«ԻՆՔՆԱԿԵԴՐՈՆ ՈՒ ԻՆՔՆԱԲԱՒ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԸ, ԳՈՐԾԵԼԱԿԵՐՊԸ ԵՒ ԿԵՆՑԱՂԱԿԵՐՊԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՉԱՐԻՔԻ ԱՂԲԻՒՐ»
ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԵՒ «ՖՐԱՆՍ-ԱՐՄԵՆԻ»Ի ՀԵՏ ԻՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Բացառիկ առիթներով միայն Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հարցազրոյց կը շնորհէ: Ան, իր բառերով, «կը հաւատայ գործին, ոչ խօսքին. գործը աւելի խօսուն է, քան որեւէ խօսք` գործին մասին»: Երախտապարտ եմ, որ վեհափառ հայրապետը զիս ընդունեց իր գրասենեակին մէջ եւ շուրջ ժամ մը տրամադրեց ինծի, որովհետեւ, դարձեալ իր բառերով, ինք «կը հաւատայ երիտասարդութեան դերին, կ՛ուզէ զրուցել երիտասարդութեան հետ»: Ներկայ հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով. Հայերէնը «Ազդակին» համար, իսկ ֆրանսերէնը` «France-Armnie»ին համար:
Տ. Ե.
ՀԱՒԱՏՔ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ-ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հ.- Վեհափառ տէր, կը կարծէ՞ք, թէ նիւթապաշտութիւնը բարոյական, տնտեսական ու ընկերային տագնապներու պատճառներէն մէկն է: Քրիստոնէութիւնը ի՞նչ պատգամ ունի այս ուղղութեամբ:
Պ.- Մենք պիտի նախընտրէինք «նիւթապաշտութիւն» բառին փոխարէն գործածել «մարդակեդրոն» (anthropocentrique) բառը, որ աւելի համապարփակ յղացք մըն է: Մեր կարծիքով, աշխարհի տագնապներուն աղբիւրը կը գտնուի մարդակեդրոն մտածելակերպին, կենցաղակերպին ու գործելակերպին մէջ: Ի՞նչ կը հասկնանք «մարդակեդրոն» բացատրութեամբ: Ան մերժումն է, ժխտումն է Աստուծոյ ներկայութեան ու գերիշխանութեան: Արդարեւ, Աստուած մարդը ստեղծեց, ինչպէս Աստուածաշունչը կ՛ըսէ, իր պատկերին համաձայն, զայն օժտելով բանականութեամբ ու ազատութեամբ: Եւ աւելի՛ն. Աստուած մարդը իրեն գործակից նշանակեց ու անոր յատուկ պարտաւորութիւն տուաւ տիեզերքը պահպանելու ու ծաղկեցնելու: Այս աստուածատուր առաքելութիւնը մարդը պիտի իրագործէր համարատուութեամբ ու պատասխանատուութեամբ` Աստուծոյ նկատմամբ:
Սակայն Աստուծոյ կողմէ որպէս դրախտ ստեղծուած աշխարհը դարձաւ դժոխք` մարդո՛ւն պատճառով: Աստուծոյ բարիքներով լեցուն աշխարհը չարիքներով ու տագնապներով լեցուեցաւ` դարձեալ մարդո՛ւն պատճառով, որովհետեւ մարդը ուզեց, որ իր կեանքին կեդրոնը ու նպատակը ի՛նք դառնայ, ստեղծագործութեան սեփականատէրը ի՛նք դառնայ: Եւ այսպէս, մարդկային կեանքը դարձաւ մարդակեդրոն ու մարդանպատակ. մարդը հեռու պահեց Աստուած իր կեանքէն: Հո՛ս է աշխարհի չարիքներուն աղբիւրը: Հետեւաբար քրիստոնէութեան պատգամը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ յիշեցում մը` վերադառնալու Աստուածաշունչի սկզբունքներուն, ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն: Ներկայ ընկերութիւնը պէտք է Աստուծոյ ներկայութիւնը փոխադրէ իր կեանքի մայր էջին վրայ: Առանց աստուածակեդրոն արժէքներուն` մարդկային կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստը ու նպատակը:
Հ.- Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը յատկապէս Արեւմտեան երիտասարդութեան մէջ հետզհետէ զարգացող syncretique մտածելակերպի գծով:
Պ.- Syncretique մտածողութիւնը նոր երեւոյթ մը չէ: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն անիկա նոր ծաւալ ստացաւ համաշխարհայնացումի պատճառով: Ի՞նչ է syncretisme-ը. ան հոգեմտաւոր ճիգ մըն է զանազան կրօններու առնչուած աւանդութիւններու, արժէքներու ու յղացքներու համադրութիւն մը յառաջացնելու: Այս մօտեցումը սկսաւ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներուն մէջ, յատկապէս` Հնդկաստանի մէջ, ուր պուտտայական, հինտու, քրիստոնեայ, իսլամ, շինթօ եւ այլ կրօններ երկար տարիներ գոյակցած էին: Syncretique մտածողութիւնը իր խոր ազդեցութիւնը ձգեց յատկապէս հնդիկ քրիստոնեայ աստուածաբանութեան վրայ:
Արեւմտեան երիտասարդութեան մօտ յայտնուող նմանօրինակ մտածողութիւնը նաեւ ուրիշ պատճառ ունի. այդ ալ նոր հոգեւոր շարժումներու յառաջացումն է: Երբ մօտէն դիտենք հոգեւոր շարժումներուն զարգացումը, հոն յստակօրէն պիտի նշմարենք այլ կրօններէ ներառուած տարրեր: Եւ ինչո՞ւ քրիստոնեայ երիտասարդութիւնը գրաւուած է syncretique մօտեցումներէ: Դարերու ընթացքին քրիստոնէութիւնը վերածուեցաւ հաստատութեան (institution), իր ծէսը ենթակայ չդարձաւ զարգացման, ինչպէս նաեւ իր մտածողութիւնը մնաց տոկմաթիք: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, ուր յատկապէս տեղեկատուութեան ճամբով կրօններ ու մշակոյթներ դարձան դրացիներ, քրիստոնեայ երիտասարդութիւնը մէկ կողմէն` այլ կրօններու ազդեցութեան տակ, եւ միւս կողմէն` քրիստոնէութեան կաղապարուած նեղ շրջագծէն դուրս գալու ճիգով, սկսաւ syncretiqueշարժումներու հետեւիլ նոյնիսկ այդ մտածողութեան ազդեցութեան տակ իր կեանքը ապրիլ:Syncretisme-ը վտանգ մըն է բոլոր կրօններուն ու մշակոյթներուն համար: Ան փաստօրէն մտածելակերպերու ու կենցաղակերպերու, ինքնութիւններու ու նպատակներու անդիմագիծ ու անգոյն գոյացութիւն մըն է, որ կրնայ վտանգել կրօնի մը ինքնութիւնը: Հարկ է ըլլալ զգուշ: Իւրաքանչիւր կրօնի պատկանող անձեր պէտք է կառչած մնան իրենց կրօնի հաւատալիքներուն ու արժէքներուն` միաժամանակ յարգելով ուրիշը:
Հ.- Սփիւռքի երիտասարդութեան մէջ ի՞նչ պէտք է ընել մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքները ամրապնդելու իմաստով:
Պ.- Հոգեւոր արժէքներն են, որոնք կը կառավարեն կրօնի մը կեանքը ու կ՛ուղղեն անոր առաքելութիւնը: Նաեւ հոգեւոր արժէքներն են, որոնք կ՛արտայայտեն կրօնի իւրայատուկ ինքնութիւնը: Ճի՛շդ է, կրօններու միջեւ հասարակաց արժէքներ գոյութիւն ունին: Վերջին հաշուով, կրօններու հեռաւոր արմատները նոյնն են: Սակայն նաե՛ւ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին հոգեւոր արժէքներու միջեւ: Հոգեւոր արժէքները տեսական, բնազանցական երեւոյթներ չեն: Անոնք սերտ աղերս ունին տուեալ կրօնի, ժողովուրդի ու միջավայրի մշակոյթին հետ: Հետեւաբար այլ կրօններէ ու մշակոյթներէ ներառուած աւանդութիւններ ու ըմբռնումներ փաստօրէն կը նկատուին օտար ու խորթ, եւ հետեւաբար` անընդունելի:
Իւրաքանչիւր եկեղեցի իր հոգեւոր մշակոյթը ունի: Անհրաժեշտ է, որ եկեղեցւոյ պատկանող անդամ մը իր կեանքը լեցնէ ու իմաստաւորէ իր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքներով: Մեր եկեղեցին եւս ունի իր հոգեւոր արժէքներու հարուստ գանձարանը: Այդ արժէքները մեզ պահած են, մեր ինքնութիւնը կազմաւորած են եւ մեր կեանքի ճամբան լուսաւորած: Մեր երիտասարդները միայն ժառանգորդները չեն այդ արժէքներուն, այլ կոչուած են ըլլալու անոնց արթուն պահակները: Մեր հայրերը մեծ զոհողութեամբ ու նոյնիսկ իրենց նահատակութեամբ պահեցին այդ արժէքները: Ներկայ աշխարհի փոթորիկներուն մէջ մեր երիտասարդները կոչուած են տէր կանգնելու այդ արժէքներուն: Այդ հոգեւոր արժէքներու պահպանումով կը պաշտպանուինք նոր օրերու այլասերիչ հոսանքներէն: Մեր հոգեւոր արժէքներով մեր ինքնութիւնը կը բիւրեղացնենք` ինքնութիւն քանդող համաշխարհայնացած ու աշխարհայնացած (secularisռ) աշխարհին մէջ:
Հ.- Վեհափառ տէր, 2007-ին դուք մեկնեցաք Եթովպիա եւ Եգիպտոս երկու եկեղեցիներու միջեւ հաշտարարի առաքելութեամբ: Ի՞նչ են արդեօք արեւելեան ոչքաղկեդոնական եկեղեցիներու միջեւ միացեալ ճակատ մը յառաջացնելու կարելիութիւնները:
Պ.- Արեւելեան ոչքաղկեդոնական ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կը կազմեն` հայ, ղպտի, ասորի, Եթովպիոյ, Մալապարի եւ Էրիթրիոյ եկեղեցիները: Այս եկեղեցիները միացնողը 451 թուականին տեղի ունեցած Քաղկեդոնի ժողովին իրենց մերժումն է: Փաստօրէն, այդ թուականէն ետք յիշեալ եկեղեցիները պատմական տարբեր հոլովոյթ ունեցան: Անոնց յարաբերութիւնները եղան պարագայական ու անկազմակերպ: Այս ընտանիքին մէջ, պատմութեան պայմաններու բերումով, ամէնէն սերտ ու մնայուն յարաբերութիւն ունեցող եկեղեցիները եղան հայ եւ ասորի եկեղեցիները:
1964-ին, առաջին անգամ ըլլալով, ոչքաղկեդոնական ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը հանդիպեցան Ատիս Ապեպայի մէջ, Եթովպիոյ Հայլէ Սելասիէ կայսեր հրաւէրով: Յիշեալ համագումարին անոնք վերահաստատեցին իրենց հաւատքի միութիւնը եւ շեշտեցին միասին գործելու անհրաժեշտութիւնը: Նոյն համագումարին անոնք գործադիր յանձնախումբ մը նշանակեցին հետեւելու համար համագումարի որոշումներուն գործադրութեան: Յանձնախումբը քանի մը տարիներ գործելէ ետք դադրեցաւ` եկեղեցիներու միջեւ յառաջացած զգայնութիւններու ու տարակարծութիւններու պատճառով:
1996-ին, Մեր կաթողիկոսական ընտրութենէն անմիջապէս ետք արեւելեան ոչքաղկեդոնական եկեղեցիներու գործակցութիւնը կազմակերպելու գծով փորձ մը կատարեցինք, եւ ղպտի եկեղեցւոյ պետ Շնուտա պատրիարքին եւ ասորի եկեղեցւոյ պետ Զաքքա պատրիարքին հետ միասնաբար հաստատեցինք միջեկեղեցական գործակցութեան կառոյց մը: Այդ օրէն ասդին, երեք հոգեւոր պետերը տարին անգամ մը եւ իրենց նշանակած յանձնախումբը տարին երկու առիթներով աշխատանքային հանդիպումներ կ՛ունենան: Մեր նպատակը հաւատքի միութիւնը գործակցութեան ճամբով գործնապէս արտայայտել է թէ՛ մեր հաւատացեալներու կեանքին մէջ եւ թէ՛ այլ եկեղեցիներու ու կրօններու հետ մեր յարաբերութեան ծիրին մէջ: Ներկայ կառոյցը ընդարձակելու եւ նոյն ընտանիքին պատկանող միւս եկեղեցիները ներառելու ճիգը կը շարունակուի:
Հ.- Արդեօք երիտասարդ սերունդին կազմաւորումը առաջնահերթութիւն պէտք չէ՞ դառնայ մեզի համար յառաջիկայ տասնամեակներուն` նոր շունչով կենսաւորելու համար սփիւռքի մեր կառոյցները, որոնք ենթակայ են նահանջի: Անհրաժեշտ չէ՞ արդեօք երիտասարդութեան ներկայացուցած կարողականութիւնը օգտագործել մեր կեանքէն ներս:
Պ.- Երիտասարդութեան մասին խօսելով` մենք միշտ շեշտած ենք, թէ ան ապագային չի պատկանիր, այլ` մեր ներկային: Հետեւաբար երիտասարդութեան կազմաւորումը վաղուան համար առաջնահերթութիւն չէ, այլ ներկայի մեր առաջնահերթութիւններէն մէկն է, աւելի ճիշդ` առաջնահերթութիւններուն առաջնահերթութիւնը: Այս խոր գիտակցութեամբ պէտք է գործենք: Այս նախանձախնդրութեամբ պէտք է մօտենան երիտասարդութեան թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ մեր կառոյցները: Այս մտահոգութենէն մղուած անցնող տարին հռչակեցինք «Երիտասարդութեան տարի»: Այս առիթով Մեր ուղղած պատգամին մէջ լայնօրէն անդրադարձանք երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն: Այս բոլորին չենք ուզեր անդրադառնալ այստեղ, սակայն կ՛ուզենք երկու կէտ ընդգծել:
Առաջին, երիտասարդութեան հետ պէտք է երկխօսութիւն ունենանք: Երկխօսութիւնը խօսիլ եւ լսել է, առնել ու տալ է, քննադատել ու քննադատուիլ է: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր մօտեցումը երիտասարդութեան: Կարելի չէ երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքին վրայ թողուլ. զայն պէտք է փոխադրել մեր կեանքի մայր էջին վրայ. պէտք է վստահիլ երիտասարդութեան` կարեւոր դեր տալով անոր մեր բոլո՛ր կառոյցներուն մէջ ու բոլո՛ր մակարդակներու վրայ: Մենք չենք բաժներ պահպանողական կամ յետադիմական մօտեցումը երիտասարդներուն նկատմամբ` զայն նկատելով մեր կեանքին մէջ դասակարգ մը, որ երէց սերունդի ու երիտասարդութեան միջեւ պարտաւոր է հետեւելու ղեկավարներուն: Պէտք է այնպէս ընել, որ երէց սերունդի ու երիտասարդութեան միջեւ փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան ու վստահութեան խորացումով երիտասարդներ կարենան գործնապէս մասնակից դառնալ մեր կեանքին` իրենց կարողականութիւնը ի սպաս դնելով մեր հաւաքական կեանքի զարգացման:
Երկրորդ, երիտասարդութեան կազմաւորումը հրամայական է ներկայ աշխարհին մէջ: Այս գծով եւս մեր պահպանողական ու տոկմաթիք մօտեցումները պէտք է փոխուին: Ներկայ աշխարհը մասնագիտութեան աշխարհ է. ան նաեւ ուրիշին բացուելու աշխարհ է: Ամէն բանէ առաջ հայ երիտասարդը իր ինքնութիւնը պէտք է կերտէ իր ազգին հիմնական արժէքներու առանցքին վրայ: Արդարեւ, հայ մարդուն հայակերտումը տեղի կ՛ունենայ հայ ընտանիքէն ու հայ դպրոցին մէջ: Այս իմաստով սփիւռքի մէջ յաճախ կ՛ունենանք դժուարութիւններ` ապրելով այնպիսի միջավայրերու մէջ, ուր հայ դպրոց գոյութիւն չունի: Ահա հո՛ս է հայ ընտանիքին ճակատագրական դերը: Այս ուղղութեամբ որպէս շօշափելի օրինակ կ՛ուզենք տալ քու օրինակդ: Դուն կ՛ապրիս Փորթուգալի մէջ, ուր հայ դպրոց գոյութիւն չունի: Բայց շնորհիւ քու ընտանիքիդ, դուն ոչ միայն հայերէն կը խօսիս, այլ նաեւ հայութեամբ կ՛ապրիս, մեր արժէքները, աւանդութիւններու ու ձգտումներու քու կեանքիդ հետ սերտօրէն շաղախուած են: Միաժամանակ օտար լեզուներուն տիրապետած ես, օտարներուն հետ եւս կապի մէջ ես: Մենք այսպէս կը պատկերացնենք այսօրուան հայ երիտասարդութիւնը. ամրօրէն խարսխուած մեր ինքնութիւնը կերտող արժէքներու ու աւանդութիւններու վրայե միաժամանակ բացուած ուրիշներուն` անոնց փոխանցելու մեր արժէքները եւ ձգտումները ու միաժամանակ անոնցմէ առնելու ու հայացնելու այն, ինչ որ աւելիով կը հարստացնէ մեր ինքնութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ
Հ.- Վեհափառ տէր, չէ՞ք կարծեր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը համահայկական իմաստով կեդրոն մը պէտք է դառնայ սփիւռքի հայապահպանման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հզօրացման գծով առանցքային դերակատարութիւն ստանձնելով:
Պ.- Փաստօրէն ա՛յս է որ կը կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Դիտեցէք սփիւռքի պատմութիւնը յատկապէս Ցեղասպանութենէն յետոյ: Արդարեւ, սփիւռքի կազմակերպման ու կազմաւորման ո՞վ կարեւոր նպաստ բերաւ. եկեղեցիներուս դպրոցներու եւ այլ կառոյցներու հաստատման մէջ ո՞վ առանցքային դեր ունեցաւ. Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ, դարձեալ, ո՞վ նշանակալից ներդրում ունեցաւ: Անկասկած որ մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները սփիւռքի գաղութներէն ներս հայապահմանման գծով կարեւոր դեր ունեցան. սակայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը միշտ եղաւ ու կը մնայ եզակի:
Նո՛յնը կը մնայ մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը: Մենք զայն կը բնորոշենք որպէս հաւատքի առաքելութիւն ու ազգային ծառայութիւն: Այսօր անհրաժեշտ է գաղութներու կեանքը կազմակերպչական զօրեղ հիմերու վրայ դնել. մեր կեանքը թրծել հոգեւոր բարոյական ու ազգային արժէքներով, հայ դպրոցը աւելիով հզօրացնել իր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեամբ, մեր մշակութային արժէքները լայնօրէն տարածել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, մեր ազգային պահանջատիրութեան նոր թափ տալ եւ Հայաստանի հզօրացման բերել սփիւռքի գործօն մասնակցութիւնը: Այս առաջնահերթութիւնները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան ուղեգիծը կը կազմեն:
Հ.- Չէ՞ք կարծեր, որ սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի այնպիսի կառոյցներու, որոնք կարենան դիմագրաւել ներկայ ժամանակներու տագնապները` միաժամանակ իրենց շուրջ համախմբելով մեր ժողովուրդի զաւակները:
Պ.- Համաշխարհայնացումը, իր բազմաթիւ ու բազմազան պարտադրանքներու կարգին, նաեւ կը պարտադրէ ազգերուն, մշակոյթներուն, կրօններուն ու կառոյցներուն` դուրս գալու իրենց նեղ պատեանէն ու բացուելու իրենց շրջապատին: Այլ խօսքով, ինքնակղզիացումը, ինքնաբաւութիւնը, ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ կեանքն ու մտածողութիւնը տեղ չունին համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ: Այսօրուան ընկերութիւնը հետամուտ է լայն տարածքներու, լայն մտածողութեան, լայն հորիզոններու: Արդ, մեր կառոյցները իրենց աւանդական մտածողութեամբ չեն կրնար քայլ պահել ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն ու հրամայականներուն հետ: Անհրաժեշտ է դուրս գալ մեր նեղ շրջագծէն եւ մեր ծրագիրները ու աշխատանքները կազմակերպել աւելի լայն շրջագծի մէջ եւ հարցերը դիտել աւելի լայն հայեցողութեամբ: Այլապէս, մեր կառոյցները պիտի դառնան ժամանակավրէպ, անհաղորդ` ներկայ կեանքի իրականութիւններուն եւ անհրապոյր` մեր նոր սերունդին:
Ամէն ժամանակ իր ինքնուրոյն մտածողութիւնը, յստակ առաջնահերթութիւնները ու իւրայատուկ պայմանները ունի: Մեր ունեցածին միջուկը պահելով հանդերձ, պէտք է քայլ պահել նոր ժամանակներուն հետ: Հետեւաբար սփիւռքի մէջ մեր գործող բոլոր կառոյցները` կրթականէն մինչեւ մշակութային, կրօնականէն մինչեւ քաղաքական, ընկերայինէն մինչեւ բարեսիրական, ինքնարժեւորման ու վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ հարկ է ըլլան` կարենալ դիմագրաւելու համար ներկայ ժամանակներու տագնապներն ու մարտահրաւէրները, ազդու կերպով ընդառաջելու նոր պահանջներուն ու մտահոգութիւններուն, եւ իրենց կեանքին ու գործին մէջ ներգրաւելու նոր սերունդները:
ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Հ.- Նկատի ունենալով Հայաստանի իշխանութեան կեցուածքը հայ-թուրք յարաբերութիւններու գծով, այս հանգրուանին ի՞նչ է ձեր մօտեցումը:
Պ.- Օրին Մեր խոր մտահոգութիւնը ու յստակ կեցուածքը արտայայտեցինք Հայաստան-Թուրքիափրոթոգոլի գծով: Եկեղեցին պարտաւորութիւնը ու քաջութիւնը պէտք է ունենայ ժողովուրդին կամքը ու ձայնը արտայայտելու, մանաւանդ` ազգային նկարագիր ու դերակատարութիւն ունեցող հայ եկեղեցին: Մեր մտահոգութիւնները ու վերապահութիւնները կը մնան նո՛յնը: Չենք ուզեր կրկնել այստեղ: Սակայն կ՛ուզենք հետեւեալ ընդգծումները ու յիշեցումները կատարել.
