Քովի սիւնակներով կը հրատարակենք «Նահար» թերթի նշանաւոր յօդուածագիրներէն իբրեւ տնտեսագէտ հանրածանօթ անուն Մըրուան Իսքանտարի նամակէն հատուածներ, ուղղուած «Ազդակ»ի խմբագրութեան։ Նամակին բովանդակութիւնը բարացուցական է եւ չի կարօտիր յաւելեալ մեկնաբանութեան։
Այստեղ նախ յիշեցման կարգով նշենք Մըրուան Իսքանտարի 13 սեպտեմբերի յօդուածին յառաջացուցած հակազդեցութեան ալիքին հանգրուանները։ «Ազդակ»ի խմբագրութիւնը կը փութար յօդուածին խնդրայարոյց բաժինը յաջորդ օրը լուսարձակի տակ առնել եւ ընդգծել բողոք արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը։ «Ազդակ»ի խմբագրականին արաբերէն թարգմանութիւնը կը տեղադրուէր անմիջապէս «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջին վրայ եւ կը յղուէր «Նահար»ի խմբագրութիւն։ Կը հետեւէին Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի, հայկական երեսփոխանական պլոքի, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան ընդվզումը փոխանցող գրութիւնները։Մինչ, «Ազդակ-ֆէյսպուք»ի երիտասարդներէ բաղկացած խումբն ու «Ազդակ-պլոկ»ի մասնակիցները այս առումով կը ցուցաբերէին արտակարգ գերաշխուժութիւն։Ժողովրդայնացնելու համար բողոքի շարժումը «Ազդակ» կը նախաձեռնէր բողոքի ելեկտրոնային արշաւի մը։ Բողոքի արշաւին կը միանային Միացեալ նահանգներու եւ Ուրուկուէյի մեր պաշտօնակիցները։ Բողոքի արաբատառ բնագիրին տակ այս ձեւով կը ստորագրէին հազարաւոր հայեր, որոնք կը մերժէին իսլամ ազրպէյճանցիներու ջարդարար նկատուիլ։
Մըրուան Իսքանտար կամայ-ակամայ պէտք չէ ներքաշուեր թուրքեւազրպէյճանական ապատեղակատուութեան։ Ապատեղակատուութեան դէմ մեր սանձազերծած հակազդեցութիւնը յօդուածագիրին եւ թերթին ճամբով նախզգուշացում մըն էր լիբանանեան լրատուադաշտին, որ մէկէ աւելի օրինակներ տուած էր արդէն նման ապալրատուական քաղաքականութիւններու թակարդը իյնալու։ Լիբանանեան զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է ցուցաբերեն գերզգօնութիւն թրքական պետական եւ ոչ պետական շրջանակներէ շրջանառութեան մէջ դրուած որեւէ լրատուութեան տեղ տալու եւ զայն մեկնաբանելու իրենց լրատուական աշխատանքներուն մէջ։ Լիբանանեան լրագրողական շրջանակներուն համար նման վերապահութիւն, վերստուգում եւ հաւաստիութեան ճշդում՝ թուրքեւազրպէյճձանական լրատուութիւններու լուսաբանման աշխատանքներուն մէջ պէտք է վերածուի օրինաչափ գործի կշռոյթի։
Իմանալով, որ «Նահար»ի աշխատակիցը կը նախապատրաստուի գրութեամբ մը հանդէս գալու մեր մամուլի էջերուն, «Ազդակ» դադրեցուց բողոքի ելեկտրոնային արշաւը։ Անրդադարձումը արդէն կը հաստատէր, որ բողոքի շարժումը յանգած էր արդիւնքի։ Թիրախը այս բոլոր աշխատանքներուն թուրքեւազրպէյճանական ապատեղակատուութեան բաժանմունքն է։ Եղածը զգուշացումի կոչ է լիբանանցի լրագրողներուն, քաղաքական մեկնաբաններուն, թերթի պատասխանատուներուն՝ չներքաշուելու միջպետական համակարգուած այս քարոզչաքաղաքականութեան։
