Jul 26, 2009

ԴԱՐՁԻ ՄՐՑՈՒՄԸ

the Economist-ի բնագիր յօդուածը կարելի է կարդալ հոս.-


(Նկարը the Economist-էն)

«Էքոնոմիսթ»ի ելեկտրոնային հրատարակութեան 23 յուլիս 2009 թուակիր թիւը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան յատկացուած գրութիւն ունի՝ «Երազներ՝ իրենց հայրերէն» խորագրեալ։ Յօդուածը լուսարձակի տակ առած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական հիմնադրոյթներն ու երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան վարած քաղաքականութեան հիմնական ոլորտները, դիմագրաւած հարցերը եւ արտաքին քաղաքական ուղեգիծին կիզակէտներուն վրայ յայտնուած հարցերը։

Բնականաբար մեզի համար հետաքրքրական բաժինը հայկական թղթածրարն է։ «Էքոնոմիսթ»ի վերլուծումներով, Թուրքիան Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններ ստեղծելու համար կտրուկ ձեւով հրաժարած է իր նախապայմանային մօտեցումներէն՝ հայկական զօրքերը Ազրպէյճանի «գրաւեալ» տարածքներէն հեռացնելու առումով։

Հարցը այստեղ կը վերաբերի անշուշտ 22 ապրիլի ճանապարհային քարտէսի համաձայնութեան։ Հակառակ անոր որ ճանապարհային քարտէսի բովանդակութիւնը չէ գաղտնազերծուած, այսուհանդերձ թէ՛ թրքական մամուլի կատարած հրապարակումներուն եւ թէ՛ այս հարցին մասին այլուր երեւցած զանազան գրութիւններու մէջ ղարաբաղեան հարցին ակնարկութիւն չկայ։ Գէթ իբրեւ առանձին կէտ ճանապարհային քարտէսով բանաձեւուած ենթադրեալ բովանդակութեան մէջ։

Հարցը սակայն խաբկանքի յատուկ քաղաքականութեամբ մշուշապատուած է։ Ապրիլ 22-ի միացեալ յայտարարութենէն ետք, ի տես յառաջացած ազրպէյճանական քաղաքական անհանգստութեան բարձրացող ալիքին, Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ փութացին տողանցելու Պաքուի պետական հաստատութիւններուն սրահներուն մէջ՝ համոզելու համար իրենց ազրպէյճանցի պաշտօնակիցները, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ տեղաշարժ բացառուած է՝ առանց Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման։ Հաւաստիացումները փաստօրէն վաւերական կը թուէին ըլլալ, որովհետեւ հետզհետէ նուազեցան անհանգստութեան դրսեւորումները։

Չէ բացառուած, որ իսկապէս ճանապարհային քարտէսը ներառած չըլլայ ղարաբաղեան հիմնահարցը։ Սակայն, հետեւեալը պէտք է նկատի ունենանք անպայման։ Ապրիլ 22-ի նախօրեակին, Թուրքիոյ օրուան արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան առաջին անգամ ըլլալով կը յայտարարէր, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութիւններն ու հայ-թուրք յարաբերութիւնները պէտք է ընթանան զուգահեռ։ Այնուհետեւ, հարցերու զուգահեռացման սկզբունքը կը կրկնուէր միջազգային ընտանիքի այս կամ այն ներկայացուցիչին կողմէ։

Ճիշդ այ՛ս է, որ տեղի կþունենայ այսօր։ Ղարաբաղեան բանակցութիւններուն կը փորձուի բեկումնային պահ ապահովել աշխարհաքաղաքական ուժերուն եւ յատկապէս անոնց կողմէ հովանաւորուած Մինսքի եռանախագահներուն կողմէ։ Պէտք է որոշակի, թէկուզ թուացեալ, տեղաշարժ ապահովել ղարաբաղեան գնացքին, իր կարգին տեղէն շարժելու համար հայ-թուրք յարաբերութիւններու համաձայնեցուած առաջին կէտը, որ կրնայ սահմանի բացումը ըլլալ։ Թուրքիան, այդպիսով, թէ՛ յարգած կþըլլայ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ ստորագրած իր փաստաթուղթը, եւ թէ՛ հանգստացուցած կþըլլայ ազրպէյճանցի իր եղբայրները։

