Showing posts with label ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐ. Show all posts
Showing posts with label ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐ. Show all posts

Sep 11, 2009

www.aztagarabic.comը կը գործէ արդէն

www.aztagarabic.comը կը գործէ արդէն իբրեւ առանձին կայքէջ։

Ան կոչուած է հասանելիդառնալու արաբական ակադեմական եւ լրատուական շրջանակներուն։ Շուտով կընախաձեռնուի ելեկտրոնային արշաւի՝ կայքէջի հասցէն ուղարկելու համարառաջադրուած կեդրոններուն, հաստատութիւններուն եւ անձնաւորութիւններուն։

Կայքէջի խմբագիրն է դոկտ. Նորա Արիսեան իսկ համակարգչային ծրագրաւորման եւձեւաւորման պատասխանատուն՝ ընկ. Ժիրայր Պէօճէքեան։

Բովանդակութեան վերաբերեալ ձեր առաջարկներն ու գրութիւնները կրնաք ղրկել դոկտ.Նորա Արիսեանին editor@aztagarabic.com
Իսկ կայքէջի վերաբերեալ որեւէ նկատողութիւն կամ առաջարկ՝ ընկ. Ժիրայր Պէօճէքեանին web@aztagarabic.com

Կայքէջը կը բոլորէ փորձառական շրջան մը.հետեւաբար հիմնովին նկատի կ՛առնուինկառուցողականութեամբ յատկանշուող որեւէ առաջարկ։

Կայքէջի ընդհանուր հասցէն էinfo@aztagarabic.com

Sep 4, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԱՄԵՆԱԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ԵՒ ԱՄԵՆԱՀՐԱՏԱՊ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Հայ-թուրք յարաբերութիւններու թղթածրարին վերաբերող դիպաշարը արագ է։ Արտակարգօրէն արագ։ Միայն հետեւիլը՝ հայկական դաշտին մէջ այս օրերուն կատարուող յայտարարութիւններուն, արձագանգներուն, հիմնաւորումներուն եւ քննադատութիւններուն, միաժամանակ՝ թրքական իշխանութիւններու խուսանաւումներուն, ընդդիմութեան յարձակումներուն, ու տակաւին՝ աշխարհաքաղաքական ուժերու զօրակցութիւններուն, այս բոլորի մասին համաշխարհային մամուլէն մինչեւ թրքական եւ հայկական լրատուադաշտերու խայտաբղէտ կացութեան՝ ամբողջ աշխատակազմի մը լարուած աշխատանք կ'ենթադրէ։ Աշխատակազմ, որ միայն այս թղթածրարով պիտի զբաղի։ Հրապարակուած արձանագրութիւններուն կամ նախաստորագրութիւններուն իրաւաքաղաքական վերլուծումները վերապահենք այլ առիթի։ Լոյսին բերենք եւ արձանագրենք քանի մը անյետաձգելի ընդգծումներ։
Պարզ է, որ հակառակ նշուած ժամկէտներուն, թուացեալ պարտաւորեցնող կէտերուն, ներկայ փուլ մտնող գործընթացը երկարատեւ բանակցութիւններու, իր կարգին եւ իր տեսակին մէջ բանակցութիւններու վերասառեցումներու եւ ապասառեցումներու անվերջանալի նոր շղթայի մը սանձազերծումն է։ Այս վարքագիծը սակայն, ըստ էութեան թրքական կողմին ճշդած խաղի կանոններուն համաձայն է։ Հակառակ ժամկէտներուն Թուրքիան տակաւին առիթ ունի նախաստորագրութիւն-ստորագրութիւն-խորհրդարանի վաւերացում ընթացակարգին մէջ խաղալու, ձգձգելու, առկախելու, սառեցնելու եւ ի պահանջեալ հարկին ապասառեցնելու։

Եւ եթէ մէկ կողմէ կը մտածենք, որ այս գործընթացը որեւէ ձեւով գործնական արդիւնքներու չի յանգիր, ուրեմն վտանգաւոր հիմնադրոյթներու իրականացման վտանգ գոյութիւն չունի, ապա պէտք է մտածենք նաեւ, որ միեւնոյն այս բեմագրութիւնը լրիւ կը տեղաւորուի թրքական պետական վարքագիծի սահմաններուն մէջ եւ իբրեւ այդպիսին լիովին կը ծառայէ թրքական պետութեան կիրարկած քաղաքականութեան։ Առ երեւոյթ գետնի վրայ իրականացուող այս քաղաքականութիւնը խորքին մէջ ձեւափոխուած ծխածածկոյթ յառաջացնելու միեւնոյն ուղեգիծին տարբեր դրսեւորումն է պարզապէս։ Միջազգային ընտանիքին ցոյց տալն է, որ Թուրքիան կառքը տեղէն շարժելու կամք կը դրսեւորէ։Ճիշդ է, որ արձանագրութիւններուն մէջ չկայ ցեղասպանութեան ճանաչումի բառացի պահանջ. չկայ ղարաբաղեան հակամարտութեան նշում եւ չկայ Կարսի պայմանագիրի վերահաստատում։ Սակայն գոլորշիի տակ թաքնուած կայ՝ պատմական հարթութեամբ զբաղող ենթայանձնախումբ՝ ցեղասպանութեան փաստը խնդրոյ առարկայ դարձնող որոշում. կայ տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները յարգելու երկկողմ եւ բազմակողմ պարտաւորութիւններու ստանձնումի աքթին ետին լուռ ձեւով Կարսի պայմանագիրի վերընդունում (երկկողմ պարտաւորութիւն) եւ նաեւ իրաւական մեկնաբանութեան սպասող Արցախի հարցի նկատմամբ դիրքորոշման յստակացում (բազմակողմ պարտաւորութիւն՝ կապուած տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարգումին)։ 31 օգոստոսին արձանագրուած նախաստորագրութիւնները գործնականացման փուլի մասին կը խօսին վեց շաբթուան ժամկէտով։ Արդէն նկատուած է, որ վեց շաբաթը կ'աւարտի 13 հոկտեմբերին, որ Կարսի դաշնագրի ստորագրութեան օրն է…։

Մեկնաբանութիւնները արձանագրուած գործընթացին վերաբերեալ տրամագծօրէն հակոտնեայ են։ Իշխանական շրջանակը հայկական կողմին համար յառաջընթաց կը նկատէ արձանագրուածը, ընդդիմադիր շրջանակէն կը հնչէ «հայկական դիւանագիտութեան պարտութիւն»ը որակումները։ Մօտաւորապէս միեւնոյն բնութագրումը կարելի է տալ թրքական կողմին համար։ Մինչ, Ազրպէյճան հաւաստիքներ ստանալով հանդերձ չի կրնար պահել իր անհանգստութիւնը։

Արձանագրութիւններուն մէջ երեւցող շատ մը փակագիծեր տակաւին չեն բացուած։ Այդ բոլորին մասին առիթ կþըլլայ տակաւին գրելու։ Կարեւոր է սակայն, որ թրքական վարքագիծի հերթական դրսեւորումները չյաջողին ցնցել եւ պառակտել հայկական դաշտը։ Պարզ է, որ մտած ենք նոր փուլ։ Դժբախտաբար թրքական կողմի ճշդած խաղի կանոններով ընթացող նոր փուլ։ Ծայրայեղ զգօնութեան ցուցաբերումը աւելի քան հրամայական անհրաժեշտութիւն է։

Հրապարակային քննարկումները, ամէնէն թէժ բանավէճերը, ժողովրդավար հասկացողութիւններու հիմամբ հանրահաւաքները հանրային կարծիքի ձեւաւորման համար օրինաչափ միջոցառումներ են։ Կառուցողականութիւնն ու սխալը սրբագրելու միտումը պէտք է մնան շարժառիթն ու նպատակը հայրենիքն ու Սփիւռքը կլանելու կոչուած նոր փուլի բոլոր միջոցառումներուն։ Այս առումով բացասական էր հայրենի մամուլի գործիչներէն մէկուն մեկնարկած հանրային քննարկումի առաջին հարցումը՝ «Բայց պէտք է վերջապէս յստակեցնել՝ արդեօք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ պահանջատիրութիւնը այսօր մեր պետութեան ամենաառաջնակարգ եւ ամենահրատապ խնդիրնե՞րն են»։
Թէ՛ ցեղասպանութեան ճանաչումը, թէ՛ Ղարաբաղի հիմնահարցը, թէ՛ պատմական իրաւունքներուն տէր կանգնիլը եւ թէ՛ պետականութեան ամրակայումը ոչ կարգախօսային, այլ՝ մեր համազգային անվտանգութեան հայեցակարգի հիմնադրոյթներէն բխող խնդիրներ են։ Բոլորիս համար՝ «ամենաառաջնակարգ եւ ամենահրատապ խնդիրներն են»։