Երեւոյթներն ու նախադրեալները այս դաշտին մէջ արձանագրուող՝ մտածել կու տան, որ հայկական տեղեկատուական կողմը պէտք է հետզհետէ ձեւաւորէ հակա-ապատեղեկատուական բաժանմունք, վայրկեանը վայրկեանին հետեւելու համար թուրքեւազրպէյճանական յերիւրանքային լրատուարշաւին։ Լիբանանեան թէ առ հասարակ միջազգային մամուլին մէջ հակահայաստանեան կամ առ հասարակ հակահայ որեւէ լրատուակեղծիք պէտք է արժանանայ համապատասխան արձագանգի։ Որեւէ բացթողում հայկական կողմէ առաւելներ պիտի շնորհէ թուրքեւազրպէյճանական միացեալ կողմին ճշդած կաննոներով կառավարուող խաղին։
Անգամ մը եւս կը վերաշեշտուի հայաստանեան եւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներու համակարգաւորուած աշխատելաոճի որդեգրման անյետաձգելիութիւնը։ Այլապէս, հայկական կողմը եւս ունի աշխարհատարած լրատուադաշտ, համապատասխան մարդուժ, եւ նման հակահայ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումին հակազդելու պատրաստուածութիւն։Այդ փաստեցին Լիբանանահայ թերթերը, գրասենեակները, հաստատութիւնները, քաղաքական գործիչները եւ բողոքագիրին տակ ստորագրող իւրաքանչիւր պահանջատէր հայը։
Հայ-թուրք յարաբերութիւններու թղթածրարին վերաբերող դիպաշարը արագ է։ Արտակարգօրէն արագ։ Միայն հետեւիլը՝ հայկական դաշտին մէջ այս օրերուն կատարուող յայտարարութիւններուն, արձագանգներուն, հիմնաւորումներուն եւ քննադատութիւններուն, միաժամանակ՝ թրքական իշխանութիւններու խուսանաւումներուն, ընդդիմութեան յարձակումներուն, ու տակաւին՝ աշխարհաքաղաքական ուժերու զօրակցութիւններուն, այս բոլորի մասին համաշխարհային մամուլէն մինչեւ թրքական եւ հայկական լրատուադաշտերու խայտաբղէտ կացութեան՝ ամբողջ աշխատակազմի մը լարուած աշխատանք կ'ենթադրէ։ Աշխատակազմ, որ միայն այս թղթածրարով պիտի զբաղի։ Հրապարակուած արձանագրութիւններուն կամ նախաստորագրութիւններուն իրաւաքաղաքական վերլուծումները վերապահենք այլ առիթի։ Լոյսին բերենք եւ արձանագրենք քանի մը անյետաձգելի ընդգծումներ։ Պարզ է, որ հակառակ նշուած ժամկէտներուն, թուացեալ պարտաւորեցնող կէտերուն, ներկայ փուլ մտնող գործընթացը երկարատեւ բանակցութիւններու, իր կարգին եւ իր տեսակին մէջ բանակցութիւններու վերասառեցումներու եւ ապասառեցումներու անվերջանալի նոր շղթայի մը սանձազերծումն է։ Այս վարքագիծը սակայն, ըստ էութեան թրքական կողմին ճշդած խաղի կանոններուն համաձայն է։ Հակառակ ժամկէտներուն Թուրքիան տակաւին առիթ ունի նախաստորագրութիւն-ստորագրութիւն-խորհրդարանի վաւերացում ընթացակարգին մէջ խաղալու, ձգձգելու, առկախելու, սառեցնելու եւ ի պահանջեալ հարկին ապասառեցնելու։
Եւ եթէ մէկ կողմէ կը մտածենք, որ այս գործընթացը որեւէ ձեւով գործնական արդիւնքներու չի յանգիր, ուրեմն վտանգաւոր հիմնադրոյթներու իրականացման վտանգ գոյութիւն չունի, ապա պէտք է մտածենք նաեւ, որ միեւնոյն այս բեմագրութիւնը լրիւ կը տեղաւորուի թրքական պետական վարքագիծի սահմաններուն մէջ եւ իբրեւ այդպիսին լիովին կը ծառայէ թրքական պետութեան կիրարկած քաղաքականութեան։ Առ երեւոյթ գետնի վրայ իրականացուող այս քաղաքականութիւնը խորքին մէջ ձեւափոխուած ծխածածկոյթ յառաջացնելու միեւնոյն ուղեգիծին տարբեր դրսեւորումն է պարզապէս։ Միջազգային ընտանիքին ցոյց տալն է, որ Թուրքիան կառքը տեղէն