May 23, 2009

ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ


22 ապրիլէն ասդին թերեւս օր չ'անցնիր, որ հայկական լրատուադաշտի ոեւէ ներկայացուցիչ չներկայացնէ կամ չարծարծէ պաշտօնական Երեւանի եւ Անգարայի միացեալ ստորագրութիւնները կրող հռչակագիրին կամ յայտարարագիրին վերաբերող լրատուութիւն, մեկնաբանութիւն, վերլուծում։ Միեւնոյն տարողութեամբ եւ թերեւս աւելի՝ երեւոյթը կը վերաբերի նաեւ թրքական եւ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցներուն։ Թէեւ վերջին երկուքի պարագային դաշտերը յագեցած են մէկ կողմէ ներքին սպառման շարժառիթներէ թելադրուած նիւթերով, միւս կողմէ հանրային կարծիքի ապակողմնորոշման միտող տարբեր տեսակի թողարկումներով։ Հայկականի պարագային, ի տարբերութիւն միւս երկուքին, պաշտօնական լրահոսը, տեղեկատուութիւնը ժլատ է, լուռ է շատ յաճախ, այնքան, որ համր դիւանագիտութեան այսօրուան երեւոյթին նկատմամբ տեղի կը տրուի զանազան մեկնաբանութիւններու։

Լռութիւնը միշտ չէ, որ օգտակար է։ Յատկապէս նման զգայուն թեմաներու պարագային, երբ հակառակորդ ճամբարը աշխուժօրէն կը ձեռնարկէ տեղեկատուութեան իւրօրինակ տարբերակներու ցուցահանդէսի, երբ յստակ է, որ պետական մակարդակներու վրայ կազմակերպուած եւ իրականացուած քարոզչաքաղաքական քաղաքականութիւնը ինքզինք կը դրսեւորէ ամէն առիթի։

Հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը հիմնովին կարեւոր է առհասարակ եւ յատկապէս նման պարագաներու։ Տեղեկացուած հասարակութիւնն է միայն, որ առարկայական քննարկում կրնայ կատարել։ Թէկուզ բազմահայեացքային մօտեցումներ կրնան իրար խաչուիլ, բախիլ իրարու, այսուհանդերձ ճշգրիտ տուեալները, հրապարակայնութիւնը հիմնարար դերակատարութիւն կ'ունենան առողջ քննարկումներու համար եւ իբրեւ այդպիսին կը կանխեն նաեւ կասկածանքի մթնոլորտի բարձրացումը։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կը յայտարարէր, որ տեսանելի ապագային կը բացայայտէ ճանապարհային քարտէսին ներառուած համաձայնական կէտերը՝ աւելցնելով, որ ինքնավստահ է, որ այս գործընթացին նկատմամբ հայկական կողմի ճշդած կեցուածքները կ'արժանանան ժողովրդային համաձայնութեան։

Ենթադրութիւններ, համաձայնեցուած կէտերու մասին մամուլի հրապարակումներ, մեկնաբանական գրութիւններ առատօրէն լրատուական շրջանառութեան մէջ դրուած են այս օրերուն։ Հետեւելով այդ բոլորին, ներառեալ անշուշտ թրքական աղբիւրներու հրամցուցածներուն, կարելի է թերեւս որոշ ուրուագծում կատարել ճանապարհային քարտէսի բովանդակութեան մասին։ Այսպէս.

ա.- Սահմաններու փոխադարձ ճանաչում։
բ.- Թուրքիոյ կողմէ սահմանային անցակէտերու բացում։
գ.- Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում։
դ.- Միջկառավարական յանձնախումբերու ստեղծում։
ե.- Խորհրդարաններու կողմէ երկկողմանի վաւերացում՝ համաձայնեցուած կէտերու։

Միանգամայն ճշդենք, որ ճանապարհային քարտէսի ճշգրիտ բովանդակութեան մասին չէ խօսքը։ Ճշգրիտ բովանդակութիւնը կ'իմանանք այն ատեն, երբ պաշտօնապէս կը բացայայտուին համաձայնական կէտերը։ Մամուլի հրապարակումներուն հետեւելով ենթադրեալ կէտերը լուսարձակի տակ առնելն է եւ անոնց նկատմամբ կարգ մը դիտարկումներ կատարելը այս յօդուածին նպատակը։

Միջազգային ընտանիքի անդամակցութեամբ երկուստեք սահմաններու անուղղակի ճանաչումը առաջին կէտով կը վերածուի յատուկ պայմանագիրով Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի։ Իրաւագիտական վերլուծումներու վրայ հիմնուած եզրայանգում կ'ուզէ այս աքթը Թուրքիայէն հողային պահանջատիրութենէ հրաժարումի համազօր քայլ համարելը։

Միջկառավարական ձեւաչափով միացեալ քննարկումներու առաջադրանքը նախորդ նախագահի պատասխանն էր պատմագէտներէ բաղկացած միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու Թուրքիոյ վարչապետի առաջարկին։ Այժմ կայ հաւանաբար իրաւացի մտահոգութիւն, որ միջկառավարական յանձնախումբերու իբրեւ ենթաաշխտանքային բաժին կը ներառուի նաեւ պատմագէտներու հարցը, ինչ որ բնականաբար կը հարուածէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը։