Sep 1, 2009

ՏԵՍԱԿԷՏ - Ո՞ՒՐ Է ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅԵԱՑՔԸ

«Նիուզ Էյ. Էմ.»ը իբրեւ լրատուամիջոց հաւաստի աղբիւր է։ Տպաւորիչ արագութեամբ եւ առատութեամբ լրատուութիւնները կը տեղադրուին այս կայքէջին վրայ։ Կարելի է ըսել, որ կայքէջը կը յատկանշուի առարկայականութեամբ։

Գլխաւոր լուրերու բաժինը յատկացուած է լրատուական յօդուածաշարքի մը։ «Հայեացք Երեւանէն», «Հայեացք Ստեփանակերտէն» եւ «Հայեացք Մոսկուայէն»։ Թեման նախագահ Սարգսեանին Թուրքիա մեկնելու-չմեկնելու քննարկումներուն կը վերաբերի։ Եւ ինչպէս խորագիրները կը նախանշեն, իւրաքանչիւր մօտեցում կը կրէ տուեալ աշխարհագրական վայրին մէջ արձանագրուող քաղաքական զարգացումներուն ազդեցութիւնները։

Բազմահայեացքային են յօդուածաշարքին մէջ երեւցած մտածումները, վերլուծումները, գործընթացները ընկալելու եղանակները։ Այստեղ նպատակը այդ բոլորի համայնապատկերը ներկայացնելը չէ։ Յօդուածաշարքը կրնայ շարունակուիլ։ Այսուհանդերձ, հիմնական երկու դիտարկում պէտք է յանձնել հրապարակային քննարկումներու մասնակիցներուն դատողութեան։

Առաջինը այն է, որ մինչ Երեւանէն եւ Ստեփանակերտէն հնչած տեսակէտները բացառապէս կը վերաբերին հայկական ուժերու ներկայացուցիչներուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն, Մոսկուայէն ներկայացուած տեսակէտները կը պատկանին «Ռուսիոյ ռազմավարական մշակոյթի հիմնադրամ»ի եւ «Ռազմագիտական ակադեմիա»ի փորձագէտներուն։ Ի հարկէ, Հայաստանի նախագահին Թուրքիա այցելելու-չայցելելու քննարկումներուն ոչ հայ քաղաքագէտներու տեսակէտները ներառելը վնասակար չէ։ Քաղաքագիտական բարձր պատրաստուածութեան տէր մարդոց մասնագիտական տեսակէտները ունենալը՝ զանոնք բաժնելով կամ չբաժնելով հանդերձ, օգտակար է քննարկումներուն համակողմանիութիւն ապահովելու տեսակէտէն։ Հարցը այս պարագային այն է, որ եթէ քննարկումը դուրս կու գայ ներհայկական պարունակի սահմաններէն, այլապէս ինչո՞ւ պէտք չէ յօդուածաշարքին աւելցնել «Հայեացք՝ Եւրոպայէն», «Հայեացք՝ Միացեալ Նահանգներէն»։

Չմոռնանք, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին զարկ տալը, սառեցնելը կամ վերաջերմացնելը որքան առնչակից է ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ելեւէջներուն, նոյնքան համընթաց քայլեր կ'առնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն հետ։ «Ճանապարհային քարտէս»ը չէր գծուեր եւ չէր ստորագրուեր առանց ամերիկեան ճնշումին։ Իսկ Եւրոպան եւ իր փորձագէտներու տեսակէտները աւելի քան անհրաժեշտ են այս պարագային՝ տրուած ըլլալով, որ հարցը իբրեւ խաղաքարտ կþօգտագործուի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան նկրտումներուն դիմաց Թուրքիա-Եւրոպա պարանաձգութեան անվերջանալի քաշքշուքներուն մէջ։
Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը յօդուածաշարքի տարբեր գլուխ կրնայ ըլլալ։ Պարզապէս պէտք է պահուի յօդուածաշարք ծաւալելու տրամաբանութիւնը։ Եթէ ոչ հայկական հայեացքներ պիտի ներառուին, Մոսկուան պէտք չէ բացառութիւն կազմէ։ Մոսկուայի նման այլ աշխարհաքաղաքական կեդրոններ կան, որոնք նոյնքան առնչակից են այս գործընթացներուն։

Երկրորդ դիտարկում.եթէ վերադառնանք ներհայկական պարունակին, ապա անմիջապէս կը նկատենք, որ բացակայ կողմ կայ այս հայեացքներու շարքին մէջ։ Նման թեմայի մը քննարկումը, «Հայեացք Երեւանից», «Հայեացք Ստեփանակերտից»ի կողքին պէտք է ներառած ըլլար «Հայեացք Սփիւռքից»ը։ Առանց Սփիւռքին, հրապարակային քննարկումի այս ներկայացումը պիտի մնայ հիմնովին թերի։ Հայ-թուրք յարաբերութիւններու թղթածրարը միայն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն կապուած հարց չէ։ Համահայկական է իր բնոյթով, էութեամբ եւ տարողութեամբ։ Իսկ առանց Սփիւռքէն հնչած տեսակէտներուն ներառման որեւէ հասարակական-հրապարակային քննարկում թէ պաշտօնական բանակցութիւն այս հարթութեան վրայ չþարդիւնաւորուիր։ Անտեղի չէ ըսելը, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն պէտք է պահանջել Սփիւռքի մասնակցութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը պահանջուի պաշտօնական Ստեփանակերտին մասնակցութիւնը՝ արցախեան բանակցութիւններուն։

Պիտի գայ անշուշտ չարչրկուած հարցը։ Ո՞վ կը ներկայացնէ Սփիւռքը։ Ճիշդ նման պահերու համար է, որ Սփիւռքը պէտք է յաջողի յաղթահարել ամէ՛ն տեսակ արգելք՝ ինքզինք նոր կառուցակարգերով օժտելու եւ լիազօրուածութիւն ապահովելու։ Դասական-նոր սփիւռքները քաղաքական միաւորի վերածուելու խնդիր ունին անյետաձգելիօրէն։

Այս հիմնական բացթողումը սակայն, պատճառ պէտք չէ հանդիսանար, որ «Նիուզ Էյ. Էմ.»ը շրջանցէր սփիւռքեան հայեացքները եւ իր հրապարակային քննարկումներու շարքին չներառէր սփիւռքեան հասարակական կազմակերպութիւններ ներկայացնող գործիչներու տեսակէտները՝ նախագահին Թուրքիա մեկնելու կամ չմեկնելու մասին։

Ո՞ւր է Սփիւռքի հայեացքը։ Հարցումը «Նիուզ Էյ. Էմ.»ի ճամբով ուղղուած է նաեւ մեզի՝ սփիւռքահայերուս։

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Aug 7, 2009

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ


Հետզհետէ լափալիսեան ճշմարտութեան կը վերածուի այն, որ հրապարկային քննարկումները անշրջանցելի նախապայման են քննական մտածողութիւն զարգացնելու համար։ Իրօք, միտքերու բախումն է, այլակարծութեան հանգիստ դրսեւորումը, առողջ բազմակարծիքութիւնը եւ այս բոլորին համար օդի պէս անհրաժեշտ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի տարածումը, որոնք կրնան բարենպաստ ենթահող ձեւաւորել քննական մտածողութեան կայացման աշխատանքին։

Քաղաքացիական առողջ հասարակարգի հաստատման աշխատանքներուն մեկնակէտը քաղաքացիներուն բարձր տեղեկացուածութիւնն է։ Տուեալ պետութեան քաղաքացիները պէտք է նախ իմանան իրենց եւ երկրին վերաբերող տարբեր ոլորտներու վերաբերող գործընթացներուն մասին։ Փակ հասարակարգերը իրենց դրութեամբ եւ աշխատելու համակարգերով արդէն իսկ խոչընդոտած կ՛ըլլան ժողովրդավարացման աշխատանքները եւ ի սկզբանէ ձախողութեան մատնած՝ քաղաքացիական հասարակարգի ձեւաւորումը։

Նիւթը համընդգրկուն է եւ անոր զուտ տեսաբանական բաժինը կրնայ վերածուիլ երկար յօդուածաշարքի։ Գանք մեր ածուին եւ փորձենք լուսարձակի տակ առնել հրապարակային քննարկումի ճամբով մեր հաւաքականութեան իրազեկուածութեան նշաձօղը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը, կեդրոնանալով մասնակի նիւթի մը վրայ։

