Jan 28, 2010

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԵՒ «ՖՐԱՆՍ ԱՐՄԵՆԻ»Ի ԱՌԱՋԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐԸ





«Ազդակ»ն ու «Ֆրանս-Արմենի»ն առաջին քայլերը կ՛առնեն համագործակցութեան ուղիներ ճշդելու: «Ֆրանս-Արմենի»ի խմբագրակազմէն երիտասարդ քաղաքագէտ Տիգրան Եկաւեան, գրեթէ ամիսէ մը ի վեր ամէնօրեայ ներկայութիւն է «Ազդակ»ի յարկին տակ: Ան մնայուն խորհրդակցութիւններու, քննարկումներու եւ հայերէն յօդուածագրութեան վարժողական աշխատանքային հանդիպումներու արագակշռոյթ ընթացքի մէջ է մեր խմբագրակազմի անդամներուն հետ:

Տիգրան Եկաւեան այն խոստմնալից ուժն է, որ Եւրոպայի մէջ վճռակամօրէն տրամադրուած է հայ մամուլին եւ յատկապէս հայատառ մամուլին վերելքին համար անտեղիտալի աշխատանք տանելու: Լիբանանահայ մամուլի գործիչները ներկայ եղած են արդէն «Ազդակ»ի մամլոյ այն լսարանին, որուն ընթացքին Տիգրան Եկաւեան շահեկան զեկուցումով հանդէս եկաւ ֆրանսահայ մամուլի պատմականը, ներկան ու ապագայի հեռանկարները պարզելով:

Երկու թերթերուն համագործակցութեան սկզբնաւորութեան շրջագիծին մէջ կը տեղադրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ Տիգրան Եկաւեանի վարած միացեալ հարցազրոյցը ամէնէն հրատապ եւ ամէնէն այժմէական հարցերուն մասին: Վեհափառ տիրոջ հարցազրոյցին հայերէն բնագիրը լոյս կը տեսնէ մեր վաղուան թիւով, իսկ ֆրանսերէն բնագիրը` «Ֆրանս-Արմենի»ի յառաջիկայ համարով:

Jan 23, 2010

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

22-01-2010

ՇԱՂԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻՆ -


ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ



Յարգելի՛ տիկին,

1.- Ուրիշներու պէս ես ալ կարդացի «Ազդակ»ի 6 յունուար 2010-ի նամականին, որ կը կրէր ձեր ստորագրութիւնը եւ կը վերաբերէր թերթիս ուղղագրական մէկ կանոնին, զոր դուք կը մերժէիք: Աւելի պարզ` Մեսրոպեան ուղղագրութեան խոտոր կը նկատէիք Միշել, Ժոզեֆ, Կալես յատուկ անուններուն եւ սեն հասարակ բառին ե-ով գրութիւնը, որ, ըստ ձեզի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան, պէտք է անպայման գրուի է-ով, այսինքն` Միշէլ, Ժոզէֆ, Կալէս եւ սէն: Ձեզի համախոհ կը ներկայացնէք նաեւ հայոց լեզուի ուսուցիչները (առանց թուելու որեւէ դասագիրք, ուսումնասիրութիւն կամ հեղինակ), որոնք այս վերջին ձեւերը կը դաւանին ու կը բացատրեն իրենց աշակերտներուն: Ձեր համոզումը այն է, թէ օտար յատուկ անուններուն վերջավանկը է-ով կը գրուի եւ ն-էն առաջ է կու գայ:

Կը փութամ յայտնելու եւ կանխելու, տիկին, թէ կը գտնուիք շատ խոր թիւրիմացութեան մը առջեւ դուք ինքներդ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք ձեզի պէս կը մտածեն ու մանաւանդ կ՛ուսուցեն: Նախ նման «գիտելիք» հաստատող որեւէ վաւերական աղբիւր չկայ ու չի կրնար ըլլալ, քանի նման կանոն գոյութիւն չունի: Արեւմտահայ իրականութեան մէջ օտար յատուկ անուններու ուսուցումին կամ պարզապէս արձանագրութեան կը հանդիպինք միայն բառարաններու եւ երազահաններու մէջ, որոնք զիրար կ՛արժեն, որովհետեւ մեր բառարաններն ու երազահանները «գիտական» նոյն մակարդակին վրայ կը գտնուին: Մէկը ա՛ռ` միւսին զա՛րկ: Եւ որպէսզի ծանր չթուի իմ ամբաստանութիւնս, ապա պիտի ըսեմ հետեւեալը. հանրածանօթ երկու բառարաններու մէջ, որոնք ողողած են մեր շուկան եւ որոնց հեղինակները ոչ մէկ մահկանացուի կը զիջին հայագիտութեան վսեմ դափնին, գրուած է Ռոպէր եւ Ալպէր` է-ով, իսկ Լուտեր եւ Եսթեր` ե-ով (ա՛լ չեմ յիշեր նոյն ցանկին մէջ տեղ գտած Խաչեր, Մհեր, Մսեր, ձեւերը` ե-ով): Այսպիսի քանի՜-քանի՜ հակասութիւններով կը յորդին մեր բառարանները, եւ այս անուանացանկերէն է որ ուղղագրական, երբեմն ալ լեզուական ճաշակ կը ստանան մեր դպրոցականներն ու անոնց ուսուցիչներն ալ: Պատահա՞ծ է, որ հայ ծնող մը կամ ուսուցիչ մը այս բառարանագիրներուն դիմէ ու հաշիւ պահանջէ, թէ ի՛նչ սկզբունքի հետեւած են անոնք` մերթ է-ով գրելով, մերթ ե-ով: Չէ՞ որ այս յատուկ անունները ունին արտասանական նոյն վերջաւորութիւնը եւ հաւասարապէս օտար են: Ուրեմն ինչո՞ւ երկու չափ ու երկու կշիռ:
***