Նշուած կէտերու յաջորդականութեան շարքը կրնայ տարբեր ըլլալ, ինչպէս որ կրնան տարբեր ըլլալ նաեւ կէտերը, ըստ էութեան։ Հիմնական մէկ կարեւոր կէտ պէտք չէ շրջանցել սակայն։ Կէտ, որ չէ ներառուած հրապարակուած բոլոր տարբերակներուն եւ մեկնաբանական գրութիւններուն մէջ։ Ազրպէյճանական գործօնին շրջանցումն է կամ ղարաբաղեան տարածքներէն հայկական զօրքերու հեռացման թրքական նախապայմանի շրջանցումը։ Իսկ այս մէկը՝ հակառակ Թուրքիոյ վարչապետին իր երկրին թէ Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ կատարած յայտարարութիւններուն։

Կը թուի, որ բուն հարցը յայտնաբար թրքական մարտավարական խաղերու կարեւոր հանգրուանի մը նուաճումն է։ Նախ ի հարկէ ընտրուած ժամանակահատուածը՝ 24 ապրիլի նախօրեակին, ոչ այնքան հայ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական կամ զգացմունքային ներաշխարհը հարուածելու, որքան աշխարհակարգի մէկ հզօր ուժի ներկայացուցիչին Ցեղասպանութիւն եզրը չօգտագործելու հիմնաւորեալ պատրուակ տրամադրելու առումով։ Եւ անշուշտ իմիթացիոն բանակցային գործընթացի ցուցական պատկեր ստեղծելու եւ իրողութիւնները մշուշապատելու առումներով։ Ահա թէ ինչո՛ւ տուեալ պահուն կէտ կորսնցուցած կարգավիճակի մէջ յայտնուեցաւ հայկական կողմը։

Այլապէս։ Պարզ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական վարքագիծի առաջնային օրակարգի կէտերէն մէկը եւ գէթ տեսանելի ապագային Հայաստան յատուկ համաձայնագիրով պիտի չճանչնայ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը։ Նախադրեալները կը համոզեն, որ հայկական զօրքերն ալ պիտի շարունակեն վերահսկել Ղարաբաղեան տարածքները։

Նման զգայուն թեմաներու հրապարակայնացումը պարտաւորիչ է։ Հարցերը որքան պետական են, նոյնքան նաեւ հասարակական եւ այս պարագային համահայկական շեշտադրումով հասարակական։ Տեղեկացուածութիւնը հիմնովին կ'օժանդակէ հարցերու առարկայական քննարկումին։ Գնահատական տալու, որ ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ տեղ գտած հայ-թուրք յարաբերութիւններու սահմանուած բաժինի բովանդակութեան որքանո՞վ կը համապատասխանէ հայկական կողմին ստորագրութիւնը նման փաստաթուղթի մը տակ։

Տեսանելի ապագան անորոշ յղացք է յստակ ժամկէտ ճշդելու առումով։ Այսօր ուղիղ մէկ ամիս կ'ընէ ստորագրութեան թուականէն ասդին։ Մանաւանդ եթէ փաստաթուղթին ժողովրդային համաձայնութիւն վայելելուն ինքնավստահութիւնը կայ, բացայայտումը պէտք չէ ուշանայ։

Շ. Գ.

7 comments:

  1. AnonymousMay 23, 2009

    hamatsayn em shahan kandaharianin.esbasenk yev yedke kennargenk
    Ashod

    ReplyDelete
  2. AnonymousMay 23, 2009

    Աշոտ ճան
    յօդուածը ուրիշ բաներ ալ կ՛ըսէ։ Կ՛ըսէ որ այս պահին հայկական կողմը կէտ կորսնցուցած է. յայտարարութիւնը այս ժամանակին պէտք չէ ըլլար։Ատոնց ալ համաձա՞յն ես։
    Յովհաննէս

    ReplyDelete
  3. AnonymousMay 23, 2009

    Քանի մը հարցում` յօդուածագիր Շահան Գանտահարեանին։
    Առաջին. ՀՅԴն ինչու՞ հրաժարեցաւ ՀՀ մաս կազմողի իր վիճակէն, քննադատելով անյայտ յայտարարութիւնը։
    Երկրորդ. ուրկէ՞ կու գայ այն վստահութիւնը, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային հարցերէն մէկը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է։ Արդեօ՞ք այդ մասին ալ գաղտնի փսփսուք շրջանառութեան մէջ է։
    Երրորդ. ի՞նչ կը նշանակէ հասարակութիւն եւ հասարակութեան կարծիք` հայկական մակարդակի վրայ, Սփիւռք եւ Հայաստան։