շարժելու կամք կը դրսեւորէ։Ճիշդ է, որ արձանագրութիւններուն մէջ չկայ ցեղասպանութեան ճանաչումի բառացի պահանջ. չկայ ղարաբաղեան հակամարտութեան նշում եւ չկայ Կարսի պայմանագիրի վերահաստատում։ Սակայն գոլորշիի տակ թաքնուած կայ՝ պատմական հարթութեամբ զբաղող ենթայանձնախումբ՝ ցեղասպանութեան փաստը խնդրոյ առարկայ դարձնող որոշում. կայ տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները յարգելու երկկողմ եւ բազմակողմ պարտաւորութիւններու ստանձնումի աքթին ետին լուռ ձեւով Կարսի պայմանագիրի վերընդունում (երկկողմ պարտաւորութիւն) եւ նաեւ իրաւական մեկնաբանութեան սպասող Արցախի հարցի նկատմամբ դիրքորոշման յստակացում (բազմակողմ պարտաւորութիւն՝ կապուած տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարգումին)։ 31 օգոստոսին արձանագրուած նախաստորագրութիւնները գործնականացման փուլի մասին կը խօսին վեց շաբթուան ժամկէտով։ Արդէն նկատուած է, որ վեց շաբաթը կ'աւարտի 13 հոկտեմբերին, որ Կարսի դաշնագրի ստորագրութեան օրն է…։
Մեկնաբանութիւնները արձանագրուած գործընթացին վերաբերեալ տրամագծօրէն հակոտնեայ են։ Իշխանական շրջանակը հայկական կողմին համար յառաջընթաց կը նկատէ արձանագրուածը, ընդդիմադիր շրջանակէն կը հնչէ «հայկական դիւանագիտութեան պարտութիւն»ը որակումները։ Մօտաւորապէս միեւնոյն բնութագրումը կարելի է տալ թրքական կողմին համար։ Մինչ, Ազրպէյճան հաւաստիքներ ստանալով հանդերձ չի կրնար պահել իր անհանգստութիւնը։
Արձանագրութիւններուն մէջ երեւցող շատ մը փակագիծեր տակաւին չեն բացուած։ Այդ բոլորին մասին առիթ կþըլլայ տակաւին գրելու։ Կարեւոր է սակայն, որ թրքական վարքագիծի հերթական դրսեւորումները չյաջողին ցնցել եւ պառակտել հայկական դաշտը։ Պարզ է, որ մտած ենք նոր փուլ։ Դժբախտաբար թրքական կողմի ճշդած խաղի կանոններով ընթացող նոր փուլ։ Ծայրայեղ զգօնութեան ցուցաբերումը աւելի քան հրամայական անհրաժեշտութիւն է։
Հրապարակային քննարկումները, ամէնէն թէժ բանավէճերը, ժողովրդավար հասկացողութիւններու հիմամբ հանրահաւաքները հանրային կարծիքի ձեւաւորման համար օրինաչափ միջոցառումներ են։ Կառուցողականութիւնն ու սխալը սրբագրելու միտումը պէտք է մնան շարժառիթն ու նպատակը հայրենիքն ու Սփիւռքը կլանելու կոչուած նոր փուլի բոլոր միջոցառումներուն։ Այս առումով բացասական էր հայրենի մամուլի գործիչներէն մէկուն մեկնարկած հանրային քննարկումի առաջին հարցումը՝ «Բայց պէտք է վերջապէս յստակեցնել՝ արդեօք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ պահանջատիրութիւնը այսօր մեր պետութեան ամենաառաջնակարգ եւ ամենահրատապ խնդիրնե՞րն են»։
Թէ՛ ցեղասպանութեան ճանաչումը, թէ՛ Ղարաբաղի հիմնահարցը, թէ՛ պատմական իրաւունքներուն տէր կանգնիլը եւ թէ՛ պետականութեան ամրակայումը ոչ կարգախօսային, այլ՝ մեր համազգային անվտանգութեան հայեցակարգի հիմնադրոյթներէն բխող խնդիրներ են։ Բոլորիս համար՝ «ամենաառաջնակարգ եւ ամենահրատապ խնդիրներն են»։
«Նիուզ Էյ. Էմ.»ը իբրեւ լրատուամիջոց հաւաստի աղբիւր է։ Տպաւորիչ արագութեամբ եւ առատութեամբ լրատուութիւնները կը տեղադրուին այս կայքէջին վրայ։ Կարելի է ըսել, որ կայքէջը կը յատկանշուի առարկայականութեամբ։
