Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւններուն անդրադարձած է մեր մամուլը։ Յագեցած ժամանակացոյց, որ պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ տեսակցութիւններու արարողակարգային շարքին առընթեր կ՛ընդգրկէր թրքական պետութեան նուիրատուութեամբ հիւսիսի մէջ առողջապահական կեդրոնի մը բացումը։ Թուրքիան, ըստ երեւոյթին, բաւական մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական մարզերուն։ Տաւութօղլուէն առաջ Ալի Պապաճանը եւ անկէ առաջ Ապտիւլլա Կիւլը եւս մասնակցած էին դէպի Լիբանան դիւանագիտական տողանցքին եւ, ինչպէս հարաւային Լիբանանի մէջ, այնպէս ալ՝ հիւսիսային Լիբանանի, անոնք նման նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած էին։
Թրքական դիւանագիտութեան աշխուժացման երեւոյթը արդէն որոշ ճամբայ կտրած է։ Անիկա կը տեղաւորուի միջին արեւելեան երկիրներու մէջ թրքական պետութեան կիրարկած ընդհանուր, նորովի աշխուժացած քաղաքականութեան ծիրին մէջ։ Չմոռնանք, որ Թուրքիան առաջին ինքնաառաջադրուողն էր հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան մաս կազմելու։
Արաբական աշխարհին համակրանքը շահելու համար Թուրքիոյ վարիչներուն բեմականացուցած արարները յայտնապէս ենթահող շահած են։ Կազայի պատերազմէն անմիջապէս ետք Զուիցերիոյ ժողովասրահներուն մէջ վարչապետ Էրտողանի բեմադրութեան հետեւած են արաբական մամուլին մէջ բազմաթիւ վերլուծումներ՝ թրքական կեցուածքը դրուատող։ Ակներեւօրէն առատ են լիբանանեան մամուլին մէջ երեւցող թրքական նոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնող մեկնաբանական յօդուածները։
Թրքական դիւանագիտութեան վերաբերեալ հետզհետէ աւելի յստակ ուրուագծուող ուղղուածութեան մը նախադրեալները պարզ են։ Ականատես պիտի ըլլանք նման եռուզեռի մը տարբեր դրսեւորումներուն։
Ընդգծելի կէտ մը այս բոլորին զուգահեռ պէտք է գրաւէ հայկական մամուլին եւ լիբանանահայ կազմակերպութիւններուն ուշադրութիւնը։ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ պետական մակարդակով եւ հետեւողական ձեւով աշխատանք կ՛իրականացուի ձեւաւորելու համար ծագումով թուրք-թիւրքմեն, քաղաքացիութեամբ լիբանանցի համայնք մը։ Թուրք ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար չի մոռնար Լիբանան իր աշխատանքային այցելութեան ժամանակացոյցին վրայ տեղադրել տուեալ շրջան մեկնումը, հանդիպումը տեղւոյն բնակիչներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։ Մինչ, Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան պաշտօնեաները ժողովրդային համապատասխան տօնակատարութիւններուն կ՛ապահովեն հովանի եւ համապատասխան տարողութիւն։
Պարզ է. կայ աշխատանք այստեղ թրքական ծագումով ազգաբնակչութիւնը կազմակերպ համայնքի վերածելու։ Այս համայնքին ենթադրեալ դերակատարութիւնը կ՛ըլլայ սատարելը թրքական պետութեան շրջանային քաղաքականութեան կայացման եւ այդ նպատակին համար պարարտ ենթահող տրամադրելը։
Նախադրեալները կը համոզեն, որ թրքական պետութեան նախաձեռնած մարդասիրական բնոյթի ծրագիրները հետզհետէ թափ պիտի ստանան։ Վերադառնանք Տաւութօղլուի այցելութեան։ Հերթական անգամ դաշնակցական երիտասարդութիւնը ժամադրուած էր Լիբանան այցելող թուրք դիւանագէտին հետ։ Մեր երիտասարդութեան ցուցական արարքը, ժխտողականութեան դատապարտումը նոր սերունդի պահանջատիրութեան փաստի վերաամրագրումն է։