Այս հանգամանքներով ալ «Էքոնոմիսթ»ի վերլուծումը համոզիչ չէ։ Ըստ էութեան նպաստաւոր է աշխարհաքաղաքական ուժերու այս հարթութեան վրայ կիրարկած քաղաքականութեան։ Երբ կþըսուի, որ Թուրքիան կտրուկ փոփոխութիւն մտցուց իր քաղաքականութեան մէջ՝ նախապայմանէն հրաժարելով, յստակ ճիգ կը կատարուի ապահովելու Թուրքիոյ խաղաղասիրական նախաձեռնութիւն կատարողի դիմագիծ՝ իր դրացիներուն հետ հարցերը լուծելու կողմնակից եւ այդ բոլորին համար զիջողականութեամբ յատկանշուող Թուրքիա մը ներկայացնելով ընթերցողին։

Հայկական կողմը ուսումնասիրուած քարոզչական արշաւ կազմակերպելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան առջեւ է։ Թրքական քարոզչութիւնը հող շահած է միջազգային լրատուամիջոցներու բեմահարթակներուն վրայ։ Նախապայմանային քաղաքականութիւն կիրարկող Թուրքիան կը ներկայացուի նախապայմաններէն հրաժարած ըլլալու դիրքերու վրայ, մինչդեռ անոր գործադրած քաղաքական գործողութիւնները ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կը զարգանան։

Յօդուածը տակաւին կը խօսի նախագահ Օպամայի ապրիլ 24-ի յայտարարութեան մասին։ Կը բացատրէ, որ Օպամա «Ց» բառը չէ օգտագործած՝ չխանգարելու համար հայ-թուրք յարաբերութիւնները։

Որեւէ յօդուածի եզրակացութիւն կը միտի յօդուածին բովանդակութեան հիմնական շեշտադրումը լուսարձակի տակ բերել եւ առաջադրուած մտածումով աւարտել գրութիւնը։ Ըստ երեւոյթին «Էքոնոմիսթ»ի գնահատականով Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական մարտահրաւէրը հայկական խնդիրներն են։ Յօդուածը կþաւարտի վկայակոչելով արեւմուտքցի պաշտօնատար մը, որուն համոզումով Թուրքիա Միացեալ նահանգներու հետ ունի արտակարգ յարաբերութիւններ եւ երբ հարցը կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Թուրքիան կը յաղթանակէ ամէն անգամ։

Կþընդունինք, որ 22 ապրիլի դրութեամբ Թուրքիա-Հայաստան դիւանագիտական խաղը 1-0 յարաբերակցութեամբ կը շարունակուի։ Դարձի մրցումը ուշ չէ։ Մինչեւ հոկտեմբեր, պաշտօնական Երեւանը պէտք է հաշուարկէ տեղի տուած իր բացթողումները, սխալները։ Մարզիչը պէտք է փոխարինէ խմբապետը, եւ ամբողջ խումբը ճիգ կեդրոնացնէ ոչ միայն հակակշռելու արդիւնքը, այլ նաեւ պէտք է յաջողի յաղթական կէտով մը դուրս գալ դարձի մրցումէն։


«Ա.»

2 comments:

  1. HAG-i hamatsayn votch te khempabede bedk e pokhvi,ayl marzitche.khempabed pokhelou bahanatche marzitche pergelou hamar e esd HH-i entimoutian.
    Kourken Baghdoyan

    ReplyDelete
  2. HAG-i ghegavare hay-tourk haraperoutyunnerou hartsov herajaragan bahantchelou iravounk chouni.Ir orov tseghasbanaoutian djanatchoume oragark nouynisg cher.
    Razmig

    ReplyDelete