Գլխաւոր լուրերու բաժինը յատկացուած է լրատուական յօդուածաշարքի մը։ «Հայեացք Երեւանէն», «Հայեացք Ստեփանակերտէն» եւ «Հայեացք Մոսկուայէն»։ Թեման նախագահ Սարգսեանին Թուրքիա մեկնելու-չմեկնելու քննարկումներուն կը վերաբերի։ Եւ ինչպէս խորագիրները կը նախանշեն, իւրաքանչիւր մօտեցում կը կրէ տուեալ աշխարհագրական վայրին մէջ արձանագրուող քաղաքական զարգացումներուն ազդեցութիւնները։
Բազմահայեացքային են յօդուածաշարքին մէջ երեւցած մտածումները, վերլուծումները, գործընթացները ընկալելու եղանակները։ Այստեղ նպատակը այդ բոլորի համայնապատկերը ներկայացնելը չէ։ Յօդուածաշարքը կրնայ շարունակուիլ։ Այսուհանդերձ, հիմնական երկու դիտարկում պէտք է յանձնել հրապարակային քննարկումներու մասնակիցներուն դատողութեան։
Առաջինը այն է, որ մինչ Երեւանէն եւ Ստեփանակերտէն հնչած տեսակէտները բացառապէս կը վերաբերին հայկական ուժերու ներկայացուցիչներուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն, Մոսկուայէն ներկայացուած տեսակէտները կը պատկանին «Ռուսիոյ ռազմավարական մշակոյթի հիմնադրամ»ի եւ «Ռազմագիտական ակադեմիա»ի փորձագէտներուն։ Ի հարկէ, Հայաստանի նախագահին Թուրքիա այցելելու-չայցելելու քննարկումներուն ոչ հայ քաղաքագէտներու տեսակէտները ներառելը վնասակար չէ։ Քաղաքագիտական բարձր պատրաստուածութեան տէր մարդոց մասնագիտական տեսակէտները ունենալը՝ զանոնք բաժնելով կամ չբաժնելով հանդերձ, օգտակար է քննարկումներուն համակողմանիութիւն ապահովելու տեսակէտէն։ Հարցը այս պարագային այն է, որ եթէ քննարկումը դուրս կու գայ ներհայկական պարունակի սահմաններէն, այլապէս ինչո՞ւ պէտք չէ յօդուածաշարքին աւելցնել «Հայեացք՝ Եւրոպայէն», «Հայեացք՝ Միացեալ Նահանգներէն»։
Չմոռնանք, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին զարկ տալը, սառեցնելը կամ վերաջերմացնելը որքան առնչակից է ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ելեւէջներուն, նոյնքան համընթաց քայլեր կ'առնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն հետ։ «Ճանապարհային քարտէս»ը չէր գծուեր եւ չէր ստորագրուեր առանց ամերիկեան ճնշումին։ Իսկ Եւրոպան եւ իր փորձագէտներու տեսակէտները աւելի քան անհրաժեշտ են այս պարագային՝ տրուած ըլլալով, որ հարցը իբրեւ խաղաքարտ կþօգտագործուի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան նկրտումներուն դիմաց Թուրքիա-Եւրոպա պարանաձգութեան անվերջանալի քաշքշուքներուն մէջ։
Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը յօդուածաշարքի տարբեր գլուխ կրնայ ըլլալ։ Պարզապէս պէտք է պահուի յօդուածաշարք ծաւալելու տրամաբանութիւնը։ Եթէ ոչ հայկական հայեացքներ պիտի ներառուին, Մոսկուան պէտք չէ բացառութիւն կազմէ։ Մոսկուայի նման այլ աշխարհաքաղաքական կեդրոններ կան, որոնք նոյնքան առնչակից են այս գործընթացներուն։