Հիմա նայինք, թէ ճիշդ ի՛նչ կացութիւն կը տիրէր մեր մատենագրութեան արշալոյսին` 1600 տարի առաջ, երբ Մեսրոպ իր սրբազան աջով կ՛արձանագրէր առաջին հայերէն բառերը եւ... օտար յատուկ անունները:

Շօշափելի փաստերը ցոյց կու տան, որ բառավերջի փակ վանկի ե-ով կազմութիւնը բնաւ ալ խորթ չէր Մեսրոպին: Կը թուեմ օտար յատուկ անուններ, որոնց վերջավանկը Մեսրոպի ու Սահակի տնօրինութեամբ ու ձեռքով գրուած են ե-ով` Ասպետ, Արեգ, Արետ, Արտեմ, Եփրեմ, Եդեմ, Փառանձեմ, Բաբել, Բարսեղ, Մուշեղ, Կիւրեղ, Փասայել, Ադեր, Գամեր, Գադեր, Գոմեր, Աբեններ, Եբեր, Եսթեր, Դարեհ, Զարեհ, Ներսեհ, Յաբեթ, Յովքաբեթ, Յարեդ, Սերեդ, Նագեդ, Նափեկ, Դովեկ, Փաղեկ, Ղամեք ու տակաւին շատ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ օտար` յունական, ասորական, եբրայական ու պարսկական անուններ են եւ գրուած են մասնաւորաբար Մեսրոպի ու Սահակի, ինչպէս նաեւ անոնց ժամանակակիցներու թարգմանութեանց ու երկերուն մէջ: Ասոնք բոլորն ալ Մեսրոպի օրերուն խորթ ու օտար էին այնքան, որքան Ժան, Ժաքլին, Քրիստին, Ուրսուլա, Ճինա, Փաուլա, Միշլին եւ շատ ուրիշներ այսօ՛ր են մեզի համար: Եւ անոնք գրուած են բառավերջի Ե-ով: Ասոնց վրայ կ՛աւելցնեմ դեն, բեն, կեն մեն, են, սիրեն, երգեն, վազեն... եւ խենթ, կենտ, նենգ, տենդ եւ շատ ու շատ ուրիշներ, որոնց մէջ ն-էն առաջ ե դրուած է:

Հիմա հարց է, թէ անոնք որոնք ներկայիս թեթեւ ձեռքով, հանգիստ մտքով ու անխռով հոգիով կը գրեն ու կ՛ուսուցեն, թէ` «օտար յատուկ անուններու վերջավանկը Է-ով կը գրուի» եւ ըստ այնմ ալ կ՛արձանագրեն Մաքպէթ, Համլէթ, Ժանէթ, Վիոլէթ, Էլիզապէթ` էթ-ով, որո՞ւ կը հետեւին,- Մեսրոպի՞ն, որ գրած է Յաբեթ, Յովքաբեթ` եթ-ով, թէ՞ ինչ որ պատահական «հայագէտ»ի մը, կամ թիւրիմացութեան մը, կամ սխալ ըմբռնուած աւանդութեան մը: Կամ թէ որո՞ւ կը հետեւին Ալպէր, Ռոպէր էր-ով գրողները, մինչ Մեսրոպ գրած է Ադեր, Աբեններ, Գամեր, Եսթեր եր-ով: Բարսեղ (որ յունական է եւ կը նշանակէ թագաւոր) եւ Մուշեղ (որ չինական անուն է ըստ Խորենացիի) Կիւրեղ (որ Kyril անունն է) Մեսրոպի օրով հնչուած են Բարսել, Կիւրել եւ Մուշել*, աւելի ուշ` Բարսեղ, Կիւրեղ եւ Մուշեղ. արդ, հոն ուր Մեսրոպ ասոնք ել-ով գրած է, ինչո՞ւ կ՛ուզէք Միշէլ, Մարսէլ, Ատէլ գրել էլ-ով, չէ՞ որ Մեսրոպ օրին տուած է հարկ եղած ցուցմունքը եւ օրինակները, որոնց հիմամբ ալ պարտէինք գրել Միշել, Մարսել, Ատել: Ո՞վ է այս պարագային մեսրոպեան ուղղագրութենէն եւ սկզբունքներէն շեղողը:

Դիւրին է «օրէնքներ» սահմանել, երբ յանձն չենք առներ զանոնք հաստատելու ու հիմնաւորելու ձանձրոյթը: Նման օրէնքներ, դժբախտաբար, նախապաշարումէ անդին չեն անցնիր: Եւ դուք, տիկին, նման նախապաշարումի մը զոհն էք պարզապէս:
Ես չեմ ուզեր սուտ կոյր ձեւանալ եւ անտես առնել բառավերջի փակ վանկին մէջ Է ունեցող օտար` ընդհանրապէս յատուկ անուններու եւ հասարակ բառերու բաւական պատկառելի ցանկը, ինչպէս` Սամուէլ, Միքայէլ, Աքիլլէս, Թալէս եւ շատ ուրիշներ, որոնք իրօք նուիրականացած են մեր դասական ուղղագրութեամբ եւ որոնցմէ ոչ մէկ կէտ փոխուած կը գտնենք «Ազդակ»ի մէջ: Ասոնց ներկայութիւնը, սակայն, պատճառ մը չէ, որ մոռնանք եւ ուրանանք միւսները:
Հիմա կը մնայ մեզի քիչ մը աւելի առաջ երթալ ու բացատրել այս երեւութական երկուութեան պատճառները, ինչ որ պիտի փորձեմ ընել ստորեւ:
***

