Հաւանաբար դեռ կանուխ է յայտարարելու, որ Հայաստանի մէջ հոգեւոր յեղափոխութիւն մը իրականացած է եւ մարդիկ սկսած են աւելի ու աւելի փարիլ իրենց կրօնին եւ հաւատքին:
Յամենայն դէպս, ակնյայտ է, որ Ս. Էջմիածինը թէ պետութիւնը, միասնաբար կ'աշխատին, որ հայ մարդը դառնայ իր եկեղեցիին, փարի անոր, յարգէ անոր աւանդութիւնները:
Յամենայն դէպս, ակնյայտ է, որ Ս. Էջմիածինը թէ պետութիւնը, միասնաբար կ'աշխատին, որ հայ մարդը դառնայ իր եկեղեցիին, փարի անոր, յարգէ անոր աւանդութիւնները:
Ս. Էջմիածինը իր Գէորգեան պատմական ու Վազգէնեան նոր հոգեւոր ճեմարաններով, տարուէ-տարի աւելի մեծ թիւով քահանաներ ու վարդապետներ կը պատրաստէ ու կը լծէ հովուական աշխատանքի, կը վերանորոգէ հին եւ կը կառուցէ նոր եկեղեցիներ, կրօնի ու կրօնական ծէսերու եւ խորհուրդներու իմաստը բացատրող յայտագիրներ կը սփռէ տպագիր եւ եթերային մամուլով՝ հովանաւորելով «Վէմ» ձայնասփիւռի եւ «Շողակաթ» պատկերասփիւռի կայանները:
Պետութիւնը իր կարգին կը դիմէ որոշ քայլերու:
Պետութիւնը իր կարգին կը դիմէ որոշ քայլերու:
Նախ եւ առաջ, պետական բարձրագոյն պաշտօնեաները միշտ ներկայ են եկեղեցական կարեւոր տօներու պատարագներուն՝ Ս. Էջմիածնայ մէջ, եւ իրենց ներկայութեամբ անուղղակիօրէն կը քարոզեն կարեւորութիւնը Աստուծոյ տուն յաճախելու:
Պետութեան աջակցութիւնը եկեղեցիին նաեւ կը դիւրացնէ եկեղեցաշինական ծրագիրները, երբեմն՝ արտօնեալ հողայատկացումներու ճամբով, երբեմն ալ՝ ուղղակիօրէն նպաստելով պատմական նշանակութեամբ եկեղեցական կոթողներու վերանորոգման աշխատանքներուն:
Շատ յատկանշական է նաեւ պետութեան առած քայլերէն մէկը՝ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներուն յաջորդող երկուշաբթիները, որոնք Մեռելոցի օրերն են, ոչ աշխատանքային օր յայտարարելը՝ անուղղակիօրէն մղելով քաղաքացիները այդ օրը այցելելու իրենց հարազատներուն շիրիմները:
Շատ յատկանշական է նաեւ պետութեան առած քայլերէն մէկը՝ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներուն յաջորդող երկուշաբթիները, որոնք Մեռելոցի օրերն են, ոչ աշխատանքային օր յայտարարելը՝ անուղղակիօրէն մղելով քաղաքացիները այդ օրը այցելելու իրենց հարազատներուն շիրիմները:
Ընդգծելով հանդերձ պետութեան կողմէ եկեղեցւոյ գործերուն չխառնուելու սկզբունքը (ի վերջոյ Հայաստան է՛ ու պէ՛տք է մնայ աշխարհիկ պետական համակարգով ղեկավարուող երկիր)՝ կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի մէջ հոգեւոր վերածնունդի աշխուժացումը, իբրեւ ազգային մեր բարոյական սկզբունքներուն խորհրդային խաթարումները սրբագրելու միջոց:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ՆՈՅՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵՆԷՆ ՄԵԿՆԱԾ
ReplyDeleteԱզդակի, երէկուան թիւով, Աբօ Պողիկեանի ստորագրութեամբ տեղ գտած էր «Հոգեւոր Վերածնունդ» ակնարկը, ուր լուսարձակի տակ կը բերուէր Հայաստանի մէջ հոգեւոր կեանքի ապրած յառաջընթացը եւ այս իմաստով կրօնական ու պետական մակարդակի վրայ ի գործ դրուած ճիգերը։
Այո՛, երեւոյթը խրախուսիչ է, անշուշտ նաեւ այս իմաստով տակաւին մեծ գործ կայ կատարելիք։ Երկար տարիներ հայրենիքի մէջ ազգային կրօնական արժէքներու նկատմամբ գործադրուող հալածանքներու ու ճնշումներու իբրեւ հետեւանք, հայրենի ժողովուրդը օտարացած մնաց իր սեփական արժէքներէն։ Այդ բոլորի դարմանումը տակաւին ժամանակ կրնայ խլել։