Երկրորդ դիտարկում.եթէ վերադառնանք ներհայկական պարունակին, ապա անմիջապէս կը նկատենք, որ բացակայ կողմ կայ այս հայեացքներու շարքին մէջ։ Նման թեմայի մը քննարկումը, «Հայեացք Երեւանից», «Հայեացք Ստեփանակերտից»ի կողքին պէտք է ներառած ըլլար «Հայեացք Սփիւռքից»ը։ Առանց Սփիւռքին, հրապարակային քննարկումի այս ներկայացումը պիտի մնայ հիմնովին թերի։ Հայ-թուրք յարաբերութիւններու թղթածրարը միայն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն կապուած հարց չէ։ Համահայկական է իր բնոյթով, էութեամբ եւ տարողութեամբ։ Իսկ առանց Սփիւռքէն հնչած տեսակէտներուն ներառման որեւէ հասարակական-հրապարակային քննարկում թէ պաշտօնական բանակցութիւն այս հարթութեան վրայ չþարդիւնաւորուիր։ Անտեղի չէ ըսելը, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն պէտք է պահանջել Սփիւռքի մասնակցութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը պահանջուի պաշտօնական Ստեփանակերտին մասնակցութիւնը՝ արցախեան բանակցութիւններուն։
Պիտի գայ անշուշտ չարչրկուած հարցը։ Ո՞վ կը ներկայացնէ Սփիւռքը։ Ճիշդ նման պահերու համար է, որ Սփիւռքը պէտք է յաջողի յաղթահարել ամէ՛ն տեսակ արգելք՝ ինքզինք նոր կառուցակարգերով օժտելու եւ լիազօրուածութիւն ապահովելու։ Դասական-նոր սփիւռքները քաղաքական միաւորի վերածուելու խնդիր ունին անյետաձգելիօրէն։
Այս հիմնական բացթողումը սակայն, պատճառ պէտք չէ հանդիսանար, որ «Նիուզ Էյ. Էմ.»ը շրջանցէր սփիւռքեան հայեացքները եւ իր հրապարակային քննարկումներու շարքին չներառէր սփիւռքեան հասարակական կազմակերպութիւններ ներկայացնող գործիչներու տեսակէտները՝ նախագահին Թուրքիա մեկնելու կամ չմեկնելու մասին։
Ո՞ւր է Սփիւռքի հայեացքը։ Հարցումը «Նիուզ Էյ. Էմ.»ի ճամբով ուղղուած է նաեւ մեզի՝ սփիւռքահայերուս։
Որոշ ժամանակէ ի վեր խմբագրութեան յղուած առաջարկներ կու գան ընդգծելու «Ազդակ»ի արաբատառ բաժանմունքի հաստատումին անհրաժեշտութիւնը։ Պահանջը առաւելաբար կը զգացուէր համահայկական հիմնահարցերու «Ազդակ»ի լուսաբանման աշխատանքը նաեւ արաբերէն կարդացող շրջանակներուն հասանելի դարձնելու անհրաժեշտութենէն։ Այս հանգրուանին կ'ուզենք յայտնել, որ արաբական բաժնին նիւթերը պիտի կեդրոնանան «Ազդակ»ի հրատարակած խմբագրականներուն, ակնարկներուն եւ վերլուծողական գրութիւններուն արաբերէն թարգմանութեան վրայ։
Յայտնենք, որ արաբերէն ելեկտրոնային հրատարակութեան խմբագիրի պաշտօնը կը ստանձնէ հայկական եւ արաբական լրագրողական շրջանակներուն ծանօթ անուն, «Ազդակ»ի աշխատակից դոկտ. Նորա Արիսեան։ Կայքէջի աշխատանքները կ'իրականանան «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ։
Մեր փափաքն է, որ թէ՛ կայքէջի ձեւաւորման եւ թէ՛ բովանդակային առումներով մեր ընթերցողները իրենց առաջարկները յղեն «Ազդակ»ին։
Անգլերէն բաժանմունքին առընթեր գործելու կոչուած «Ազդակ»ի արաբերէն բաժինը այս ձեւով «Ազդակ»ի ելեկտրոնային հրատարակութիւնները կը դարձնէ եռալեզու։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահները 10 յուլիսին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, որուն մէջ ներառուած էր նաեւ 2007-ի նոյեմբերին որդեգրուած մատրիտեան հիմնական սկզբունքներու բարեփոխուած տարբերակը, որ կը բաղկանայ վեց կէտերէ.
Այդ կէտերը շատ անորոշ են եւ յստակացումի կը կարօտին։ Ստորեւ կարգ մը օրինակներ.