2.- Այս նախաձեռնութեան մէջ յաջողելու համար` քիչ մը աւելի խոր կեդրոնացում եւ մտային աւելի մեծ լարում կը խնդրեմ ընթերցողէն, քանի այստեղ պիտի սերտուին լեզուական այնպիսի երեւոյթներ, որոնք շատ մեծ շահեկանութիւն ներկայացնելով հանդերձ, լայնօրէն նորութիւն են արեւմտահայուն: Ուրեմն ահաւասիկ հարցումը` ինչո՞ւ Մեսրոպ մէյ մը գրած է Բարսել, Փասայել` ել-ով, մէյ մըն ալ գրած է, Սամուէլ, Ռաքէլ` էլ-ով, կամ իր հնարած տառերուն անունները բեն, կեն, մեն գրած է են-ով, իսկ երբ կարգը եկած է Կարէն, Սուրէն եւ նմաններուն, զանոնք գրած է էն-ով: Աւելի պարզ խօսիմ. ինչո՞ւ բառավերջի փակ վանկի այս երկուութիւնը` մերթ Ե, մերթ Է:

Երբ կը մէկտեղենք հայերէնի մէջ վերջավանկի Է ունեցող օտար յատուկ անունները, ապա կը նկատենք, որ ասոնք 99 տոկոսով յունական եւ եբրայական են. վերջինները հայերէն թափանցած են Աստուածաշունչի թարգմանութեան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ յունական բնագիրի մը վրայէն: Յաջորդ իրողութիւնը այն է, որ յունարէնի մէջ այս վերջավանկը կանոնաւորապէս գրուած է յունական Eta` Ηη տառով, որ երկար արտասանուող Ե մըն է** եւ կը գրաւէ յունական այբուբենի 7-րդ դիրքը, ճիշդ ինչպէս Է տառը կը գրաւէ այդ նոյն 7-րդ դիրքը մե՛ր այբուբենին մէջ: Իսկ ի՞նչ է մեր այս տառը:

Մեսրոպեան 36 տառերուն մէջ Է-ն միակն է, որ համարժէք է երկու հնչիւնի` ե+յ, այլ խօսքով` Է տառը առանձինն երկբարբառ մըն է***: Մեր լեզուն այնքան շատ «եյ» երկբարբառ ունէր, որ Մեսրոպ որոշեց, այդ ոչ-ակնահաճոյ կացութէնէն կամ կրկնութիւններէն խուսափելու համար, հնարել յատուկ տառ մը, որ համարժէք ըլլար եյ-ին: Առ այս հնարեց Է տառը, որ դրուեցաւ եյ-ին փոխարէն, այս պատճառով ալ հայերէնի որեւէ բառ եյ չի բովանդակեր, քանի բոլոր եյ-երը դարձած են Է: Այս տուեալներով` շատ դիւրաւ կրնաք պատկերացնել, որ, ուրեմն, սեր եւ սէր նոյն արտասանութիւնը չունէին դասական հայերէնի մէջ. առաջինը կ՛արտասանուէր ser, իսկ երկրորդը` seir կամ պարզապէս սեյր: Կը նկատէ՞ք գրաբարի ուղղագրութիւնը որքան պարզ էր:
Մեր լուսաւորիչներէն Մեսրոպն ու Սահակը ունէին յունական կրթութիւն, բայց մանաւանդ` յունարէնի երկիւղած յարգանքն ու պաշտամունքը: Այս զգացումէն մեկնած` անոնք մարդկայնօրէն ամէն կարելի կ՛ընէին հարազատ ու անփոփոխ տառադարձելու յունական բառերը: Իրենց այս ընթացքին մէջ Eta-ին դիմաց կը հանէին մեսրոպեան Է-ն, որ ճիշդ երկար Ե չէր, սակայն կը մօտենար անոր իր եյ արտասանութեամբ: Այս տուեալներով` հոն ուր յոյնը կ՛արտասանէր Թալե՜՜՜ս, հայը կ՛արտասանէր Թալեյս ու կը գրէր Թալէս: Տառադարձական այս խաղին մէջ մտան նաեւ եբրայական այն բոլոր բառերը, որոնք յունական Eta-ով գրուած են, օրինակ` Սամուե՜՜՜լ, որ հայերէն կ՛արտասանուէր Սամուեյլ եւ կը գրուէր Սամուէլ: Նոյնը իմանալ մնացեալներուն համար եւս: Ահա այսպէս է որ մեր լեզուին մէջ յառաջացաւ օտար յատուկ անուններու բառավերջի փակ վանկի Է-ն:

Ժամանակը, սակայն, փոխեց շատ բաներ:

Նախ յունական Eta-ն Միջին դարերուն դարձաւ ու եղաւ Ita (E>I). հոն ուր յոյնը իր մայրաքաղաքը անցեալին կը կոչէր Athe~~~na, հետագային սկսաւ կոչել Athina, ինչպէս կը կոչէ այսօր ալ, այսինքն` պատմական երկար Ե-ը դարձաւ կարճ ու սովորական Ի մը: Իսկ հայերէնի Եյ կամ Է երկբարբառը, իր կարգին փոխուելով, մենաբարբառացաւ ու հաւասարեցաւ կարճ ու սովորական Ե-ի. փաստը այն է, որ մենք այսօր հաւասարապէս ser կ՛արտասանենք թէ՛ սեր-ը, թէ՛ սէր-ը, այլ խօսքով` Է>Ե: Այս հաւասարութիւնը մեր դպրոցականներուն, բայց նաեւ ուսուցիչներուն, մտաւորականներուն, ըսէք` ողջ սփիւռքահայութեան ուղղագրական դժբախտութիւններէն եւ աւանդական կոչուած ուղղագրութեան ալ անհեթեթութիւններէն մէկն է: Միւս կողմէ` ան կը խախտէ Մեսրոպի գրաստեղծական հիմնական սկզբունքը, որ կը պահանջէր իւրաքանչիւր հնչիւնի դիմաց միայն ՄԷԿ տառ, մինչ այսպէսով ունեցանք ԵՐԿՈՒ տառեր, որոնք կը նշէին նո՛յն հնչիւնը: Եւ ճիշդ այս անհեթեթութիւնն էր, որ Աբեղեան 1913-ին փորձեց սրբագրել` հայերէնէն դուրս դնելով Է տառը****, որպէսզի վերնայ յիշեալ երկուութիւնը: Այս փորձը յաջողեցաւ ինը տարի ետք միայն եւ տեւեց 1922-1940, որմէ ետք Է-ն մասամբ վերականգնուեցաւ արեւելահայերէնի մէջ: Իսկ արեւմտահայերէնի կամ Սփիւռքի մէջ գոյատեւեց հին գրելաձեւը, այսինքն` Է-ն պահեց իր աւանդական բոլոր դիրքերը:
***

Այժմ փորձենք պատասխանել երկրորդ հարցումի մը, թէ` ի՛նչ վերաբերում պէտք է ցոյց տանք մենք այս աղաւաղեալ տառին հանդէպ, որ կորսնցուցած է իր բնիկ արտասանութիւնը ու վերածուած է իսկական ուրուականի մը կամ անշունչ մոմիայի մը: Ինչպէս ըսի եւ բոլորս ալ գիտենք, ան իր աւանդական բոլոր դիրքերը արդէն կը պահէ, եւ մենք այդ կացութիւնը,- հակառակ իր բոլոր անպատեհութիւններուն` մանաւանդ մանկավարժական,- քննութեան առարկայ չենք դարձներ, քանի անհատական հարց չէ ան: Սակայն կը մնայ նորագոյն փոխառութեանց պարագան, որ, առ ի չգոյէ կեդրոնական մարմինի մը կամ ակադեմիայի մը, էապէս ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ բնոյթ կը կրէ. ան հարցն է իւրաքանչի՛ւր սփիւռքահայու, որ պարտի խոհեմաբար եւ աւանդական սկզբունքներու յարգումով ալ լուծել ներկայացող պարագաները:

Արդ, քանի որ օտար յատուկ անուններէն միայն յունական Eta-ին կը համապատասխանէ մեր Է-ն, միւս կողմէ` թէ՛ այդ յունական տառը, թէ՛ մերը հաւասարապէս հնչիւնափոխուած են, եւ քանի որ եւրոպական բոլոր լեզուները ունին միայն կարճ ու սովորական E տառը, որ համարժէք է յունական Epsilon-ին, ուրեմն նաեւ մեր Ե-ին, հետեւաբար բոլոր արդի փոխառութեանց մէջ, իբրեւ բառամէջի E, միայն ու միայն հայկական Ե տառն է որ կրնայ մտնել: Michel, Jeanette, Joseph, Elisabeth, Galles, Hamlet, Homer, Becket, Aden, Yemen եւ այլն, եւ այլն` բոլորն ալ գրուած են e-ով, որ համարժէք է յունական Epsilon-ին, որ իր կարգին համարժէք է մեսրոպեան Ե-ին, եւ Ե-ով ալ պարտինք տառադարձել ասոնք: Կրնայ պատահիլ, որ օտար լեզու մը այդ կարճ E-ն արտաբերելու համար գործածէ այլ տառեր, ինչպէս ֆրանսերէն saint, sein, sain, ceing բառերն են, սակայն միայն Ե-ով պարտինք գրել այս բոլորը, այսինքն` սեն, քանի որ վերջին հաշուով բառը հնչիւն է տառ ըլլալէ առաջ: Այլ խօսքով Է-ն այլեւս նոր կիրարկութիւններ չի կրնար ունենալ, եւ ոչ ոք յանցաւոր է ասոր համար, քանի այսպէս տնօրինած է մեր լեզուի պատմական հնչիւնափոխութիւնը, այլ կը մնայ իր աւանդական սահմաններուն մէջ, ճիշդ ինչպէս մոմիան չի կրնար շրջիլ ու տեղ գրաւել այս արեւուն տակ եւ կը մնայ թանգարանին մէջ:
Ահա ա՛յս է Մեսրոպը յարգելու եւ անոր ուղղագրական սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու ճիշդ ու տրամաբանական ուղին*****:

-------------------------------
* Ասոնցմէ առաջինը մինչեւ հիմա ալ լ-ով կը գրուի յունարէնի մէջ, իսկ Ստ. Զօրեան «Պապ թագաւոր» վէպին մէջ բազմիցս Մուշել գրած է ծանօթ սպարապետին անունը` յատկաբանութեան սիրոյն, այսինքն` յարգելու համար այն օրերու ընթացիկ արտասանութիւնը:
** Յունարէնը ունի կարճ արտասանուող կամ սովորական Ե մըն ալ, որ Epsilon-ն է` Εε, որ կը գրաւէ այբուբենի 4-րդ դիրքը եւ համարժէք է մեսրոպեան Ե-ին, որ նմանապէս կը գրաւէ մեր այբուբենի 4-րդ դիրքը:
*** Երկհնչիւնութիւնը Մեսրոպին համար արտասովոր երեւոյթ չէր. ան իր կրթութեան բերումով գիտէր, որ յունարէնն ալ ունէր երկհնչիւններ, ինչպէս Ξξ տառը, որ Քս է եւ համարժէք է ֆրանսերէնի ու անգլերէնի x-ին, նաեւ Ψѱ, որ Փս է:
**** Աբեղեան առաջինը չէր, որ նման բան կը փորձէր. գործելէ մասամբ կամ ամբողջովին դադրած տառեր ունին այլ այբուբեններ եւս, ինչպէս` յունարէնը, դասական եթովպերէնը, ղպտերէնը, վրացերէնը, ռուսերէնը, ֆրանսերէնը, իտալերէնը եւ այլն:
***** Խորքին մէջ կարելի է աշխարհաբարի մէջ Ե-ով գրել նաեւ վաղ անցեալէն Է-ով աւանդուած անունները` Է-ն վերապահելով միայն գրաբարին, եւ իսկական միօրինակութիւն հաստատել մեր արդի ուղղագրութեան մէջ, որմէ պիտի շահին մասնաւորաբար հայ դպրոցը եւ հայապահպանութեան ճիգը: Սակայն նման լայնածիր բարեշրջումի համար ուրիշ միջոցներ ու տրամադրութիւններ անհրաժեշտ են:

Jan 20, 2010

խմբագրական - ՉՈՐՐՈՐԴ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ

Միջազգային, թրքական եւ հայկական լրատուադաշտերը գերհեղեղուած են թրքական նորագոյն արշաւով, որ կ՛առաջադրէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն ներկայ կարգավիճակը փակուղային ներկայացնել եւ որուն պատասխանատուն կը գտնէ հայկական կողմը։ տեղ-տեղ աւելի մասնակիցանելով հարցը Սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան պահանջներուն ազդեցութեան ներքոյ պաշտօնական Երեւանին վրայ ինկող պատասխանատուութիւնը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնն ու վարչապետ Էրտողանի բարձրաձայնումները կը խօսին արձանագրութիւններուն վտանգուած ըլլալուն մասին եւ կ՛ընդգծեն, որ Սահմանադրական դատարանի եզրանագումը կը բովանդակէ արձանագրութիւններուն ոգիին եւ տառին հակասող հիմնադրոյթներ։

Աւելի՛ն. Թուրքիան կը փորձէ խաղի նոր կանոններ ձեւակերպել եւ կտրուկ դուրս գալ իր ներկայ կարգավիճակէն հայկական կողմը ամբաստանելով նախապայմանային մօտեցումներով։ Անգարան կը յայտարարէ, որ Երեւանը, Սահմանադրական դատարանի վճիռովՀայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն համար նախապայմաններ կը դնէ։

Դիւանագիտական տարբերակի պատերազմի մասին կը խօսինք արդէն։ Նախապայմանային քաղաքականութիւն կիրարկող Թուրքիան ի՛նք կ՛ամբաստանէ հայկական կողմը նախապայմաններ արծարծելու յանցանքով։ Վարքագիծը պարզ է։ Ձգձգել գործընթացը, առկախել վաւերացումը, արգելակել յարաբերութիւնները, միաժամանակ իր կողմէ իրականացուող քայլերուն պատասխանատուութիւնը բարդելով դիմացի կողմին ուսերուն։ Ձգձգել մինչեւ….։Մինչեւ ղարաբաղեան բանակցութիւններու մէջ ակնկալուած բեկումնային պահի ստեղծում։ Մինչեւ իրականացում թրքական առաջին նախապայմանին։ Պարզ է, որ այս ձգձգումի քաղաքականութիւնը աւելի կապուած է արցախեան թղթածրարին, քան Միացեալ նահանգներու նախագահի ապրիլեան ելոյթին։

Սէուտական Արաբիա գտնուող Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ եթէ հայկական կողմը չփոխէ Սահմանադրական դատարանի որոշումը, ապա Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը սառեցուին։ Քաղաքական սպառնալիքի այս ձեւը, որուն կը դիմէ Թուրքիոյ վարչապետը նորութիւն չէ. թրքական վարքագիծի համար օրինաչափ երեւոյթ է։ Հարցը այս պարագային ոճէն առաջ այլ տեղ կը կայանայ։