Երէկուան ակնարկը խորհրդածութեան այլ խթան մը հանդիսանալու բաւարար ու արդար պատճառները ունի։ Լիբանանահայ գաղութէն ներս վերջին տարիներուն շատ կը խօսուի կրօնական արժէքներու նկատամամբ ցուցաբերուող անտարբերութեան, աղանդաւորական շարժումներու թափանցման, օտարամուտ բարքերու ու սովորութիւններու ընկալման, խառն ամուսնութիւններու, ինչպէս նաեւ եկեղեցի ժողովուրդ կապի անբաւարարութեան երեւոյթներու մասին։ Հարկ է հաստատել, որ կրօնական պատասխանատու մարմիններ եւ անհատներ, անտարբեր չեն այս իմաստով, եւ իրենց պատգամներով, արտայայտութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով կը փորձեն կացութեան առաջքը առնել։
Պէտք է ընդունիլ սակայն, որ նորահաս սերունդին մօտ ազգային եկեղեցական արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ծաւալելու, կրօնական առողջ դաստիարակչական ուղղուածութիւն տալու, եւ այս բնագաւառէն ներս յոռի երեւոյթները արմատախիլ ընելու առաջադրաքով կազմակերպուած միջոցառումներն ու նախաձեռնութիւնները միշտ չէ որ կու տան ակնկալուած արդիւնքը։ Կարիքները շատ են ու երեւոյթները մտահոգիչ։ Պէտք չէ ունենալ նաեւ առկայ բոլոր մտահոգութիւնները արագօրէն լուծելու խաբուսիկ հաւակնութիւնը եւ ակնկալութիւնկը։ Կա՛յ անհրաժեշտութիւնը արդէն իսկ հաւաքական եւ անհատական մակարդակի վրայ գործադրուող նախաձեռնութիւնները համակարգուած հունի մէջ դնելու, եւ ամէնակարեւորը ծրագրաւորումը ընդարձակելու, ուր հաւաքական պատասխանատուութիւնը կրնայ դառնալ յաջողութեան հիմնական գրաւական։ Կ՝ընդունինք, որ կան առարկայական պայմաններ եւ կարգ մը երեւոյթներ միայն մեր համայնքին յատուկ չեն, սակայն պարտաւոր ենք մտածելու աւելի խորութեամբ, վտանգները կանխատեսելով, ախտաճանաչումները կատարելով հանդերձ, հարկ է այդ իմաստով երկար ժամանակ չվատնել եւ անցնիլ ուղղակի գործի։
Այս մտահոգութիւններու առընչութեամբ փոխանցուող խօսքերը եւ քարոզները, ինչպէս նաեւ կատարուած առարկայական ու շինիչ վերլուծումները հասանելի կը դառնան անոնց որոնք արդէն գիտակից են ու կը զգան վտանգը։ Սպասուածը աւելի՛ն է. ժողովրդային խաւերուն մէջ առկայ այս երեւոյթները դարմանելու վճռական քայլերու որդեգրումն է։ Հետեւաբար, կարիքը կայ այս հանգրուանին անիջական եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու պատրաստութեան ու գործնականացման։ Առաջին առիթով նախ հարկ է տակաւ համեցող ախտաւարակ երեւոյթներու տարածումը անմիջապէս կասեցնել եւ յետոյ փութալ դարմանելու ստեղծուած կացութեան հետեւանքները։
Բոլոր ժամանակներէ աւելի եկեղեցւոյ պատասխանատուներու եւ սպասաւորներու անմիջականութիւնը ժողովուրդին հետ, անոնց հարցերուն եւ տագնապներուն հետ առընչուիլը ու անոնց լսելը կարեւոր հանգանքներ են եւ անպայման որ կրնան լուծման կարեւոր ու հաստատ սկիզբ մը դառնալ։
Հաւատացած ենք որ կարելի է սկսիլ…
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
hima indsi mi essek vor Hayasdani metch yeghadsen menk orinag bidi arnenk.hesga kords ga enelik.shad kitch pabn gella gor.