ա) Բազմիցս ըսած ենք ու միշտ պիտի կրկնենք համահայկական գործելակերպ ու մտածելակերպ զարգացնելու հրամայական կարիքը, որպէսզի կարենանք համահայկական բնոյթ ունեցող հարցերուն նկատմամբ համահայկական մօտեցում որդեգրել: Արդ, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ճիշդ կերպով հունաւորումը էական է: Դժբախտաբար այս գծով ցարդ առնուած քայլերը առաւելաբար քարոզչական են ու ձեւական: Սփիւռքը պէտք չէ անտեսել:
բ) Հայաստան-Թուրքիա փրոթոգոլին բնագիրը անգլերէն լեզուով ուշադրութեամբ կարդացած ենք: Հոն որոշ բառերու ու արտայայտութիւններու անորոշ ու երկդիմի գործածութիւնը կրնայ վերջին հաշուով վնասակար ըլլալ Հայաստանին, երբ հետագային անոնք թրքանպաստ մեկնաբանութիւններ ստանան: Արդեօք շատ աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր, որ Հայաստանի պատասխանատուները փրոթոգոլի ստորագրութենէն առաջ միջազգային օրէնքի եւ միջպետական ուխտերու եւ համաձայնագրերու քաջածանօթ սփիւռքի ազգայիններուն տեսակէտը ունենային այս գծով: Ճիշդ պիտի չըլլա՞ր, որ համազգային մակարդակի վրայ ու ղեկավարութեան սեղմ ծիրին մէջ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունենար: Այսպէ՛ս կ՛ըլլայ Հայաստան-սփիւռք ճշմարիտ գործակցութիւնը:
գ) Յստակ տարբերութիւն մը կայ «բնականոնացման» ու «հաշտութեան» միջեւ` իրաւագիտական, դիւանագիտական եւ քաղաքական իմաստով: Բնականոնացումը տեղի կ՛ունենայ երկու պետութիւններուն միջեւ` առանց երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական հարցերը լուծելու (մեր անմիջական շրջապատէն առնելով` կրնանք յիշել Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ կամ Իրանի ու Իրաքի պարագան): Իսկ հաշտութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Մենք առաջինի պարագային հարց չունինք: Սակայն արդարօրէն կը մտահոգուինք, երբ երկու պետութիւններու դիւանագիտական ու տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոնացման ձգտող համաձայնագրի մը մէջ կը ներառուին այնպիսի տրամադրութիւններ ու մօտեցումներ (օրինակ` Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան յանձնախումբ, սահմաններու յստակացում), որոնք համաձայնագիրը դուրս կը բերեն իր նպատակէն` զայն դարձնելով վտանգալից Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին համար:
դ) Ցեղասպանութեան հարցը պատմական իրողութիւն է, ան ուսումնասիրութեան կամ բանակցութեան նիւթ չի կրնար դառնալ: Յայտնած ենք նախապէս, հոս եւս կը կրկնենք. փրոթոգոլի գործադրութեան ընթացքին, երբ Ցեղասպանութեան քննութեան հարցը արծարծուի, Հայաստանի ներկայացուցիչները պէտք է բացարձակօրէն մերժեն զայն` ըսելով, որ Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, եւ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ իր պապերուն գործած ոճիրը: Ահա այն ատեն մեր ամբողջ ժողովուրդը ուրախութեամբ պիտի ողջունէ Հայաստանի իշխանութեան այս քաջ քայլը: Մինչ այդ, մենք ուրախութեամբ ողջունեցինք թէ՛ փրոթոգոլի ստորագրութենէն առաջ եւ թէ՛ յետոյ այս ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին տուած հաւաստիացումները:
Հ.- Դուք համաձա՞յն էք հայ-թուրք երկխօսութեան:
Պ.- Անցեալ շաբաթ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի եւ մտաւորականներու միջեւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, Մեր եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսինք հետեւեալը. 12-րդ դարուն Ներսէս Շնորհալի հայրապետը Բիւզանդիոնի կայսրին գրած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ, թէ երբ քով-քովի գանք իրարու հետ խօսելու, պէտք է Քրիստոսը դառնայ այն առանցքը, որուն շուրջ պիտի հանդիպինք եւ իրարու հետ խօսինք: Բնականաբար Ներսէս Շնորհալին Քրիստոսի մէջ կը տեսնէր ճշմարտութիւնը: Այո՛, մենք համաձայն ենք հայ-թուրք երկխօսութեան, պայմանաւ որ երկու ժողովուրդները քով-քովի գան ճշմարտութեան շուրջ. եւ այդ ճշմարտութիւնը 1915-ին օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնն է: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է երկխօսութիւն, երբ տակաւին Թուրքիան իր անցեալին հետ չէ հաշտուած. երկխօսութիւն ինչի՞ մասին ®:
Դարձեալ Թաներ Աքչամի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տուած դասախօսութեան Մեր փակման խօսքին մէջ ըսինք. քրիստոնէութիւնը ներումի, հաշտութեան կը հաւատայ, պայմանաւ սակայն, որ յանցագործը ընդունի իր սխալը: Ինչպէ՞ս պիտի հաշտուի մեր ժողովուրդը, ինչպէ՞ս պիտի ներէ, երբ տակաւին Թուրքիան իր պապերուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանայ: Սակայն, անհրաժեշտ է զանազան ձեւերով յիշեցնել Թուրքիոյ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն ու մտաւորականներուն` ճիշդ կերպով կարդալու իրենց անցեալի պատմութիւնը եւ համապատասխան կերպով դաստիարակելու իրենց նոր սերունդները: Հրանդ Տինք եւ Թաներ Աքչամ այս աշխատանքին լծուած էին:
Հ.- Վեհափառ տէր, չէ՞ք կարծեր, որ Հայ դատը այլեւս նոր ընթացքի մը մէջ պէտք է մտնէ սփիւռքի մէջ` մէկ կողմէ Հայաստանի անկախացումով եւ միւս կողմէ` հետզհետէ հզօրացող Թուրքիոյ դերակատարութեամբ:
Պ.- Երբ նայինք ժողովուրդներու պատմութեան, եւ յատկապէս` գաղափարախօսական, քաղաքականե մշակութային թէ կրօնական բնագաւառներուն մէջ անոնց որդեգրած կեցուածքներուն, պիտի տեսնենք, թէ անոնք ենթակայ եղած են մնայուն հոլովոյթի ու եղափոխութեան` քայլ պահելով յարափոփոխ ժամանակներուն ու պայմաններուն հետ: Նոյն մօտեցումով, երբ դիտէք Հայ դատի պատմութիւնը, պիտի նշմարենք, թէ ան յառաջատուական ընթացքով նոր ծաւալ ու ընթացք ստացած է թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ մարտավարական իմաստով: Հետեւաբար կաղապարուած մօտեցումներէ ու մեթոտներէ հեռու պէտք է մնալ: Հարկ է Հայ դատը դիտել ո՛չ միայն միջազգային օրէնքներու եւ ուխտերու շրջագիծին մէջ, այլ նաեւ` նոր ժամանակներու աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն յարաբերաբար: Այս գծով կ՛արժէ հետեւեալ քանի մը մատնանշումները կատարել.