1) Երբ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող տարածքներուն ազրպէյճանական վերահսկողութեան վերադարձին կþակնարկուի, թէեւ ազրպէյճանցիները 5-7 շրջաններու մասին կը խօսին, սակայն սոյն սկզբունքին գործադրութեան համար նախ եւ առաջ պէտք է ճշդել Լեռնային Ղարաբաղի սահմանները, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել, թէ խօսքը ո՛ր տարածքներէն հեռացման կը վերաբերի։ Բայց եւ այնպէս, Լեռնային Ղարաբաղի սահման ըսելով պէտք չէ հասկնալ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի ինքնավար մարզի սահմանները, որոնք ժամանակավրէպ դարձած են։ Այսօր գետնի վրայ գոյութիւն ունի այլ իրականութիւն մը. այդ պէտք է ըլլայ մէկնակէտը։
Աւելի՛ն. խօսքը ո՛ր ուժերու հեռացման մասին է, Լեռնային Ղարաբաղի բանակի՞ն, թէ՞ Հայաստանի բանակին, որ արդէն ի սկզբանէ այդ շրջաններուն մէջ չի գտնուիր։ Հարկ է ի մտի ունենալ, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութիւնը չեն կրնար երաշխաւորել, ո՛չ ալ Ազրպէյճանի տուած երաշխիքները, այլ միայն Լեռնային Ղարաբաղի բանակը։
2) Կը խօսուի ներքին տեղափոխումի ենթարկուած անձերու եւ գաղթականներու՝ իրենց նախկին բնակավայրերը վերադառնալու իրաւունքի յարգումին եւ ապահովական միջազգային երաշխիքներու մասին, որոնք պիտի ներառեն խաղաղապահութեան գործողութիւն մը։
Այստեղ «ներքին» եզրը մտածել կու տայ, թէ խօսքը միայն Լեռնային Ղարաբաղէն կամ զայն շրջապատող շրջաններէն գաղթած ազրպէյճանցիներու տունդարձի իրաւունքին մասին է։ Գետաշէնէն, Պաքուէն կամ այլ շրջաններէ գաղթած հայերը պիտի զրկուի՞ն այդ իրաւունքէն։ Հայ գաղթականներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար Պաքուի մէջ եւս խաղաղապահ ուժեր պիտի տեղակայուի՞ն։
Աւելի՛ն. «ներքին» եզրը իր մէջ կը բովանդակէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս կազմելու գաղափարը, ինչ որ կը կանխորոշէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը, եւ անիմաստ կը դարձնէ անոր ճշդման համար առաջարկուած հետագային «օրինական գետնի վրայ պարտաւորիչ կամքի արտայայտութիւն»ը։
Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններու ճշդումէն ետք կարելի է ճշդել նաեւ «ներքին» բառին նշանակութիւնը։
3) Իսկ երբ կը խօսուի «Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական օրինական կարգավիճակի հետագայ ճշդման համար օրինական գետնի վրայ պարտաւորիչ կամքի արտայայտութեան» մասին, այդ որո՞ւ կամքի արտայայտութեան կþերթայ ակնարկութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը արդէն իսկ իր կամքը յստակ դարձուցած է, ուրեմն կþառաջարկուի կրկնել այդ հանրաքուէն, սակայն յստակ չէ, թէ ո՛վ իրաւունք պիտի ունենայ մասնակցելու այդ հանրաքուէին, Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ազրպէյճանցի բնակիչնե՞րը, թէ՞ նաեւ Ազրպէյճանի հանրապետութեան բնակչութիւնը։ Վերջինս բնականաբար ընդունելի չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ այդ պարագային փոքրաթիւ հայերու ձայնը պիտի կորսուի ազրպէյճանցի մեծամասնութեան ձայներու յորձանուտին մէջ։
Հանրաքուէին պէտք է մասնակցին միայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները։ Այսինքն՝ անոնք, որոնք այդտեղ բնակութիւն հաստատած են կամ գաղթէ վերադարձած։ Այլ խօսքով, պէտք է կանխարգիլել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը շրջանին գաղթականները չեղող ազրպէյճանցիներով ողողուի։
