեռնային Ղարաբաղի սահման ըսելով պէտք չէ հասկնալ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի ինքնավար մարզի սահմանները, որոնք ժամանակավրէպ դարձած են։ Այսօր գետնի վրայ գոյութիւն ունի այլ իրականութիւն մը. այդ պէտք է ըլլայ մէկնակէտը։

Աւելի՛ն. խօսքը ո՛ր ուժերու հեռացման մասին է, Լեռնային Ղարաբաղի բանակի՞ն, թէ՞ Հայաստանի բանակին, որ արդէն ի սկզբանէ այդ շրջաններուն մէջ չի գտնուիր։ Հարկ է ի մտի ունենալ, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութիւնը չեն կրնար երաշխաւորել, ո՛չ ալ Ազրպէյճանի տուած երաշխիքները, այլ միայն Լեռնային Ղարաբաղի բանակը։

2) Կը խօսուի ներքին տեղափոխումի ենթարկուած անձերու եւ գաղթականներու՝ իրենց նախկին բնակավայրերը վերադառնալու իրաւունքի յարգումին եւ ապահովական միջազգային երաշխիքներու մասին, որոնք պիտի ներառեն խաղաղապահութեան գործողութիւն մը։

Այստեղ «ներքին» եզրը մտածել կու տայ, թէ խօսքը միայն Լեռնային Ղարաբաղէն կամ զայն շրջապատող շրջաններէն գաղթած ազրպէյճանցիներու տունդարձի իրաւունքին մասին է։ Գետաշէնէն, Պաքուէն կամ այլ շրջաններէ գաղթած հայերը պիտի զրկուի՞ն այդ իրաւունքէն։ Հայ գաղթականներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար Պաքուի մէջ եւս խաղաղապահ ուժեր պիտի տեղակայուի՞ն։

Աւելի՛ն. «ներքին» եզրը իր մէջ կը բովանդակէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս կազմելու գաղափարը, ինչ որ կը կանխորոշէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը, եւ անիմաստ կը դարձնէ անոր ճշդման համար առաջարկուած հետագային «օրինական գետնի վրայ պարտաւորիչ կամքի արտայայտութիւն»ը։

Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններու ճշդումէն ետք կարելի է ճշդել նաեւ «ներքին» բառին նշանակութիւնը։

3) Իսկ երբ կը խօսուի «Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական օրինական կարգավիճակի հետագայ ճշդման համար օրինական գետնի վրայ պարտաւորիչ կամքի արտայայտութեան» մասին, այդ որո՞ւ կամքի արտայայտութեան կþերթայ ակնարկութիւնը։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը արդէն իսկ իր կամքը յստակ դարձուցած է, ուրեմն կþառաջարկուի կրկնել այդ հանրաքուէն, սակայն յստակ չէ, թէ ո՛վ իրաւունք պիտի ունենայ մասնակցելու այդ հանրաքուէին, Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ազրպէյճանցի բնակիչնե՞րը, թէ՞ նաեւ Ազրպէյճանի հանրապետութեան բնակչութիւնը։ Վերջինս բնականաբար ընդունելի չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ այդ պարագային փոքրաթիւ հայերու ձայնը պիտի կորսուի ազրպէյճանցի մեծամասնութեան ձայներու յորձանուտին մէջ։

Հանրաքուէին պէտք է մասնակցին միայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները։ Այսինքն՝ անոնք, որոնք այդտեղ բնակութիւն հաստատած են կամ գաղթէ վերադարձած։ Այլ խօսքով, պէտք է կանխարգիլել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը շրջանին գաղթականները չեղող ազրպէյճանցիներով ողողուի։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

May 23, 2009

ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ


22 ապրիլէն ասդին թերեւս օր չ'անցնիր, որ հայկական լրատուադաշտի ոեւէ ներկայացուցիչ չներկայացնէ կամ չարծարծէ պաշտօնական Երեւանի եւ Անգարայի միացեալ ստորագրութիւնները կրող հռչակագիրին կամ յայտարարագիրին վերաբերող լրատուութիւն, մեկնաբանութիւն, վերլուծում։ Միեւնոյն տարողութեամբ եւ թերեւս աւելի՝ երեւոյթը կը վերաբերի նաեւ թրքական եւ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցներուն։ Թէեւ վերջին երկուքի պարագային դաշտերը յագեցած են մէկ կողմէ ներքին սպառման շարժառիթներէ թելադրուած նիւթերով, միւս կողմէ հանրային կարծիքի ապակողմնորոշման միտող տարբեր տեսակի թողարկումներով։ Հայկականի պարագային, ի տարբերութիւն միւս երկուքին, պաշտօնական լրահոսը, տեղեկատուութիւնը ժլատ է, լուռ է շատ յաճախ, այնքան, որ համր դիւանագիտութեան այսօրուան երեւոյթին նկատմամբ տեղի կը տրուի զանազան մեկնաբանութիւններու։