Բազմակողմանի է այն մտահոգութիւնը, որ այս գաղութը, որ տասնամեակներ շարունակ մնացած է համասփիւռքեան եւ համահայկական խնդիրներու հետապնդման կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, այսօր չի ցուցաբերեր ակնկալուած հետաքրքրութիւն համայն հայութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ։ Ըստ էութեան եւ տարողութեան այսօր ճակատագրորոշ գործընթացներէ կ՛անցնին հայկական թղթածրարներու բովանդակած առաջնային թեմաները, որոնց դիմաց համեմատական լռութիւն եւ կրաւորականութիւն կը շարունակէ պահել մեր գաղութի հասարակական մտածողութիւնը. այլ խօսքով չի ցուցաբերեր այն հաւաքական գերզգայնութիւնը, զոր մեր գաղութը էր երբեմն արտայայտած էր դէպքերուն առընթեր բազկերակային համընթացութեամբ եւ համակշռոյթով։

Պատճառներու պեղումը կը քանդէ կ՛անցնի այս սիւնակին ճշդած չափի ցանկապատերը եւ հասկնալիօրէն կը տարածուի որոշ ժամանակի ու անոր յառաջացուցած բարոյահոգեբանական պայմաններուն վրայ։ Հիմա, գործնական իմաստով ընդգծուած մտահոգութիւնը պէտք է ընկալել իբրեւ այս հարցերը լոյսին բերելու կոչուած հրապարակային քննարկումներու պահանջ։ Հարցը չի վերաբերիր այս կամ կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան։ Գաղութը, իր ամբողջութեամբ ազդուած է այն գործօններէն, որոնք իջեցուցած են առաջադրուած հարցերու նկատմամբ մեր տեղեկացուածութեան, իրազեկուածութեան եւ առնչակցութեան նշաձօղերը։ Երեւոյթներն ու իրականութիւնները մեր բոլորին՝ իբրեւ կուսակցութիւններ, հասարակական-երիտասարդական կազմակերպութիւններ, յարանուանութիւններ թէ միութիւններ, առաջնային համախնդիրներուն վերածելու անհրաժեշտութիւնն ու պահանջը եթէ սուր կերպով կը դրուին, ապա համագաղութային մակարդակի վրայ հրապարակային քննարկումի գաղափարը պէտք է գործնական դրսեւորումներ գտնէ։

Մամուլը, իր կարգին եթէ ճիգեր ցոյց կու տայ, նաեւ բացթողումներ արձանագրած է։ Ի վերջոյ մամուլը հանրային կարծիք ձեւաւորելու հիմնական գործիք է։ Եւ եթէ ակնկալուած կարծիքը չէ ձեւաւորուած, այդ գործիքը լիարժէք չէ բանած կը նշանակէ։ Այս հաստատումէն դուրս չ՛իյնար անշուշտ նաեւ մեր թերթը։
Իր չափին եւ տարողութեան մէջ, մեր մամուլը նախաձեռնութիւն առած է հրապարակային քննարկումներ ծաւալելու։ Եթէ տպագիր տարբերակին մէջ առաջադրուած համակողմանի քննարկումները չեն իրականացած կարելի է տարտամ ձեւով ըսել, որ ելեկտրոնային տարբերակին վրայ «Ազդակ պլոկ»ը, յատկապէս որոշ նիւթերու պարագային աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ։ Խմբագրութիւնը նկատած է, որ ամէն անգամ հայոց լեզուի վերաբերող նամականի մը կամ տեսակէտ մը հրապարակային քննարկումի ենթակայ կը դառնայ, արագ կշռոյթով կը բազմանան կարծիք յայտնողները, բանավիճողները։ Մինչ, քիչ են անոնք, որոնք ազգային-քաղաքական հիմնախանդիրներու հրամցուած տեսակէտներուն առնչութեամբ իրենց մտածողութիւնը կ՛ուզեն հրապարակայնացնել։ Մեր գաղութը տակաւ պէտք է որդեգրէ եւ կիրարկէ հարցերու քննարկման հրապարակայնացման մշակոյթը։

Այս իրողութիւնն է, որուն վրայ պէտք է կեդրոնացնել լուսարձակները։ Մտածելու համար, թէ ճիշդ ի՞նչ են այն պատճառները, որոնք այս հարցերուն նկատմամբ լռութեան մատնած են մեր գաղութի մտաւորականութենէն շատերը։ Այս գաղութը ունի հսկայ կարողականութիւն համասփիւռքեան եւ համահայկական գործընթացներուն ոչ թէ հետեւելու, այլ նաեւ անոնցմէ ոմանք հունաւորելու նոյնիսկ։ Այդպէս եղած է ժամանակին։ Այդ ներուժը, եթէ նոյնիսկ նախկինը չէ, ապա վերայայտնուելու, վերակազմակերպուելու, վերամիաւորուելու եւ այդպիսով հայկական գործընթացներուն վրայ ազդելու հնարաւորութիւնները կրնայ վերստեղեծլ։ Նախ՝ հրապարակային առողջ եւ կառուցողական քննարկումներու ճամբով։
«Ա.»

Jul 31, 2009

ՄՕՏ ՕՐԷՆ AZTAG ARABIC.COM

«ՓԻՒՆԻԿ»Ի ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՄՕՏ ՕՐԷՆ՝ WWW.AZTAGARABIC.COM


Որոշ ժամանակէ ի վեր խմբագրութեան յղուած առաջարկներ կու գան ընդգծելու «Ազդակ»ի արաբատառ բաժանմունքի հաստատումին անհրաժեշտութիւնը։ Պահանջը առաւելաբար կը զգացուէր համահայկական հիմնահարցերու «Ազդակ»ի լուսաբանման աշխատանքը նաեւ արաբերէն կարդացող շրջանակներուն հասանելի դարձնելու անհրաժեշտութենէն։ Այս հանգրուանին կ'ուզենք յայտնել, որ արաբական բաժնին նիւթերը պիտի կեդրոնանան «Ազդակ»ի հրատարակած խմբագրականներուն, ակնարկներուն եւ վերլուծողական գրութիւններուն արաբերէն թարգմանութեան վրայ։

Յայտնենք, որ արաբերէն ելեկտրոնային հրատարակութեան խմբագիրի պաշտօնը կը ստանձնէ հայկական եւ արաբական լրագրողական շրջանակներուն ծանօթ անուն, «Ազդակ»ի աշխատակից դոկտ. Նորա Արիսեան։ Կայքէջի աշխատանքները կ'իրականանան «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ։

Մեր փափաքն է, որ թէ՛ կայքէջի ձեւաւորման եւ թէ՛ բովանդակային առումներով մեր ընթերցողները իրենց առաջարկները յղեն «Ազդակ»ին։

Անգլերէն բաժանմունքին առընթեր գործելու կոչուած «Ազդակ»ի արաբերէն բաժինը այս ձեւով «Ազդակ»ի ելեկտրոնային հրատարակութիւնները կը դարձնէ եռալեզու։

Jul 15, 2009

ՂԱՐԱԲԱՂ. ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄԻ ԿԱՐՕՏ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահները 10 յուլիսին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, որուն մէջ ներառուած էր նաեւ 2007-ի նոյեմբերին որդեգրուած մատրիտեան հիմնական սկզբունքներու բարեփոխուած տարբերակը, որ կը բաղկանայ վեց կէտերէ.

Այդ կէտերը շատ անորոշ են եւ յստակացումի կը կարօտին։ Ստորեւ կարգ մը օրինակներ.

1) Երբ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող տարածքներուն ազրպէյճանական վերահսկողութեան վերադարձին կþակնարկուի, թէեւ ազրպէյճանցիները 5-7 շրջաններու մասին կը խօսին, սակայն սոյն սկզբունքին գործադրութեան համար նախ եւ առաջ պէտք է ճշդել Լեռնային Ղարաբաղի սահմանները, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել, թէ խօսքը ո՛ր տարածքներէն հեռացման կը վերաբերի։ Բայց եւ այնպէս, Լեռնային Ղարաբաղի սահման ըսելով պէտք չէ հասկնալ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի ինքնավար մարզի սահմանները, որոնք ժամանակավրէպ դարձած են։ Այսօր գետնի վրայ գոյութիւն ունի այլ իրականութիւն մը. այդ պէտք է ըլլայ մէկնակէտը։

Աւելի՛ն. խօսքը ո՛ր ուժերու հեռացման մասին է, Լեռնային Ղարաբաղի բանակի՞ն, թէ՞ Հայաստանի բանակին, որ արդէն ի սկզբանէ այդ շրջաններուն մէջ չի գտնուիր։ Հարկ է ի մտի ունենալ, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութիւնը չեն կրնար երաշխաւորել, ո՛չ ալ Ազրպէյճանի տուած երաշխիքները, այլ միայն Լեռնային Ղարաբաղի բանակը։

2) Կը խօսուի ներքին տեղափոխումի ենթարկուած անձերու եւ գաղթականներու՝ իրենց նախկին բնակավայրերը վերադառնալու իրաւունքի յարգումին եւ ապահովական միջազգային երաշխիքներու մասին, որոնք պիտի ներառեն խաղաղապահութեան գործողութիւն մը։