22 ապրիլէն ասդին թերեւս օր չ'անցնիր, որ հայկական լրատուադաշտի ոեւէ ներկայացուցիչ չներկայացնէ կամ չարծարծէ պաշտօնական Երեւանի եւ Անգարայի միացեալ ստորագրութիւնները կրող հռչակագիրին կամ յայտարարագիրին վերաբերող լրատուութիւն, մեկնաբանութիւն, վերլուծում։ Միեւնոյն տարողութեամբ եւ թերեւս աւելի՝ երեւոյթը կը վերաբերի նաեւ թրքական եւ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցներուն։ Թէեւ վերջին երկուքի պարագային դաշտերը յագեցած են մէկ կողմէ ներքին սպառման շարժառիթներէ թելադրուած նիւթերով, միւս կողմէ հանրային կարծիքի ապակողմնորոշման միտող տարբեր տեսակի թողարկումներով։ Հայկականի պարագային, ի տարբերութիւն միւս երկուքին, պաշտօնական լրահոսը, տեղեկատուութիւնը ժլատ է, լուռ է շատ յաճախ, այնքան, որ համր դիւանագիտութեան այսօրուան երեւոյթին նկատմամբ տեղի կը տրուի զանազան մեկնաբանութիւններու։
Լռութիւնը միշտ չէ, որ օգտակար է։ Յատկապէս նման զգայուն թեմաներու պարագային, երբ հակառակորդ ճամբարը աշխուժօրէն կը ձեռնարկէ տեղեկատուութեան իւրօրինակ տարբերակներու ցուցահանդէսի, երբ յստակ է, որ պետական մակարդակներու վրայ կազմակերպուած եւ իրականացուած քարոզչաքաղաքական քաղաքականութիւնը ինքզինք կը դրսեւորէ ամէն առիթի։
Հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը հիմնովին կարեւոր է առհասարակ եւ յատկապէս նման պարագաներու։ Տեղեկացուած հասարակութիւնն է միայն, որ առարկայական քննարկում կրնայ կատարել։ Թէկուզ բազմահայեացքային մօտեցումներ կրնան իրար խաչուիլ, բախիլ իրարու, այսուհանդերձ ճշգրիտ տուեալները, հրապարակայնութիւնը հիմնարար դերակատարութիւն կ'ունենան առողջ քննարկումներու համար եւ իբրեւ այդպիսին կը կանխեն նաեւ կասկածանքի մթնոլորտի բարձրացումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կը յայտարարէր, որ տեսանելի ապագային կը բացայայտէ ճանապարհային քարտէսին ներառուած համաձայնական կէտերը՝ աւելցնելով, որ ինքնավստահ է, որ այս գործընթացին նկատմամբ հայկական կողմի ճշդած կեցուածքները կ'արժանանան ժողովրդային համաձայնութեան։
Ենթադրութիւններ, համաձայնեցուած կէտերու մասին մամուլի հրապարակումներ, մեկնաբանական գրութիւններ առատօրէն լրատուական շրջանառութեան մէջ դրուած են այս օրերուն։ Հետեւելով այդ բոլորին, ներառեալ անշուշտ թրքական աղբիւրներու հրամցուցածներուն, կարելի է թերեւս որոշ ուրուագծում կատարել ճանապարհային քարտէսի բովանդակութեան մասին։ Այսպէս.
Միանգամայն ճշդենք, որ ճանապարհային քարտէսի ճշգրիտ բովանդակութեան մասին չէ խօսքը։ Ճշգրիտ բովանդակութիւնը կ'իմանանք այն ատեն, երբ պաշտօնապէս կը բացայայտուին համաձայնական կէտերը։ Մամուլի հրապարակումներուն հետեւելով ենթադրեալ կէտերը լուսարձակի տակ առնելն է եւ անոնց նկատմամբ կարգ մը դիտարկումներ կատարելը այս յօդուածին նպատակը։
Միջազգային ընտանիքի անդամակցութեամբ երկուստեք սահմաններու անուղղակի ճանաչումը առաջին կէտով կը վերածուի յատուկ պայմանագիրով Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի։ Իրաւագիտական վերլուծումներու վրայ հիմնուած եզրայանգում կ'ուզէ այս աքթը Թուրքիայէն հողային պահանջատիրութենէ հրաժարումի համազօր քայլ համարելը։