Լռութիւնը միշտ չէ, որ օգտակար է։ Յատկապէս նման զգայուն թեմաներու պարագային, երբ հակառակորդ ճամբարը աշխուժօրէն կը ձեռնարկէ տեղեկատուութեան իւրօրինակ տարբերակներու ցուցահանդէսի, երբ յստակ է, որ պետական մակարդակներու վրայ կազմակերպուած եւ իրականացուած քարոզչաքաղաքական քաղաքականութիւնը ինքզինք կը դրսեւորէ ամէն առիթի։

Հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը հիմնովին կարեւոր է առհասարակ եւ յատկապէս նման պարագաներու։ Տեղեկացուած հասարակութիւնն է միայն, որ առարկայական քննարկում կրնայ կատարել։ Թէկուզ բազմահայեացքային մօտեցումներ կրնան իրար խաչուիլ, բախիլ իրարու, այսուհանդերձ ճշգրիտ տուեալները, հրապարակայնութիւնը հիմնարար դերակատարութիւն կ'ունենան առողջ քննարկումներու համար եւ իբրեւ այդպիսին կը կանխեն նաեւ կասկածանքի մթնոլորտի բարձրացումը։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կը յայտարարէր, որ տեսանելի ապագային կը բացայայտէ ճանապարհային քարտէսին ներառուած համաձայնական կէտերը՝ աւելցնելով, որ ինքնավստահ է, որ այս գործընթացին նկատմամբ հայկական կողմի ճշդած կեցուածքները կ'արժանանան ժողովրդային համաձայնութեան։

Ենթադրութիւններ, համաձայնեցուած կէտերու մասին մամուլի հրապարակումներ, մեկնաբանական գրութիւններ առատօրէն լրատուական շրջանառութեան մէջ դրուած են այս օրերուն։ Հետեւելով այդ բոլորին, ներառեալ անշուշտ թրքական աղբիւրներու հրամցուցածներուն, կարելի է թերեւս որոշ ուրուագծում կատարել ճանապարհային քարտէսի բովանդակութեան մասին։ Այսպէս.

ա.- Սահմաններու փոխադարձ ճանաչում։
բ.- Թուրքիոյ կողմէ սահմանային անցակէտերու բացում։
գ.- Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում։
դ.- Միջկառավարական յանձնախումբերու ստեղծում։
ե.- Խորհրդարաններու կողմէ երկկողմանի վաւերացում՝ համաձայնեցուած կէտերու։

Միանգամայն ճշդենք, որ ճանապարհային քարտէսի ճշգրիտ բովանդակութեան մասին չէ խօսքը։ Ճշգրիտ բովանդակութիւնը կ'իմանանք այն ատեն, երբ պաշտօնապէս կը բացայայտուին համաձայնական կէտերը։ Մամուլի հրապարակումներուն հետեւելով ենթադրեալ կէտերը լուսարձակի տակ առնելն է եւ անոնց նկատմամբ կարգ մը դիտարկումներ կատարելը այս յօդուածին նպատակը։

Միջազգային ընտանիքի անդամակցութեամբ երկուստեք սահմաններու անուղղակի ճանաչումը առաջին կէտով կը վերածուի յատուկ պայմանագիրով Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի։ Իրաւագիտական վերլուծումներու վրայ հիմնուած եզրայանգում կ'ուզէ այս աքթը Թուրքիայէն հողային պահանջատիրութենէ հրաժարումի համազօր քայլ համարելը։

Միջկառավարական ձեւաչափով միացեալ քննարկումներու առաջադրանքը նախորդ նախագահի պատասխանն էր պատմագէտներէ բաղկացած միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու Թուրքիոյ վարչապետի առաջարկին։ Այժմ կայ հաւանաբար իրաւացի մտահոգութիւն, որ միջկառավարական յանձնախումբերու իբրեւ ենթաաշխտանքային բաժին կը ներառուի նաեւ պատմագէտներու հարցը, ինչ որ բնականաբար կը հարուածէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը։