Թուրքիոյ վարչապետը վստահաբար իրազեկ է Սահմանադրական դատարանի որոշումին եւ համապատասխան հիմնաւորումներուն եւ անոր կապուած բոլոր մանրամասնութիւններուն։ Այնտեղ յստակ կերպով ամրագրուած է, որ որոշումը վերջնական է, փոփոխելի չէ, բողոքարկելի չէ։ Ի հարկէ այս բացատրութիւնը ներպետական կարգով է։ Այնուամենայնիւ կը յստակացնէ, որ վճիռը անհպելի է։

Հիմա ուրեմն, ի՞նչ կը հետապնդէ վարչապետ Էրտողան։ Հայաստանի ներպետական կարգերու փոփոխութի՞ւն։ Սահմանադրական դատարանի լիազօրութիւններու սահմանափակո՞ւմ։ Անշուշտ հետապնդուածը մէկ յստակ ուղղութեան կը հետեւի։ Պաշտօնական Անգարայի հետեւողական նախապայմանային յայտարարութիւնները ինքնակաշկանդած են թրքական կողմը այս հարթութեան վրայ որեւէ տեղաշարժ արձանագրելու, մինչեւ բաւարարութիւն չստացուի ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ։ Աշխարհաքաղաքական կեդրոնները մէկը միւսին ետեւէն յայտարարեցին, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններն ու Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւնները փոխշաղկապուած գործընթացներ չեն։ Քաղաքական ներկայ պահի դրութեամբ չուրուագծուիր նաեւ ղարաբաղեան թղթծարարին մէջ բեկումնային պահը։

Պէտք է արգելակել ուրեմն գործընթացը, մտցնել զայն փակուղի եւ այս բոլորին համար ամբաստանել հայկական կողմը պահանջելով ամէն բանէ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի որոշումին բեկանումը։ Հայկական զօրքերու Ղարաբաղէն դուրս բերման, Ցեղասպանութեան ճանաչումէ հրաժարումի եւ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան յատուկ կարգով ճանաչումի նախապայմաններուն վրայ ահաւասիկ կ՛աւելնայ չորրորդ մը՝ Սահմանադրական դատարանի որոշումի բեկանումը։ Մենք արդէն կը խօսինք թրքական չորրորդ նախապայմանին մասին։

Jan 14, 2010

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՄԻՋԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ


Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը երէկ յայտարարեց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը: Դատարանի եզրակացութիւնը սակայն, ներառած է յստակ վերապահումներ, երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին արձանագրութիւններու հիման վրայ պայմանագիրներու կնքումի եւ այդ շրջագիծին մէջ քաղաքականութեան կիրարկման սահմանադրական սահմանափակումներ, որոնք կ՛ընդգծեն այս արձանագրութիւններուն մէջ թրքական մեկնաբանութեան վտանգները:

Նախ` այդ վերապահութիւններուն ամէնէն հիմնական բաժինները.

Ա.- Նշուած արձանագրութիւններով ստանձնուող փոխադարձ պարտաւորութիւնները` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներին համապատասխան, ունեն բացառապէս երկկողմանի միջպետական բնոյթ եւ չեն կարող վերաբերել ու տարաբնոյթ յղումներով վերագրուել որեւէ երրորդ կողմի:

Բ.- Յիշեալ արձանագրութիւններով ստանձնուող երկու յստակ պարտաւորութիւնները` «...հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ» եւ «...բացել ընդհանուր սահմանը», ունեն փոխպայմանաւորուած ելակէտային նշանակութիւն: Հետեւաբար, այդ արձանագրութիւններում ամրագրուած միւս բոլոր պարտաւորութիւնները միջազգային իրաւական ուժ կարող են ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիայի Հանրապետութեան միջեւ փաստացի սահմանի բաց լինելու եւ որոշակի դիւանագիտական յարաբերութիւնների առկայութեան դէպքում:

Գ.- Միջպետական յարաբերութիւններում չեն կարող մեկնաբանուել ու կիրառուել այնպէս, որը կը հակասի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախաբանի դրոյթներին եւ Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրի 11-րդ կէտի պահանջներին:

Առաջին կէտը յստակօրէն կը հաստատէ, որ ղարաբաղեան թղթածրարը կամ աւելի ճիշդը այս պարագային հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները որեւէ ձեւով չեն կրնար առնչուիլ այս արձանագրութիւններուն: Անոնք ունին բացառապէս երկկողմանի միջպետական բնոյթ: Երրորդ կողմի ակնարկութիւնը ուղղակի Ազրպէյճանին կը վերաբերի պարզագոյն տրամաբանութեամբ:

Երկրորդ կէտով ըսուածը այն է, որ այս արձանագրութիւններուն գործնական երկու բաժինները դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումն ու Հայաստանի ապաշրջափակումն են: Առանց այս երկուքի իրականացման, արձանագրութիւններով նշուած մնացեալ պարտաւորութիւնները պարզապէս գործադրելի չեն կրնար ըլլալ: Այս կը վերահաստատէ արդէն առանց նախապայմաններու միջպետական յարաբերութիւններու ձեռնարկման հայկական կողմի մօտեցումը:

Իսկ երրորդի պարագային, եթէ նախաբանի հիմնադրոյթները կրնան տարաբնոյթ մեկնաբանութեան տեղի տալ, ապա Անկախութեան հռչակագիրի 11-րդ կէտը, հետեւեալն է.-«Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:

Տակաւին շատ նիւթ պիտի հրապարակուի Սահմանադրական դատարանի որոշումը մեկնաբանող: Այս կէտերուն նշումը այս հանգրուանին բաւարար են հաստատելու, որ արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան համապատասխանութիւնը որոշելով հանդերձ, Սահմանադրական դատարանը իրաւական եզրաբանութիւններով կ՛արգելակէ թրքական նախապայմաններուն ընդառաջ հայկական կողմին որեւէ քայլ առնելը:

Արձանագրութիւններուն դէմ ծաւալած քաղաքական ընդդիմութեան բարձրաձայնած մտահոգութիւնները, որոնք կը վերաբերէին թրքական նախապայմաններուն` որոշ չափով տեղաւորուած են Սահմանադրական դատարանին հրապարակած վճիռին մէջ: Սահմանադրական դատարանը հանդէս եկած է Հայաստանի նախագահին ուղերձն ու արտաքին գործոց նախարարին ստորագրած փաստաթուղթերը համադրելով: Ձեւով մը ստորագրուածին եւ վերապահութիւններուն միջին բանաձեւումը կատարելով:

Ըստ պաշտօնական ընթացակարգին, արձանագրութիւններուն թղթածրարը, սահմանադրական համապատասխան վճիռով կը յղուի խորհրդարան: Քաղաքական պայքարը` արձանագրութիւններու վաւերացման դէմ, կը տեղափոխուի Ազգային ժողով:

Կ՛ուղղուինք դէպի հայկական եւ թրքական կողմերուն միջեւ սկսող վաւերացման պարանաձգութեան հանգրուան:

Dec 22, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԻՆՔՆԱՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԿԱՐԳՈՎ

Տարեվերջին կատարուած տեղեկագրումները ընդհանրապէս կը խօսին իրականացումներուն, յաջողութիւններուն եւ առնուած քայլերուն մասին։ Տարեվերջը սակայն միայն տօնական մթնոլորտի մէջ յաջողութիւնները գովերգելու ինքնադրսեւորումի առիթ չէ։ Ներհայեցողական մօտեցում պէտք է ճիշդ ու առարկայական գնահատականով բացթողումները եւս լոյսին բերելու, առանց բարդոյթի յայտարարելու, թէ ո՛ւր տուեալ հաստատութիւնը ձախողութիւն արձանագրեց։ Բացթողումներն ու ձախողութիւնները հրապարակային ինքնաքննարկման կարգով արծարծելը պէտք չէ վախցնէ հաստատութիւններու կամ ընդհանրապէս հասարակական կեանքի պատասխանատուները։

Ա՛յս է ճիշդ ուղին յառաջիկայ ծրագրումները եւ մանաւանդ անոնց իրականացումները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու։ Մեր հաւաքական շահերէն կը մեկնի ինքնաքննարկումը, ինքնաքննադատութիւնը եւ եղելոյթներուն առարկայական գնահատական տալը։«Ազդակ»ի բացառիկը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր աւանդութիւն ձեւաւորած է իր տարեկան գործունէութեան համադրումը տալու։ Այս մէկը հայ մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրողին համար կրնայ իբրեւ աղբիւր ծառայել։ Մենք պէտք է հետզհետէ յաջողինք նաեւ իրագործումներուն առընթեր մեր ներքին դժուարութիւններուն մասին հրապարակել մեր մտածումները։ Այլապէս ինքնաքարոզչութեան տպաւորութիւնը կրնայ ձգել միայն կատարուածին մասին ներբողելը։

Իրատեսական ըլլալու համար արձանագրենք, որ ինչպէս իրականացումներու պարագային, այնպէս ալ բացթողումներու, կարելի չէ ամբողջական համապատկեր ներկայացնելը։ Թուենք ամէնէն հիմնականները՝ իբրեւ նախանիշ յառաջիկայ տարուան ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու գործնականացման։

Մեր թերթի իրաւամբ ամէնէն քննադատուած կողմը լեզուականն է։ Անշուշտ երեւոյթը միայն «Ազդակ»ին չի վերաբերիր։ Այս հաստատումը չի նշանակեր հիմնական թերութեան արդարացում։ Սփիւռքահայ մամուլը շեշտակիօրէն կը դիմագրաւէ այս հարցը։ Արեւմտահայերէնի գոյութեան խնդիրն է, որ սուր կերպով կը դրուի այսօր։ Այստեղ տեղը չէ լայնածաւալ պեղումներու այս հարցին մասին։ Բաւարարուինք ըսելով, որ թերթի պարտականութիւնն է լեզուական անաղարտութեան գերադասումը. տարբեր պատճառներով, որոնք միայն «Ազդակ»ի անձնակազմին հետ կապուած չեն անշուշտ, մենք հեռու ենք ակնկալուած այդ բարձրութենէն։ Յատուկ քաղաքականութեան կիրարկում պէտք է այս հիմնական թերութիւնը եթէ ոչ վերացնելու, այլ որոշ քայլեր առնելու ինքնասրբագրման ուղղութեամբ։