Թրքական գերաշխուժութեան ներկայ տարողութիւնն ու կշռոյթը, երիտասարդական ցոյցերուն առընթեր, գործընթացներուն մօտէն հետեւելու հրամայականին առջեւ կը դնէ գաղութը՝ իր բոլոր շերտերով։
Փաստօրէն, թրքական ներխուժումի այս նոր ալիքը լուրջ մարտահրաւէր է լիբանանահայութեան: Մարտահրաւէր, որուն դիմակալման միջամուխ պէտք է ըլլայ, ինչպէս յօդուածը կ'ընդգծէ, «գաղութը՝ իր բոլոր շերտերով»: Բայց ահա քանիերորդ անգամն ըլլալով, լիբանանի մէջ թրքական քաղաքական-տնտեսական-մշակութային շրջանակներու այս տողանցքին հրապարակաւ կը հակազդեն միայն մէկ քաղաքական կուսակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերը: Կասկած չունիմ, որ լիբանանահայ քաղաքական միւս երկու կուսակցութիւններուն մէջ ալ կան այս հարցով մտահոգ անձեր: Սակայն անոնց լռութիւնը կը մնայ անբացատրելի: Եթէ միջկուսակցական համախոհութիւն կարելի չէ գոյացնել նոյնիսկ այնպիսի ընդհանրական հարցի մը շուրջ, ինչպէս՝ թրքական այս ներխուժման հակազդելը, ապա առնուազն կ'ակնկալուի, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ առանձինն դիմէ հրապարակային յստակ քայլերու:
ReplyDeleteԱմբողջովին համաձայն եմ Լեւոնի բարձրացուցած մտահոգութեան։ Սա այն լուրջ խնդիրն է, որ պէտք է կեդրոնացնէ գաղութի ճիգերը միջկուսակցական մակարդակներու վրայ։ Հեռուէն դիտելով իսկ յայտնի է, որ թուրքերը շատ վտանգաւոր աշխատանք կը տանին Լիբանանի մէջ մէջ։ Կատակ չէ։ Ձեռնածալ մնալը պարզապէս խեղճութիւն է։
ReplyDeleteԲացատրութիւն չունի հայկական կուսակցութիւններու լռութիւնը։
Գէորգ
Հարիրիին գրպանէն - պետութեան, այսինքն - եթէ ելլեն մնացեալ կուսակցութիւնները, այն ատեն է որ բան մը կը շարժի լիբանանեան գետնի վրայ, գոնէ։ Լռութիւննին այս պատճառով է. «նստի՛ր, նստիր. ելի՛ր, ելիր» է, այլապէս... "you gotta serve somebody" կ՛ըսէ Bob Dylan-ի երգերէն մէկը... բարեւներ իշխանութեա՛ն... անուշ ըլլայ...
ReplyDeleteՑասումեան
yes tchem gardser vor lipananian voreve ouj arkile hagagan gousagtsoutyunneroun terkagan sharjoumneroun hedevelou yev hagatartselou.gousagtsoutyunnere-patsi tashnagtsoutenen- haririyin hed eyin yerp miyatsial tsouts erin erdoghani beyrout kaloun aritov yev 3 oratertere miyatsial tiv heradaragetsin.
ReplyDeleteHratch
Լիբանանեան քաղաքական կեանքի մասնակից հայկական բոլոր կողմերն ու անձնաւորութիւնները, խորհրդարանական վերջին գործընթացին ծիրէն ներս բազմիցս յայտարարեցին, թէ առկայ տարակարծութիւնները կը վերաբերին զուտ լիբանանեան խնդիրներու, թէ երբ խնդիրը կը վերաբերի հայական հարցերու, իրենք միակամ են: Այլ խօսքով, այդ հարցերուն գծով իրենց դիրքորոշումները տարբեր չեն Դաշնակցութեան դիրքորոշումներէն: Կը սպասենք, որ խօսքէն անցնին գործի:
ReplyDeleteBedk e bahantchel,bahantchel,djenshel.polore bedk e miyanan tem tenelou hamar tourkeroun.
ReplyDeletepolor tertere nouyn bahantche bedk e tenen.
Nigol
Այո,Լռութիւննին այս պատճառով է. «նստի՛ր, նստիր. ելի՛ր, ելիր» է, այլապէս... "you gotta serve somebody" կ՛ըսէ Bob Dylan-ի երգերէն մէկը... բարեւներ իշխանութեա՛ն... անուշ ըլլայ...
ReplyDelete