Նշուած կէտերու յաջորդականութեան շարքը կրնայ տարբեր ըլլալ, ինչպէս որ կրնան տարբեր ըլլալ նաեւ կէտերը, ըստ էութեան։ Հիմնական մէկ կարեւոր կէտ պէտք չէ շրջանցել սակայն։ Կէտ, որ չէ ներառուած հրապարակուած բոլոր տարբերակներուն եւ մեկնաբանական գրութիւններուն մէջ։ Ազրպէյճանական գործօնին շրջանցումն է կամ ղարաբաղեան տարածքներէն հայկական զօրքերու հեռացման թրքական նախապայմանի շրջանցումը։ Իսկ այս մէկը՝ հակառակ Թուրքիոյ վարչապետին իր երկրին թէ Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ կատարած յայտարարութիւններուն։

Կը թուի, որ բուն հարցը յայտնաբար թրքական մարտավարական խաղերու կարեւոր հանգրուանի մը նուաճումն է։ Նախ ի հարկէ ընտրուած ժամանակահատուածը՝ 24 ապրիլի նախօրեակին, ոչ այնքան հայ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական կամ զգացմունքային ներաշխարհը հարուածելու, որքան աշխարհակարգի մէկ հզօր ուժի ներկայացուցիչին Ցեղասպանութիւն եզրը չօգտագործելու հիմնաւորեալ պատրուակ տրամադրելու առումով։ Եւ անշուշտ իմիթացիոն բանակցային գործընթացի ցուցական պատկեր ստեղծելու եւ իրողութիւնները մշուշապատելու առումներով։ Ահա թէ ինչո՛ւ տուեալ պահուն կէտ կորսնցուցած կարգավիճակի մէջ յայտնուեցաւ հայկական կողմը։

Այլապէս։ Պարզ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական վարքագիծի առաջնային օրակարգի կէտերէն մէկը եւ գէթ տեսանելի ապագային Հայաստան յատուկ համաձայնագիրով պիտի չճանչնայ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը։ Նախադրեալները կը համոզեն, որ հայկական զօրքերն ալ պիտի շարունակեն վերահսկել Ղարաբաղեան տարածքները։

Նման զգայուն թեմաներու հրապարակայնացումը պարտաւորիչ է։ Հարցերը որքան պետական են, նոյնքան նաեւ հասարակական եւ այս պարագային համահայկական շեշտադրումով հասարակական։ Տեղեկացուածութիւնը հիմնովին կ'օժանդակէ հարցերու առարկայական քննարկումին։ Գնահատական տալու, որ ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ տեղ գտած հայ-թուրք յարաբերութիւններու սահմանուած բաժինի բովանդակութեան որքանո՞վ կը համապատասխանէ հայկական կողմին ստորագրութիւնը նման փաստաթուղթի մը տակ։

Տեսանելի ապագան անորոշ յղացք է յստակ ժամկէտ ճշդելու առումով։ Այսօր ուղիղ մէկ ամիս կ'ընէ ստորագրութեան թուականէն ասդին։ Մանաւանդ եթէ փաստաթուղթին ժողովրդային համաձայնութիւն վայելելուն ինքնավստահութիւնը կայ, բացայայտումը պէտք չէ ուշանայ։

Շ. Գ.

May 5, 2009

ԱԴԵՆԱՈՒԵՐ ԵՒ ՎԻԼԻ ԲՐԱՆԴՏ Է ՊԷՏՔ, ՊՐՆ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ


Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնների շուրջ ՀՀ իշխանութիւնների հետ տարաձայ նութեան պատճառով քաղաքական կոալիցիայից Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դուրս գալը մղել է ՀՀ արտաքին գործերի նախարար պրն Էդուարդ Նալբանդեանին հրապարակային եւ խորհրդարանական լուսաբանութիւններ տալու: Ապրիլի 27-ին պրն Նալբանդեանը հարցազրոյց է տուել «Արմենպրես» լրատուական գործակալութեանը` հիմնականում անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններին:
Չնայած` այդ հարցազրոյցում արտգործնախարարի ասած կամ չասած մտքերից ու պատասխաններից շատերը նոր հարցականների տեղիք են տալիս, բայց կայ առնուազն մէկ կէտ, որի առնչութեամբ չի կարելի պրն Նալբանդեանին հրապարակաւ չսրբագրել:
Իր պատասխաններից մէկում պրն Նալբանդեանը ասում է, «Գիտէք, ես յոյսով եմ, որ երբ մենք բարելաւենք, կարգաւորենք մեր յարաբերութիւնները, ապա ոչ միայն մեր երկրի` Հայաստանի ղեկավարները կը գան Ծիծեռնակաբերդ` ծաղիկներ դնելու, այլեւ Հայաստանի ղեկավարներին կը միանան Թուրքիայի ղեկավարները: Ինչու՞ մենք չենք կարող անել այն, ինչ որ արեցին Շառլ դը Գոլը եւ Ադենաուերը: Ես վստահ եմ, որ կը գայ այդպիսի օր, եւ այդ քայլը կ'անեն նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիայի ղեկավարները»:
Ժողովրդի լեզուով ասած` «էդ բանը չպիտի ասէիք» պարոն Նալբանդեան: Շառլ դը Գոլն ու Ադենաուերը դարերով իրար դէմ պատերազմած պետութիւնների ղեկավարներ էին, ովքեր 1963-ին ստորագրեցին բարեկամութեան պայմանագիր` նախանշելով նաեւ միացեալ Եւրոպայի մեկնարկը: Ձեր խօսքում, երբ ուզում էք նրանց օրինակով տեսնել Հայաստանի ու Թուրքիայի ղեկավարներին, հայերիս այդ ղեկավարներից ո՞ր մէկի կերպարով էիք պատկերացնում: Տայիք միայն Ադենաուերի անունը` հասկանալի ու ողջունելի կը լինէր:
Վերջապէս, Կոնրադ Ադենաէուրը Գերմանիայի այն կանցլերն էր, որ 1951թ. սեպտեմբերին Բունդեսթագում ունեցած իր ելոյթում ընդունեց Գերմանիայի պարտաւորութիւնը` հատուցում կատարելու Իսրայէլին` որպէս հրեայ ժողովրդի ներկայացուցիչ պետութեանը, նացիստական Գերմանիայի կողմից գործադրուած հրեայ ժողովրդի Հոլոքոստի համար: Այս դէպքում Ձեր համեմատութիւնը իսկապէս ողջունելի կը լինէր: Հնարաւոր է, որ ցանկացել էք ասել` «Ադենաուեր եւ Վիլի Բրանդտ». դա եւս ողջունելի կը լինէր:
Վերջապէս, Վիլի Բրանդտն էր, որ 1970թ. դեկտեմբերի 7-ին Վարշաւայում ծնկի եկաւ 1943թ. Վարշաւայի Գետտոյի ապստամբութեան հրեայ զոհերի յուշարձանի առաջ` որպէս զղջման եւ ներողութիւն խնդրելու արտայայտութիւն:
Այո՛, պրն Նալբանդեան, մենք` հայերս, Շառլ դը Գոլ ունենալու խնդիր չունենք:
Մենք Թուրքիայի կողմից հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան ժառանգներն ենք, եւ պատրաստ ենք այդ Ցեղասպանութիւնը գործած Թուրքիայի իրաւաժառանգորդ ներկայիս Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատել առա՛նց նախապայմանների: Բայց Ձեր պատկերացումը, թէ պէտք է անենք այն, ինչ արեց Շառլ դը Գոլը, ոչ միայն անհասկանալի է, այլեւ, անկեղծ ասած, նոյնիսկ մտահոգիչ:
Եթէ մեր արտգործնախարարը չի պատկերացնում ցեղասպան պետութեան ժառանգորդի եւ ցեղասպանութեան թիրախ դարձած ժողովրդի ժառանգորդի պարտաւորութիւնների ու անելիքի տարբերութիւնները, նա կարո՞ղ է մեր պետութեան շահերը ներկայացնել ու պաշտպանել միջազգային ատեաններում եւ այլ պետութիւնների, յատկապէս Թուրքիայի հետ բանակցելիս:
Պրն Նալբանդեան, չարժէ ինչ-ինչ հաշուարկներով, ուրիշներին հաճոյանալու համար, մենք` որպէս պետութիւն, մեզ վրայ վերցնենք Ֆրանսիային նմանուելու կամ որպէս քաղաքական գործչի` դը Գոլին կապկելու որեւէ պարտաւորութիւն: Դա, մեր անհատական կամ հաւաքական թերարժէքութեան բարդոյթից բացի, ուրիշ ոչնչի մասին չի վկայի: Ընդհակառակը, դա միայն կը հարուածի մեր պետութեան շահերին:
Ընդամէնը, պրն Նալբանդեան, մեզ պէտք են թուրք Ադենաուեր եւ էլի թուրք Վիլի Բրանդտ, որպէսզի Թուրքիան զղջում յայտնի եւ հայութիւնից ներողութիւն խնդրի` Հայոց ցեղասպանութեան համար, ամբողջական հատուցում կատարի միջազգային իրաւունքում հայ ժողովրդի ներկայացուցիչ Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ միայն այդ ժամանակ ստանայ բարոյական իրաւունք` իր ղեկավարների միջոցով ծնկաչոք յարգելու մեր նահատակների յիշատակը Ծիծեռնակաբերդում:
Առանց ներողութեան, առանց զղջման, առանց պատասխանատուութեան ստանձնման եւ առանց հատուցման` Թուրքիայի կողմից որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայի յայտնուելը Ծիծեռնակաբերդում պարզապէս կը պղծի մեր նահատակների յիշատակը: Նորից չսխալուէք, պրն Նալբանդեան:

ԴԱՒԻԹ ՏԷՐ-ԴԱՒԹԵԱՆ
«Երկիր»

5 մայիսի 2009

Apr 17, 2009

16 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԻԹՈՎ ՆԿԱՏՈՒՄՆԵՐ

Ստորեւ Երեւանի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին առիթով կը ներկայացնենք կարգ մը նկատումներ։

1) Թրքական աղբիւրներ շարունակ կը պնդէին, թէ 16 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն մը պիտի կնքուի։ Սակայն ահա այդ թուականը անցաւ եւ երկու կողմերուն միջեւ որեւէ համաձայնութիւն չկնքուեցաւ։

Ինչպէս նախապէս նշած ենք, թրքական կողմը յաճախ կը դիմէ ապատեղեկատուութեան հնարքին։

Ինչպէս ծանօթ է՝ «սուտին թելը կարճ կ՚ըլլայ»։ Առաւել, թուրքերը մեծ սխալ գործեցին, երբ այդ ապատեղեկատուութեան մէջ թուական մը ճշդեցին։ Ի վերջոյ, իրենց ճշդած թուականը եկաւ եւ ոչինչ պատահեցաւ։

2) 16 ապրիլին նախորդող ժամանակաշրջանին, մինչ հայ պաշտօնատարները լուռ կը մնային, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակ կը պնդէին, թէ Հայաստան-Թուրքիա համաձայնութիւն մը մօտալուտ է։

Թուրք պաշտօնատարները վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ, ինչպէս նաեւ թրքական ընդդիմադիր կուսակցութեանց կողմէ գործադրուած ճնշումներուն պատճառով կամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել դժկամող իրենց ճշմարիտ կեցուածքը բացայայտելով ետդարձ կատարեցին եւ սկսան յայտարարել, թէ նախ եւ առաջ Ազրպէյճան-Հայաստան տագնապը պէտք է լուծուի, ապա՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հարցերը։ Այժմ, դերերու շրջումով մը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները շատ մօտիկ ապագային պիտի կարգաւորուին։ Յիշենք նաեւ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս յոյս յայտնեց, որ հոկտեմբերին Պոլիս մեկնի՝ օգտագործելով Հայաստան-Թուրքիա բաց սահմանը։

3) 16 ապրիլը նաեւ թրքական կեցուածքին մէջ հակասութիւն մը բացայայտեց։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի, 8 ապրիլին յայտարարեց, թէ «նախ եւ առաջ Ազրպէյճան-Հայաստան տագնապը պէտք է լուծուի, ապա՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հարցերը», իսկ 16 ապրիլին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան Երեւան իր ուղեւորութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութեանց բնականոնացման բանակցութիւնները պէտք է ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման զուգահեռ։

«Վոյս Աֆ Ամերիքա» ձայնասփիւռի կայանը իր կայքէջին վրայ 10 ապրիլին զետեղուած խմբագրականի մը մէջ կը նշէր, որ «Միացեալ Նահանգներ կը յուսան, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացումը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման»։ Այլ խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթութիւնը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումն է։ Ինչպէս ծանօթ է, վերոնշեալ ձայնասփիւռի կայանի խմբագրականները կ՚արտացոլեն ամերիկեան կառավարութեան կեցուածքը, եւ թերեւս այդ կեցուածքը վերոնշեալ կէտերուն կողքին այն ազդակներէն է, որ թուրք պաշտօնատարները շփոթի մատնած է։