Հակառակ որոշ ճիգերու, նախաձեռնութիւններու եւ աշխատանքներու, «Ազդակ» չէ յաջողած իր յարկին տակ համախմբել երիտասարդ խաւը։ Պատասխանատուութենէ խուսափելու չի միտիր այն նշումը, որուն համաձայն, երիտասարդական համաշխարհային տագնապէն զերծ չի մնար նաեւ «Ազդակ»։ Մանկապատանեկան նկատառելի խաւի համախմբումը «Պզտիկ-Մզտիկ»ի ճամբով իր տարբերակը պէտք է յաջողի ձեւաւորել նաեւ երիտասարդութեան հարթութեան վրայ։ Մեր նախաձեռնութիւնները այս ուղղութեամբ չեն ցուցաբերած անհրաժեշտ աշխուժութիւնը։ Պէտք է նշել, որ ելեկտրոնային տարբերակը յատկապէս «ֆէյսպուք»ի բաժինով արագօրէն ձեւաւորած է «Ազդակ»ի յատուկ ցանց, որուն անդամակցողները բացառապէս երիտասարդներ են։ Այս տարուան ընթացքին «Ազդակ» յատուկ կեդրոնացումով փորձեց կիրարկել հրապարակային քննարկումներ զարգացնելու թերթի քաղաքականութիւնը։

Ելեկտրոնային պլոկի բաժինին մէջ երեւցան «Ազդակ»ի հասցէին ուղղուած ամէնէն խիստ քննադատութիւնները։ Անոնցմէ ոմանք ալ իրենց արտայայտութիւնները գտան թերթի սիւնակներուն մէջ։ Յաճախ չյարգուեցաւ կառուցողականութիւնը յարգելու մեր առաջնային սկզբունքը։ Վիրաւորանքներ, անձնական վերագրումներ ինչպէս համացանցային այլ պլոկներու վրայ, մեր պլոկին վրայ եւս իրենց դրսեւորումները ունեցան։ Կառուցողականութեան սկզբունքի խախտումը, վիրաւորական վերագրումները, հարցի էութենէն յաճախակի շեղումները համոզեցին մեզի, որ մեր հասարակութեան մօտ կը պակսի հրապարակային առողջ քննարկում կազմակերպելու եւ անոնց մասնակցելու մշակոյթը։ Մեր կազմակերպած մամլոյ լսարանները բաւարար չէին, որ այդ մշակոյթը կայանայ։ Մեր կարգին՝ պլոկի քննարկումներուն տեղին միջամտութիւններու բացակայութիւնը, յղուած հարցումներուն պատասխաններու ուշացումը չօգնեցին աշխատանքի ճիշդ հունաւորման։ Այս բոլորին ընթացքին «Ազդակ»ի կողմէ եւս երբեմն վրիպեցաւ լրագրողական էթիքի յարգումի սկզբունքը։ Նշուած եւ չնշուած աշխատանքներու ամբողջութիւնը հեւքոտ կշռոյթ կ'ենթադրէ։ Հեւքը, աճապարանքը, մարդուժի անբաւարարութիւնը տեղի կու տան սխալներու, վրիպակներու, որոնք անպայման լեզուական չեն, այլ հետեւանք՝ գրաշարական եւ վերստուգման սրբագրութիւններու անուշադրութեան։ Նման վրէպներու ականատես եղան մեր ընթերցողները, որոնց հասկացողութեան համար մէկէ աւելի անգամներ դիմեց խմբագրութիւնը։

Համաչափ չմնացին թերթին ելեկտրոնային եւ տպագիր տարբերակներուն հասանելիութեան տարողութիւնները։ Յառաջիկայ տարուան ընթացքին թերթի տպագիր տարբերակի ցրուումի աշխատանքները պէտք ունին յաւելեալ թափի, կազմակերպական աշխատանքի։ Այլապէս ըսած ենք արդէն, որ մեր տպագրութեան կազմածները հիմնովին վերանորոգուելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան առջեւ են։

Այս հարցերուն մասին տարուան ընթացքին մեզի դիմեցին շատեր։ Ոմանք «Ազդակ»ը աւելի փայլուն իրավիճակի մէջ տեսնելու նախաձեռնութեամբ, իրենք զիրենք «Ազդակ»ի ընտանիքի մաս կազմած ըլլալու գիտակցութեամբ։ Սխալը նկատող սակայն մեզի չդիմողներէն ոմանք ալ չարախնդութեամբ, հեգնական զգացումներով եւ փոխանակ ուղղակի խմբագրութեան դիմելու՝ ծաղրը շրջանառութեան մէջ դրին ոչ անպայման սրբագրելու մտադրութեամբ։

Մենք ամենայն լայնախոհութեամբ ընկալեցինք սխալը մատնացոյց ընող երկու տեսակ մօտեցումները։ Անոնցմէ առինք դրականը, երբեմն ընդունելով սխալը, երբեմն կիրարկուածին մասին համապատասխան բացատրութիւնը տալով, միշտ ու միշտ գերադասելով կառուցողականութիւնը, սրբագրութիւնը։

Պիտի ուզէինք ջերմօրէն, որ ամէնէն խիստ քննադատութիւնները անգամ գերադասէին կառուցողականութիւնը եւ առաջադրէին «Ազդակ»ի վերելքը։ Եւ եթէ ա՛յդ է քննադատութեան ոգին, այդ բոլոր քննադատութիւնները ոչ միայն տեղ կը գտնեն «Ազդակ»ի էջերուն մէջ, այլ նկատի կþառնուին նաեւ տնօրէնութեան եւ խմբագրակազմին կողմէ։ Առանց բարդոյթի։Համոզուած ենք, որ բացթողումները ընդգծելը պարզապէս կþառաջադրէ թերթին զարգացումը։ Մեր ընթերցողներն ու աշխատակիցները առողջ մօտեցումի հիման վրայ նման ընդգծումներ կատարելով նպաստած կþըլլան «Ազդակ»ի զարգացումին։