ReplyDeleteSebouh
Նման blogներու վրայ քննարկումները իմաստ կ՛ունենա եթէ կարենանք առողջ ձեւով խօսիլ եկեղեցւոյ կապուած հարցերուն մասին։ Միայն ըսեմ, որ եկեղեցին թէ հայրենիքի մէջ եւ թէ սփիւռքի շատ բան ունի ընելիք։ Անհեթեթ վիճակ է երկուութիւնը։Ո՞վ, ե՞րբ պիտի կարենայ վերջ դնել ուժերու ցրուումին։Միասին էջիմածինը եւ Անթիլիասը ահագին բան ունի համակարգելիք եւ աշխատելիք։Անհասկնալի է այս վիճակը։
ReplyDeleteԶոհրապ Թուլումեան
mege gerna? esel vor hayasdani metch intchou daradsvads en ayskan aghantavornere yev yehovadjinere?
ReplyDeleteSako
Sakoyin badaskhanoghe togh meg ankamen badaskhane nayev vor Lipanani metch intchou? meds tivov yeridasartner mer yegeghetsiyen tour ourishnerou kov kedads en hokevor irents gianke.
ReplyDeleteMihran
Շատ հիմնական հարցեր կը դրուին այստեղ։ Եկեղեցւոյ միութեան մասին պէտք չէ խօսիլ։Պատմական աթոռներ են էջիմածինը եւ Անթիլիասը, այդպէս ալ պէտք է մնան։ Հարցը միասին աշխատելու մասին է։ Ճիշդ է Զոհրապին ըսածը։Թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ Սփիւռքի հսկայ աշխատանք կայ տարուելիք։ Ահագին բան կայ որ կրնան միասին աշխատիլ էջմիածին-Անթիլիասը։Ուշացած ենք արդէն։ Ձեւական գործակցութիւններէ անդին գործնական բան չերեւար։ Մեր եկեղցին կը քարոզէ սէր, միութիւն։Ո՞ւր է այս միութեան գործնական բաժինը։
ReplyDeleteԳէորգ Սթամպուլեան
Zour nesdink shidag khosink.ays hartseroun masin media balck out ga.Aztage yete kaghoutin tertn e ,intcbes? mintchev hima tche kerads kaghouti metch yerevouyti me masin.yeghpayr kevorki sharjoume chenk? desner,chenk? ouzer desnel.garzes koyoutyun chouni adang pan me.hamatsayn es gam ches togh keren,payts togh esvi vor asang pan me ga yev badjarnnere togh kervo itchou? yeghads e djisht e? sekhal e?.
ReplyDeleteTamar
Յարգելի Թամար,
ReplyDeleteՅակոբ Հաւաթեանը արդէն անուղղակի կերպով անդրադարձած է ձեր հարցին:Համաձայն եմ ձեզի հետ,որ այս հարցերը աւելի բաց կերպով պէտք է քննարկուին,բայց գիտէ՞ք ինչ,այս գաղութը կարծես առաջին անգամն է,որ այսպիսի սուր հարց կը դիմագրաւէ,այսինքն՝ եկեղեցական պաշտօնական հաստատութիւններէ (առաքելական,կաթողիկէ եւ աւետարանական)դուրս մարդիկ հոգեւոր շարժումներ ընեն:Հետաքրքրականը ո՞ւր է այս Գէորգի պարագային մէջ,հոն է,որ այլեւս անոր սկսած շարժումը պարզ հոգեւոր շարժում չէ,այլ ընդունուած,ճանչցուած եկեղեցիի վերածուեցաւ՝ հոգեգալստական ուղղուածութեամբ:Ես կը յիշեմ,որ «Ազդակ»ի մէջ ամիսներ առաջ Համբիկ Պիլալեանն էր,որ բաւական յանդուգն կերպով անդրադարձաւ այս երեւոյթին,թէեւ նորէն առանց անուն տալու:Ազգային իշխանութիւնները իրենց մարմիններու ժողովներուն ընթացքին կ'անդրադառնան հարցին,բայց միեւնոյն պղտոր ձեւակերպումով՝ «եկեղեցւոյ հովանիէն դուրս յառաջացած շարժումներու ապառողջ երեւոյթ»:Մենք ուղղակի հարց ունինք հարցերը իրենց անուններով կոչելու իմաստով:Թերեւս այս պատճառով ալ Գէորգ Չափարեանը այլեւս «եղբայր Գէորգ» չի կոչուիր,այլ՝ «պատուելի Գէորգ»,եւ մի զարմանաք,եթէ օր մըն ալ վերապատուելի չկոչուի:Մեր աւետարանական եղբայրները մտածա՞ծ են այս հարցին մասին...
ԺԱՔ