Այստեղ «ներքին» եզրը մտածել կու տայ, թէ խօսքը միայն Լեռնային Ղարաբաղէն կամ զայն շրջապատող շրջաններէն գաղթած ազրպէյճանցիներու տունդարձի իրաւունքին մասին է։ Գետաշէնէն, Պաքուէն կամ այլ շրջաններէ գաղթած հայերը պիտի զրկուի՞ն այդ իրաւունքէն։ Հայ գաղթականներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար Պաքուի մէջ եւս խաղաղապահ ուժեր պիտի տեղակայուի՞ն։

Աւելի՛ն. «ներքին» եզրը իր մէջ կը բովանդակէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս կազմելու գաղափարը, ինչ որ կը կանխորոշէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը, եւ անիմաստ կը դարձնէ անոր ճշդման համար առաջարկուած հետագային «օրինական գետնի վրայ պարտաւորիչ կամքի արտայայտութիւն»ը։

Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններու ճշդումէն ետք կարելի է ճշդել նաեւ «ներքին» բառին նշանակութիւնը։

3) Իսկ երբ կը խօսուի «Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական օրինական կարգավիճակի հետագայ ճշդման համար օրինական գետնի վրայ պարտաւորիչ կամքի արտայայտութեան» մասին, այդ որո՞ւ կամքի արտայայտութեան կþերթայ ակնարկութիւնը։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը արդէն իսկ իր կամքը յստակ դարձուցած է, ուրեմն կþառաջարկուի կրկնել այդ հանրաքուէն, սակայն յստակ չէ, թէ ո՛վ իրաւունք պիտի ունենայ մասնակցելու այդ հանրաքուէին, Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ազրպէյճանցի բնակիչնե՞րը, թէ՞ նաեւ Ազրպէյճանի հանրապետութեան բնակչութիւնը։ Վերջինս բնականաբար ընդունելի չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ այդ պարագային փոքրաթիւ հայերու ձայնը պիտի կորսուի ազրպէյճանցի մեծամասնութեան ձայներու յորձանուտին մէջ։

Հանրաքուէին պէտք է մասնակցին միայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները։ Այսինքն՝ անոնք, որոնք այդտեղ բնակութիւն հաստատած են կամ գաղթէ վերադարձած։ Այլ խօսքով, պէտք է կանխարգիլել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը շրջանին գաղթականները չեղող ազրպէյճանցիներով ողողուի։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Jul 8, 2009

ՀԱՅԵՐԸ ԶԱՐՄԱՑԵԼ, ՌՈՒՍՆԵՐԸ ԶԱՅՐԱՑԵԼ ԵՆ


ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼՈՒ ԿՐԾՔԻՑ ԵՐԵՒԱՆՈՒՄ ԵՐԿՈՒ ՄԵՏԱԼ ԿԱԽԵՑԻՆ
ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑԻՆ
ՋԱՒԱԽՔՈՒՄ ԳՈՐԾ ԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ


Յունիսի 24-25-ը երկօրեայ պաշտօնական այցով Երեւանում գտնուող Վրաստանի նախագահը արժանացաւ միանգամից երկու մետալի: Նախ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը Միխայիլ Սահակաշվիլուն պարգեւատրեց Պատուոյ շքանշանով` «Հայ-վրացական դարաւոր բարեկամութեան ամրապնդման, Հայաստանի եւ Վրաստանի համագործակցութեան խորացմանն ուղղուած գործունէութեան համար»: Ապա Երեւանի պետական համալսարանի գիտական խորհրդի որոշմամբ, Վրաստանի ղեկավարն արժանացաւ հայաստանեան մայր համալսարանի ամէնաբարձր պարգեւին՝ ԵՊՀ պատուաւոր դոկտորի կոչմանն ու ոսկէ մետալի: Սա այն դէպքում, երբ վերջին կէս տարուայ ընթացքում առնուազն երկու անգամ պարոն Սահակաշվիլին ոչ պարկեշտ յայտարարութիւններ էր արել Հայաստանի հասցէին՝ ասելով, թէ նրա տնտեսութիւնը փլուզուեց, քանի որ ամբողջովին կախուած է Ռուսաստանի շուկայից:

Սահակաշվիլու Երեւան այցի ընթացքում, սակայն, այս մասին չյիշեցին: Չյիշեցին նաեւ Վահագն Չախալեանի ու վիրահայութեան վիճակի մասին: Աւելի ճիշդ, յիշեցին, բայց՝ դրական կերպով: Համատեղ մամուլի ասուլիսում Հայաստանի նախագահը ողջունեց «Վրաստանի կառավարութեան ջանքերը Ջաւախքում ընկերային-տնտեսական վիճակը մեղմելու, ենթակառուցուածքները բարելաւելու եւ նոր աշխատատեղեր ստեղծելու ուղղութեամբ»: Ջաւախահայութիւնը, սակայն, հակառակն է պնդում: Հայ ոստիկանները երկու անգամ խոչընդոտեցին եւ թոյլ չտուեցին Հայաստանում բնակուող ջաւախահայերին բողոքի ցոյց կազմակերպել նախագահական նստավայրի, ապա «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցի դիմաց, որտեղ գիշերել էր Վրաստանի նախագահը: Ջաւախահայ երիտասարդներն ու նրանց միացած Կիրօ Մանոյեանը, ով ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի տնօրէնն է, ցանկանում էին առիթն օգտագործել եւ նախագահ Սահակաշվիլուն մէկ անգամ եւս յիշեցնել Ջաւախքում առկայ բազմաթիւ խնդիրների մասին: Դա չյաջողուեց, քանի որ ոստիկանները հասցրել էին ցրել ցոյցը՝ նախքան Սահակաշվիլու հիւրանոցից դուրս գալը: Կիրօ Մանոյեանի եւ ոստիկանների միջեւ տեղի ունեցաւ փոքրիկ բախում:

Ցոյցի մասնակիցները փորձում էին Վրաստանի նախագահին փոխանցել տասը կէտանոց մի նամակ, որում մասնաւորապէս կոչ էր արւում «Վրաստանում Հայ առաքելական եկեղեցուն տալ կրօնական հաստատութեան իրաւական կարգավիճակ, դադարեցնել հայկական եկեղեցիների վրացականացումն ու զաւթումը, դադարեցնել պետական տարբեր կառոյցների կողմից հայերին վախեցնելու, հայկական շրջանակներում սարսափի մթնոլորտ առաջացնելու քայլերը Սամցխէ-Ջաւախեթի երկրամասում, հայերէնը հռչակել պետական երկրորդ լեզու, դադարեցնել երկրամասի ժողովրդագրական պատկերը արհեստականօրէն փոխելու քայլերը»:

Վրաստանի նախագահի այցի նախօրէին Հայաստանի խորհրդարանի Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորներից մէկին արգելուել էր հատել հայ-վրացական սահմանը, Վրաստանի հայկական դպրոցների ուսուցիչներին արգելուել է այցելել Երեւան եւ մասնակցել հայոց եկեղեցու պատմութեան դասաւանդման վերապատրաստուելու համար: Վրացական կողմը դժուարութիւններ է ստեղծում նաեւ հայկական դասագրքեր եւ լրագրեր Վրաստան տեղափոխելու հարցում: Համալսարանում Սահակաշվիլին, պատասխանելով հայ պատգամաւորի հետ կապուած միջադէպին, ուղղակիօրէն ասաց. «Ոչ հայերը, եւ ոչ էլ Վրաստանում ոեւէ մէկը շահագրգռուած չէ օժանդակել քաղաքական այն գործիչներին կամ նրանց գործունէութեանը, որոնց քայլերը միտուած են վատթարացնել բարեկամական յարաբերութիւնները երկու երկրների միջեւ: Աւելի լաւ է կանխել եւ թոյլ չտալ, որ դա իրականացուի»:

Իր երկօրեայ այցի ընթացքում Սահակաշվիլին ամէն առիթ օգտագործում էր, որպէսզի հնարաւորինս վարկաբեկի եւ անպարկեշտ յայտարարութիւններ թոյլ տայ Ռուսաստանի հասցէին: Նա ռուսներին մեղադրեց Կովկասում խառնակչութիւններ անելու, զաւթողական քաղաքականութիւն վարելու մէջ: Նման անպարկեշտ յայտարարութիւններով Սահակաշվիլին անյարմար վիճակ էր ստեղծում առաջին հերթին Հայաստանի համար, որը Ռուսաստանի հետ ունի դաշնակցային, բարեկամական յարաբերութիւններ: Սահակաշվիլու նման պահուածքն ու Հայաստանի իշխանութիւնների կողմից նրան բարձր մակարդակով պատուելը ակնյայտօրէն նեարդայնացրեց ռուսներին: Օրինակ, Ռուսաստանի խորհրդարանի ծերակուտական Վլատիմիր Կուսեւը Սահակաշվիլուն Երեւանում Պատուոյ շքանշան յանձնելը համարել է վիրաւորանք Ռուսաստանի հասցէին՝ յաւելելով, որ «իսկական բարեկամները նման կերպ չեն վարւում»: «Այդ արարքը կարող է բարդ մթնոլորտ ստեղծել ռուս-հայկական յարաբերութիւններում», ասել է Կուսեւը:

Մէկ այլ ծերակուտական Վատիմ Կուսթովը, Սահակաշվիլուն պարգեւատրելը համարել է «ոչ բարեկամական քայլ»: «Դա նաեւ արհամարհական վերաբերմունք է բոլոր նրանց նկատմամբ, ովքեր զոհուել են հարաւօսական հակամարտութեան ընթացքում», ասել է նա եւ նկատի ունենալով Սերժ Սարգսեանին, աւելացրել. «Բոլորն էլ ունեն սխալուելու իրաւունք, սակայն եթէ սխալը թոյլ է տրուել գիտակցաբար, ապա դա կարող է ծայրայեղ վատ անդրադառնալ ռուս-հայկական յարաբերութիւնների վրայ»: Էլ աւելի կոշտ է արտայայտուել Ռուսաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր, իշխող «Միասնական Ռուսաստան» կուսակցութիւնից ընտրուած Վալերի Պոկոմոլովը. «Իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի պարգեւատրել ում ցանկանում է, սակայն կարեւոր է հասկանալ, որ չի կարելի թքել այն ջրհորի մէջ, որտեղից դեռ շատ անգամներ ջուր ես խմելու»: Սահակաշվիլու Երեւան այցից յետոյ Պաքու մեկնեց Ռուսաստանի նախագահը: Պատահական համընկնում էր դա՝ թէ ոչ, դժուար է ասել:

Հայաստանի իշխանութիւնները, ինչպէս եւ նախկինում, շատ զգոյշ են վերաբերում հայ-վրացական յարաբերութիւններին: Այդ յարաբերութիւնների կարեւորութիւնը առաւել ակնյայտ է դառնում, երբ նայում ենք այսօրուայ քաղաքական քարտէզին: Հայաստանի սահմանների աւելի քան 80 տոկոսը շրջափակման տակ է. թուրք-հայկական սահմանը փակ է արդէն աւելի քան 16 տարի, հայ-ազրպէյճանականը՝ մօտ երկու տասնամեակ: Ցամաքային ճանապարհով Հայաստանը արտաքին աշխարհի հետ կարող է շփուել միայն Իրանով եւ Վրաստանով: Դէպի ծով ելք չունենալու եւ ցամաքով շրջափակուած լինելու իրողութիւնը Հայաստանին ստիպում է առաւել կարեւորել Վրաստանը որպէս տարանցիկ երկիր, քանի որ մեր երկրի արտաքին ապրանքաշրջանառութեան աւելի քան 70 տոկոսը իրականացւում է հէնց Վրաստանով, իսկ վրացական սեւծովեան նաւահանգիստներն ու վրացական երկաթգիծը արտաքին աշխարհ դուրս գալու մեր կարեւորագոյն ուղիներն են:

Թւում է` առաջիկայ տարիներին, գուցէ` տասնամեակներին, Վրաստանը կը պահպանի իր կարեւորութիւնը Հայաստանի համար, քանի որ ո°չ թուրքերն են պատրաստւում վերջ տալ Հայաստանի շրջափակումը եւ առաւել եւս` ո°չ Ազրպէյճանն է մտքից հանում ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու տարբերակը: Կովկասեան տարածաշրջանի այսօրուայ քաղաքական քարտէսը ցոյց է տալիս, որ այստեղ պետութիւնների միջեւ սահմանները բառի իսկական իմաստով սահմաններ չեն, այլ՝ բաժանարար գծեր: Թուրք-հայկական սահմանը իր փշալարերով ու սահմանապահ աշտարակներով շարունակում է յիշեցնել «Սառը պատերազմի» տարիները: Հայ-ազրպէյճանական սահմանները ականապատ են, իսկ 2004-ից Ռուսաստանի կողմից փակուել եւ բաժանարար գծի է վերածուել նաեւ ռուս-վրացական սահմանը:

Բայց սա դեռ ամէնը չէ. Հարաւային Կովկասի երեք ճանաչուած եւ երեք չճանաչուած երկրները ունեն արտաքին քաղաքական տարբեր, երբեմն` միմեանց հակասող արտաքին քաղաքական օրակարգեր: Այս երկրներից տարածքով ամենամեծը` Ազրպէյճանը, փորձում է հաւասարակշիռ յարաբերութիւններ պահպանել ազգակից ու դաշնակից Թուրքիայի, Արեւմուտքի ու Ռուսաստանի միջեւ: Սակարկութեան համար Իլհամ Ալիեւը շուկայ է հանում առաջին հերթին Կասպիցի նաւթը եւ կազը: Վրաստանը բացայայտօրէն ու առանց յետ՝ դէպի հիւսիս` դէպի Ռուսաստան նայելու ձգտում է դէպի եւրոպական եւ եւրոատլանտեան կառոյցներ` ակնկալելով վերջիններիս օգնութիւնը ռուսական վտանգի դէմ: Հայաստանը թուրքական վտանգի դէմ փորձում է օգտուել ռուս սահմանապահներից ու Գիւմրիում տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանից:

Միջազգայնօրէն չճանաչուած Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան, որոնք 2008-ի օգոստոսեան ռուս-վրացական հնգօրեայ պատերազմից յետոյ ճանաչուեցին Ռուսաստանի կողմից` անկախ եւ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու գրեթէ լծակ չունեն: Քարտէսի վրայ Վրաստանին պատկանող այս երկու միաւորները փաստացիօրէն գտնւում են Ռուսաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական վերահսկողութեան տակ: Լեռնային Ղարաբաղը, որին չի ճանաչել անգամ Հայաստանը, թէեւ ոչ նախկին ազդեցութեամբ, շարունակում է մնալ համեմատաբար լուրջ ռազմաքաղաքական գործօն ինչպէս Հարաւային Կովկասում, այնպէս էլ միջազգային ուժային երեք կենտրոնների՝ մի կողմից Ռուսաստանի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգների, միւս կողմից` հարաւկովկասեան երկրների միջեւ յարաբերութիւններում:

Հարաւային Կովկասում անվտանգութեան ահա նման պայմաններում է յատկապէս կարեւորւում հայ-վրացական կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւնների պահպանումը: Եթէ հայ-վրացական սահմանները եւս վերածուեն բաժանարար գծերի, ապա մեր տարածաշրջանի եւ արիւնալի հակամարտութիւններից սարսափելի տուժած նրա բնակչութեան ապագան կը դառնայ առաւել քան անկանխատեսելի: Այս իրողութիւնը գիտակցում են ինչպէս Երեւանում, այնպէս էլ՝ Թիֆլիսում: Եւ հէնց այս իրավիճակի գիտակցութեան ընկալումն է պատճառը, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնների օրակարգի բազում խնդիրները չեն մղւում առաջին դիրք եւ հրապարակայնօրէն չեն քննարկւում:

Հայաբնակ եւ հայկական Ջաւախքում առկայ քաղաքական, ազգային-մշակութային, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական խնդիրների անտեսումը անընդհատ լարուածութեան թոյն է ներարկելու հայ-վրացական յարաբերութիւններին: Ջաւախքի խնդիրները անտեսում են ոչ միայն Թիֆլիսում, այլ նաեւ Երեւանի իշխանութիւնները: Իր իսկ քաղաքացիների իրաւունքները ամէնուր ոտնահարող Հայաստանի գործող իշխանութիւնները ոչ հրապարակաւ եւ ոչ է փակ դռների հետեւում ընթացող բանակցութիւններում չեն կարող Վրաստանից պահանջել, որպէսզի վրաց պետութիւնը յարգի ջաւախահայութեան մշակութային, լեզուական եւ միւս իրաւունքները: Հարեւան երկրի ժողովրդավարութեան, իրաւական պետութեան, օրէնքի իշխանութեան մասին կարող ես խօսել, եթէ քո երկիրը որակապէս եւ տեսանելի կերպով աւելի բարեկեցիկ է: Այլ խողովակներով եւ այլ մակարդակներով, սակայն, Հայաստանը պարտաւոր է անընդհատ յիեցնել, որ չի հանդուրժի իր հայրենակիցների նկատմամբ խտրական վերաբերմունքը Ջաւախքում, աչք չի փակի Վրաստանի տարածքում հայկական յուշարձանների նկատմամբ շարունակուող ոտնձգութիւնների վրայ:

Հայաստանի պատանդային վիճակը հաշուի առնելով՝ Վրաստանը պէտք չէ շարունակի մաս կազմել քաղաքական եւ տնտեսական մեկուսացման այն քաղաքականութեանը, որը թելադրւում է Անգարայից ու Պաքուից: Ինչպէս Հայաստանն է բարեկամական չէզոքութիւն պահպանում վրաց-ռուսական յարաբերութիւններում, վկան` օգոստոսեան պատերազմը, այնպէս էլ Վրաստանը պէտք է նոյնը անի հայ-թուրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններում: «Կողմ» կամ «դէմ» քուէարկելուց բացի, կան նաեւ քուէարկութեան այլ ձեւեր, ինչպէս «ձեռնպահն» է կամ ընդհանրապէս չքուէարկելը, ուրեմն` միջազգային տարբեր ֆորումներում, երբ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ընդունւում են բանաձեւեր, Թիֆլիսը կարող է նաեւ երբեմն չքուէարկել այնպէս, ինչպէս քուէարկում են Անգարան ու Պաքուն: Նման մօտեցումը Երեւանը կը գնահատի յաւուր պատշաճի:

Աւանդական բաժակաճառերը մի կողմ` պիտի նաեւ ընդունել, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները ունեն զարգացման լուրջ ներուժ: Մեր ընդհանուր քրիստոնէական անցեալն ու պատմութեան ընթացքում ունեցած իրաւամբ բարեկամական յարաբերութիւնները, Ջաւախքում արժանապատիւ ապագայ ապահովելը մեկնարկային բարենպաստ պայմաններ կարող են ստեղծել Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ հարեւաններին վայել յարաբերութիւններ կառուցելու համար:

Վրաստանի որեւէ նախագահ Հայաստան այցելութեան ընթացքում չի հրաժարւում ծաղկեպսակ դնել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին, ինչպէս երբեմն անում են հարեւան այլ երկրների նախագահներ, վերջին անգամ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատն ու Սուրիոյ առաջնորդ Պաշշար Ասատը: Վրաստանի առաջնորդները Ծիծեռնակաբերդում խոնարհւում են ոչ միայն այն պատճառով, որ այդպէս է ենթադրում արարողակարգն ու տարրական քաղաքավարութիւնը, այլ որովհետեւ վրաց ժողովրդի բացատրելու կարիք չկայ, թէ ինչ ասել է օսմանեան եաթաղան:

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յատուկ «Ազդակ»ի համար
Երեւան

Apr 29, 2009

ՀՅԴ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀՅԴ-Ի ՀԱՄԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ ԵՆ»

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ


Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յայտարարում է քաղաքական համաձայնական կառավարութեան իր մասնակցութիւնը դադարեցնելու մասին:
Նկատի ունենալով խնդրի քաղաքական նշանակութիւնը, հանրային հնչեղութիւնը եւ հետեւանքները` անհրաժեշտ ենք համարում պարզաբանել այս քայլի պատճառները:
Նախ` ՀՅԴ-ն համաձայնական կառավարութեան մաս կազմեց նախագահական ընտրութիւններից յետոյ երկրում ստեղծուած ճգնաժամը, հայկական երկու պետութիւնների անկախութեանն ու անվտանգութեանն ուղղուած ռազմաքաղաքական սպառնալիքները միասնական ուժերով յաղթահարելու եւ համակարգուած բարեփոխումներ իրականացնելու նպատակադրումով:
Այս ընթացքում որոշակի յաջողութիւններ արձանագրուեցին, սակայն անյաղթահարելի սկզբունքային տարաձայնութիւն առաջացաւ արտաքին քաղաքականութեան ուղեգծի շուրջ:
Մենք մշտապէս համոզուած ենք եղել, որ պետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարական ուղղութիւններից մէկը Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր, մասնաւորապէս` Թուրքիայի կողմից ճանաչումն ու դատապարտումն է: Սա դիտարկուել է ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնման, այլեւ շրջանում փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի բարելաւման եւ ապագայում նման ոճիրների կանխարգելման համաթեքսթում: Այս առումով, ինչպէս արդէն յայտարարել ենք, մեզ համար անընդունելի ու դատապարտելի էր ապրիլի 24-ի անմիջական նախօրէին եւ Թուրքիայի ղեկավարների հակահայկական, նախապայմաններ թելադրող կեցուածքների համաթեքսթում Հայաստանի ու Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարութիւնների համատեղ յայտարարութեան ընդունումը: Ունենք նաեւ սկզբունքային տարաձայնութիւններ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններում արծարծուող որոշ դրոյթների վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւնների դիրքորոշման հարցում: Այդ դրոյթների վերաբերեալ ամբողջական տեսակէտները կ՚արտայայտենք դրանց հրապարակային քննարկումների ժամանակ:
Յետայսու ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական դաշտում գործելու է նոր` ընդդիմադիր ուժի կարգավիճակով: Մեր հիմնական առաջնահերթութիւնները լինելու են.
1.- Դառնալ իշխանութեան լիարժէք այլընտրանք` բոլոր հիմնահարցերի վերաբերեալ առաջարկելով սեփական ծրագրերն ու լուծումները:
2.- Որպէս ընդդիմութիւն ստանձնել իշխանութիւններին արդիւնաւէտօրէն հակակշռելու եւ զսպելու դերակատարութիւն:
3.- Իրականացնել անհրաժեշտ գործառոյթներ` քաղաքական դաշտի առողջացման եւ բիւրեղացման, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքակիրթ յարաբերութիւնների ձեւաւորման, ընկերային արդարութեան հաստատման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման նպատակով:
4.- Ծաւալել նախընտրական խոստումներից բխող ամբողջական գործունէութիւն՝ դրսեւորելով ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաքաղաքական ինքնատիպութիւնը:
5.- Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացներում առաջնորդուել բացառապէս ազգային-պետական շահերի եւ նպատակների գերակայութեամբ:
Մենք գնահատելի ենք համարում համաձայնական կառավարութեան գործընկերների հետ համատեղ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն ենք մաղթում նրանց աշխատանքներին` ի շահ մեր պետութեան եւ ժողովրդի:


ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ


27 ապրիլ, 2009

Apr 17, 2009

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԱՆՏԷՐ ՈՒ ԱՆՊԱՇՏՊԱ՞Ն Է ԱՅԼԵՒՍ...

Այս հրատապ օրակարգով եթէ փորձուինք հարցախոյզ մը կատարել Սփիւռքի գրական-մտաւորական շրջանակներուն մէջ, վստահաբար հարցապնդուողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սրտցաւօրէն պիտի հաստատէ, որ իսկապէ՛ս հայոց լեզուն կը թուի կորսնցուցած ըլլալ իր ապահովութեան երկաթեայ վահանները, իր զրահանդերձը (բառը Թէքէեանինն է), իր անվտանգ ու առողջ գոյատեւման հիմնական քանի մը երաշխիքները։
Վերեւի միեւնոյն հարցումը եթէ փորձենք ուղղել մեր «մշակութային» միութիւններու պատասխանատուներուն, ապա անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զարմացկոտ հայեացքով մը պիտի նայի մեր աչքերուն, անճրկի ու շուարումի մատնուի՝ պատասխան մը գտնելու իր անզօր ճիգերուն մէջ, ի վերջոյ յայտնելով թերեւս, որ՝ «մշակութային միութիւնները պատնէշի վրայ են օրն ի բուն . հանգի՛ստ քնացէք...»։
Բայց պիտի կարենա՞նք այդ «հանգիստ քուն»ը վայելել, երբ գրեթէ ամէն ամիս, ամէն շաբաթ, նոյնիսկ ամէ՛ն օր մեր սիրտը կ՚արիւնի հայոց լեզուին անշքացումին ու խողխողումին ի տես, մերթ հրատարակուած գիրքերու էջերէն, մերթ թերթերու սիւնակներէն, մերթ հայատառ ծանուցումներու պաստառներէն, եւ ամէնէն շատ ալ՝ մեր շուրջը, մեր չորս դին լսուող առօրեայ խօսակցութիւններէն, մեծերուն թէ փոքրերուն բերնին մէջ հաւասարապէս։