Միջկառավարական ձեւաչափով միացեալ քննարկումներու առաջադրանքը նախորդ նախագահի պատասխանն էր պատմագէտներէ բաղկացած միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու Թուրքիոյ վարչապետի առաջարկին։ Այժմ կայ հաւանաբար իրաւացի մտահոգութիւն, որ միջկառավարական յանձնախումբերու իբրեւ ենթաաշխտանքային բաժին կը ներառուի նաեւ պատմագէտներու հարցը, ինչ որ բնականաբար կը հարուածէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը։
Նշուած կէտերու յաջորդականութեան շարքը կրնայ տարբեր ըլլալ, ինչպէս որ կրնան տարբեր ըլլալ նաեւ կէտերը, ըստ էութեան։ Հիմնական մէկ կարեւոր կէտ պէտք չէ շրջանցել սակայն։ Կէտ, որ չէ ներառուած հրապարակուած բոլոր տարբերակներուն եւ մեկնաբանական գրութիւններուն մէջ։ Ազրպէյճանական գործօնին շրջանցումն է կամ ղարաբաղեան տարածքներէն հայկական զօրքերու հեռացման թրքական նախապայմանի շրջանցումը։ Իսկ այս մէկը՝ հակառակ Թուրքիոյ վարչապետին իր երկրին թէ Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ կատարած յայտարարութիւններուն։
Կը թուի, որ բուն հարցը յայտնաբար թրքական մարտավարական խաղերու կարեւոր հանգրուանի մը նուաճումն է։ Նախ ի հարկէ ընտրուած ժամանակահատուածը՝ 24 ապրիլի նախօրեակին, ոչ այնքան հայ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական կամ զգացմունքային ներաշխարհը հարուածելու, որքան աշխարհակարգի մէկ հզօր ուժի ներկայացուցիչին Ցեղասպանութիւն եզրը չօգտագործելու հիմնաւորեալ պատրուակ տրամադրելու առումով։ Եւ անշուշտ իմիթացիոն բանակցային գործընթացի ցուցական պատկեր ստեղծելու եւ իրողութիւնները մշուշապատելու առումներով։ Ահա թէ ինչո՛ւ տուեալ պահուն կէտ կորսնցուցած կարգավիճակի մէջ յայտնուեցաւ հայկական կողմը։
Այլապէս։ Պարզ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական վարքագիծի առաջնային օրակարգի կէտերէն մէկը եւ գէթ տեսանելի ապագային Հայաստան յատուկ համաձայնագիրով պիտի չճանչնայ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը։ Նախադրեալները կը համոզեն, որ հայկական զօրքերն ալ պիտի շարունակեն վերահսկել Ղարաբաղեան տարածքները։
Նման զգայուն թեմաներու հրապարակայնացումը պարտաւորիչ է։ Հարցերը որքան պետական են, նոյնքան նաեւ հասարակական եւ այս պարագային համահայկական շեշտադրումով հասարակական։ Տեղեկացուածութիւնը հիմնովին կ'օժանդակէ հարցերու առարկայական քննարկումին։ Գնահատական տալու, որ ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ տեղ գտած հայ-թուրք յարաբերութիւններու սահմանուած բաժինի բովանդակութեան որքանո՞վ կը համապատասխանէ հայկական կողմին ստորագրութիւնը նման փաստաթուղթի մը տակ։
Տեսանելի ապագան անորոշ յղացք է յստակ ժամկէտ ճշդելու առումով։ Այսօր ուղիղ մէկ ամիս կ'ընէ ստորագրութեան թուականէն ասդին։ Մանաւանդ եթէ փաստաթուղթին ժողովրդային համաձայնութիւն վայելելուն ինքնավստահութիւնը կայ, բացայայտումը պէտք չէ ուշանայ։
Պ.- Այն, որմենքառանցիրականհետեւանքներըհաշուարկելու, արդէն պատրաստւումենքգրկախառնուելութուրքերիհետ։ Սահմանը բացուելուդէպքումտնտեսականյարաբերութիւններկը սկսուեն, թէպետմերուԹուրքիայիուժայինյարաբերակցութիւնը ցանկացած առումովշատտարբերէ։Ժամանակիընթացքումկը փլուզուիմեր ներքինարդիւնաբերութիւնը, կըմեծանայտնտեսական կախումը, եւ ուղղակիխաղաղճանապարհովԹուրքիանկըհասնի նրան, ինչը չկարողացաւաւարտել 1915-23-ին։Կամէլ՝թուրքական խոր ներթափանցմանհետեւանքովՀայաստանիազգային անվտանգութեան համակարգիընդհանուրանկմանպայմաններում Ազրպէյճանը Թուրքիայիդրդմամբպատերազմկըսկսիեւմէկ հարուածովկըլուծի հարցը։Անթալիայումհանգստացողներըչէ, որայդ պայմաններում պիտիգնանարցախեանճակատ՝երկիրըպաշտպանելու։