    ReplyDelete
  4. AnonymousMay 23, 2009

    Անունս` Կ. Նուրիբէկեան

    ReplyDelete
  5. AnonymousMay 25, 2009

    Յարգելի Կ. Նուրիբեկեան
    ՀՅԴ դուրս եկաւ համաձայնական կառավարութենէն կամ ինչպէս յայտարարուեցաւ գործադիր եւ հայեցողական պաշտօններէն հրաժարեցաւ որովհետեւ համաձայն չէր հայ-թուրք միացեալ հռչակագիրին։ Բոլոր հիմնաւորումները նշուած են հրատարակուած համապատասխան յայտարարութեան մէջ։ Կ՛ենթադրեմ որ տեղի տրուած է ակամայ սխալի մը «ՀՀի մաս կազմող իրավիճակ»էն հրաժարելու հարց չկայ։
    Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական վարքագիծի կարեւորագոյն օրակարգի կէտերէն մէկը։ Հաստատումը կը մեկնի պաշտօնական Երեւանի համապատասխան յայտարարութիւններու բովանդակութիւններէն։ Այս պարագային, յատկապէս ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հնչած յայտարարութիւններէն։
    Հանրային կամ հասարակական կարծիքը ոչ-պետական, ժողովրդային եւ ժողովուրի տարբեր հատուածներ ներկայացնող հասարակական կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու կարծիքն է։
    Յարգանքներով՝
    Շ.Գ.

    ReplyDelete
  6. AnonymousMay 25, 2009

    Յարգելի ընկ. Գանտահարեան,
    նախ շնորհակալութիւն Ձեր պատասխաններուն համար։
    Աւելի ճիշդ է առաջուց խօսիլ կամ գրել կուսակցութեանց կարծիքի մասին, սխալ հասկացողութեանց տեղ չտալու համար, քան այսպէս կոչուած հանրային կարծիքի մասին, որ քիչ մը չէզոք կը հնչէ, ինչ կը վերաբերի սփիւռքեան պայմաններուն։ Հայաստանը ծանօթ չէ ինծի։
    Գալով կատարուած յայտարարութիւններուն, անոնք հակասութիւններ կը բովանդակեն, անկախ դիւանագիտական արտայայտութեանց հասկնալի երկդիմութիւններէն։ Էդ. Նալբանդեան մը կերեւակայէ իր թուրք պաշտօնակցին հետ Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալ, երբ Ցեղասպանութիւն բառը "չի կրնար" բերանը առնել անոր ներկայութեան։ Քաղաքական արտայայտութիւնները իբր թէ շեշտեցին Ցեղասպանութեան եւ ոչ անոր ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։ Ըսել ուզածս` ես լաւատես չեմ։ Եթէ դիւանագիտական ու տնտեսական յարաբերութիւնները մէյ մը ծայր առնեն առանց Ցեղասպանութեան հարցին արծարծման, որու՞ "պէտք պիտի ըլլայ" Ցեղասպանութեան ճանաչումը ասկէ քսան տարի ետք։ Առանց ատոր ալ պիտի ապրին մարդիկ։
    Աւելի արդարացի է ՀՅԴի կեցուածքը, որ կը քաշուի ըսելով, այստեղ սխալ բան մը կայ։
    Կ. Ն.

    ReplyDelete
  7. Հայաստանը կրնայ կէտ կորսնցուցած ըլլալ Թուրքիային դէմ, քանի որ Օպաման «ցեղասպանութիւն» բառը չգործածեց, բայց կետ շահած է Ազրպէյճանին դէմ, քանի որ Թուրքիան -որքան ալ խորհրդանշական ըլլայ- փաստաթուղթ մը ստորագրեց Հայաստանին հետ, ինչպէ որ Շ.Գ. կ'ըսէ՝ Ազրպէյճանը շրջանցելով:

    Հայաստանին համար երկու «եղբայր» երկիրներուն միջեւ հարց ծագեցնելը անկարելիի չափ դժուար բան մըն է, բացի գործածելով իր ամէնէն զորաւոր քարտը՝ «ցեղասպանութիւն» բառը Ամէրիկեան շրթունքներէ արտասանուած:

    Թուրքիա եւ Ազրպէյճան (նաեւ, Վրաստան) որքան իրարու հետ հարցեր ունենան, Հայաստանի համար այդքան լաւ է: Առաւելեւս, եթէ Հայաստան ոեւէ ձեւով կարենայ հարցերը իրարմէ բաժներ (ցեղասպանութիւն, Արցախ, շրջափակում, նաֆթամուղեր) այդքան ինք շահաւոր կ'ըլլայ... Ամէրիկեան արտագին գործերու ամէնէն փայլուն գիւտը այս եղած է, հարցերուն մօտենալ առանձին առանձին, եւ փուլային միջոցով:

    Հայաստան ամէն բան պէտք է ընէ որ Թուրքիան չմտնէ կամ չփոխարինէ Մինսկի Խմբակը, անկէ բացի, պէտք է կարենա զատել իրարմէ Թուրքիային հետ սահմաններուն հարցը ցեղասպանութեան հարցէն, եւ այսպէս:(հաւանաբար այս է որ կը փորձեն ընել Երեւանի մէջ, «փաստաթուղթն» ալ այս ծրագրին մաս կը կազմէ)

    Վահագն Ք

    ReplyDelete