* * *

Հալէպի մեր մշակութային ու մարզական միութիւնները բարի եւ աւանդական սովորութիւն մը ունին. քարտաբաշխում։
Տարուան ընթացքին երկու անգամ, Ս.Ծննդեան եւ Զատկի առիթներով, միութիւնները կը պատրաստեն ու տպագրել կու տան շնորհաւորական սիրուն քարտեր ու զանոնք կը ցրուեն հայ ընտանիքներուն անխտիր։ Այս քարտերը միշտ ալ կը կրեն հայաշունչ կնիք մը՝ հայկականութեան հետ առնչուող նկարազարդումով կամ գրութիւններով։ Հալէպի զատիկներուն անբաժան մասն ու խորհրդանիշն են այս քարտերը, որոնց բաշխումը եւս կ՚իրագործուի այնքա՜ն օգտաշատ եւ թելադրական կերպով։ Միութիւններու կողմէ պաշտօնի կոչուած պարման-պարմանուհիներ, բոլորն ալ ճառագայթող ու փայլուն աչքերով դեռահաս տղաք ու աղջիկներ, զոյգ տօներու առաւօտեան ժամերէն սկսեալ խումբ առ խումբ կը դեգերին Հալէպի հայահոծ թաղամասերը, կը հնչեցնեն հայկական բնակարաններու զանգերը եւ քարտ մը երկարելով՝ կը յղեն իրենց շնորհաւորանքը՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» կամ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։ Կը յիշեցնեն, թէ այդ օր հայուն Զատիկն է։
Միշտ ալ անօրինակ խանդավառութեամբ դիտած եմ քարտաբաշխումի այս երեւոյթը, որ հաւանաբար «Երազային Հալէպ»ի աննման առանձնայատկութիւններէն մէկն է։ Դիտած եմ քարտաբաշխումը կատարող դպրոցական մեր տղոց հպարտառիթ տողանցքը թաղէ թաղ, շէնքէ շէնք, տունէ տուն, հոն՝ ուր «եան» վերջածանցով մականունի մը կը հանդիպին։ Դիտած եմ զիրենք՝ քարտին փոխարէն իրենց ստացած նիւթական համեստ նուէրին մանկունակ բերկրանքին մէջ, նիւթական նուէրի այդ կաթիլները առաւելագոյն չափով կոկիկ ու շօշափելի գումարի մը վերածելու իրենց մրցակցութեանը մէջ արբշիռ...։

* * *

Վերջին քանի մը տարիներուն, սակայն, զատկական քարտերն ու քարտաբաշխումը անդրադարձումներու մղեցին զիս։ Հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն սկսայ նշմարել, թէ քարտ տպող ու բաշխող միութիւններէն ոմանք այլեւս անհրաժեշտ ուշադրութիւնը չէին ընծայեր իրենց անունով հրապարակուող ու բազմահարիւր տուներ մուտք գործող այդ բացիկներուն պարունակութեան։ Անոնց վրայ տպուած քանի մը տողնոց գրութիւնները մի՛շտ ալ գլուխ կը ցցէին տպագրական անընդունելի վրէպներով կամ ուղղագրական կոպիտ սխալներով։
Անձնապէս միշտ ալ կ՚ընդվզէի քարտաբաշխումի գեղեցիկ երեւոյթը լղրճող այս անփութութեան դիմաց եւ միաժամանակ շատ կը զարմանայի, թէ գրեթէ ո՛չ ոք կը նկատէր այդ սխալագրութիւնները, մինչ սակաւաթիւ նկատողներն ալ (գիրի ու մամուլի աշխարհին մօտիկ կանգնած մարդիկ) չէին ուզեր կարեւորութիւն ընծայել, չէին համարձակեր դիտողութիւն արձանագրել միութենական պատասխանատուներու հասցէին։ Է՜հ, կ՚արժէ՞ր ձայն ու աղմուկ բարձրացնել, «գէշ մարդ» դառնալ այսօրինակ «մանրուք» հարցերու համար...։
Այս տարուան Զատկին (12 ապրիլ) կրկնուեցաւ քարտաբաշխումի աւանդական արշաւը։ Հալէպահայ 5-6 միութիւններ գունագեղ բացիկներ տպագրեցին եւ իրենց պատանի կամաւորները ճամբայ հանեցին դէպի հայ տուները։ Ցաւ ի սիրտ, կրկնուեցաւ նաեւ միւս «աւանդութիւն»ը։ Բաշխուած քարտերէն մին լեցուն էր ուղղագրական սխալներով, այն տարբերութեամբ սակայն, որ ընդվզեցուցիչ երեւոյթը այս անգամ դուրս յորդած էր «մանրուք»ներու սահմանէն եւ կը սպառնար դառնալ լեզուական աղէտի մը նախընթացը։
Մեր ակնարկած քարտը հրապարակ իջած էր Հալէպի Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային միութեան անունով։ Իր 75-ամեակի սեմին գտնուող պատկառահասակ միութիւն մը, որ կը համախմբէ առաւելաբար Մարաշէն գաղթած հայերու այսօրուան յետնորդները ։ Երկծալ քարտը նուիրուած էր Կոմիտանի ծննդեան 140-ամեակին։ Ա. երեսին վրայ տպուած էր երգահանին մէկ լուսանկարը, իսկ Գ. եւ Դ. երեսները յատկացուած էին Կոմիտասի մասին զանազաններու վկայութեանց։
Հարցն այն էր ահաւասիկ, որ բոլոր այդ գրութիւնները շարուած ու տպուած էին Հայաստանի մէջ օգտագործուող ԱԲԵՂԵԱՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ։
Հարիւրաւոր ընթերցողներ կարդալով այդ տասնեակ մը տողերը՝ դէմ յանդիման եկան «մեծագույն»ի, «պետք»ի, «որպեսզի»ի, «հռչակավոր»ի, «եվ»ի, «արվեստագետ»ի, «ավազան»ի, «գավազան»ի, «աղբյուր»ի կամ «կարոտ»ի նման անհեթեթութիւններու...։
Ի՞նչ ըսել։
Շրջանի մը մէջ, երբ սփիւռքահայ թէ հայաստանեան ճակատներու վրայ գիտակից մտաւորականութիւն մը դժուարին պայքար կը մղէ Անկախ Հայաստանի մէջ վերահաստատելու համար մեսրոպեան դասական ճշգրիտ ուղղագրութիւնը, ասդին՝ Սփիւռքի ամէնէն աւանդապաշտ գաղութին մէջ մշակութային միութիւն մը իր շնորհաւորական բացիկները կը տպէ Հայաստանէն ներածուած խորթ ու անճոռնի ուղղագրութեամբ...։ Եւ ատիկա՝ դպրոցական մեր պատանիներուն ձեռամբ ու ճամբով։
Դիւրաւ կրնանք ենթադրել, թէ պատահածը դիտաւորեալ ու գիտակից արարք մը չէ, այլ պարզապէս՝ անփութութեան եւ լեզուի նկատմամբ կատարեալ անտարբերութեան հետեւանք։
Գիտենք, որ նմանօրինակ վտանգաւոր երեւոյթներ արագընթաց հող սկսած են շահիլ Սփիւռքի ոստաններուն մէջ, սկսեալ Միացեալ Նահանգներէն, ուր արդէն իսկ շարք մը թերթեր ու պարբերականներ կը հրատարակուին ամբողջովին աբեղեանական խեղագրութեամբ։ Նոյնը ի զօրու է Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Չեխիոյ եւ Յունաստանի մէջ ալ, ուր հոծ թիւով հաստատուող Հայաստանի քաղաքացիներ իրենց հետ ներմուծեր են նաեւ ուղղագրական երկուութիւնը։ Քոլոմպոսի երկրին մէջ թերթեր ունինք, որոնց էջերուն վրայ հաւասարապէս փռուած կը գտնէք թէ՛ աբեղեանականով, թէ՛ մեսրոպեան դասականով շարադրուած յօդուածներ կամ ծանուցումներ։ Երբեմն կրնաք հանդիպիլ նաեւ գրութիւններու, ուր «գիրկընդխառնուած» են երկու հակադիր ուղղագրութիւնները եւ ծնունդ տուած՝ երրորդ տեսակի ուղղագրական համակարգի մը, նախորդներէն շատ աւելի «դիւրին» ու «գործնական»...։ Իսկական քաոս...։ Այս արտասովոր ու չնաշխարհիկ կացութեան մէջ՝ կա՞յ մէկը որ կը համարձակի պնդել, թէ՝ «Հայ մամուլը դպրոցի դեր կը կատարէ տուներուն մէջ»։
Ո՞ւր պիտի հասցնէ մեզ այս ողբալի ընթացքը։ Եթէ Սփիւռքի մէջ արմատաւորուած մեր մշակութային միութիւններն անգամ՝ իրենց ձեռքով պիտի խեղդեն մեր լեզուն ու կոխկռտեն ուղղագրական համակարգ ու կանոն, կը նշանակէ, որ սին քարոզներ են «հայապահպանում»ի, «հայակերտում»ի, «հայ դպրոց»ի անունով բացուած վերտառութիւնները։
Հայերէնը վիրաւոր է եւ արիւն կը կորսնցնէ շարունակ։
Ցնծացէ՛ք ու հանգի՛ստ քնացէք։