ա) Հայաստանի վերանկախացումը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները դրաւ նոր հունի մը մէջ: Այս ծիրին մէջ յաճախ շեշտած ենք Հայաստանի ու սփիւռքի աշխատանքներու միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Հայաստանը որպէս պետութիւն Հայ դատ հետապնդելու իր իւրայատուկ մեթոտները պէտք է ունենայ, սփիւռքը` իր մօտեցումներն ու գործելաձեւերը. սակայն անոնք պէտք է ըլլան զիրար ամբողջացնող: Դժբախտաբար ցարդ այսպէս չէ եղած: Թուրքիան այս երեւոյթը կը շարունակէ շահագործել: Հայ դատին ուղղութեամբ հայ ժողովուրդը Հայաստանով եւ սփիւռքով որպէս մէ՛կ ազգ, մէ՛կ պահանջատիրութեամբ պէտք է ներկայանայ աշխարհին: Այլապէս Հայ դատը պիտի կորսնցնէ իր ուժականութիւնը:
բ) Այսօր Թուրքիան տարբեր պատկեր կը ներկայացնէ: Ներքին ճակատի վրայ բանակին քաղաքական դերակատարութեան տկարացումը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու հզօրացումը կարեւոր զարգացումներ են եւ թերեւս որոշ չափով նպաստաւոր` Հայ դատի շրջագծէն ներս դիտուած: Իսկ Թուրքիոյ հետզհետէ հզօրացող դերը Միջին Արեւելքէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր եւրոպական համայնք մուտքի հարցը եւս կարեւոր պարագաներ են, որոնք կը կարօտին լուրջ քննարկումի:
գ) Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները պատահական պէտք չէ դառնան այլեւս: Անոնք պէտք է դուրս գան անձերու հետ տեսնուելու, հանդիպումներ կազմակերպելու ու ձեռնարկներ հովանաւորելու աւանդական ձեւերէն եւ լուրջ ուսումնասիրութիւններու ու վերլուծումներու հիման վրայ պէտք է կազմակերպուին մեր աշխատանքները` միշտ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեամբ: Այս շրջագծէն ներս ֆորումներու, թինկ-թենկներու ու ոչկառավարական կազմակերպութիւններու ստեղծումը եւ նմանօրինակ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ մնայուն կապերը կրնան իրենց բարերար դերը ունենալ: Հայ դատը արդարութեան հարց է. մոմ վառելով, հոգեհանգիստ կատարելով կամ խաչքար զետեղելով պէտք չէ բաւարարուինք: Այս մշակոյթը, որ կարեւոր դեր ունեցաւ թէ՛ Հայ դատի հետապնդման եւ թէ՛ ընդհանրապէս հայապահպանման մէջ, պէտք է փոխուի ու դառնայ քաղաքական պայքարի, պահանջատիրութեան ու հատուցման մշակոյթ: Մեր երիտասարդութիւնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ:
Հ.- Վեհափառ տէր, վերջին հարցում մը. դուք հոգեւոր առաջնորդ էք, բայց միաժամանակ նաեւ ազգային ղեկավար` հայ ժողովուրդի կեանքի զանազան երեսները մաս կը կազմեն ձեր առաքելութեան: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս իրողութիւնը:
Պ.- Եկեղեցին սոսկ հոգեւոր հաստատութիւն մը չէ, ան ժողովուրդն է: Եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է, որ ինքզինք կ՛իրագործէ առաքելութեամբ: Եկեղեցաբանական այս սկզբունքը որեւէ եկեղեցիէն աւելի կը տեսնենք գործնապէս արտայայտուած մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ազգային եկեղեցի բնորոշումը պատահական չէ: Ազգ եւ եկեղեցի նոյնացած են: Ազգը եկեղեցիով եկեղեցի դարձած է, իսկ եկեղեցին ազգով դարձած է ճշմարտօրէն եկեղեցի:
Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքները, սկզբունքները ու ճշմարտութիւնները տանիլ ժողովուրդին: Այս հայեցակէտով պէտք է դիտուի ու արժեւորուի եկեղեցւոյ ոեւէ պաշտօնեային առաքելութիւնը: Եկեղեցին իր սեփական առաքելութիւնը չունի. անոր առաքելութիւնը Քրիստոսի՛ առաքելութիւնն է: Քրիստոս ժողովուրդի կեանքին առընչուած հարցերուն մասին ըսելիքներ ունի իր եկեղեցւոյ ճամբով: Հետեւաբար մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական հարցերուն գծով մեր եկեղեցին ըսելիք ու ընելիք պէտք է ունենայ` առանց սակայն ինքզինք նոյնացնելու որեւէ իշխանութեան ուղղութեան, քաղաքական կառոյցի կամ քաղաքական օրակարգի մը հետ, ինչպէս նաեւ` առանց մխրճուելու ներքաղաքական հարցերու մէջ: Ի՞նչ կը պահանջեն ազգին, հայրենիքին կամ գաղութի մը գերագոյն շահերը. ա՛յս պէտք է ըլլայ եկեղեցւոյ նշանաբանը` Աւետարանի սկզբունքներուն ու արժէքներուն վրայ ամրօրէն խարսխուած:
Հարցազրոյցը վարեց`
ՏԻԳՐԱՆ ԵԿԱՒԵԱՆ
No comments:
Post a Comment