Apr 11, 2009

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՉ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ, ԹՈՅԼ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Զարգացած եւ արագ հաղորդակցութեան ու հեռահաղորդակցութեան այս դարում, տեղեկատուութիւնն ու տեղեակ լինելը իրօք ուժ են համարւում:
Որքան աւելի հետեւողականօրէն է կատարւում իրազեկումը՝ տեղեկութեանց փոխանցումը եւ մարդկանց տեղեկութիւններն ու գիտելիքները որքան աւելի շատ ու հարուստ են լինում, մարդիկ, իւրաքանչիւրը իր բնագաւառում, աւելի մեծ դերակատարութիւն են ցուցաբերում գիտութեանց, արուեստի, մշակոյթի եւ, մէկ խօսքով, քաղաքակրթութեան զարգացման գործում:
Առանց հետեւողական տեղեկատուութեան՝ չի կարելի մարդկանցից ակնկալել, որ նրանք աշխուժ մասնակցութիւն ու դերակատարութիւն ունենան կեանքի այս կամ այն բնագաւառում եւ լուծեն մեր յառաջընթացը խոչընդոտող խնդիրները:
Տարիներ է, որ աշխարհով մէկ սփռուած հայ մարդիկ կարող են մեր երկրի իշխանութիւններից տասը տարուայ կեցութեան իրաւունք ստանալ՝ ձեռք բերելով համապատասխան անցագիր-անձնագիր եւ այդ անձնագրով այս կամ այն երկրից կարող են Հայաստան մեկնել, քանի անգամ որ ուզեն եւ այնտեղ մնալ իրենց ցանկացածի չափ՝ օգտուելով Հայաստանի քաղաքացիական համարեա բոլոր իրաւունքներից, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքից զատ:
Աւելի քան մէկ տարի առաջ Հայաստանը երկքաղաքացիութեան օրէնք է որդեգրել: Ըստ այս օրէնքի՝ սփիւռքահայերը դիմելով մեր երկրի իշխանութեանց եւ պահելով իրենց քաղաքացիութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ կարող են Հայաստանի քաղաքացի դառնալ:
Վերջերս Հայաստանում կեանքի է կոչուել սփիւռքի նախարարութիւնը: Հաւանաբար այս նախարարութեան պարտականութիւնն է ուսումնասիրել Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի հայոց դպրոցների ընդհանուր կրթական կացութիւնն ու մակարդակը եւ այն, թէ՝ այդ դպրոցներում որքանով կարելի է երեխաներին հայերէն սովորեցնել եւ ընդհանրապէս հարստացնել նրանց հայագիտական տեղեկութիւններն ու ծանօթութիւնները:
Ուսումնասիրել Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի տնտեսական-նիւթական կարողականութիւնը եւ այն, թէ ի՛նչ ձեւով եւ ի՛նչ չափով կարելի է օգտուել այդ կարողականութիւնից՝ հայրենանպաստ եւ հայանպաստ ծրագրերի ու նախագծերի իրագործման համար:
Ուսումնասիրել Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի գիտական, արհեստագիտական, մշակութային եւ արուեստի բնագաւառներում առկայ կարողականութիւնը, վիճագրական ճշգրիտ տուեալների հիման վրայ եւ այն, թէ այդ կարողականութիւնից ինչ ձեւով եւ ինչ չափով կարելի է օգտուել համահայկական եւ հայրենանպաստ ծրագրեր ու նախագծեր կենսագործելու համար:
Ի հարկէ այսքանով չի սահմանափակւում սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը:
Մենք արդէն խօսեցինք տեղեկատուութեան ու տեղեակ լինելու կարեւորութեան մասին:
Արդեօք մեր յիշած համահայկական, չափազանց կարեւոր ու նոյնիսկ պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութեանց մասին բաւարար չափով տեղեա՞կ է մեր ժողովուրդը՝ մանաւանդ Սփիւռքում:
Պատասխանը ոչ է:
Ի հարկէ կան աննշան թուով հայեր, որոնք հետաքրքրուած են համահայկական կարեւոր իրադարձութիւններով եւ իրենց հետաքրքրութիւնից մղուած, այսպէս կամ այնպէս, ձեռք են բերում իրենց անհրաժեշտ տեղեկութիւնները:
Յիշեալ իրադարձութեանց առնչուող պետական անձինք կամ պատասխանատու մարմիններ թերեւս մեզ ասեն, որ այդ իրադարձութեանց մասին ժամանակին պաշտօնական յայտարարութիւններ են եղել, հաղորդագրութիւններ են հրատարակուել եւ ցանկացողները համացանցից օգտուելով՝ կարող են անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ձեռք բերել:
Տեղեկատուական մարտավարութեան այս ձեւը սխալ է, որովհետեւ արձագանգ չի գտնում եւ նպատակին չի ծառայում:
Չի կարելի ասել, որ ցանկացողները իրենց հետաքրքրող տեղեկութիւնները համահայկական իրադարձութեանց մասին կարող են ձեռք բերել, եթէ ուզեն, որովհետեւ բուն նպատակը ոչ թէ առանձին անհատներն են, այլ՝ համայն հայութիւնը եւ այս պարագայում, յատկապէս Սփիւռքի զանգուածները:
Համահայկական իրադարձութեանց առնչուող հարցերի մասին հասարակական կարծիք ձեւաւորելու եւ այդ հարցերը հայութեան սեփականութիւնը դարձնելու համար պաշտօնական յայտարարութիւններն ու հաղորդագրութիւնները բաւական չեն: Անհրաժեշտ է, օգտուելով հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներից ու հնարաւորութիւններից, այդ կարեւոր հարցերը շարունակական կերպով եւ հետեւողականօրէն արծարծուեն, տարբեր տեսանկիւններից մեկնաբանուեն ու վերլուծութեան ենթարկուեն, որպէսզի դրանք հայութեան ու հայ զանգուածների ժողովրդական արձագանգին արժանանան:
Վերը յիշուած եւ նման համազգային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութեանց մասին հայութեանը տեղեակ պահելու գործում թերեւս աւելի մեծ դեր ունեն Սփիւռքի գաղութների բազմատեսակ կառոյցներն ու հաստատութիւնները՝ եկեղեցիները, մարզական, մշակութային, բարեսիրական ու նոյնիսկ մասնագիտական միութիւնները, քաղաքական կազմակերպութիւնները, տարբեր գաղութներ ներկայացնող ներկայացուցչութիւնները՝ համախմբումները, թէ կան այդպիսիք:
Ի միջի այլոց, նիւթից մի քիչ շեղուելով՝ ասենք, որ այսօր անկախ Հայաստանի եւ Սփիւռքի սերտ կապը, փոխյարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունեն թէ՛ Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի եւ թէ՛ Սփիւռքի համար:
Այս կապը, փոխյարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը շատ աւելի կը դիւրանայ հայկական գաղութները նրկայացնող ներկայացուցչութիւններով, համախմբումներով: Նման համախմբումներ կեանքի կոչելու համար հայկական գաղութների տարբեր կառոյցները կարող են առաջադրել իրենց թեկնածուները. առանձին անկախ հայեր եւս նոյնը կարող են անել՝ իրենք իրենց առաջադրելով իբրեւ թեկնածու: Այս առաջադրուած թեկնածուները ժողովրդավարօրէն կարող են ընտրուել տուեալ գաղութի կողմից եւ դառնալ այս կամ այն գաղութի ներկայացուցչութիւն:
Շատ լաւ կը լինէր, եթէ սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքեան կառոյցներին բացատրէր համախմբումների անհրաժեշտութիւնը եւ նրանց յանձնարարէր նման համախմբումներ առաջացնել, սակայն մինչ այդ Սփիւռքի հայկական գաղութները բաւական ճանապարհ ունեն կտրելու:
Մեր եկեղեցիները, որոնց հետեւորդների ու հաւատացեալների թիւը բաւական մեծ է, շատ բան կարող են անել համահայկական ու նաեւ տեղական գաղութային կարեւոր իրադարձութեանց առնչուող հարցերի արծարծման գծով: Մեր կրօնական հաստատութիւնները կարող են ուղղակի իրենց հաւատացեալներին պարզ կամ ելեկտրոնային բացատրական նամակներ ուղարկել: Կարող են յատուկ միջոցառումներ ու հաւաքներ կազմակերպել եւ իրենց հետեւորդներին մասնակից դարձնել հարցերի արծարծման եւ երկխօսութիւն սկսել նրանց հետ, շարունակաբար եւ հետեւողականօրէն ժողովրդին լսելով եւ հարցերի արծարծմանն ու լուծմանը մարդկանց մասնակից դարձնելով է միայն, որ կարելի է ժողովրդական շարժում առաջացնել:
Մեր քաղաքական, կրթական, մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցները եւս, որոնցից շատերը ըստ իրենց յայտարարութեանց ունեն հարիւրաւոր ու նոյնիսկ հազարաւոր անդամներ, կարող են անել այն, ինչ որ կարող են անել եկեղեցիները:
Այս կառոյցները եւս երկար ճանապարհ ունեն կտրելու:

ԱՅՒԱԶ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ, Սիտնի

Apr 10, 2009

ՆՊԱՏԱԿՆ ՈՒ ՄԻՋՈՑԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ընտրական խոստումէն ի վեր հայ հասարակութեան մէջ յառաջացան արդարացի ակնկալութիւններ, ինչպէս նաեւ անցեալի փորձառութիւններէն մղուած նախատեսութիւններ, իսկ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Օպամայի արտասանած խօսքերէն ետք, այդ տարատեսակ նախատեսութիւնները առաւել եւս աշխուժացան։
Բայց եւ այնպէս, հարկ է ուշադիր ըլլալ եւ չարտօնել, որ անմիջական ակնկալութեանց յորձանուտին անձնատուր ըլլալով՝ նպատակն ու միջոցը իրարմէ զատորոշելու ողջախոհութիւնը կորսուի։
Հայ ժողովուրդը արդարութեան վերականգնումը կը պահանջէ։ Անոր նպատակը իր կրած կորուստներուն փոխհատուցումն ու կալուածներու եւ հողերու վերադարձը ապահովելն է, եւ ոչ թէ այս կամ այն երկրին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Անշուշտ որեւէ նպատակ իրականանալու համար միջոցներու կը կարօտի, եւ 1965-էն ի վեր շուրջ քսան երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը այդ նպատակի իրականացման միջոցներէն մէկն է։
Մեր նպատակը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելը չէ, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներ նախապէս երեք առիթներով արդէն իսկ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւեր որդեգրած է, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռոնըլտ Ռիկըն 1981-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագահական ուղերձ մը հրապարակեց։ Հակառակ այս բոլորին, հայկական պահանջատիրութիւնը շարունակեց իր ընթացքը։
Միւս կողմէ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առնչութեամբ նախընտրական խոստումներ տուած Պիլ Քլինթըն եւ Ճորճ Պուշ խոստմնադրուժ եղան, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը չընկրկեցաւ եւ դարձեալ շարունակեց իր երթը։
Ինչպէս արդէն նշեցինք, Միացեալ Նահանգներու կողքին բազմաթիւ այլ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ եւս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին շնորհիւ կը յարատեւէ։
Ինչպէս անցեալին թէ՛ հիասթափութեանց եւ թէ՛ ուրախութեանց պահերը չկրցան մեր ընթացքը կասեցնել, որեւէ պատճառ չկայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Օպամայի վարչակազմին կեցուածքը արգելակէ հայկական պահանջատիրութեան ընդհանուր հոլովոյթին գնացքը։

Apr 7, 2009

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՏԵՍԱԿԷՏՍ ՉԵՄ ՓՈԽԱԾ, ՍԱԿԱՅՆ...»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա այցելութիւնը եւ այդտեղ անոր արտասանած խօսքը երկար ատենէ ի վեր անհամբեր կը սպասուէր՝ նկատի ունենալով, որ անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մասին կարեւոր ցուցանիշ մը կրնան ըլլալ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնականի պաշտօնին համար Օպամայի առաջադրած թեկնածուին կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումէն խուսափելէն, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան զօրակցելէ եւ ՕԹԱՆ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան ընթացքին Թուրքիոյ մտավախութեանց երաշխաւորի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թուրքիոյ նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ կը շարունակէ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատել, սակայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցման գործընթաց մը գոյութիւն ունի եւ ինք կ՚ուզէ այդ գործընթացը քաջալերել եւ ոչ թէ զայն խանգարել։
Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա բազմիցս սպառնացած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ խանգարել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, Օպամայի խօսքերը մտածել կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշած է իր նախընտրական խոստումը ձեւափոխել կամ առնուազն անոր գործադրութիւնը յետաձգել։ Վերջերս միջազգային օրաթերթ մը յառաջ քշած էր այն վարկածը, թէ Օպամա ընդամէնը պիտի յետաձգէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ փոխարէնը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացին մէջ արագ եւ նկատառելի ձեռքբերում մը պահանջելով։
Ուշագրաւ է այն երեւոյթը, որ Օպամա մամլոյ ասուլիսին ընթացքին երկու անգամ ակնարկեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն ծիրին մէջ արդիւնքի մը վերաբերեալ մօտալուտ յայտարարութեան մը։ Վերջին օրերուն միջազգային մամուլը եւս անանուն դիւանագէտներ վկայակոչելով յաճախակի կերպով կ՚անդրադառնար այդ ծիրին մէջ յայտարարութեան մը մօտալուտ ըլլալուն։
Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնելու ըլլանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին կիրակի օր Պոլիս մեկնելէ հրաժարիլն ու ապա, ըստ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի, երէկ երեկոյեան Պոլիս ժամանելը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող հանդիպումը անդրդուելի կերպով պոյքոթի ենթարկելը, կրնանք եզրակացնել, որ յառաջիկայ քանի մը շաբաթները կրնան յղի ըլլալ նոր իրադարձութիւններով։