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ, Հալէպ

Apr 11, 2009

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՉ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ, ԹՈՅԼ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Զարգացած եւ արագ հաղորդակցութեան ու հեռահաղորդակցութեան այս դարում, տեղեկատուութիւնն ու տեղեակ լինելը իրօք ուժ են համարւում:
Որքան աւելի հետեւողականօրէն է կատարւում իրազեկումը՝ տեղեկութեանց փոխանցումը եւ մարդկանց տեղեկութիւններն ու գիտելիքները որքան աւելի շատ ու հարուստ են լինում, մարդիկ, իւրաքանչիւրը իր բնագաւառում, աւելի մեծ դերակատարութիւն են ցուցաբերում գիտութեանց, արուեստի, մշակոյթի եւ, մէկ խօսքով, քաղաքակրթութեան զարգացման գործում:
Առանց հետեւողական տեղեկատուութեան՝ չի կարելի մարդկանցից ակնկալել, որ նրանք աշխուժ մասնակցութիւն ու դերակատարութիւն ունենան կեանքի այս կամ այն բնագաւառում եւ լուծեն մեր յառաջընթացը խոչընդոտող խնդիրները:
Տարիներ է, որ աշխարհով մէկ սփռուած հայ մարդիկ կարող են մեր երկրի իշխանութիւններից տասը տարուայ կեցութեան իրաւունք ստանալ՝ ձեռք բերելով համապատասխան անցագիր-անձնագիր եւ այդ անձնագրով այս կամ այն երկրից կարող են Հայաստան մեկնել, քանի անգամ որ ուզեն եւ այնտեղ մնալ իրենց ցանկացածի չափ՝ օգտուելով Հայաստանի քաղաքացիական համարեա բոլոր իրաւունքներից, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքից զատ:
Աւելի քան մէկ տարի առաջ Հայաստանը երկքաղաքացիութեան օրէնք է որդեգրել: Ըստ այս օրէնքի՝ սփիւռքահայերը դիմելով մեր երկրի իշխանութեանց եւ պահելով իրենց քաղաքացիութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ կարող են Հայաստանի քաղաքացի դառնալ:
Վերջերս Հայաստանում կեանքի է կոչուել սփիւռքի նախարարութիւնը: Հաւանաբար այս նախարարութեան պարտականութիւնն է ուսումնասիրել Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի հայոց դպրոցների ընդհանուր կրթական կացութիւնն ու մակարդակը եւ այն, թէ՝ այդ դպրոցներում որքանով կարելի է երեխաներին հայերէն սովորեցնել եւ ընդհանրապէս հարստացնել նրանց հայագիտական տեղեկութիւններն ու ծանօթութիւնները:
Ուսումնասիրել Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի տնտեսական-նիւթական կարողականութիւնը եւ այն, թէ ի՛նչ ձեւով եւ ի՛նչ չափով կարելի է օգտուել այդ կարողականութիւնից՝ հայրենանպաստ եւ հայանպաստ ծրագրերի ու նախագծերի իրագործման համար:
Ուսումնասիրել Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի գիտական, արհեստագիտական, մշակութային եւ արուեստի բնագաւառներում առկայ կարողականութիւնը, վիճագրական ճշգրիտ տուեալների հիման վրայ եւ այն, թէ այդ կարողականութիւնից ինչ ձեւով եւ ինչ չափով կարելի է օգտուել համահայկական եւ հայրենանպաստ ծրագրեր ու նախագծեր կենսագործելու համար:
Ի հարկէ այսքանով չի սահմանափակւում սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը:
Մենք արդէն խօսեցինք տեղեկատուութեան ու տեղեակ լինելու կարեւորութեան մասին:
Արդեօք մեր յիշած համահայկական, չափազանց կարեւոր ու նոյնիսկ պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութեանց մասին բաւարար չափով տեղեա՞կ է մեր ժողովուրդը՝ մանաւանդ Սփիւռքում:
Պատասխանը ոչ է:
Ի հարկէ կան աննշան թուով հայեր, որոնք հետաքրքրուած են համահայկական կարեւոր իրադարձութիւններով եւ իրենց հետաքրքրութիւնից մղուած, այսպէս կամ այնպէս, ձեռք են բերում իրենց անհրաժեշտ տեղեկութիւնները:
Յիշեալ իրադարձութեանց առնչուող պետական անձինք կամ պատասխանատու մարմիններ թերեւս մեզ ասեն, որ այդ իրադարձութեանց մասին ժամանակին պաշտօնական յայտարարութիւններ են եղել, հաղորդագրութիւններ են հրատարակուել եւ ցանկացողները համացանցից օգտուելով՝ կարող են անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ձեռք բերել:
Տեղեկատուական մարտավարութեան այս ձեւը սխալ է, որովհետեւ արձագանգ չի գտնում եւ նպատակին չի ծառայում:
Չի կարելի ասել, որ ցանկացողները իրենց հետաքրքրող տեղեկութիւնները համահայկական իրադարձութեանց մասին կարող են ձեռք բերել, եթէ ուզեն, որովհետեւ բուն նպատակը ոչ թէ առանձին անհատներն են, այլ՝ համայն հայութիւնը եւ այս պարագայում, յատկապէս Սփիւռքի զանգուածները:
Համահայկական իրադարձութեանց առնչուող հարցերի մասին հասարակական կարծիք ձեւաւորելու եւ այդ հարցերը հայութեան սեփականութիւնը դարձնելու համար պաշտօնական յայտարարութիւններն ու հաղորդագրութիւնները բաւական չեն: Անհրաժեշտ է, օգտուելով հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներից ու հնարաւորութիւններից, այդ կարեւոր հարցերը շարունակական կերպով եւ հետեւողականօրէն արծարծուեն, տարբեր տեսանկիւններից մեկնաբանուեն ու վերլուծութեան ենթարկուեն, որպէսզի դրանք հայութեան ու հայ զանգուածների ժողովրդական արձագանգին արժանանան:
Վերը յիշուած եւ նման համազգային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութեանց մասին հայութեանը տեղեակ պահելու գործում թերեւս աւելի մեծ դեր ունեն Սփիւռքի գաղութների բազմատեսակ կառոյցներն ու հաստատութիւնները՝ եկեղեցիները, մարզական, մշակութային, բարեսիրական ու նոյնիսկ մասնագիտական միութիւնները, քաղաքական կազմակերպութիւնները, տարբեր գաղութներ ներկայացնող ներկայացուցչութիւնները՝ համախմբումները, թէ կան այդպիսիք:
Ի միջի այլոց, նիւթից մի քիչ շեղուելով՝ ասենք, որ այսօր անկախ Հայաստանի եւ Սփիւռքի սերտ կապը, փոխյարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունեն թէ՛ Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի եւ թէ՛ Սփիւռքի համար:
Այս կապը, փոխյարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը շատ աւելի կը դիւրանայ հայկական գաղութները նրկայացնող ներկայացուցչութիւններով, համախմբումներով: Նման համախմբումներ կեանքի կոչելու համար հայկական գաղութների տարբեր կառոյցները կարող են առաջադրել իրենց թեկնածուները. առանձին անկախ հայեր եւս նոյնը կարող են անել՝ իրենք իրենց առաջադրելով իբրեւ թեկնածու: Այս առաջադրուած թեկնածուները ժողովրդավարօրէն կարող են ընտրուել տուեալ գաղութի կողմից եւ դառնալ այս կամ այն գաղութի ներկայացուցչութիւն:
Շատ լաւ կը լինէր, եթէ սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքեան կառոյցներին բացատրէր համախմբումների անհրաժեշտութիւնը եւ նրանց յանձնարարէր նման համախմբումներ առաջացնել, սակայն մինչ այդ Սփիւռքի հայկական գաղութները բաւական ճանապարհ ունեն կտրելու:
Մեր եկեղեցիները, որոնց հետեւորդների ու հաւատացեալների թիւը բաւական մեծ է, շատ բան կարող են անել համահայկական ու նաեւ տեղական գաղութային կարեւոր իրադարձութեանց առնչուող հարցերի արծարծման գծով: Մեր կրօնական հաստատութիւնները կարող են ուղղակի իրենց հաւատացեալներին պարզ կամ ելեկտրոնային բացատրական նամակներ ուղարկել: Կարող են յատուկ միջոցառումներ ու հաւաքներ կազմակերպել եւ իրենց հետեւորդներին մասնակից դարձնել հարցերի արծարծման եւ երկխօսութիւն սկսել նրանց հետ, շարունակաբար եւ հետեւողականօրէն ժողովրդին լսելով եւ հարցերի արծարծմանն ու լուծմանը մարդկանց մասնակից դարձնելով է միայն, որ կարելի է ժողովրդական շարժում առաջացնել:
Մեր քաղաքական, կրթական, մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցները եւս, որոնցից շատերը ըստ իրենց յայտարարութեանց ունեն հարիւրաւոր ու նոյնիսկ հազարաւոր անդամներ, կարող են անել այն, ինչ որ կարող են անել եկեղեցիները:
Այս կառոյցները եւս երկար ճանապարհ ունեն կտրելու:

ԱՅՒԱԶ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ, Սիտնի