Jul 29, 2009

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

Յարգարժա՛ն խմբագրութիւն«Ազդակ» օրաթերթի,

Որքան ալ հաւատացողներէն եմ մամուլի շինիչ դերին, տեղ մը դժուարութեան կը մատնուիմ տարբերելու համակարգչային (on-line) մամուլը եւ ձեռքով շօշափուած աւանդական մամուլը։ Երբ ստիպուած ես համակարգչային մամուլին հետեւիլ օրը օրին, նոյն աճապարանքը չունիս բազկաթոռին վրայ կուտակուած եւ հանգիստի պահու մը, ոտքերդ երկարած վիճակի մը մէջ, էջերը խշրտացնելով կարդացուած թերթերուն կամ հանդէսներու պարագային։ Այսպէս է որ հանգիստ պահու մը ընթերցուելիք կուտակուած թերթերու դէզին մէջէն ձեռքս անցաւ «Ազդակ»ի 28 մայիս 2009 թուակիր համարը, ուր ուշադրութիւնս գրաւեց «Փրոֆ. Մարք Նշանեանի բանախօսութիւնը՝ ուղղուած Պոլսոյ հայ ուսուցիչներուն» խորագրեալ լրատուութիւնը։

Իբրեւ հաւատարիմ հետեւող մը քաղաքիս հայատառ օրաթերթային թէ պարբերական մամուլի՝ կը փափաքիմ կատարել հետեւեալ ճշդումները.
ա.- Կատարուած լրատուութիւնը տարբեր իմաստ մը կը զգենու, երբ կը նշուի թուականը, ինչպէս նաեւ աղբիւրը.
բ.- Լրատուութեան մէջ նշուած բանախօսին անունը պէտք է ճշդել իբրեւ Մարկ Նշանեան՝ փոխան Մարք Նշանեանի, իսկ «Պոլսոյ մէջ միակ տաղանդաւոր վիպագիրը եղաւ Զաւէն Պէրպէրեանը» նախադասութեան մէջ նշուած գրողին անունը պէտք է ճշդել իբրեւ Զաւէն Պիպէրեան։
գ.- Չկրցի որեւէ մեկնաբանութիւն մը տալ բանախօսին, որ յարգելի ալ ակադեմական մըն է, հրապարակային հետեւեալ արտայայտութեան. «Միջին Արեւելքը նոյնիսկ մէկ արժէքաւոր գրագէտ չկրցաւ տալ, բացի Վահէ Օշականէն, իսկ Պոլսոյ մէջ միակ տաղանդաւոր վիպագիրը եղաւ Զաւէն Պէրպէրեանը»։

Իսկապէս որ զարմացայ գրական բոլոր գոյները եւ հոսանքները անհանգստացնելիք (ամէնէն թեթեւ բառն է, որ կ'օգտագործեմ) նման ցաւալի յայտարարութեան մը ընթերցումով։ Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար ունենալ «Ազդակ»ի շաբաթական «գրական» էջերու խմբագիր՝ Սարգիս Կիրակոսեանի եւ ամսական ««Ազդակ» Գրական - «Ազդակ» Արուեստի Պարբերական» յաւելուածի խմբագիր՝ Պօղոս Սնապեանի մեկնաբանութիւնները եւ նաեւ դատումները, ի տես գրական բոլոր ընկալեալ չափանիշերը եւ արժեչափերը արհամարհող նման «անպատասխանատու» յայտարարութեան մը։

Այսքան առատութեամբ «գունաւոր» գրական մամուլ եւ գրողներու միութեան համախմբում մըն ալ ունեցող քաղաքիս գրագէտ եւ գրականագէտները խօսք մը ունենալու են անձնական ճաշակն ու նախասիրութիւնները գերիվեր նկատող մտայնութեան մը հետ։

Յարգանքներով

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

4 comments:

  1. AnonymousJuly 29, 2009

    Harkeli Garo Aprahamian,
    "kaghakis" medavoragannere shadontz "khosk ounenalou" medaynoutyoune gorsentzoutzadz en. Inch gesbasek anontzme? Inch bidi esein? "Marc Neshaninae iravounk chouni" bidi esein? Yes ayt tzer neshad anounneren pan men al chem esbaser! Kaghakit medavoragannere polorn al getzvadzk chounetzogh tadargabord martig en.
    Tzezi hachoghoutyoun!
    Hovhannes

    ReplyDelete
  2. AnonymousJuly 29, 2009

    Hovhannes, noren esgesar ach-tzakh harvadsel!
    Hampig

    ReplyDelete
  3. AnonymousJuly 31, 2009

    Yete getzvadzk ounin medavoragannere, perannin togh panan, voch te vere ardzardzevogh, ayl VOREVE nyuti masin.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  4. Եկուր

    Երբոր օր մը ըզգաս պէտքը,
    Զզուած` շուրջիդ կեանքէն շինծու,
    Երջանկութեան փախչող հետքը
    Անցեալին մէջ փնտռտելու:
    Որովհետև, ո~վ դառնութիւն,
    Ասկից վերջը աչքիդ` ծարիր
    Պէտք է դնես և անարիւն
    Շրթունքներուդ` քիչ մը կարմիր:

    Քալած ատենդ երբոր ճամբան,
    Նայուածքդ ամէնքը չթովե,
    Եվ զարմացած` չփսփսան.
    “ Այս աղուոր կինն ո՞վ է”:
    Երբոր ներկան` ցուրտ ու ցամաք
    Դառնայ քեզի կամաց-կամաց,
    Կսկիծներով լեցուի համակ
    Ապագադ ալ` մռայլամած,
    Եւ ուրանայ իսկ քեզ, ո~վ իմ,
    Կյա՛նքս, աշխարհը համրօրէն,
    Ես անցեալն եմ հաւատարիմ,
    Իմ գրկիս մեջ եկու՛ր նորէն:
    Գրիգոր Զոհրապ
    <1908>





    .com

    ReplyDelete